Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Զատկուան Նախօրեակին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Շուտով Զատիկ է, վերջին օրերը սպասելու պէտք չունինք տունը յարդարելու համար: Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ: Այս պարզ եւ գեղեցիկ յարդարանքներուն համար անհրաժեշտ են` տուրմէ հաւկիթներ եւ «ուան տալըր»-ի խանութները վաճառուող քանի մը ծաղիկ, նապաստակ կամ ճուտիկ: Ինչ կը վերաբերի ամաններուն, վստահաբար բոլորս ալ մեր տուներուն մէջ ունինք ծաղկամաններ, ոտքով բաժակներ, ծղօտէ կողովներ: Ուրեմն լծուի՛նք գործի:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Հինգ Մայրական Արտայայտութիւններ, Որոնք
Վիրաւորական Են Աղջիկ Զաւակներուն Համար

Մայրը ամենահարազատ անձն է. ան ոչ միայն կը սիրէ ու կը գուրգուրայ, այլ ամէն վայրկեան կ՛անհանգստանայ եւ կը փորձէ պաշտպանել իր զաւակները: Յաճախ անոր բերնէն կ՛ելլեն արտայայտութիւններ` ըսուած բարի նպատակով, բայց դժբախտաբար վիրաւորական` լսողին համար:

Ահաւասիկ` մայրական հինգ արտայայտութիւններ, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ եւ մտածել տարբեր ձեւերու մասին:

1

Քրոջմէդ (Ընկերուհիէդ) Օրինակ Առ

Ուրիշին հետ համեմատելը միշտ կը վիրաւորէ ինքնասիրութիւնը, հակառակ անոր որ մայրը բարի նպատակով ըսած է այդ խօսքը, որպէսզի աղջիկը դրդէ դէպի աւելի լաւը, աւելի գեղեցիկը, աւելի խելացին:

2

Մարդիկ Ի՞նչ Կը Մտածեն Քու Մասիդ

Ուրիշներու կարծիքէն կախուածութիւնը կը սահմանափակեն աղջկան հնարաւորութիւնները, անոր համընդհանուր ընդունուած չափորոշիչներէն տարբերելու վտանգ եւ վախ կը ներշնչէ:

3

Ես Յոգներ Եմ Քեզմէ

Եթէ հարազատ մայրը չի կրնար աջակցիլ ու լսել իր դստեր, հետեւաբար վերջինը ուրիշներու մօտ պիտի փնտռէ վստահութիւն եւ աջակցութիւն:

4

Քեզմէ Բան Դուրս Չի Գար

Անոր նկատմամբ հաւատք չունենալը կրնայ երկար տարիներու վրայ ընկճել զայն, եւ հոսկէ կը սկսի աղջկան մը ցած ինքնագնահատանքը:

5

Ան Քեզի Յարմար Չէ

Նման խօսքերով պէտք չէ յուսալ, որ աղջկան երջանիկ ամուսնական կեանք կ՛ապահովուի: Պէտք է առիթ տալ, որ ան ընտրութիւններ ընէ, հոգ չէ թէ սխալի, բայց կարելի չէ նախօրօք անոր թափը կտրել` մայրական մտահոգութենէ թելադրուած:

Խնձորի Քացախի
Անհամար Բարիքները

Խնձորի քացախի բարիքները անհամար են թէ՛ գեղեցկագիտական եւ թէ՛ առողջական իմաստով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ասեթիք թթուով եւ հանքային աղերով հարուստ խնձորի քացախի յատկութիւնները: Կարեւոր է, սակայն, քացախին ճիշդ ընտրութիւնը. անիկա պէտք է ըլլայ որակաւոր եւ նախընտրաբար կրէ «Bio» գրութիւնը։

Խնձորի Քացախը Կը Կարգաւորէ Մարսողական Խանգարումները

Ստամոքսի խանգարում, աղիքներու խանգարում, փորհարութիւն… այս բոլորը կը դարմանուին խնձորի քացախով: Ջուրի կամ պտուղի հիւթի մէջ լուծուած ապուրի դգալ մը բաւարար է լուծելու համար մարսողական խանգարումները:

