Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Կին Դէմքեր. Նունէ Սարգսեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ո՞վ է նախագահ Արմէն Սարգսեանի կինը` Նունէ Սարգսեանը: Տարբեր առիթներով տրուած հարցազրոյցներէ քաղելով` կը ներկայացնենք լուռ, համեստ, բայց շատ գործունեայ Առաջին տիկինը, որուն մասին քիչ բան գիտենք:

Մանկագիր

Հեքիաթը հարուստ գրական սեռ է: Միշտ եղած են ու կան հեքիաթներ նաեւ մեծերուն համար, ինչպէս, օրինակ, «Հազար ու մէկ գիշերները», կան նաեւ հեքիաթներ փոքրերուն համար: Մանկական իւրաքանչիւր հեքիաթ բարոյախօսութիւն եւ խրատ կը պարունակէ:

Հեքիաթները դասագիրք են երեխայի հետագայ կեանքի դպրոցին համար: Եւ որքան կանուխ երեխան ընկալէ լաւին ու բարիին արժէքները, այնքան հետագային հասարակութիւնը կը շահի: Այս է պատճառը, որ ես եւ շատ ուրիշ մանկագիրներ կը գնահատենք հեքիաթին դերը երեխաներուն համար` այսօրուան գերզբաղուած եւ ելեկտրոնային տեղեկատուութեամբ ծանրաբեռնուած կեանքին մէջ:

Իսկ թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս ես սկսայ հեքիաթներ գրել, ուրիշ պատմութիւն է: Եւ ատիկա կապուած չէ իմ երեխաներուս կամ թոռնիկներուս գոյութեան հետ: Մասնագիտութեամբ ես արուեստաբան եմ եւ երկար ժամանակ զբաղեր եմ արուեստով` ցուցահանդէսներ եւ դասական երաժշտութեան համերգներ կազմակերպելով, ակնարկներ եւ յօդուածներ գրելով` հայալեզու արտասահմանեան ու տեղական մամուլին եւ ձայնասփիւռին համար:

Երբեք չէի նախատեսած գրող կամ մանկագիր դառնալ, զիս քաջալերողը ամուսինս էր:

Նախագահի Կին

Նախագահի կին ըլլալը դժուար չէ, ընդհակառա՛կը, հաճելի է, պատասխանատու եւ կարեւոր, սակայն դժուար չէ:

Իմ կեանքիս մէջ մեծ փոփոխութիւն տեղի չունեցաւ Արմէնին նախագահ դառնալով: Ան բնագէտ էր, երբ ամուսնացանք, յետոյ` դիւանագէտ, վարչապետ, գործարար, իսկ հիմա` հանրապետութեան նախագահ: Ան չէ փոխուած, ես ալ նոյնն եմ, նոյն Նունէն` Արմէն Սարգսեանի կինը, Վարդանի եւ Հայկի մայրը, Սաւաննայի, Արմէնի եւ Գաբրիէլի տատիկը: Ունիմ ընկերներու եւ ծանօթներու լայն շրջանակ, զբաղումներու երկար ցանկ: Ինչպէս Արմէնը, ես նոյնպէս կը սիրեմ թատրոնը, արուեստը, երաժշտութիւնն ու մարզանքը:

Քաղաքականութիւն

«Տունը քաղաքականութիւն երբեք չենք խօսիր: Տան մէջ կը ձգտիմ ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ, ուր ան կարենայ շեղիլ աշխատանքային մտածումներէն` յաջորդ օրը աւելի թարմ ուժերով սկսելու համար»:

Վայելչութեան Խորհրդանիշ

«Ինծի համար առաջին հերթին եւ ամէնէն կարեւորը հագուստներուն յարմարաւէտութիւնն է, ապա` ճաշակը, գեղեցկութիւնը, նորաձեւութիւնը:

Երբեք օգնող չեմ ունեցած արտաքին տեսքս յարդարելու համար, հիմա ալ չունիմ: Ամէն ինչ ես կ՛ընտրեմ ու կ՛որոշեմ:

Աքսեսուարի մասին խօսելով` ըսեմ, որ կը սիրեմ օղեր կրել, որովհետեւ չեն խանգարեր, չեմ նկատեր, որ վրաս են»:

«Երեւան Իմ Սէր» Նախագիծ

«Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ նախագահներու կիները կը զբաղին բարեգործութեամբ: Ես ժամանակ ու ջանք չեմ խնայեր բարեգործական հիմնարկներու աջակցելու համար: «Երեւան իմ սէր»-ը ստեղծուած է 2010-ին, Արմէնի ջանքերով, երբ ան ազատ գործարար էր եւ կ՛աշխատէր միջազգային ընկերութիւններու հետ Բրիտանիոյ մէջ եւ այլուր:

