Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
54-ամեայ իտալացի դերասանուհի Մոնիքա Պելլուչի աշխարհը հմայած է իր անզուգական գեղեցկութեամբ: Ան կը վստահեցնէ, որ երբեք չէ դիմած գեղեցկագիտական վիրահատութիւններու, ինչպէս նաեւ ինքզինք չէ տանջած խիստ սննդականոններով կամ մարզասրահներ յաճախելով:
Մարզանքը` Որպէս Հաճոյք
Իտալուհին երբեք չէ հերքած, որ մարզանքը կարեւոր է առողջութեան եւ բարեկազմ արտաքինի համար: Ան շաբաթական 4 օր 45 վայրկեան կը լողայ, քիչ անգամ ալ եոկա կ՛ընէ:
***
Չափաւոր Սնունդ
Մոնիքան շատ կը սիրէ ուտել, ինքզինք երբեք չի զրկեր այդ հաճոյքէն, սակայն չափէն աւելի ալ չ՛ուտեր: Ան նախապատուութիւնը կու տայ թարմ բանջարեղէններուն եւ ձուկին:
***
Տկարութիւններ…
Ինչպէս իւրաքանչիւր իտալուհի` դերասանուհին կը սիրէ դդմաճը, փիցան եւ տուրմը: «Կը սիրեմ կարկանդակները, դդմաճի տեսակները եւ գինին: Շատ քիչ անգամ ալ կը ծխեմ» կը խոստովանի ան:
***
Ջուր
Պելլուչիի կարծիքով, գեղեցկութեան տանող ճանապարհը ջուրի օգտագործումն է: Դերասանուհին կը փորձէ մաքուր եւ որակեալ ջուր խմել` մարմինը արագ վերականգնելու եւ մաքրելու համար:
***
Մազեր
Դերասանուհին մազերը շաբաթ երկու անգամ կը լուայ: Ան կը փորձէ սեշուար չգործածել` զանոք չտկարացնելու նպատակով: Մազերուն փայլք տալու համար Մոնիքա երբեմն զանոնք կ՛օծէ ձէթով:
***
Դիմայարդարում
Իտալացի գեղեցկուհին կը սիրէ բնական, վայրի գեղեցկութիւնը, ան դէմ է ծանր դիմայարդարման, յատկապէս` օր ցերեկով:
***
Ոգեշնչում
Մոնիքա կը խոստովանի, որ աստղերէն զինք ոգեշնչած է Մարիլին Մոնրոն: «Անոր կանացիութիւնը, գրաւչութիւնն ու վառ կերպարը շատ ուշագրաւ են: Անոր մօտ իւրայատուկ բան մը կայ», նշած է դերասանուհին:
***
Սեւ Գոյնը
Վայելուչ դերասանուհին կը խոստովանի, որ երբ քանի մը քիլօ գիրցած է եւ հանրութեան պիտի ներկայանայ, մարզասրահ երթալու մասին չի մտածեր, այլ պարզապէս կ՛ընտրէ ու կը հագնի սեւ գոյնի հագուստ մը:
***
Ինքզինք Ընդունիլ
Դերասանուհիին կարծիքով, գեղեցկութիւնն ու երջանկութիւնը կախեալ են այն իրողութենէն, թէ տուեալ անձը ինչպէ՛ս կ՛ընդունի ինքզինք: «Ինչ կը նշանակէ գեղեցիկ ըլլալ. գեղեցկութիւնը կանացիութիւն է, որ նաեւ ձեր կեանքի փորձառութեան արտացոլացումն է: Պէտք է վարժուիք սիրել ձեր մարմինը: Իտէալ գեղեցկութիւն գոյութիւն չունի»:
***
Իտալուհին համոզուած է, որ տարիքը առնելով` ինք աւելի գեղեցկացած է թէ՛ արտաքնապէս, թէ՛ բարոյապէս:
Ես պիտի չուզէի քսան տարեկան ըլլալ այս պահուս: Հիմա ես շատ աւելի երջանիկ եմ, քան` այն ժամանակ, քանի որ այդ ժամանակ մենք պարզապէս կը սորվէինք, փորձելով հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք դառնալ: Մենք կը տառապինք անինքնավստահութեամբ: Այժմ ես գիտեմ, թէ ի՞նչ կ՛ուզեմ եւ առանց ինչի ես կրնաս հանգիստ ապրիլ», ընդգծած է դերասանուհին:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
8 Խորհուրդ` Շփացած Երեխային
Վարքը Փոխելու Համար
Եթէ երեխան որեւէ բան կը ցանկայ ստանալ լացի գնով, երբեք տեղի մի՛ տաք: Եթէ պնդէ, նիւթը փոխեցէք, անոր ուշադրութիւնը ուրիշ բանի վրայ կեդրոնացուցէք, հետաքրքրական զբաղում առաջարկեցէք անոր, բայց մանաւանդ` երբեք չզիջիք:
***
Եթէ ինչ որ պատճառով երեխան գետին կը պառկի, կը ճչայ ու կը տապլտկի եւ կը մերժէ ոտքի ելլել, տարէք սենեակ եւ ստիպեցէք մնալ հոն, այնքան ատեն որ ներողութիւն չէ խնդրած:
***
Երեխային կողմէ որեւէ սխալ կամ յանցանք պէտք է, ձեր կողմէ արձագանգ գտնէ: Բացատրեցէք, թէ ըրածը ինչո՛ւ սխալ է, բարեկիրթ երեխայ մը ինչպէս պէտք է վարուի: Այսպիսով, ան կ՛անդրադառնայ իր սխալին եւ ներողութիւն կը խնդրէ:
***
Եթէ երեխան կը մերժէ իր խաղալիքը կամ որեւէ իր ուրիշին հետ կիսուիլ, դարձած է եսակեդրոն եւ անձնասէր, կրկին բացատրեցէք անոր եւ մատնանշեցէք սխալը: Շարունակելու պարագային, անոր ձեռքէն վերցուցէք այն, ինչ որ ամէնէն աւելի կը փափաքի ան:
***
Որեւէ լաւ վարքի պարագային, գովեցէք երեխան, իսկ վատի պարագային պատժեցէք` պատիժին պատճառը բացատրելէ ետք:
***
Եթէ երեխան կը մերժէ սենեակը կոկել, խաղալիքները հաւաքել, ստիպեցէք սենեակը մնալ եւ հոնկէ դուրս չելլել, այնքան ատեն որ սենեակը կարգի չէ բերած:
***
Խիստ եւ անզիջող եղէք քունի ժամերու կապակցութեամբ: Երեխան պէտք է տեսնէ ու հասկնայ, որ քնանալ մերժելու իր ճիգերը ապարդիւն են, իսկ դուք` անդրդուելի:
***
Եթէ նկատէք, որ փոքրիկը կը հնազանդի եւ կ՛ենթարկուի ընտանեկան կանոններուն, գովեստի խօսքերով եւ պզտիկ վարձատրութիւններով գնահատեցէք անոր ճիգերը:
Երեխային դաստիարակութեան հարցով հաստատակամ կեցուածք որդեգրեցէք, զսպեցէք անհնազանդութիւնը, այլապէս կը մեծցնէք ոչ ոքի կողմէ սիրուած մարդ: Իսկ ճիշդ ժամանակին կանխելով սանձարձակութիւնը` զայն կը դարձնէք լաւ եւ օրինակելի մարդ:
Առողջապահական
Տհաճ Ախտանշաններ`
Բաւարար Ջուր Չխմելու Պարագային
Յաճախ տհաճ զգացողութիւններէ ու ցաւէ ձերբազատելու համար մարդիկ դեղամիջոցներու կը դիմեն, մինչդեռ շատ մը պարագաներու այդ տհաճ ախտանշաններէն ազատելու համար հարկաւոր է պարզապէս բաւարար քանակութեամբ ջուր խմել:
Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք այն ախտանշանները, որոնք կը յուշեն մարմնին մէջ ջուրի անբաւարարութեան մասին:
Ա.- Յոգնածութիւն, թուլութիւն եւ եռանդի պակաս.- Մշտական յոգնածութիւնը, քնկոտութիւնը ու եռանդի պակասը յաճախ պայմանաւորուած են հեղուկի պակասով: Քիչ ջուր խմելու պարագային, կը դանդաղի արեան շրջագայութիւնը, ինչպէս նաեւ` ներքին գործարաններու աշխատանքը:
Բ.- Գլխացաւեր.- Ջուրի անբաւարարութիւնը կը նպաստէ արեան թանձրացման եւ արեան շրջագայութեան դանդաղեցման: Այս պարագային ուղեղը բաւարար քանակութեամբ թթուածին չի ստանար, եւ կը յառաջանան տհաճ զգացողութիւններ եւ ցաւ:
Գ.- Անօթութեան զգացում, մասնագէտներու կարծիքով, մարդիկ յաճախ կը շփոթեն անօթութեան զգացումը բջիջներուն մէջ խոնաւութեան պակասի ախտանշաններուն հետ: Այս պատճառով կարգ մը պարագաներու բան մը ուտելէ առաջ կը թելադուի բաժակ մը ջուր խմել:
Դ.- Աչքերու չորութիւն.- Չոր աչքի ախտանիշը յաճախ կապուած է համակարգիչով աշխատելու հետ: Յաճախ այս տհաճ ախտանշանը նաեւ հետեւանք է մարմնին մէջ ջուրի պակասի, ինչ որ կը յանգեցնէ արցունքի անցքերու չորացման:
Ե.- Սրտխառնուք.- Բաւարար ջուր չխմելու պարագային մեր ստամոքսը կը ծանրաբեռնուի արեան թանձրացման պատճառով: Աս ալ իր կարգին սրտխառնուք կրնայ պատճառել:
Զ.- Յօդացաւեր եւ մէջքի ցաւեր.- Յօդացաւի որոշ տեսակներ կրնան ջուրի պակասի հետեւանք ըլլալ: Մարդու աճառային սկաւառակներուն 80 տոկոսը բաղկացած է ջուրէ, հետեւաբար հեղուկի անբաւարարութեան պատճառով անոնք իրարու կը քսուին եւ ցաւ կը պատճառեն:
Տան Յարդարանք
Մահճակալի Գլուխներ
Եթէ ձանձրացած էք ձեր մահճակալէն եւ կ՛ուզէք փոխել զայն, ինչո՞ւ չփոխել անոր գլուխը` երկրորդ կեանք մը տալով անոր:
Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը հետաքրքրական նմուշ` դիւրին իրագործելի եւ մանաւանդ` ոչ ծախսալից:
Ինչպէս նկարները կը հաստատեն, մահճակալի գլուխներ կարելի է պատրաստել գիրքերով, կարպետով, փայտեայ փեղկերով, բարձերով…
Խոհագիր
Ճակնդեղի Եւ Ստեպղինի Չիփս
Բաղադրիչներ
– 4 ստեպղին
– 2 ճակնդեղ
– Ձէթ
– Աղ, սեւ համեմ
– Կարմիր փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Ստեպղինները լուալ, կեղուել եւ «մանտոլին» գործիքով շատ բարակ, կլոր շերտերու վերածել:
Ստեպղինի շերտերը տարածել ափսէի մը վրայ, իրարմէ բաւական հեռու եւ հաստ վրձինով մը թեթեւօրէն իւղել զանոնք:
Տաք փուռին մէջ եփել 10-15 վայրկեան:
Փուռէն հանելէ ետք ստեպղինի շերտերը փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ, անոնց վրայ ցանել աղ, սեւ պղպեղ եւ կարմիր փոշի պղպեղ:
Ձգել, որ ստեպղինի շերտերը ամբողջութեամբ պաղին, ապա որպէս ախորժաբեր հրամցնել խմիչքի կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Գարնանամուտ
Մանուշակներ ոտքերիս ու շուշաններ ձեռքերիս,
Ու վարդերը այտերիս, ու գարունը կրծքիս տակ,
Ու երկինքը հոգուս մէջ, ու արեւը աչքերիս,
Ու աղբիւրները լեզուիս` սարից իջայ ես քաղաք,-
Ու քայլեցի խայտալով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու շուշաններ ձիւնաթոյր,
Ու մարդիկ ինձ տեսնելով` իրենց յոգնած աչքերին
Տեսան ուրիշ մի աշխարհ, գարուն տեսան նորաբոյր,
– Ի՜նչ թարմութիւնն,- ասացին,- ի՜նչ թարմութիւնն,-
ու բացին
Լուսամուտներն իմ առջեւ, ու ես իմ սիրտը բացել`
Անցնում էի երգելով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու հասմիկներ հոգեթով,
Կարծես մի ողջ բնութիւնն մի պատանի էր դարձել,
Քաղաք իջել լեռներից` կ՛անցնէր զմրուխտ հեքիաթով
Երկրէ-երկիր շաղ տալով կակաչներն իր ձեռքերի,
Մեր երգերի լուսաբացն ու գարունը լեռների:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
* 35 տարի առաջ այս օրը մահացաւ Յովհաննէս Շիրազը: Իսկ 6 տարի առաջ` Արամայիս Սահակեանը