Խնձորի Քացախը Կը Ձերբազատէ Կլթիկէն

Այո՛, կլթիկը կեցնելու ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկը ապուրի դգալ մը խնձորի քացախ խմելն է:

Կը Դարմանէ Կոկորդը

Խնձորի քացախ խմեցէք անմիջապէս որ կոկորդի ցաւ, քոր կամ բորբոքում զգաք: Մանրէասպան յատկութիւններուն շնորհիւ` ան կ՛արգիլէ բարդութիւնները: Քառորդ գաւաթ քացախը լուծեցէք քառորդ գաւաթ ջուրի մէջ եւ ցօղուեցէք ձեր կոկորդը:

Կը Պակսեցնէ Գէշ Քոլեսթերոլի Տոկոսը

Ճափոնական ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ ասեթիք թթուով հարուստ խնձորի քացախի օգտագործումը (օրական 15 մլ) յստակօրէն կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը:

Կը Մաքրէ Խցուած Քիթը

Յաջորդ անգամ, երբ կը զգաք, որ հարբուխի պատճառով ձեր քիթը խցուած է, բաժակ մը գաղջ ջուրի մէջ ապուրի դգալ մը խնձորի քացախ աւելցուցէք եւ օրական 1-2 բաժակ խմեցէք: Ասեթիք թթուն կ՛արգլէ մանրէներուն բազմացումը, փոթասիումը կը բանայ քիթին խորշերը եւ բնականաբար կը հանգստացնէ: Թէյի դգալ մը խնձորի քացախը լուծեցէք բաժակ մը ջուրի մէջ եւ օրական 1-2 բաժակ խմեցէք:

Խնձորի Քացախը Կը Նիհարցնէ

Ասեթիք թթուն ախորժակը կը սանձէ, կը կարգաւորէ նիւթափոխանակութիւնը եւ կ՛արգիլէ ջուրի կուտակումը մարմինին մէջ:

Օրական 1-2 բաժակ գաղջ ջուրի մէջ լուծուած ապուրի դգալ մը խնձորի քացախը կրնայ օգնել, որ նիհարնաք` անշուշտ սերտուած սննդակարգի մը կողքին:

Կ՛ոչնչացնէ Մազերուն Թեփը

Քառորդ գաւաթ ջուրին խառնեցէք քառորդ գաւաթ քացախ, սփռող շիշի մէջ լեցուցէք եւ ձեր մազերուն սփռեցէք: Անձեռոցով մը փաթթեցէք գլուխը, 15 վայրկեան սպասեցէք, ապա սովորականին պէս լուացէք ձեր մազերը:

Կը Դարմանէ Բշտիկները

Խնձորի քացախը բնական դեղ մըն է դէմքի բշտիկներուն համար: Մալիք եւ լաքթիք թթուները կ՛օգնեն մորթին փափկացումին, կը թեթեւցնեն կարմրութիւնները եւ կը հաւասարակշռեն մորթին PH-ի տոկոսը:

Կը Ճերմկցնէ Ակռաները

Առտուները խնձորի քացախով ցօղուեցէք ձեր բերանը, անիկա կը սպիտակեցնէ ակռաները, կը մաքրէ բիծերը եւ կը սպաննէ բերնին եւ լինտերուն սպառնացող մանրէները:

Կը Չէզոքացնէ Բերնին Անախորժ Հոտը

Եթէ նոյնիսկ ակռաները խոզանակելէ ետք ձեր շունչը գէշ կը հոտի, թէյի դգալ մը խնձորի քացախ խմեցէք եւ կամ ձեր բերանը ցօղուեցէք ջուրով լուծուած քացախով, անիկա կը սպաննէ գարշահոտութիւն պատճառող մանրէները:

