Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1
Կնճիռներու յայտնուիլը հետեւանք է մեր մարմինէն քոլաժէնի եւ Էլաթինի նուազման` մեր մարմնին մէջ: Առաջինը մորթը պիրկ կը պահէ, իսկ երկրորդը մորթին ճկունութիւն եւ առաձգականութիւն կու տայ: Որքան անոնք նուազին, այնքան կը շեշտուին կնճիռները:
2
Միջավայրը մեծ ազդեցութիւն ունի կնճիռներու յառաջացման իմաստով: Թէեւ կնճիռներու յայտնուիլը մեծ մասամբ կախեալ է տարիքէն, բայց եւ այնպէս միջավայրը իր կարգին կրնայ արագացնել կամ ուշացնել զանոնք: Ապականած մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ արեւին վնասակար ճառագայթները մեծ ազդեցութիւն կը գործեն:
3
Բոլոր տեսակի մորթերը հաւասար չեն կնճիռներուն դիմաց: Ջրազրկուած մորթերը աւելի խոցելի են: Հետեւաբար անհրաժեշտ սերերով ջանացէք պաշտպանել մորթը` ուշացնելու համար կնճիռներու յայտնուիլը:
4
Կարելի չէ կնճիռները ամբողջովին վերացնել: Պոթոքսը եւ նմանատիպ միջոցները կրնան ժամանակաւոր լուծումներ բերել, բայց կնճիռները անհետացնելը ցարդ անկարելի է:
5
Մարձումի որոշ տեսակներ կրնան մասամբ թեթեւցնել կնճիռները: Այսպէս, օրական երեք վայրկեան դէմքը մարձելով` կարելի է աշխուժացնել արեան շրջագայութիւնը, թարմացնել մորթը եւ քողարկել կնճիռները:
Ստորեւ նկարին վրայ կը տեսնենք, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ եւ ինչպիսի՛ շարժումներով պէտք է մարձել մորթը:
Սննդագիտական-Առողջապահական
Երեք Համոզիչ Պատճառներ`
Դդումի Կուտ Ուտելու Համար
Բոլորիս ծանօթ խոշոր դդումը իր իւրայատուկ համին եւ օգտակար յատկութիւններուն պատճառով յաճախ կ՛օգտագործուի կերակուրներու, ինչպէս նաեւ անուշեղէններու պատրաստութեան մէջ: Սակայն քիչերու ծանօթ են դդումի կուտերուն ոչ պակաս օգտակար յատկութիւնները:
Ստորեւ` կը ներկայացնենք երեք համոզիչ պատճառներ դդումի կուտ ուտելու համար:
1
Դդումի Կուտերը Հարուստ Են Կենսանիւթերով
Դդումի կուտերը կը պարունակեն Ա. եւ Էօ. կենսանիւթեր, որոնք կը նպաստեն մորթի երիտասարդութեան եւ եղունգներու ու մազերու առողջութեան պահպանման:
Կարելի է օրական պզտիկ ափ մը դդումի կուտ ուտել եւ կամ զայն օգտագործել աղցաններու մէջ:
2
Դդումի Կուտերը Հարուստ Են Զինկով
Զինկով հարուստ դդումի կուտերը նոյնպէս կարեւոր են մորթին համար, քանի որ կ՛օգնեն կանխելու բշտիկներու եւ բորբոքումներու յառաջացումը:
3
Դդումի Կուտերը Կ՛օգնեն Նիհարնալու
Մեծ քանակութեամբ մանրաթելերուն շնորհիւ` դդումի կուտերը կ՛օգնեն կարգաւորելու նիւթափոխականութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ աւելորդ ճարպերու այրմանը: Թէեւ դդումի կուտերը բաւական բարձր ջերմուժ կը պարունակեն, սակայն անոնք կը սանձեն անօթութեան զգացողութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ նիհարնալու:
Ճարպերով Հարուստ Վեց Ուտելիքներ,
Որոնցմէ Պէտք Չէ Հրաժարինք
Աւելորդ ծանրութեան դէմ պայքարելու ընթացքին սովորաբար կը հրաժարինք այս կամ այն ուտելիքէն եւ սովորաբար առաջին հերթին` ճարպեր պարունակողներէն: Մասնագէտներու կարծիքով, ճարպերը կարեւոր են մարմնին համար, հետեւաբար անոնցմէ հրաժարիլը կրնայ գէշ հետեւանքներ ունենալ մեր առողջութեան վրայ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ճարպերով հարուստ վեց ուտելիքներ, որոնք ոչ միայն կ՛ամրապնդեն մեր առողջութիւնը, այլեւ կը նպաստեն մեր ծանրութեան նուազումին:
1.- Անճարպ Խոզի Միսը
Անճարպ, խաշած խոզի միսը երկաթի եւ կիրի հիանալի աղբիւր է: Սննդագէտներու խօսքով, այս միսը շատ աւելի օգտակար է, քան` սպիտակ թռչնամիսը:
2.- Ընկոյզ
Ընկոյզը հարուստ է ճարպերով, սակայն միեւնոյն ժամանակ անիկա կը պարունակէ օմեկա-3 ճարպաթթուներ եւ ալֆա լինոլենաթթու, տարրեր, որոնք կ՛աշխուժացնեն ճարպերու տարրալուծման մասնակցող ծիները: Այլ խօսքով, կ՛արագացնեն նիւթափոխանակութիւնն ու ճարպերու այրման գործընթացը:
3.- Պանիրը
Սննդագէտները խորհուրդ կու տան պանիրը ճաշէն ետք ուտել: Ասիկա հիանալի սովորութիւն է, որ կը բարելաւէ մարսողութիւնը:
4.- Տուրմը
Տուրմը նոյնպէս հարուստ է ճարպերով, սակայն սեւ տեսակը շատ քիչ շաքար կը պարունակէ, իսկ անոր ճարպերը աւելի օգուտ կու տան, քան վնաս: Չմոռնանք նաեւ, որ որոշ կենսանիւթերու իւրացման համար ճարպերը հարկաւոր են:
5.- Հաւկիթը
Սննդագէտները կը պնդեն, որ նոյնիսկ տապկելու պարագային (շատ քիչ իւղով) հաւկիթը չի գիրցներ, քանի որ հաւկիթի իւրացման ընթացքին կ՛արագանայ ճարպերու տարրալուծման գործընթացը:
6.- Աւոքատոն
Բնաթելով հարուստ աւոքատոն կը դիւրացնէ մարսողութիւնը: Անիկա նաեւ կուշտ պահելու յատկութիւնը ունի, բայց մանաւանդ` գէշ քոլեսթերոլը նուազեցնելու յատկութիւնը:
Նորաձեւութեան Աշխարհէն
Զուհեր Մրատի Եւ Էլի Սաապի
Վերջին Հաւաքածոները
Համաշխարհային ճանաչում եւ համընդհանուր յարգանք վայելող լիբանանցի ձեւագէտ-ոճաբան Զուհեր Մրատ վերջերս ներկայացուց 2019-2020 աշուն-ձմեռ նոր հաւաքածոն:
Հաւատարիմ մնալով սեփական ոճին ու մերժելով ներկայիս լայն տարածում գտած մինիմալիզմի սկզբունքները` տաղանդաշատ լիբանանցի ձեւագէտը ներկայացուց նրբաճաշակ եւ միեւնոյն ատեն ոճային հագուստներ` կանացիութիւնը ամէն բանէ վեր դասող գեղեցկուհիներուն համար:
Միւս կողմէ` նոյն եղանակներու իր հաւաքածոն ներկայացուցած է այլ լիբանանցի տաղանդաւոր ձեւագէտ մը` Էլի Սաապը: Ինչպէս իր համերկրացին, ան եւս նախապատուութիւնը տուած է կնոջ գայթակղիչ մարմնաձեւերը ընդգծող հագուստներուն, որոնք միշտ ալ գնահատուած են աստղերու շրջանակներէն ներս:
Ստորեւ նկարներուն վրայ կը տեսնենք Էլի Սաապի լայն եւ երկար ճեղքերով զոյգ հագուստները, որոնք կը ցուցադրեն կանացի գեղեցիկ սրունքներ, ինչպէս նաեւ` Զուհեր Մրատի ճոխ ասեղնագործով թիւլէ հագուստ մը եւ սեւ տաբատի վրայէն հագցուող վերնաշապիկ մը:
Օրուան Ընթացքին Հետեւեցէք
Այս 5 Թելադրանքներուն Եւ…
Յաճախ կը կարծենք, որ ուրախ եւ հանգիստ զգալու համար պէտք ունինք արեւի, արձակուրդի, սիեսթի, կենսանիւթերու… բոլոր յիշուածները ճիշդ ըլլալով հանդերձ, ընդհանրապէս չենք անդրադառնար, որ մեզի հասանելի, շատ սովորական բաներ կրնան օգնել, որ մեր օրը սկսինք լաւ եւ աւարտենք նոյնքան լաւ, մենք մեզ զգանք հանգիստ եւ պաշտպանուած` բոլորս հալածող ընկճախտէն:
Սենեակին Օդը Մաքրել
Յաճախ կը խօսինք օդի ապականումին մասին, բայց քիչ անգամ կը մտածենք տան օդին մասին: Տան բոլոր սենեակները անխտիր, բայց մանաւանդ ննջասենեակները նոր, թարմ օդի պէտք ունին:
Տան օդը մաքրելու ամէնէն պարզ միջոցը պատուհանները բանալն է: Օրական 10 վայրկեան պատուհանները բանալով` մենք առիթ կու տանք, որ սենեակներուն ապականած օդը մաքրուի: Տան օդը կ՛ապականի` ծխախոտի ծուխէն, մաքրութեան համար օգտագործուող քիմիական դեղերէն, մեր արտաշնչած օդէն, ջեռուցման համար օգտագործուող վառարաններէն, եւ այլնէն… Իսկ ձմրան եղանակին շատ մը տուներու դուռերն ու պատուհանները օրերով փակ կը մնան:
Օրական 5 Վայրկեան Շնչառութեան Մարզանք Ընել
Նախքան տունէն մեկնիլը, գործի վայրը կամ այլուր, բաց պատուհանին դիմաց 5 վայրկեան տրամադրենք խորունկ շնչելու եւ արտաշնչելու:
Խորունկ շնչել, մինչեւ 3 համրել եւ ապա` արտաշնչել: Այս շատ պարզ վարժութիւնը 5 վայրկեան կատարելով` մեր մարմնէն կը վանենք ընկճախտը:
Հաւասարակշռուած Ուտել
Առողջ սնունդը` հարուստ կենսանիւթերով եւ հանքայիններով, կ՛ապահովէ նաեւ առողջ տրամադրութիւն` գործին, ընտանիքին եւ, անշուշտ, մեզի հանդէպ:
Խիստ սննդականոնները չեն, որ պիտի ապահովեն մեր բարօրութիւնը, այլ` չափաւոր, այլազան եւ առողջապահական սնունդը:
Կազդուրող Քուն
Քունին կազդուրող յատկութիւնները չէ, որ պիտի թուենք, այլ` զայն ստեղծելու պայմանները: Եթէ անգամ մը մեր շուրջ նայինք, պիտի տեսնենք, որ ինչե՜ր կը խանգարեն մեր քունը` սկսելով հեռատեսիլի պաստառէն եւ հասնելով բջիջայիններուն եւ անոնց հետ կապուած սարքերուն եւ ելեկտրալարերուն…
Կազդուրող քուն ապահովելու միակ միջոցը վերը յիշուածներէն հրաժարիլն է: Նոյնքան կարեւոր է, որ ծանրաբեռնուած ստամոքսով մահճակալ չուղղուինք, սենեակին ջերմաստիճանը չափաւոր ըլլայ եւ քաֆէին պարունակող խմիչքներէն հրաժարինք:
Ճողիլ
Այո՛, չզարմանանք, ամէն օր, մահճակալին մէջ, կռնակին վրայ պառկած, ճողելու վարժութիւններ ընելով` հաճելի զգացողութիւն կը ստանանք եւ միեւնոյն ատեն մեր մարմինը կը պատրաստենք խորունկ, հանգիստ քունի մը:
Խոհագիր
Պահքի Կարկանդակ
Բաղադրիչներ
– 150 կրամ ալիւր
– 80 կրամ շաքար
– 100 մլ նարինջի հիւթ
– 20 կրամ մեղր
– 10 ապուրի դգալ քաքաօ
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 2 ապուրի դգալ բուսաիւղ
Պատրաստութիւն
Ալիւրը խառնել քաքաոյին եւ պէյքինկ փաուտըրին հետ:
Մեղրը, նարինջի հիւթը եւ բուսաիւղը խառնել շաքարին հետ:
Չոր եւ հեղուկ բաղադրիչները խառնել, միատարր խմոր մը ստանալէ ետք փոքրիկ կաղապարները, իւղել եւ խմորով լեցնել:
Եփել 25-30 վայրկեան, նախապէս 180 ջերմաստիճանով տաքցուած փուռի մէջ:
Սպասել, որ պաղի, ապա մատուցել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անյայտ Կորածը
Ինչ անյայտ կորած, անյայտս ո՞րն է,
Անյայտ կորածի շիրիմը ծովն է`
Ձուլուած անհունին – ծովն անուն ունի:
Անյայտ կորածի շիրիմը լեռն է-
Լեռն անուն ունի, սիրահարուել է
Նա կեանքում մէկին – սէրն անուն ունի:
Նա մարդ էր հողի ու հողապաշտ էր,
Անյայտ կորածի շիրիմը դաշտն է,
Հողը հայրենի – հողն անուն ունի:
Անյայտ կորածը ճամբէք է անցել
Մահ ու արիւնի, իր ճամբան պահող
Մայր է ունեցել – մայրն անուն ունի:
Հարազատներին ուղարկել է գիր-
Գիրն անուն ունի, ունեցել է նա
Հաւատարիմ կին – կինն անուն ունի:
Շառաչել է նա հօրդ գետի նման,
Ելել իր հունից, եւ մարտի դաշտում
Ընկել է փառքով – փառքն անուն ունի:
Երբ նա ձուլուել է հող ու ջրին մեր,
Ու սրտում պայծառ երազներ ունէր –
Ի՞նչ անյայտ կորած, անյայտս ո՞րն է:
ՎԱԶԳԷՆ ՕՎԵԱՆ