Այս բարեգործութեան նպատակն է Երեւանի պատմական արժէք ունեցող շէնքերը նորոգել` անոնց տալով նախկին տեսքն ու գեղեցկութիւնը, որմէ ետք այդ հաստատութիւնները յատկացնել տեղի համայնքին կամ կարիքաւորներուն, յատկապէս` ծերերուն, երեխաներուն եւ հաշմանդամներուն: Միշտ աջակցած եմ «Երեւան, իմ սէր»-ի ծրագիրներուն, քանի որ կը հաւատամ` «Երեւան, իմ սէր»-ը կը վարէ ճիշդ եւ ուղղորդուած, նպատակասլաց եւ օգտակար գործունէութիւն:

Ի միջի այլոց, շուտով նոյն նպատակով կեդրոն պիտի ստեղծենք Գիւմրիի մէջ, որ պիտի կոչուի «Գիւմրի, իմ սէր»:

Հայաստանի Դեսպան` Արտասահմանի Մէջ

«Մեր մշակոյթը ներկայացնելու ատեն յաճախ կը գովաբանեմ հայաստանցիները եւ ընդհանրապէս հայերը, քանի որ մենք շատ տաղանդաւոր ազգ ենք, ունինք ստեղծագործելու բազում հնարաւորութիւններ:

Հպարտ եմ Հայաստանի բնապատկերով, երբեմն մեր աչքերը կը վարժուին եւ չենք նկատեր, թէ ի՛նչ գեղեցիկ տեսարաններ կան մեր շուրջը: Օտարները կը հրաւիրեմ այցելելու Վանաձոր, Գորիս, Կապան, Դիլիջան, Սեւան եւ Գիւմրի, ուր տակաւին պահպանուած է հին քաղաքին մթնոլորտը, այցելել Արցախ` վայելելու համար աննման  տեսարանները:

Օտարներուն կը ներկայացնեմ մեր պատմութիւնն ու ճարտարապետութիւնը: Անշուշտ նաեւ կը ներկայացնեմ մեր արուեստն ու երաժշտութիւնը` խօսելով Արամ Խաչատուրեանի հանճարեղ ստեղծագործութիւններուն մասին:

Կը գովաբանեմ մեր խոհանոցն ու հայկական հիւրասիրութիւնը, մեր ծիրանը»:

Հայոց Պատմութեան 3 Ամենալուսաւոր Կերպարները

«Իմ կարծիքովս, մեր պատմութեան 3 ամէնէն լուսաւոր կերպարներն են` Մեսրոպ Մաշտոց, Յովհաննէս Թումանեան եւ Կոմիտաս: Անոնց ժառանգութիւնը լուսաւոր է»:

Ծնողք

«Հայրս լրագրող էր, մայրս` ուսուցչուհի: Մենք հարուստ չենք եղած, բայց զարգացած եւ բաւարար գումար ունէինք` կերակուրի եւ հագուստի համար: Ես երբեք զրկանքներ չեմ կրած, իմ մանկութիւնս վատ չէ եղած»:

Վարդի Ջուրին Անհամար Բարիքները

Անցեալին վարդի ջուրը օգտագործուած է շատ մը ժողովուրդներու կողմէ` թէ՛ որպէս գեղեցկագիտական եւ թէ՛ առողջապահական նիւթ: Շրջան մը

մոռացութեան մատնուելէ ետք, այժմ կրկին մեծ կարեւորութիւն ստացած է. ինչո՞ւ չօգտուիլ այս աժան եւ մատչելի «դեղին» բոլոր բարիքներէն:

***

Վարդի Ջուրը Կը Մաքրէ Դէմքին Մաշկը

 

Օրական երկու անգամ` առտու եւ իրիկուն ձեր դէմքը մաքրեցէք վարդի ջուրի մէջ թաթխուած բամպակով մը: Շաբաթ մը ետք կը քաղէք բարիքները: Վարդի ջուրը հականեխիչ յատկութիւն ունի, բայց նաեւ դէմքին մաշկը խորապէս կը մաքրէ եւ անոր առողջ տեսք կու տայ: Յանձնարարելի է մասնաւորաբար իւղոտ մաշկ ունեցողներուն:

***

Վարդի Ջուրը` Ջրազրկուած Մորթին Համար

Ամրան եղանակին, ծովափէն վերադարձին ձեր մորթը օծեցէք վարդի ջուրով: Մարմնին այրած ու կարմրած մաշկը ոչ միայն կը զովանայ, այլ խորքով կը դարմանուի: Ծանր պարագաներու ձեր դէմքն ու մարմինը օրական 3 անգամ օծեցէք վարդի ջուրով:

***

Վարդի Ջուրը Կը Պայքարի Կնճիռներուն Դէմ

Դէմքի մաշկին ծերացումը ուշացնող եւ կնճիռներու գոյացման դէմ պայքարող վարդի ջուրը անպակաս ըրէք ձեր տունէն եւ յաճախ օգտագործեցէք` շուկայէն սուղ արտադրութիւններ գնելու փոխարէն:

