Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կարդացէ՛ք որեւէ գունաւոր, պատկերազարդ գիրք: Հաւատացէք, որ ձեր երեխան կը հետաքրքրուի գունաւոր պատկերներով` միեւնոյն ատեն լսելով ձեր ձայնը, որ այդքան հաճելի է իրեն համար:
* * *
Պատմեցէ՛ք որեւէ բան: Մի՛ կարծէք, որ ան չի հասկնար: Առհասարակ երեխային հետ պէտք է խօսիլ ծնած պահէն իսկ: Խօսեցէք` անոր աչքերուն նայելով:
* * *
Թող տեսնէ իր արտացոլանքը: Հայելին այնպէս հաստատեցէք, որ երեխան ինքզինք տեսնէ, տեսնէ իր շարժումները: Երեխան անշուշտ չի հասկնար, որ ատիկա իր արտացոլանքն է, բայց զայն կը հետաքրքրեն «հայելիի մէջի ժպտացող մարդու» շարժումներն ու դէմքի ծամածռութիւնները:
* * *
Գնեցէ՛ք ձայն արձակող խաղալիքներ: Գնեցէք այնպիսի խաղալիքներ, որոնք ձայն կամ լոյս կ՛արձակեն: Ասոնք կը հետաքրքրեն եւ կը զուարճացնեն զինք:
* * *
Ձեր երեխան ծանօթացուցէք տարբեր ձայներու: Ցոյց տուէք երեխային, թէ ի՛նչ ձայներ կ՛արձակեն տարբեր անասուններ, փոխադրամիջոցներ, զանգակը, եւ այլն… Սակայն ուշադիր եղէք, որ երեխան չվախնայ այդ ձայներէն:
Առողջապահական
5 Ուտելիքներ` Լեարդը Վերականգնելու
Եւ Անոր Աշխատանքը Խթանելու Համար
Լեարդի գործառոյթները չափազանց կարեւոր են մարմինին համար, հետեւաբար մեր սննդակարգը պէտք է հարուստ ըլլայ զայն առողջ պահող եւ անոր աշխատանքը խթանող ուտելիքներով:
Սննդագէտներ ներկայացուցած են 5 ուտելիքներ, որոնք առողջ կը պահեն լեարդը:
1
Հնդկահաւի եւ հորթի միս
Միսի այս տեսակները շատ աւելի դիւրին կ՛իւրացնեն եւ աւելի օգտակար են լեարդին համար, քանի որ կ՛օգնեն տարրալուծելու ալքոլը: Անոնք հարուստ են սպիտակուցով, որ կը դանդաղեցնէ ալքոլի իւրացման գործընթացը:
2
Կաղամբի եւ վարունգի թթուաշ
Այս երկու ուտելիքները կ՛օգնեն խուսափելու ալքոլի պատճառով յառաջացած ջրազրկման հետեւանքներէն: Ասկէ բացի` վերոյիշեալ թթուաշները մեծ քանակութեամբ Սէ. կենսանիւթ կը պարունակեն եւ կ՛օգնեն պահպանել ջուրի եւ աղի համեմատութիւնը:
3
Փուռը եփած բանջարեղէն
Փուռին մէջ եփած բանջարեղէնները աւելի լաւ կը պահպանեն իրենց մանրաթելերը, քան` եփի այլ միջոցներու պարագային, իսկ մանրաթելերը չափազանց կարեւոր են լեարդի առողջութեան համար:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ մանրաթելերը արդիւնաւէտ միջոց են լեարդի քաղցկեղի կանխարգիլման համար:
4
Ճանկընդեղ
Այս բանջարեղէնը կը պարունակէ հանքային նիւթեր, որոնք շատ կարեւոր են լեարդի առողջութեան համար: Անշուշտ շաքարախտաւորները պէտք է զգուշանան ճակնդեղէն:
5
Կաղամբ
Սննդաբաններու կարծիքով, հում կամ շոգեխաշ կաղամբը շատ անհրաժեշտ է լեարդին, քանի որ ան դուրս կը բերէ թունաւոր եւ քաղցկեղային նիւթերը:
6 Բոյսեր, Որոնք Կ՛օգնեն
Հանգիստ Քնանալու
Անքնութենէն գէշ բան չկայ: ԱՆոր պատճառները այլազան են, սակայն կան տեսակներ, որոնք թեթեւ եւ անցողակի են, հետեւաբար կը դարմանուին բնական միջոցներով` առանց վնասակար քնաբերներու դիմելու:
Այս բոյսերէն մէկ կամ երկուքը զետեղեցէք ձեր ննջասենեակին մէջ եւ օգտուեցէք անոնց քնաբեր յատկութենէն:
1.- Կեսուրի Լեզու
Շատ քիչ խնամք պահանջող այս բոյսը, ի տարբերութիւն մնացեալներուն, նոյնիսկ օրուան ընթացքին թթուածին կ՛արտաշնչէ: Այս յաւելեալ թթուածինը աւելի եւս կը դիւրացնէ քունի անցնելու գործընթացը:
2.- Ֆիլոտենտրոն
