Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Կամակոր Չի Ծնիր, Այլ Կը Դառնայ…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Երեխան Կամակոր Չի Ծնիր,
Այլ Կը Դառնայ…

Հոգեբաններու կարծիքով, կամակորութիւնը ընդհանրապէս շեշտուած կ՛ըլլայ մանուկներուն մօտ, քանի որ ծնողները չեն հասկնար զիրենք կամ իրենց ուղարկուած ազդանշանները:

Այսպէս, երեխան, որուն պահանջները չեն բաւարարուած, կը դիմէ կամակորութեան` յոյսով, որ զինք պիտի հասկնան գոնէ այդ ճամբով: Երեխային մէջ կամակորութիւնը կը ձեւաւորուի ծնած պահէն: Անիկա տեղի կ՛ունենայ այն ժամանակ, երբ երեխան շրջապատող մեծերը կ՛անտեսեն անոր կանչի ազդանշանները եւ կ՛արձագանգեն միայն լացի ձայնին: Այսպիսով, երեխային մօտ «ռեֆլեքս» կը ձեւաւորուի. երբ ան կ՛ուզէ, որ մեծերը ուշադրութիւն դարձնեն իր կարիքներուն, կը սկսի լալու կամ գոռալու:

Կամակորութիւն ընելու ցանկութիւն կը յառաջանայ բոլոր երեխաներուն մօտ, տարբեր տարիքներու: Անոնք ալ կը փորձարկեն արտաքին աշխարհը եւ բնականաբար` ծնողներուն հետ յարաբերելու եղանակները. հետագային կա՛մ այդ կամակորութիւնը կը զարգանայ, կա՛մ զայն փոխելու փորձեր կ՛ընեն թէ՛ ծնողները եւ թէ՛ երեխան:

Երեխային պահուածքը յաճախ պայմանաւորուած է իրավիճակով. ան կրնայ կամակորութիւն ընել, երբ յոգնած է, քուն ունի, ինքզինք անուշադրութեան մատնուած կը զգայ եւ այլն… Նման պարագաներու, ծնողները պէտք է փորձեն վերացնել կամ մեղմացնել կամակորութեան պատճառները:

Հոգեբաններու կարծիքով, երեխան աւելի դիւրին եւ հաճոյքով կը կատարէ ծնողներուն պահանջները, եթէ անոնք ներկայացուին խաղի միջոցով: Օրինակ` եթէ փոքրիկին առաջարկէք ուտել կամ հագուիլ ձեզի հետ մրցելով, ան ինքնակամ եւ արագ կը սկսի ուտել, հագուիլ, լուացուիլ… Կարելի է նաեւ երբեմն պատիժի դիմել. օրինակ` եթէ ան իր խաղալիքները ասդին-անդին թափած է ու կը մերժէ զանոնք հաւաքել, հաւաքեցէք խաղալիքները եւ մէկ-երկու օրով պահեցէք. բացատրեցէք պատիժին պատճառը, յաջորդ անգամ ան շատ հաւանաբար կը փոխէ իր ընթացքը:

Երեխային կամակորութեան պատճառը կրնայ ըլլալ նաեւ… ձանձրոյթը: Նման պարագաներու, ան պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ տարեկիցներու հանդիպելու եւ անոնց հետ խաղալու:

Երեխաները նաեւ ինքնուրոյն ըլլալու մեծ ձգտում ունին: Անոր համար շատ կարեւոր է, որ կեանքի տարբեր փուլերուն զինք ընդունին ոչ որպէս երեխայ: Յաճախ անոր յիշեցուցէք, թէ որքա՛ն մեծցեր է: Այսպիսի վերաբերմունքը կը բարձրացնէ անոր ինքնագնահատանքը: Ան կը փորձէ ինքզինք պահել որպէս մեծ:

Կամակորութեան հարցը մէկ օրէն միւսը չի լուծուիր. եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր երեխան կամակորութիւն չընէ`

– Փորձեցէք, որքան հնարաւոր է, քիչ գործածել «կարելի չէ», «ոչ» արտայայտութիւնները:
– Արգիլեցէ՛ք միայն այն, ինչ որ կրնայ վտանգաւոր հետեւանք ունենալ:
– Երբե՛ք ուժ չգործադրէք երեխային ստիպելու, որ ձեր ուզածը ընէ:
– Լաւագոյն պատիժն է` չկատարել անոր խնդրանքները:

Ինչպէ՞ս Յաղթահարել Կամակորութիւնը

Ա.- Կանխեցէք կամակորութիւնը անոր դրսեւորման առաջին իսկ վայրկեանէն:
Բ.- Մի՛ ձգէք, որ երեխան կեդրոնանայ կամակորութեան վրայ:
Գ.- Ուշադրութիւն մի՛ դարձնէք երեխային կամակորութիւններուն, զբաղեցէք ձեր գործով, կարծէք` բան չի պատահիր:
Դ.- Երբեք մի՛ զիջիք, եթէ վստահ էք, որ ճիշդ էք:
Ե.- Շեղեցէք երեխային ուշադրութիւնը որեւէ կատակով, երգով, խօսքով եւ այլն…

