Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Վերլուծել Երեխային Գծագրութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեխային գծագրութիւնը կրնայ շատ բան պատմել անոր ներաշխարհին մասին:

Հոգեբանները ծնողներուն կը թելադրեն չորս բաներու ուշադրութիւն դարձնել երեխային գծագրութիւնը դիտելու ատեն.

ա.- Գծագրութեան գունային տուեալները,
բ.- Գծագրութեան դիրքը,
գ.- Գծագրութեան բովանդակութիւնը,
դ.- Գծագրութեան ընդհանուր տրամադրութիւնը:

Գոյներու Համադրումը

Եթէ ձեր երեխան գոյները ճիշդ կ՛օգտագործէ (օրինակ` կապոյտ երկինք, կանաչ տերեւ, դեղին արեւ…), կը նշանակէ, որ ան հանգիստ է եւ ներդաշնակ:

Իսկ եթէ ան կ՛օգտագործէ խառն գոյներ, ուր յատկապէս տիրական են գորշի երանգները, երեխան շատ հաւանաբար անհանգիստ է եւ կամ որեւէ բանէ դժգոհ:

Կրնայ պատահիլ, որ ձեր երեխան իր գծագրութեան մէջ միայն մէկ գոյն օգտագործէ: Օրինակ` կարմիրը կրնայ բացայայտել անոր աշխուժ կենսակերպը, կապոյտը կրնայ վկայել, որ երեխան տխուր է եւ կամ անձի մը կարօտը ունի: Իսկ երբ երեխան միայն սեւ գոյնը օգտագործէ, հոգեբանները ծնողներուն խորհուրդ կու տան կարեւորութեան առնել եւ մտահոգուիլ: Շատ հաւանական է, որ բանէ մը վախցած ու անհանգստացած է:

Նկարին Դիրքը` Շատ Կարեւոր

Եթէ երեխան գծած է թուղթին կեդրոնը կամ ամբողջ թուղթին մակերեսին, կը նշանակէ, որ ան ինքնավստահ է: Իսկ եթէ ան օգտագործած է թուղթին անկիւնները, բաւական է, որ ան բարդոյթներ ունի, փակ ու ինքնամփոփ է:

Նկարին Բովանդակութիւնը

Երեխաները շատ յաճախ կը գծեն իրենց ընտանիքը, տունը, անասուններ, բնութիւն… Օրինակ` եթէ ձեր փոքրիկը կը գծէ հեքիաթներու իր սիրելի հերոսները, ասիկա շատ բնական ու խրախուսիչ է:

Գծագրութեան Ընդհանուր Տրամադրութիւնը

Կարեւոր է այն, թէ գծագրութեան վրայ հերոսները կը ժպտի՞ն, թէ՞ բարկացած են, կը խաղա՞ն, թէ՞ նստած են… Այս մանրամասնութիւնները կ՛օգնեն հասկնալ անոր հոգեվիճակը, տրամադրութիւնը եւ ամէնէն կարեւորը` անոր աշխարհընկալումը:

Հնարաւոր է, որ ձեր զաւակը ճիշդ ձեւով չ՛ընկալեր զինք շրջապատող իրերը, երեւոյթներն ու իրադարձութիւնները:

Եթէ երեխան գծած է իր ընտանիքը եւ ինքզինք, կը նշանակէ, որ ան պաշտպանուած ու հանգիստ կը զգայ:

Նկարին վրայ ընտանիքի անդամներէն մէկուն բացակայութիւնը կը բացայայտէ այդ անձին հանդէպ երեխային բացայայտ բացասական վերաբերմունքը:

Վերջապէս, երբ երեխան ինքզինք կը գծէ ընտանիքի անդամներէն հեռու կամ շատ աւելի փոքր չափերով, կը նշանակէ, որ ան ինքզինք չսիրուած ու առանձին կը զգայ: Երեխային դիրքը կրնայ նաեւ պատմել այն մասին, թէ որո՛ւ հետ ան աւելի մտերիմ կը զգայ (օրինակ` որո՞ւ քով կեցած է, որո՞ւ ձեռքը բռնած է կամ որո՞ւ փաթթուած է):

Ասփիրինի Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ

– Ասփիրինը ծանօթ է որպէս ցաւազերծիչ, բորբոքումները բուժող եւ սրտանօթային հիւանդութիւնները կանխող միջոց: Սակայն քիչեր ծանօթ են այս հրաշք դեղի գործածութեան այլ տարբերակներուն:

– Ասփիրինը կը դարմանէ միջատներու խայթուածքները: Զայն պէտք է փոշիի վերածել ու քսել խայթուածքի վրայ:

– Ասփիրինը կը դարմանէ դէմքի բշտիկները: Զայն պէտք է փոշիի վերածել, ջուրով լուծել եւ ստացուած թանձրուկը քսել դէմքին:

– Ասփիրինը կը դարմանէ կոշտուկները: Հինգ ասփիրին փշրել, աւելցնել կիտրոնի հիւթ եւ դգալ մը մեղր: Խառնուրդը քսել կոշտուկներուն վրայ, մատները փաթթել տաք անձեռոցով եւ սպասել առնուազն 10 վայրկեան:

– Ասփիրինը կը ձերբազատէ մազի թեփերէն: 2 ասփիրին փշրել, աւելցնել շամփուէնին եւ գլուխը մարձել քանի մը վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

– Ասփիրինը կը վերականգնէ մազերուն գոյնը: Բաց գոյնի մազերը ամրան արեւէն բայց մանաւանդ լողաւազաններու քլորէն կը վնասուին եւ գունաթափ կ՛ըլլան: Ասփիրինի 8 դեղահատ փշրել եւ լուծել գաւաթ մը գաղջ ջուրի մէջ, լուծոյթը քսել մազերուն եւ ձգել 10-15 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

– Իւղոտ տապակներ դիւրին մաքրելու համար ասփիրինով եւ ջուրով թանձրուկ մը պատրաստել եւ անով շփել տապակները. արդիւնքը արագ եւ գոհացուցիչ կ՛ըլլայ:

– Շապիկին վրայէն քրտինքի հետքերը մաքրելու համար 2 – 3 ասփիրին բաժակ մը ջուրի մէջ լուծել եւ քրտինքի արատի բաժինը այդ ջուրին մէջ մխրճել եւ ձգել քանի մը ժամ, ապա ցօղուել առատ ջուրով:

Հետաքրքրական

Սեւ Տուրմը Կը Դանդաղեցնէ Մաշկի Ծերացումը

Օրական քանի մը կտոր սեւ տուրմ ուտելով` կը դանդաղեցնենք ծերացման բոլոր գործընթացները եւ յատկապէս` մորթի ծերացումը:

Բրիտանացի գիտնականները կը պնդեն, որ անոր պատճառը սեւ տուրմին պարունակած ֆլաւոնոլն է:

Փորձաքննութեան ժամանակ կամաւորները բաժնուած են երկու խումբի: Առաջին խումբի ներկայացուցիչները 3 ամսուան ընթացքին սպառեր են ֆլաւոնոլի բարձր քանակութեամբ սեւ տուրմ, իսկ երկրորդ խումբի կամաւորները սովորական տուրմ կերած են:

Պարզուեր է, որ առաջին խումբի կամաւորներուն մորթը աւելի լաւ պաշտպանուեր է անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն:

Քաֆէինը Լաւատես Կը Դարձնէ

Քաֆէինը կ՛օգնէ մարդոց աւելի վառ գոյներով տեսնելու կեանքը եւ խօսակցութեան ընթացքին ընտրելու դրական բառեր: Այս եզրակացութեան յանգած են գերմանացի գիտնականներ, որոնք փորձ կատարած են 66 կամաւորներու վրայ:

Այսպէս, կամաւորներէն պահանջած է մեկնաբանել պաստառի մը վրայ անցնող նկարները: Կամաւորներէն անոնք, որոնք քաֆէին չեն ստացած, մէկ բառով, կցկտուր մեկնաբանութիւններ կատարած են, մինչդեռ անոնք, որոնք 2 – 3 գաւաթ սուրճ խմած են, դրական բառերով, յստակ եւ լաւատես մեկնաբանութիւններ տուած են նոյն այդ նկարներուն:

Ձեզի կը ձգենք եզրակացութիւնը…

Նորաձեւութիւն

Յառաջիկայ Գարուն – Ամառ
Նորաձեւ Կօշիկները

2019-ի  յառաջիկայ զոյգ եղանակներու կօշիկները բաւական ոճային են ու այլազան: Կան տարբեր չափի եւ ձեւի կրունկներ, գոյներու այլազանութիւն եւ բոլոր ճաշակները գոհացնող տարբերակներ: Նկարներուն վրայ կը տեսնէք`

– Բարձրակրունկ պաշտօնական կօշիկ «սոքեթ» գուլպայով հագցուած (Պըրպըրի),

– Շանել անունը կրող տափակ մուճակ,

– Թափանցիկ կերպընկալէ բարձրավիզ կօշիկ (Պալմեն),

– «Պալըրին» տափակ փափուք կօշիկ (Տիոր)

– Լայն կապերով, տափակ կոպիտ սանտալ (Հերմես),

– Ծաղկաւոր, բարձրակրունկ կօշիկ (Մքքուին):

Կը մնայ, որ իւրաքանչիւր անձ կրէ իր կազմուածքին, հագուածքին եւ ճաշակին համապատասխանող տեսակը:

Խոհագիր

Սունկով Գետնախնձոր

Բաղադրութիւն

– 1,5 քիլօ պզտիկ, ձեւաւոր գետնախնձոր
– Կէս քիլօ սունկ
– 1 գլուխ սոխ
– Ազատքեղ, ռեհան (մանրուած)
– Ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Գետնախնձորները լուալ եւ կեղեւով խաշել:

Սունկը կտրատել եւ բուսաիւղի մէջ տապկել մանրուած սոխին հետ:

Գետնախնձորներուն միջուկը փորել եւ աւելցնել սունկին: Խառնուրդը աղել, համեմել եւ ապա լեցնել փորուած գետնախնձորներուն մէջ: Երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով կամ ռեհանով:

Կարելի է նաեւ լոլիկով թացան մը պատրաստել ու գետնախնձորներուն վրայ աւելցնել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Պիտի մրսես, որ տաքանաս ու լաւ զգաս: Պիտի ցաւի, յետոյ անցնի, որ հասկանաս` ինչքան լաւ է առանց ցաւի: Մի օր լացի՜ր ու կ՛իմանաս` ուրախն ինչ է: Ընկի՜ր մի օր ու  կ՛իմանաս` ինչ լաւ բան է բարձրանալը: Պիտի լինի դատարկութիւն, որ լցուելուց չդատարկուես: Պիտի մթնես, որ  ճանաչես` ով է Լոյսը: Սիրի՜ր մի օր, կը հասկանաս, որ չես ապրել մինչեւ այսօր…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>