Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Պէ՞տք Է Օրօրել, Թէ՞ Ոչ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեխան օրօրելու հարցին շուրջ կան թեր եւ դէմ կարծիքներ: Շատեր կը պնդեն, որ երեխան օրօրել ոչ միայն կարելի է, այլեւ` անհրաժեշտ մինչդեռ ուրիշներ բոլորովին տարբեր կարծիքի են:

«Երեխան Պէտք Է Օրօրել»

Մօր արգանդին մէջ անցուցած ժամանակահատուածին երեխան գրեթէ անընդմէջ կ՛օրօրուի: Յղի կինը կը քալէ, կը պարէ, կը լողայ կամ կը վազէ, իսկ երեխան այդ ընթացքին, գտնուելով ջուրի մէջ, դանդաղ կ՛օրօրուի: Այս տուեալէն մեկնելով` «թեր» արտայայտուող անձերը կը շեշտեն, որ դանդաղ օրօրուիլը երեխային համար սովորական ու հաճելի է, քանի որ ան ենթագիտակցօրէն կը վերյիշէ մօր արգանդին մէջ ունեցած զգացողութիւնները: Անոնք նաեւ կը շեշտեն, որ մանուկին համար չափազանց կարեւոր է մօրը մօտիկ գտնուիլը, անոր սիրտին զարկերը, բոյրն ու ջերմութիւնը զգալը: Այս բոլորը կ՛օգնեն, որ ան թուլանայ եւ հանգստանայ, ապահով զգայ իր սիրելի մօր գիրկը եւ աւելի արագ քունի անցնի:

Պէտք Չէ Չափազանցել

Կը պատահի, սակայն, որ յաճախ ծնողները չափէն աւելի կ՛օրօրեն իրենց երեխաները` առանց հաշուի առնելու, որ երեխային լացի պատճառը, կրնայ բացարձակապէս քունի հետ կապ չունենալ, հետեւաբար, հարկաւոր է շատ ուշադիր ըլլալ եւ փնտռել ու հասկնալ երեխային լացի պատճառը:

«Երեխան Պէտք Չէ Օրօրել»

Երեխան օրօրելու «դէմ» արտայայտուողներուն կարծիքով, օրօրուիլը ժամանակի ընթացքին սովորութիւն կը դառնայ: Հետեւաբար մանուկը ծնած օրէն ինքնուրոյնութիւն պէտք է սորվի եւ ինքնուրոյն քնանայ:

Բացի ասկէ` որոշ մասնագէտներ համոզուած են, որ նորածիններուն մօտ «vestibulaire» համակարգը տակաւին բաւարար զարգացած չէ, հետեւաբար օրօրելով` անոր մօտ գլխապտոյտ կամ նոյնիսկ գիտակցութեան կորուստ կրնայ յառաջանալ:

Եզրակացութիւն

Ամէն պարագայի, հարկաւոր է յիշել, որ երեխան ամէնէն շատ մօրը սիրոյ եւ ուշադրութեան կարիքը ունի. հետեւաբար զայն գրկելու, օրօրելու եւ անոր համար երգելուն մէջ ոչ մէկ «վնասակար» բան կայ: Կարեւոր է նաեւ հաշուի առնել, որ նորածիններուն կեանքի առաջին ամիսներուն ընթացքին յաճախ կ՛անհանգստացնեն փորի ցաւերը, իսկ մօր ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը կ՛օգնեն անոնց, որ աւելի դիւրին յաղթահարեն այդ ցաւերը:

Օրական 6 Վայրկեան
Գի՛րք Կարդացէք

Գիտնականներու կարծիքով, գիրք կարդալը լաւագոյն միջոցն է ընկճախտը թեթեւցնելու համար: Անոնց կարծիքով, 6 վայրկեան գիրք կարդալը 70 տոկոսով կը պակսեցնէ ընկճախտը:

Գիտնականները կը պնդեն, որ այս միջոցը շատ աւելի ազդու է, քան` երաժշտութիւն ունկնդրելը, պտտիլը, սուրճ կամ թէյ խմելը` ներքին լարուածութիւնը պարպելու համար:

Այս առիթով վերյիշենք գիրք կարդալու անհամար բարիքները.

– Կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
– Կ՛աշխուժացնէ ուղեղը:
– Կը բարելաւէ ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը
– Կը խթանէ քննական միտքը:
– Կը հարստացնէ բառապաշարը:
– Կը զարգացնէ շարադրական ունակութիւնը
– Կը խաղաղեցնէ միտքը:
– Կը զարգացնէ երեւակայութիւնն ու ստեղծագործ միտքը:

 Նորաձեւութեան Աշխարհէն

Մահացաւ Նորաձեւութեան Աշխարհի
Տիտաններէն Քարլ Լակրֆելտը

Վերջերս, 85 տարեկանին մահացաւ նորաձեւութեան աշխարհի ամենատաղանդաւոր ոճաբան-ձեւագէտներէն, ծագումով գերմանացի Քարլ Լակրֆելտը: Ան շատ կանուխէն ինքզինք փաստեց որպէս անժխտելի տաղանդ, երբ 2 տարեկանին Իվ Սեն Լորանին հետ կիսուեցաւ «Ինթըրնեշընըլ վուլ սեքրեթարիա»-ի առաջին մրցանակը:

Տարիներու ընթացքին Լակրֆելտ գործակցած է «Պալմեն», «Ժան Փաթու», «Քլոէ», «Ֆենտի», «Շարլ Ժուրտան» եւ «Վալենթինօ» նորաձեւութեան տուներուն հետ, սակայն 1980-ականներու ան նշանակուեցաւ «Շանել» տան գեղարուեստական տնօրէն եւ զայն փրկեց կործանումէ: Մինչեւ իր մահը ձեւագէտը շարունակեց ստեղծագործել «Շանել» տան համար:

Տաղանդաւոր ձեւագէտը ունէր նաեւ իր անունը կրող հագուստի, աքսեսուարի, անուշահոտի եւ սաւանեղէնի հաւաքածոյ:

Իր իսկ պահանջով յուղարկաւորութիւնը եղաւ անշուք եւ լուսարձակներէ հեռու: Ան պահանջած էր, որ դիակիզուի եւ իր մոխիրին մէկ մասը աւելցուի մօր, իսկ մնացեալը ընկերոջ` Ժաք Պաշերի մոխիրներուն վրայ:

«Կ՛ուզեմ անհետանալ ճիշդ այնպէս, ինչպէս անասունները` կոյս անտառէն», այս էր ձեւագէտին փափաքը:

Քարլ Լակրֆելտ իր կեանքին եօթանասուն տարիները նուիրած է նորաձեւութեան ոլորտին` հասնելով ամենամեծ նուաճումներուն:

Անսովոր Մարդը

Նորաձեւութեան աշխարհի անկրկնելի հանճարը ունէր իր սովորութիւններն ու տարօրինակութիւնները: Ճանչնանք մէկ քանին.

Լակրֆելտ ունի Շուփեր անունով կատու մը, որուն բաժին պիտի իյնայ ձեւագէտին կտակէն մաս մը:

Լակրֆելտ ունէր իրեն յատուկ արտաքին ոճ: Ան իր սպիտակ մազերը միշտ դէպի ետեւ կը հաւաքէր, մնայուն ձեւով ձեռնոց եւ մութ գոյնի ակնոց կը կրէր: Կ՛ըսուի, որ ան կ՛ուզէր ակնոցներու ետին պահել իր կարճատես աչքերը:

Ձեւագէտը 18 տարի ապրած է իր ընկերոջ` Ժաք Պաշերի հետ, մինչեւ վերջինին մահը: Ան իր անուշահոտերէն մէկը նուիրուած է Պաշերի յիշատակին:

Կը պատմուի, որ գուշակ մը ձեւագէտին մօրը ըսած է, որ մանուկը ապագային քահանայ պիտի դառնայ… Լակրֆելտ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը եկեղեցի ոտք չէ դրած: Ան ոչ մէկ հարսանիքի կամ յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուած է:

Լակրֆելտ ո՛չ կը խմէր, ո՛չ կը ծխէր, բայց տկարութիւն ունէր «Քոքա լայթ»-ի հանդէպ: Ան առտու աչքերը կը բանար «Քոքա լայթ» խմելով եւ օրուան ընթացքին 10-15 շիշ կը խմէր:

Ձեւագէտը նաեւ տաղանդաւոր լուսանկարիչ էր. իր գործերը հրատարակած է քանի մը հատորով:

2000 թուականին Լակրֆելտ որոշեց նիհարնալ, ան մէկ տարուան ընթացքին 42 քիլօ կորսնցուց «սփունլայթ» խիստ սննդականոնին հետեւելով:

Լակրֆելտ նորաձեւութեան աշխարհին, բայց մասնաւորաբար «Շանել» նորաձեւութեան տան տուաւ իր լաւագոյնը: ՈՉ ոք կրնայ հերքել անոր մեծ ներդրումն ու վաստակը նորաձեւութեան ոլորտին մէջ:

Գեղեցկագիտական

Մորթին Որակը Պահպանող
Ուտելիքներ

Մորթը յաճախ մաքրելը, յատուկ սերերով խնամելը լաւ սովորութիւններ են, որոնցմէ երբեք պէտք չէ հրաժարիլ: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ ուտելիքներն ալ կրնան նպաստել մորթին թարմութեան, առողջութեան եւ գեղեցկութեան: Մասնագէտներու կարծիքով, մորթին թարմութիւնը կը սկսի… պնակէն: Այլ խօսքով, այն, ինչ որ կ՛երթայ մեր ստամոքսը, կը բացայայտուի մեր մորթին վրայ:

Ձեզի կը ներկայացնենք ցանկը այն 10 ուտելիքներուն, որոնք մորթը ա՛լ աւելի գեղեցիկ կը դարձնեն.

– Սէ. կենսանիւթով հարուստ կիտրոնը,
– Անթիօքսիտաններով հարուստ կաղամբը,
– Լաւ իւղերով օժտուած աւոքատոն,
– Սելենիոմով հարուստ ընկոյզը,
– Օմեկա 3-ով հարուստ ձուկերը,
– Ա. կենսանիւթով հարուստ ստեպղինը,
– Կենսանիւթերով հարուստ հատապտուղները,
– Լիքոփենով հարուստ լոլիկը,
– Աւելի քան 20 անթիօքսիտաններով հարուստ չամիչը,
– Անթիօքսիտաններով եւ օլիկօէլեմաններով հարուստ սոխը:

Վերը նշուած այս բոլոր ուտելիքները մեր տրամադրութեան տակ են, անոնցմէ պատրաստենք աղցաններ, ապուրներ եւ համեղ կերակուրներ ու յաճախ ուտենք զանոնք:

Լուսաւոր Գաղափարներ

Պարտէզի Կամ Պատշգամի
Յարդարանքներ

Կ՛ուզէ՞ք ձեր պարտէզի կամ պատշգամի պատին նոր կեանք եւ կենդանութիւն տալ, տեսէ՛ք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպիսի՛ թաղարներ եւ պատի յարդարանքներ երեւակայած են:

Վստահաբար նկատեցիք, որ առաջարկուած յարդարանքները ո՛չ մեծածախս են, ո՛չ ալ դժուար իրագործելի: Իսկ նման պայմաններու մէջ բարեկամներու հետ գաւաթ մը սուրճ կիսուիլը անբացատրելի վայելք պիտի պարգեւէ:

Խոհագիր

Պահքի Ուտեստ`
Ստեպղինով Եւ Դդումով

Բաղադրիչներ

– 2 հատ ստեպղին
– 2 հատ դդում
– 2 ապուրի դգալ ճերմակ, մանր ձաւար
– 2 ապուրի դգալ ալիւր
– 2 ապուրի դգալ կսկուծի փոշի
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– Աղ, սեւ համեմ
– Բուսական իւղ, ձէթ

Պատրաստութիւն

Ձաւարը լեցնել փոս ամանի մը մէջ, վրան քիչ մը եռացած ջուր աւելցնել եւ 10 վայրկեան ձգել:

Ստեպղինն ու դդումը մանր քերիչէ անցընել, աւելցնել` ձաւարը, ալիւրը, ազատքեղը, աղն ու սեւ պղպեղը եւ շաղել:

Ձեւաւորել միջին չափի գնդակներ, ափերուն մէջ քիչ մը տափակցնել եւ թաթխել կսկուծի փոշիին մէջ:

Տապակին մէջ 3-4 ապուրի դգալ բուսական իւղ կամ ձէթ տաքցնել, ապա ձեւաւորուած կոլոլակները երկու երեսով տապկել, յետոյ փոխադրել թուղթէ անձեռոցիկի մը վրայ եւ, վերջապէս, մատուցել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հերթ են կանգնել յիշողութիւնները բոլոր:
Ճանապարհի մարմինը տնքում է ցաւից:
Տտիպ գոլորշու մշուշն է գալիս,
Քսւում դէմքերին անցորդների:
Շարքերի մեջ անվերջութեան,
Կանգառներից դուրս
Մի հի՜ն վարագոյր երկնքից իջած
Անյայտ օրերի դիմակն է ծածկում:
Երեւակայութեան դաշտերում թափուր
Քարերը վերադարձն են իմ արարում:
Երկնակամարում Հին Աշխարհների
Արեգակի միջով մարդիկ են գնում:
Հերթ են կանգնել յիշողութիւնները բոլոր,
Երազի աչքերից ծորում է դանդաղ
Արտացոլանքը մեր օրերի,
Եւ գիտակցութեան արթնացումի մէջ
Տենդագին ձայնով ոռնում է քամին:
Մտի՛ր յուշերիդ դարպասներից ներս,
Քաղաքներ անցիր ու մայրամուտներ,
Ժամանակի երակներում լայնացող
Զարկերն են թնդում հեռացումի,
Փոխի՛ր սլաքները ժամանակավրէպ:
Յիշողութեան դաշտերը լքել են մարդկանց,
Թափո՜ւր է տարածութիւնն
Ու լուռ…

ԿԱՄԻԼԱ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>