Երբեմն կամակորութիւնը քմայքի հետեւանք չէ, այլ` առողջական հարցերու դրսեւորում: Հետեւաբար պէտք է աչալուրջ հետեւիլ եւ ճիշդ մեկնաբանել երեխային լացը, դժգոհութիւնը եւ տեղւոյն վրայ լուծումներ գտնել:

Ծէսեր – Սովորութիւններ

Ակռահատիկ

Ծնելէն անմիջապէս ետք երեխաներուն հետ կապուած նշումները կը սկսին անոնց առաջին ակռային հետ:

Ազգագրագէտ Սամուէլ Մկրտչեանի բնութագրմամբ, ակռահատիկը պտղաբերութեան եւ առատութեան խորհրդանիշ է. «Ասիկա հին հայկական ժողովրդական ծէս է, հայ ընտանիքներու ամենատարածուած ձեռնարկներէն մէկը: Անիկա համատարած ուրախութիւն է բոլոր հայկական օճախներէն ներս: Համամարդկային բնոյթ ունի, տարբեր երկիրներու մէջ, ըստ ժողովուրդներու մշակոյթներուն, տարբեր ձեւով կը նշուի»:

Ս. Մկրտչեանի խօսքով, ատամնահատիկը Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ տարբեր անուանումներ ունի, բայց գրեթէ նոյն ձեւով կը նշուի. օրինակ` Շիրակի, Ջաւախքի մէջ` ակռահատիկ, Մուշի մէջ` ակվասորիկ, Սիւնիքի մէջ` ատամսուրիկ, Սիսեանի մէջ` կեղքահատիկ, Վայոց Ձորի մէջ` կեռահատիկ եւ այլն… Մէկ խօսքով, թուարկուածները բոլորն ալ երեխային առաջին ակռային հետ կապուած անուններ են: Իսկ ծէսը, մասնակի առանձնայատկութիւններով հանդերձ, գրեթէ նոյնն է:

Ազգագրագէտին մեկնաբանութեամբ, ատամնահատիկը ծէս է, ոչ թէ` ձեռնարկ կամ խնճոյք. անիկա ծիսակատարութեան ամբողջ համակարգ է. «Նորածինը կը նստեցնեն սեղանի վրայ, հարազատները կը շրջապատեն զայն, գլուխը կը ծածկեն լաթով մը եւ կը թափեն խաշած ցորենի, լուբիայի, գարիի եւ սիսեռի հատիկներ, քաղցր պտուղներ…»:

Մկրտչեանի կարծիքով, ժողովուրդին մէջ տարածուած 7 տեսակի հատիկ լեցնելու երեւոյթը սխալ է. «7-ը խորհրդանշական է, պէտք չէ կեդրոնանալ թիւին վրայ: Բոլոր հատիկները միասին, ինչպէս եւ ծէսը առողջութեան, յաջողութեան իմաստ ունին, որպէսզի փոքրիկին կեանքը յաջող ընթանայ, պտղաբեր ըլլայ եւ այլն…»:

Երեխային ակռայ հանելուն հետ կապուած բազմաթիւ գուշակութիւններ կան. այսօր ատամնահատիկը խաղային բնոյթ ունի եւ իր հիմնական առաքելութենէն շեղած է. անիկա դարձած է ապագայ մասնագիտութիւնը ընտրելու կողմնորոշման միջոց: Անցեալին նման նիւթ չէ եղած. անցեալին կարեւոր նկատուած էր ցորենի հատիկի խորհուրդը, որ առատութիւն պէտք էր բերէր եւ նպաստէր միւս ակռաներուն դիւրին դուրս գալուն: Ներկայիս այս ամէնը կորսուած է մասնագիտութեան ընտրութեան ստուերին ետին: Այսօր ի՛նչ ըսէք` երեխային առջեւ չեն դներ` գումար, հեռախօս, ինքնաշարժի բանալի… Անցեալին պարտադիր 3 կարեւոր իր կը դրուէր երեխային առջեւ` սանտր, հայելի եւ դանակ: Սանտրը` որպէսզի հաւասարաչափ ակռաներ ունենայ, հայելին առատութեան, բազմապատկուելու խորհուրդ ունի, իսկ դանակն ալ սուր, ուժեղ ըլլալու նշան է: Այսօր շատ քիչ կը հանդիպինք այս երեք իրերուն, աւանդոյթը գրեթէ անհետացած է:

Ազգագրագէտ Մկրտչեանին խօսքերով, ատամնահատիկի ծէսին ծագումաբանութիւնը յստակ չէ. չենք կրնար յստակօրէն ըսել` առաջին անգամ այս ծէսը ո՛ւր նշուած է, որո՛ւ կողմէ կարգի անցած. մէկ բան յստակ է, որ կրօնական բնոյթ չունի:

Առողջապահական

Ջերմուժ Այրելու
Դիւրին Միջոցներ

Վերելակէն հրաժարեցէ՛ք եւ աստիճանները ոտքով բարձրացէք: Իւրաքանչիւր երկու յարկին եօթը ջերմուժ կը կորսնցնէք:

***

Գնումի՛ գացէք. միջին հաշուով 3 ժամ շուկան թափառելով` կրնաք 650 ջերմուժ այրել: Միւս կողմէ, օրական հանրախանութ այցելելով եւ գնում կատարելով` կարելի է 400 ջերմուժ այրել:

***

Ջո՛ւր խմեցէք. օրական առնուազն մէկ լիթր ջուր խմելով` մարմինը կը պաշտպանէք ջրազրկումէ: Իսկ գիտէի՞ք, որ պաղ ջուր խմելով` աւելի ջերմուժ կ՛այրէք, քանի որ ձեր մարմինը յաւելեալ ճիգ կը թափէ զայն տաքցնելու համար:

***

Քալեցէ՛ք. առտուն գործի կամ շուկայ երթալու համար հրաժարեցէք ինքնաշարժէն եւ ոտքով գացէք: Եթէ ձեր գործի վայրը հեռու է եւ ստիպուած էք ինքնաշարժով երթալու, ինքնաշարժը շարեցէք քիչ մը հեռու եւ քալելով շարունակեցէք ձեր ճամբան: 30 վայրկեան քալելով` 60 ջերմուժ կ՛այրէք:

***

Խնդացէ՛ք. լուրջ ուսումնասիրութիւններ փաստած են, որ 15 վայրկեան խնդուքը 40 ջերմուժ կ՛այրէ: Անշուշտ ասիկա նիհարնալու լուծում չէ, բայց եւ այնպէս…

***

Կարդացէ՛ք, գրեցէ՛ք, մտածեցէ՛ք… Երկու ժամ կեդրոնացած աշխատանքը 100 ջերմուժ կ՛այրէ: Ջութակ, դաշնակ նուագելու պարագային, 200 ջերմուժ կրնաք այրել` ընդամէնը 4 ժամուան ընթացքին:

***

Շարժեցէ՛ք, տան կահոյքը տեղափոխեցէք, յարդարանքը փոխեցէք, բոյսերը խնամեցէք: Այս ձեւի աշխատանքները ոչ միայն կ՛օգնեն, որ կէս ժամուան ընթացքին 30 ջերմուժ այրէք, այլ նաեւ կը բարձրացնեն ձեր տրամադրութիւնը:

***

Քնացէ՛ք. որքան ալ զարմանալի թուի, այո՛, քնանալով ջերմուժ կը վատնենք: Մէկ ժամ քունը միջին հաշուով 60 ջերմուժ կ՛այրէ: Չմոռնանք նաեւ, որ քունի պակասը կը գիրցնէ, քանի որ հորմոնային բնազդներ կ՛աւելցնեն անօթութեան զգացումը:

***

Տան մաքրութիւն ըրէք: 15 վայրկեան փոշեկուլով գորգ մաքրելով` 50 ջերժում կ՛այրէք, իսկ մէկուկէս ժամ արդուկ ընելով` 200 ջերմուժ:

Խոհագիր

Ծաղկակաղամբով Կարկանդակ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար.-

– Ծաղկակաղամբ մը
– 5 գետնախնձոր
– 50 կրամ կարագ
– 4 հաւկիթ
– Մշկընկոյզ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն.-

Ծաղկակաղամբը մաքրել, փոքր մասերու բաժնել եւ եռացող աղի ջուրի մէջ 20 վայրկեան խաշել:

Գետնախնձորները կեղուել եւ առատ ջուրի մէջ խաշել:

Փուռը տաքցնել 180 աստիճան:

Ծաղկակաղամբն ու գետնախնձորը քամոցի մէջ փոխադրել, ապա` ճզմել եւ խիւսի վերածել:

Խիւսին աւելցնել` մշկընկոյզը, կտրտուած կարագը, աղն ու սեւ պղպեղը եւ խառնել` մինչեւ որ միատարր խիւս մը ստացուի:

Կարկանդակի կաղապարը կարագով ծեփել եւ խիւսը մէջը պարպել ու նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 20 վայրկեան:

Բարի՛ ախորժակ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մենք Ձեզ Հող Չենք Տայ

Մենք ձեզ հող չենք տայ,
Այստեղ կեանքեր կան,
Այստեղ մերոնք են հողին շաղախուել,
Մեր զինուորների սրբազան արեամբ,
Հորիզոններն են կարմիրով վառուել:

Մենք ձեզ հող չենք տայ,
Այստեղ վէրքեր կան,
Այստեղ ոտքեր են ականով հատուել,
Այստեղ ոգեղէն մեր զաւակների
Սուրբ հոգիներն են երկնքին փարուել:

Մենք ձեզ հող չենք տայ,
Այստեղ երգեր կան,
Այստեղ սխրանքն է յոյսեր հրկիզել,
Այստեղ` շարքերում, սերընդէ սերունդ
Նահատակներն են լեգենդներ դարձել:

ԴԱՒԻԹ ՎԱՆԵԱՆ

15/4/2016թ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles