Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի ընտրող յանձնաժողովը արդէն իսկ առանձնացուցած է 2019-ի «Աւրորա»-ի երեք մարդասէրներուն անունները:
Յանձնաժողովը Միրզա Տինան, Զանա Պուկար Մուսթաֆան եւ Հուտա Սարարի ընտրած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումի գերութենէն կիներ ազատագրելու, Եմէնի մէջ գաղտնի բանտային ցանցը բացայայտելու եւ Նիկերիոյ մէջ առեւանգուած աղջիկներ ազատ արձակելու նպատակով բանակցելու ազնիւ եւ խիզախ նուիրումին համար:
2019-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրին անունը պիտի յայտարարուի հոկտեմբեր 20-ին, Հայաստանի մէջ:
Յիշեցնենք, որ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը հիմնուած է 2016-ին: Անիկա ամէն տարի կը շնորհուի Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով` որպէս երախտագիտութիւն զիրենք փրկողներուն: Այս տարեկան մրցանակի դափնեկիրը կը ստանայ 1000 տոլարի պարգեւ եւ հնարաւորութիւն շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցելով զինք ոգեշնչող կազմակերպութիւններու:
Ո՞վ Է Հուտա Սարարին
Հ. Սարարի եմէնցի կին փաստաբան եւ գործիչ է: Ան բացայայտած է Եմէնի մէջ գոյութիւն ունեցող գաղտնի բանտային ցանցը, զոր կը ղեկավարեն դուրսի իշխանութիւններ (մասնաւորաբար` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները): Գաղտնի բանտերու մէջ բանտարկուած են տարբեր տարիքի հազարաւոր եմէնցի տղամարդիկ. Սարարի անհերքելի փաստեր հաւաքած է գաղտնի կալանավայրերուն մէջ տեղի ունեցող խոշտանգումներուն մասին ու զանոնք փոխանցած է «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» եւ «Հիումն Ռայց Ուոչ» կազմակերպութիւններուն, որպէսզի միջազգային այս կառոյցները զբաղին սոյն հարցով:
7 Խորհուրդներ`
Մեծ Հայրիկներուն Եւ Մայրիկներուն
Երեխաներու կեանքին մէջ մեծ հայրիկներուն եւ մեծ մայրիկներուն դերը անգնահատելի է: Ծնողներուն հետ բաղդատած` մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը շատ աւելի թոյլատու, բարի եւ հաճոյակատար են: Անոնք իրենց թոռնիկներուն հեքիաթներ կը պատմեն եւ կը կատարեն անոնց բոլոր ցանկութիւնները:
Այո՛, մեծ հայրիկն ու մայրիկը շա՛տ կը սիրեն իրենց թոռնիկները, իսկ վերջիններս «Կը շահագործեն» անոնց անսահման սէրն ու բարութիւնը: Ասիկա, սակայն, կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ երեխաներու դաստիարակութեան վրայ: Անտեղի ներողամտութիւնը, թոյլատուութիւնը, պաշտպանութիւնն ու շռայլութիւնը պէտք չէ շփոթել սիրոյ հետ: Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛արժէ, որ մեծ հայրիկներն ու մայրիկները կարդան իրենց ուղղուած հետեւեալ եօթը խորհուրդները:
1.- Ձեր թոռնիկներուն ներկայութեան երբեք կասկածի տակ մի՛ դնէք ծնողներուն հեղինակութիւնը:
2.- Վէճերու եւ տարակարծութիւններու ընթացքին որեւէ կողմ մի՛ պաշտպանէք: Բոլոր տուներէն ներս խնդիրներ կը ծագին. ամուսիններն ու երեխաները ինքնուրոյն պէտք է լուծեն զանոնք:
3.- Օտար մարդոց ներկայութեան ձեր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն յարաբերութիւններուն մասին մի՛ պատմէք: Ընտանեկան հարցերը ընտանիքի անդամներու միջեւ կը լուծուին:
4.- Ջանացէք պահպանել ձեր թոռնիկներուն գաղտնիքները: Եթէ անոնք իրենց անձնական կեանքին մասին բան մը պատմեր են ձեզի, կը նշանակէ, որ վստահութիւն ունին. փորձեցէք ամէն գնով չկորսնցնել այդ վստահութիւնը:
5.- Ձեր թոռնիկներուն թերութիւններուն վրայ մի՛ խնդաք. ձեր անմեղ խնդուքները կրնան անոնց մօտ բարդութիւններ յառաջացնել եւ զայն դարձնել ինքնամփոփ եւ անինքնավստահ:
6.- Ձեր թոռնիկին օգնեցէք միայն անհրաժեշտութեան պարագային, այլապէս մի՛ միջամտէք ամէն անգամ, երբ ան բանի մը ձեռնարկէ: Հաւատացէ՛ք, եթէ ան ձեր օգնութեան կարիքը զգայ, անպայման կը դիմէ ձեզի:
7.- Յարգեցէ՛ք ծնողներուն սահմանած արգելքները քաղցրաւենիք չուտել, ուշ ժամու չքնանալ, համակարգչային խաղերու սահմանափակում եւ այլն… Ծնողներէն գաղտնի` թոռնիկները ճշդուած օրէնքներէն շեղելը դաստիարակիչ չէ, ոչ ալ` սիրոյ չափանիշ:
Քանի Մը Տողով
Ծաղկահաւաք
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս Ծիծեռնակաբերդի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական ծաղկահաւաքը:
Այս նախաձեռնութեան նպատակն է քաղուած ծաղիկներուն երկրորդ կեանք մը տալ եւ վերամշակուած միջոցով կրկին օգտագործել զանոնք:
Արդէն ծանօթ է, որ ապրիլ 24-ի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին զետեղուած ծաղիկները կը հաւաքուին, եւ ցօղունները կ՛անջատուին ծաղիկներէն, ցօղուններէն պարարտախառնուրդ կը պատրաստուի, իսկ ծաղիկներուն թերթիկները կ՛օգտագործուին վերամշակուած թուղթ պատրաստելու համար: Պարարտախառնուրդը կ՛օգտագործուի յիշողութեան պուրակի հողի մշակման համար, իսկ ձեռակերտ թուղթը կ՛օգտագործուի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան – հիմնարկի յուշագիրներ, շնորհակալագիրներ եւ հրաւիրատոմսեր պատրաստելու համար:
Այս տարուան երկօրեայ ծաղկահաւաքին մասնակցեցան` տարբեր կազմակերպութիւններ ներկայացնող կամաւորներու խումբեր, աշակերտներ, ուսանողներ եւ դեսպաններ:
«Ջրավաճառ Տղան» Վերադարձաւ
Անգլիական Զբօսայգի
Երեւանի Անգլիական զբօսայգիի բարեզարդման աշխատանքներու ծիրէն ներս, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, երեւանցիներուն սիրելի «Ջրավաճառ տղան» արձանը տեղադրուեցաւ զբօսայգիին մէջ` Պեպոյի արձանին հարեւանութեամբ:
Նշենք, որ քանդակը տեղադրուած է 1970-ի նոյեմբերին Շահումեանի հրապարակին վրայ: 1993-ին անյայտ անձեր պատուանդանէն պոկած ու գողցած են զայն: Ոստիկանութեան ջանքերով արձանը գտնուած է ու վերադարձուած ` իր նախկին տեղը:
Ինչպէս վերը յիշեցինք, այժմ արձանը իր վերանորոգուած վիճակով կը գտնուի Անգլիական զբօսայգիին մէջ:
2,2 մեթր բարձրութեամբ, պրոնզէ եւ պազալթէ պատրաստուած «Ջրավաճառ տղան» արձանը հին Երեւանի խորհրդանիշներէն մէկն է, նուիրուած` ջրավաճառ պատանիներուն:
Ձեռին բռնած կուժ մի պուճուր`
Ջուր կը ծախէր, միշտ սառը ջուր,
Այն թուխ ու ժիր տղան պուճուր:
ՇԻՐԱԶ
Հետաքրքրական
Ժպիտի Շքանշան
Ժպիտի շքանշանը սկիզբը կը տրուէր միայն Լեհաստանի մէջ: Այս շքանշանով կը պարգեւատրուին յայտնի անձնաւորութիւններ, որոնք երեխաներուն ժպիտ եւ ուրախութիւն կը պարգեւեն: Անձնաւորութիւնները կրնան ըլլալ` բժիշկներ, գրագէտներ, մանկավարժներ, երաժիշտներ, ինչպէս նաեւ յայտնի քաղաքական կամ կրթական գործիչներ:
Ինչպէս նկարին վրայ կը հաստատէք, շքանշանը կլոր, երկնագոյն մետալ մըն է, որուն վրայ պատկերուած է ժպտող արեւ մը: Շքանշանին ժապաւէնը ճերմակ, փայլուն մետաքս է, անոր վրայ ասեղնագործուած են ծաղիկներ:
1968-ին ստեղծուած է այս շքանշանը: 1979-ին ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Քուրթ Վալտհայմը այս շքանշանին տուաւ միջազգային ճանաչում` 1979-ը ՄԱԿ-ի կողմէ «Երեխաներու տարի» հռչակման առիթով:
Հիմնադրման օրէն այս պարգեւին արժանացած են շուրջ 903 ասպետներ` աշխարհի շուրջ 45 երկիրներէ:
Շքանշանի ասպետներու ընտրութեան յանձնախումբը բաղկացած է 60 անդամներէ: Անոնք տարին երկու անգամ կը հաւաքուին` գարնան եւ աշնան: Բացի Լեհաստանէն, անդամներ կան նաեւ` Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Վրաստանէն, Իսրայէլէն, Ազրպէյճանէն եւ այլն…