Խնձորի Քացախի Այլ Յատկութիւններ

– Կը դարմանէ մորթային հիւանդութիւնները (էքզեմա, փսորիազիս):
– Կը կարծրացնէ եւ կը զօրացնէ եղունգները:
– Կը հանդարտեցնէ արեւէն այրած մորթին ցաւերն ու բորբոքումը:
– Կը հաւասարակշռէ շաքարին տոկոսը արիւնին:
– Կ՛աշխուժացնէ դիմադրական համակարգը:
– Կը դարմանէ ջղակծկումները (քրամփ):

Ինչպէս նկատեցիք, խնձորի քացախին բարիքները անհամար են. սակայն կը թելադրուի անոր չափաւոր գործածութիւնը` նախընտրաբար ջուրի մէջ լուծուած: Ի՛նչ ալ ըլլայ ձեր առողջական հարցը նախընտրելի է նախ բժիշկին կարծիքին դիմել եւ խուսափիլ ինքնադարմանումէ:

Խոհագիր

Պրոքոլիով
Պահքի Ուտեստ

Բաղադրիչներ

– 500 կրամ խաշած գետնախնձոր
– 300 կրամ պրոքոլի
– 50 կրամ ալիւր
– 50 կրամ շուշմայ
– 100 կրամ կանաչ սոխ
– 100  կրամ ազատքեղ
– աղ, սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ
– Բուսական իւղ

Պատրաստութիւն

Պրոքոլին կտրտել եւ 5 վայրկեան եռացած ջուրի մէջ մխրճել, ապա քամոցի մէջ փոխադրել:

Խաշած գետնախնձորը ճզմել, աւելցնել պրոքոլին եւ համեմները, ինչպէս նաեւ` մանրուած սոխն ու ազատքեղը: Բոլորը լաւ խառնել եւ փոքրիկ գլաններ ձեւաւորել:

Բաց ամանի մը մէջ խառնել ալիւրն ու շուշման, մէջը թաթխել ձեւաւորուած գլանները եւ բուսական իւղի մէջ տապկել, մինչեւ որ ոսկեգոյն երանգ ստանան:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Խրճիթում

Մանուկները գոռում-գոչում,
Լալիս էին աղեկէզ.
– Նանի՛, նանի՛, հաց ենք ուզում,
Վե՛ր կաց, նանի՛, հաց տուր մեզ:
Հիւանդ նանը տեղի տակին
Ծանր տընքաց տըխրալի.
– Մենք հաց չունենք, ես ձեզ մատաղ,
Ապին գնաց հաց բերի:
– Չէ՛, խաբում ես, սուտլիկ նանի,
Դու ասացիր` քարափին
Երբոր զարկի շողքն արեւի,
Հաց կը բերի մեր ապին:
Արեւն եկաւ անց էլ կացաւ,
Մենք սոված ենք դեռ էսպէս.
Նանի՛, նանի՛, հաց ենք ուզում,
Վե՛ր կաց, նանի, հաց տուր մեզ:
– Հաց չի գտել ձեր ապին դեռ,
Տուն չի գալիս սեւերես.
Քիչ էլ կացէք, իմ բալիկներ,
Հիմի այնտեղ կ՛երթամ ես…
Մի մեծ ապի կայ երկնքում,
Նա շատ ունի այնտեղ հաց…
Նա ձեզ այնքան շատ է սիրո՜ւմ…
Նա չի թողնիլ ձեզ սոված…
Կ՛երթամ այնտեղ, նրան կ՛ասեմ,
Որ սոված էք, իմ բալէք,
Ձեզ համար շատ-շա՜՜տ հաց կ՛ուզեմ,
Որ դուք ուտէք, լաց չըլէք..
Ասաւ, սեղմեց սովալըլուկ
Զաւակներին իր լանջին,
Ու շրթունքի վըրայ դալուկ
Սառաւ համբոյրը վերջին:
Կըռներն էլ ետ չըբացուեցան
Բազմաչարչար մայրիկի.
Աչքը փակեց ու յաւիտեան
Գնաց, որ հաց ուղարկի:
Մանուկները գոռում, գոչում,
Լալիս էին աղեկէզ.
– Նանի՛, նանի՛, հաց ենք ուզում,
Վե՛ր կաց, նանի՛, հաց տուր մեզ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>