***

Վարդի Ջուրը` Որպէս Մազերու Թարմացման Միջոց

Լողաւազաններու ջուրի քլորին, կամ ամրան կիզիչ արեւին պատճառով կոտրտած եւ վատառողջ մազերուն փայլ եւ թարմութիւն տալու համար լոգանքէն ետք ձեր ափերուն մէջ քիչ մը վարդի ջուր առէք եւ մաքուր մազերը շփեցէք անով: Վարդի ջուրը նաեւ կը պայքարի հերաթափութեան դէմ:

***

Վարդի Ջուրը` Պնդութեան Դէմ

Պնդութեան պարագային, ձեր տաք խմիչքներուն, պտուղի հիւթերուն կամ քաղցրեղէններուն մէջ վարդի ջուր օգտագործեցէք: Անիկա նաեւ կը լուծէ մարսողական եւ աղիքային խանգարումներու հետ կապուած հարցերը:

***

Վարդի Ջուրը Հանգստացնող Է

Վարդի ջուրին բոյրը յանձնարարելի է բոլոր անոնց, որոնք հանգստանալու եւ թուլնալու կարիքը ունին: Ձեր լոգարանի ջուրին մէջ կէս լիթր վարդի ջուր աւելցուցէք եւ մէջը պառկեցէք առնուազն կէս ժամ: Արդիւնքը շատ արագ կը զգաք:

***

Վարդի Ջուրը` Աչքերուն Համար

Յոգնած եւ ուռած կոպերուն, ինչպէս նաեւ աչքերուն տակ գոյացած մութ գոյնի ուռեցքներու լաւագոյն դեղը վարդի ջուրն է: Բամպակը թաթխեցէք վարդի ջուրին մէջ եւ զետեղեցէք ձեր աչքերուն վրայ եւ այդպէս պահեցէք շուրջ 20 վայրկեան:

Խոհագիր

Բանջարեղէններով Թարթ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 1 դդում
– 2 տարբեր գոյնի պղպեղներ
– 1 սոխ
– 2 պճեղ սխտոր
– 2 լոլիկ
– 1 սմբուկ
– Քիչ մը ձէթ
– Աղ, սեւ համեմ
– 1 ծրար «փաթ պրիզէ» խմոր
– Պզտիկ փունջ մը թարմ ռեհան

Պատրաստութիւն

Բոլոր բանջարեղէնները լուալ եւ շերտել, ապա ձէթը տաքցնել եւ թեթեւ կրակի վրայ բանջարեղէնները մէջը դարձնել շուրջ 20 վայրկեան: Աւելցնել համեմները եւ սխտորը:

Փուռը տաքցնել 210 ջերմաստիճանով:

Խմորը բանալ եւ բանջարեղէնները վրան ձեւաւոր շարել, աւելցնել մանրուած թարմ ռեհանը:

Փուռին մէջ եփել 25-30 վայրկեան, մինչեւ որ խմորը կարմրի:

Ուտել տաք կամ գաղջ վիճակով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Դու անուն չես սոսկ երգելու համար,
Դու հող ես, լեռ ես, երկինք ես, օդ ես,
Անտառ ես կանգուն ու այգի դալար,
Դու սրտերի մէջ սէր ու կարօտ ես:

Դու ձորերի մէջ շաչող Թարթառ ես
Եւ սրնգաձայն զեփիւռ ես սարի,
Դու Ամարաս ես ու Գանձասար ես,
Դու Մռաւ սար ես ու մայր ես բարի:

Քո ժայռերի պէս դու քարակերտ ես
Եւ քարերիդ պէս ամուր ես ու կուռ,
Դարերում կանգնած անխորտակ բերդ ես,
Դու քաջի ձեռք ես, ոգի աննկուն:

Դու բոյր ես ծաղկի ու թթի ծառ ես,
Խաղողի վազ ես բերքով ծանրացած,
Երկնքից կախուած արտոյտի ձայն ես
Ու արտերի մէջ խճճուած կածան:

Աղբիւրներիդ պէս զուլալ, արդար ես,
Կամք ու սատար ես հպարտ ոգուն մեր,
Դու ճարտարաձեռ մի նոր ճարտար ես,
Նոր ճանապարհ ես, դու երգ ես անմեռ:

Աղջիկներիդ պէս սիրող ու ջերմ ես,
Ջահելներիդ պէս խիզախ ու արի,
Դու մեր լեռներից հոսող Խաչենն ես,
Ըմբոստ կաղնին ես Սինգարա սարի:

Ո՛չ, անուն չես սոսկ երգելու համար,
Դու վարդի թաղ ես, աղբիւր ես, բաղ ես,
Դու մեր սրտերի կարօտն ես անմար,
Յաւիտեան կանաչ իմ Ղարաբաղն ես:

ՎԱԶԳԷՆ ՕՎԵԱՆ

 

1962 թ.

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>