Կարեւոր է նշել, որ պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ պարգեւատրուողը պէտք է ժպտի` կիտրոնի հիւթ խմելով:
Պարգեւատրուած յայտնի անձնաւորութիւններէն յիշենք` Մայր Թերեզան, Տալա Լամա, Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը, Օփրա Ուինֆրին, Նելսոն Մանտելան, Քուրթ Վալտհայմը, Սթիւըն Սփիլպըրկը, Աշոտ Տէր Գրիգորեանը եւ շատ ուրիշներ:
Ժպիտի շքանշանը ունի նաեւ իր թանգարանը` Լեհաստանի մէջ. անիկա հիմնադրուած է 1996-ին եւ նուիրուած է ժպիտի շքանշանի պատմութեան:
Արուեստով Յարդարուած
Պնակներ
Սեղան բերուած որեւէ ուտելիք, անկախ իր համէն, պէտք է հաճելի եւ ախորժաբեր տեսք ունենայ: Ստորեւ երկու հետաքրքրական նմուշ` շատ սովորական ուտեստներու մատուցման:
Ա.- Վարունգները կեղուել, երկու կամ երեք մասի բաժնել (նայած մեծութեան), փորել, միջուկը պարպել: Շերտ մը մարթատելի մէջ ստեպղինի, պանիրի եւ թարմ պղպեղի ձողիկներ զետեղել, փաթթել եւ վարունգին մէջ տեղաւորել:
Ներկայանալի ամանի մը մէջ քով-քովի շարել վարունգի օղակները:
Բ.- Կլոր, ներկայանալի, բաց ամանի մը կեդրոնը զետեղել երկայնքին կիսուած վարունգները: «Թոմաթ սըրիզ»-ներուն գլուխերը խաչաձեւ կիսել, մէջը կտոր մը ճերմակ պանիր (ֆեթա, պուլկարական…) տեղաւորել եւ շարել պնակին շուրջը:
Խոհագիր
Հաճարով Եղինձ
Բաղադրութիւն.
– 500 կրամ հաճար
– 200 կրամ սոխ
– 200 կրամ սունկ
– 200 կրամ կարագ (կարելի է փոխարինել բուսական իւղով»
– Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն.
Կարագէն կամ իւղէն բաժին մը կաթսային մէջ տաքցնել եւ հաճարը 2-3 վայրկեան մէջը տապկել:
Տապկուած հաճարին վրայ ջուր աւելցնել (իւրաքանչիւր 1 բաժակ հաճարին` 1,5 բաժակ ջուր) եւ եփել շուրջ 40 վայրկեան, մինչեւ որ հաճարը փափկանայ:
Մնացեալ կարագին կամ իւղին մէջ տապկել մանրուած սոխը, աւելցնել կտրտուած սունկերը եւ 4-5 վայրկեան տապկել:
Համեմել եփած հաճարը, ինչպէս նաեւ` տապկուած սոխն ու սունկը: Ներկայանալի ամանի մը մէջ լեցնել հաճարը, երեսը զարդարել սոխով ու սունկով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ես Պատրանքը Սիրեցի
Շուրջիս տափակ ու չոր կեանքէն զայրացկոտ,
Կանչեցի ես իտէալս կենսածին.
Բայց ետեւէս կծու ծաղրով անամօթ
«Է՜, ան միայն գրքի մէջն է» պոռացին.
Ես ալ գիրքը ինծի ընկեր ընտրեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Մենութեան մէջ լուռ, մթնշող սենեակիս`
Չիրագործուող երազներու մէջ թաղուած`
Հեռո՜ւ ու վե՜ր սաւառնեցաւ միշտ հոգիս,
Հո՛ն, ուր կեանքիս գոհար յոյսերն են մաղուած.
Ես, մօր մը պէս, անուրջներս գգուեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Երբ գեղեցիկ թարմ աղջիկը ժպտեցաւ,
Սիրտս դողաց յուզումով մը ներդաշնակ.
Սիրեցի ալ, միայն ո՛չ ան, որ անցաւ.
Այլ անոր նուրբ յափշտակիչ դէմքին տակ
Նո՛ր էակ մը, որ մտքէս հոն անցուցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Հայրենիքի հուր կարօտը բնածին
Երբ բռընկցուց յուզուած լանջս տենդօրէն,
«Դուն հայրենիք, դուն հող չունիս» հծծեցին.
Ես դառնացայ, բայց ալ ուժգին այդ օրէն
Իմըս չեղող հայրենիքս պաշտեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Ինծի համար այն ժամերը թանկ եղան,
Երբ ներշնչուած ստեղծեցի միշտ անգոյ,
Բայց անձնուրաց ազնիւ դէմքեր սիրեկան,
Երբ իրական աշխարհին մէջ միշտ դժգոհ,
Իտէալի կեանքէն երգել ուզեցի.
Ես պատրանքը սիրեցի:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