Սրտաձեւ տերեւներով այս բոյսը շատ մը տուներէ ներս առկայ է, անիկա եւս օդը մաքրելու եւ խոնաւութիւնը պահպանելու յատկութիւն ունի: Այս բոյսը թունաւոր է շուներուն եւ կատուներուն համար: Եթէ ընտանի անասուն ունիք, այս բոյսը հեռու պահեցէք անոնց հասողութենէն:
3.- Փոթոս
Եթէ ֆիլոտենտրոնին տեսքը կը հաւնինք, բայց տունը անասուն կը պահէք, շատ քիչ խնամք պահանջող այս բոյսը ձեզի կը յարմարի: Հաստատուած է ապականումը չէզոքացնելու եւ ընկճախտը մեղմացելու անոր յատկութիւնները:
4.- Լաւանտ
Այս բոյսը ոչ միայն կը նպաստէ քունին, այլեւ անուշ բոյր կը տարածէ իր շուրջ: Սենեակը պահելու պարագային, զայն պէտք է զետեղել պատուհանին մօտ` արեւ եւ լոյս ստանալու համար:
5.- Սարդ
Այս բոյսը շատ արագ եւ դիւրին բազմացող է: Կրնաք տունկ մը գնել եւ շատ չանցած` նաեւ բաժին հանել քունի խանգարումէ տառապող ձեր ծանօթներուն:
Սարդը եւ անոր տարբերակները եւս քնաբեր յատկութեամբ օժտուած են:
6.- Ֆուժեր
Ֆուժերը օդին մէջի թունաւոր նիւթերը կը չէզոքացնէ, անիկա կ՛ախորժի խոնաւ միջավայրէ: Տուներուն մէջ զայն յաճախ կը զետեղեն բաղնիքը: Դուք եւս կրնաք ֆուժեր մը զետեղել ձեր լոգարանին մօտ, երեկոյեան գաղջ ջուրով լոգնալ ու օգտուիլ ֆուժերին հանդարտեցնողի յատկութենէն:
Խոհագիր
Շոմինով, Ելակով, Ֆեթայով
Եւ Ընկոյզով Աղցան
Բաղադրութիւն
– 6 գաւաթ թարմ, պզտիկ տերեւներով շոմին
– 2 գաւաթ ելակ
– 1 գաւաթ ֆեթա պանիր
– Կէս գաւաթ մանրուած ընկ- 1 սոխ
– 1 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
– 1 1/2 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ խառնել քացախը, ձէթը եւ մանրուած սոխը: Ձգել 5-10 վայրկեան:
Թացանին աւելցնել թարմ շոմինի տերեւները, կիսուած ելակներն ու փշրուած ֆեթա պանիրը: Զգուշութեամբ խառնել, ապա` երեսը զարդարել մանրուած ընկոյզով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Եթէ
Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Երբ ուրիշներ կը կասկածին քու վրադ,
Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր,
Կամ չստել` շրջապատուած սուտերով,
Ատողներու միջեւ մնալ սիրալիր,
Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժո՛վ.
Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն
Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող,
Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան
Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այս խաբող.
Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
Չարափոխուած յիմարներու ծուղակի
Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի.
Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու
Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին
Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ, երբ կորած է ամէն բան,
Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.
Եթէ կրաս արքաներու հետ պարզուկ,
Ամբոխին մէջ` առաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար,
Եթէ սիրես, բայց սիրոյ խենթ չդառնաս.
Քո՛ւկդ է երկիրն ու իր գանձերն անհամար
Եւ աւելին` այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:
ՔԻՓԼԻՆԿ (անգլիացի բանաստեղծ)
Թարգմանութիւն` ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