«Հայկական խոհանոցը միայն խորովածն ու լաւաշը չեն, այլ նաեւ` քեալլան, գաթան եւ ուրիշ շատ ու շատ ուտեստներ, որոնց մասին հաւանաբար չէք ալ լսած, եթէ Հայաստան չէք այցելած: Կերակուրը հոս ոչ միայն երեւակայութեամբ կը պատրաստեն, այլ անոր մէջ հոգի կը դնեն, եւ ասիկա կրնաք հաստատել Երեւանի եւ այլ քաղաքներու գրեթէ բոլոր ճաշարաններուն մէջ: Եկէք` կարճ շրջագայութիւն մը կատարենք, եւ շուտով կը համոզուիք», գրած է յօդուածագիրը` Էլենա Թիթոքը:
Թիթոք անդրադարձած է 9 հայկական կերակուրներու եւ անոնց մասին տուած է հետաքրքրական տեղեկութիւններ. այսպէս`
– Հարիսան ազգային ճաշ է, անիկա հայերուն օգներ է կերակուրի սակաւութեան տարիներուն, յագեցնող այս ուտեստը ուտելու համար պէտք է իսկապէս քաղցած ըլլալ…
– Խօսելով ժենգեալով հացի մասին` Թիթոք կ՛ըսէ, որ անիկա արցախեան խոհանոցի այցեքարտն է: Անիկա կրնայ ըլլալ գարնանային եւ աշնանային` նայած այդ եղանակին աճող բոյսերուն: Գարնան ժենգեալով հացը պատրաստուած կ՛ըլլայ 10-16 բոյսերէ, իսկ աշնան` 24 բոյսերէ:
– Թիթոքի խօսքերով ղափաման ոչ միայն համեղ, այլ նաեւ շատ գեղեցիկ ուտեստ է: Անիկա աւանդաբար կը մատուցուէր հարսանեկան սեղաններուն` որպէս առատութեան խորհրդանիշ:
– Ցուլի խորոված քեալլան հայ աղքատներու ուտեստ է. անիկա մեծ ընդունելութիւն գտած է յատկապէս Գիւմրիի մէջ: Ամէն ինչը կ՛ուտեն` թէ՛ լեզուն, թէ՛ ուղեղը եւ նոյնիսկ աչքերը, կը գրէ յօդուածագիրը:
– Հայաստանի մէջ տոլմա կ՛անուանեն բոլոր տեսակի լիցքերը` դդումի, սմբուկի, կաղամբի, որթատունկի, տերեւի, պղպեղի եւ այլն… Երեւանի բոլոր ճաշարանները զայն կը մատուցեն, անպայման փորձեցէք եւ պիտի չզղջաք, կը գրէ Թիթոք:
– Հայկական խոհանոցի հպարտութիւնն է հաւկիթով պաստուրման. ան յագեցնող նախաճաշ մըն է, բայց նաեւ` կէսօրուան համեղ ուտեստ մը:
– Գաթան աւանդական հայկական թխուածք է` կլոր, շատ նուրբ համով: Բաղադրութիւնն ու համը շրջանէ շրջան կը տարբերին: Այս աղանդերը ամանորեայ սեղանին զարդն է, տօնական գաթային մէջ մետաղադրամ կը դրուի, եւ որու որ բաժին իյնայ, անոր յաջող տարի մը կը սպասէ, կը գրէ յօդուածագիրը:
– Խաշը բաւական իւղոտ, առատ սխտորով ապուր է, անիկա, ըստ տեղացիներուն, բազմաթիւ առողջական հարցեր կը լուծէ: Խաշը հացով կ՛ուտուի, ընդհանրապէս առաւօտեան` իբրեւ նախաճաշ: Վոտքան լաւ կը յարմարի խաշին հետ…
– Ոչ նոյնքան յագեցնող, որքան` խաշը, սակայն նոյնքան ժողովրդականութիւն վայելող է աւելուկով ապուրը: Անիկա հայերուն սիրելի ապուրն է: Աւելուկով կը պատրաստեն նաեւ աղցաններ, խմորեղէններ, կը գրէ Թիթոք:
Այն, ինչ որ այս սիւնակով ներկայացուցինք, յօդուածէն քաղուած բաժիններ են: Թիրոքի ոչ միայն թուած է 9 հայկական ուտեստները, այլ մանրամասն նկարած է զանոնք, անդրադարձած է անոնց բաղադրութեան եւ մինչեւ իսկ յիշած է անունները ճաշարաններուն, ուր լաւագոյն ձեւով պատրաստուած ու մատուցուած են անոնք:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս…
– Ե՞րբ երեխայ մը կրնայ առանձին լոգնալ։
5 – 6 տարեկան երեխան կարելի է ինքնաբաւ համարել եւ վարժեցնել, որ առանձինը լոգնայ ու հագուի:
Բացի անհրաժեշտ ցուցմունքներէ` երեխան իր ձեռքին տակ պէտք է ունենայ լոգանքի անհրաժեշտ իրերը` շամփուէն, օճառ, սպունգ…
Լոգարանը պէտք է ըլլայ ապահով, ջուրին ջերմութիւնը` ճշդուած:
Յարգելով երեխային անձնականութիւնը` դուռը կարելի է փակել, բայց` երբեք չկղպել:
Լոգարանին առջեւ փոքրիկը պէտք է ցամքեցնէ մարմինը` գորգին վրայ կանգնած, կողքին` մուճակներն ու հագուստները:
***
– Ե՞րբ երեխայ մը կրնայ առանձին խանութ երթալ։
Եօթը տարեկան երեխան կարելի է առանձին խանութ ղրկել, եթէ ճամբայ անցնելիք չէ:
Երեխային մեծ գումար տալու չէ, որպէսզի ան դիւրաւ հաշուակցի:
Այսպիսով, ան հպարտ եւ պատասխանատու կը զգայ, եւ քիչ-քիչ անոր ինքնավստահութիւնը կը զարգանայ:
***
– Ե՞րբ երեխային գրպանի ծախս կարելի է տալ։
Եօթը, ութ տարեկան փոքրիկները կը սկսին դրամ ուզել իրենց ծնողներէն:
Շաբաթական դրութեամբ երեխային դրամ տալով` կարելի է զայն վարժեցնել, որ ինքզինք «կազմակերպէ», ծախսերը տնտեսէ, խնայողութիւն սորվի:
Ոմանք քանի մը օրէն կը ծախսեն իրենց տրուած դրամը, ուրիշներ, ընդհակառակը, կը պահեն:
Պէտք չէ, որ գրպանի դրամը կապուի պատիժի կամ վարձատրութեան հետ:
Ինչ կը վերաբերի գումարին, ատիկա ծնողներուն կը մնայ որոշելը:
Առողջապահական
6 Սովորութիւններ, Որոնցմէ
Հարկաւոր Է Անյապաղ Հրաժարիլ
Առողջական հարցերէ խուսափելու համար մարդ պէտք է հետեւի իր սննդակարգին եւ կենսակերպին: Ահաւասիկ` 6 տարածուած սովորութիւններ, որոնցմէ հարկաւոր է վայրկեան առաջ հրաժարիլ` առողջ ըլլալու եւ տարատեսակ խնդիրներէ խուսափելու համար:
1.- Ուշ ժամերու ընթրելու սովորութիւնը
2.- Աղը չարաշահելու սովորութիւնը
3.- Քունի ժամերը խախտելու սովորութիւնը
4.- Ձեռքերը յաճախ չլուալու սովորութիւնը
5.- Ակռայի թել չօգտագործելու սովորութիւնը
6.- Նախաճաշը անտեսելու սովորութիւնը
Արեւապաշտպան Սերերը Կը Ներթափանցեն Արեան Մէջ
Ամերիկացի գիտնականները նոր բացայայտում կատարած են. անոնց կարծիքով, արեւապաշտպան քսուքներուն մէջ կան քիմիական տարրեր, որոնք բաւական արագ կը յայտնուին արեան մէջ: «Լայվ Սայընս»-ին համաձայն, գիտնականները դեռ չեն պարզած, թէ որքանո՛վ վտանգաւոր են այդ քիմիական տարրերու կուտակումը արեան մէջ, սակայն մէկ բան յստակ է, որ տարրերը բաւականին մեծ քանակով կը կուտակուին:
Ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան մասնակցած են 24 կամաւորներ, որոնք 4 օրուան ընթացքին օրական 4 անգամ իրենց մարմինը ծեփած են արեւապաշտպան քսուքով:
5 Իր, Որոնք Պէտք Է
Օրական Մաքրել
Օրուան ընթացքին մենք տասնեակ անգամներ կը դիպչինք առարկաներու, որոնք մեզ կը շրջապատեն: Անոնցմէ մէկ քանիի դիպչելէ ետք մենք կը լուացուինք: Կան սակայն իրեր, որոնք նոյնպէս մաքրութեան կը կարօտին, եւ մենք շատ յաճախ կ՛անտեսենք:
– Բանալիներու տրցակը մանրէներու բոյն է, զանոնք օրուան աւարտին պէտք է հականեխել թաց թաշկինակով, հեղուկ օճառով կամ ալքոլով:
– Խոհանոցի սրբիչները պէտք է օրական փոխել, անոնք եւս տարբեր տեսակի աղտերու բոյն են:
– Սրճեփ մեքենան նոյնպէս օրական մաքրութեան կը կարօտի, յատկապէս` կոճակներու բաժինը: Զանոնք հականեխեցէք առաւօտեան կամ օրուան աւարտին:
– Լուացարանին մէջ դուք կը լուաք ամանները, ձեր ձեռքերը, պտուղներն ու բանջարեղէնները, ահա թէ ինչո՛ւ անիկա եւս օրական հականեխուելու կարիքը ունի:
– Հեռախօսին ընկալուչը կամ բջիջայինը ամէնէն աւելի աղտոտող իրերէն են, հետեւաբար թելադրելի է զանոնք մանրէազերծող անձեռոցիկներով մաքրել:
Խոհագիր
Գետնախնձորի Խիւս`
Միսով
Բաղադրութիւն 6 անձի համար
Գետնախնձորի խիւսին համար`
– 1 քիլօ գետնախնձոր
– 20 սանթիլիթր կաթ
– 1 ապուրի դգալ սեր
– 50 կրամ կարագ
– Աղ, մշկընկոյզ
– 100 կրամ տաշուած կրիւյեր պանիր
Միսին համար
– 500 կրամ կովու յօշած միս
– 1 սոխ
– 2 պճեղ սխտոր
– 1 ստեպղին
– 25 կրամ կարագ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Գետնախնձորի խիւսը պատրաստել վերը նշուած բաղադրիչներով:
Տապակին մէջ հալեցնել 25 կրամ կարագը, աւելցնել մանրուած սոխն ու սխտորը, ինչպէս նաեւ` շատ փոքր մանրուած ստեպղինը: Աւելցնել միսը, աղել, համեմել եւ եփել:
Փուռ գացող ափսէի մը յատակը լեցնել միսը, երեսը ծածկել գետնախնձորի խիւսով եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 10 վայրկեան, ապա` երեսը տաշուած պանիր ցանել եւ 2 վայրկեան երեսը կարմրցնել:
Հրամցնել կանաչ աղցանի մը կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կռիւ էր, գնաց, դուռը մնաց փակ,
Դրան մօտ ընկած սալաքարի տակ
Անտէր բանալին սեւացաւ ժանգից
Խոտերով ծածկուեց կածանը բակի:
Որբ էր մեծացել,
Նա ոչ մայր ունէր,
Ոչ հայր, ոչ էլ քոյր, որ դուռը բացեն,
Օճախը վառեն, մաքրեն բակ ու տուն,
Անշուք խրճիթը չթողնեն մթնում:
Յիշեն տղային թխաչ ու ջահել
Եւ ճամբան պահեն:
Եւ կտուրի տակ թխլիկ սարեակը
Իր բոյնը հիւսեց, գեղգեղաց դարձեալ,
Պարտէզում զնգաց նորից առուակը,
Խոտերին նստեց գարնան ցօղն արծաթ:
Տարիներ անցան,
Բայց նա չդարձաւ,
Եւ կախուած մնաց գերանդին սիւնից,
Հողէ կտուրը ծանրացաւ ձիւնից
Ու խարխլուեցին գերանները տան:
Փլուեցին հանդարտ,
Եւ այդ հնացած գերանների տակ
Տրորուեց, կորաւ կիսատ մի նամակ,
Մի հուր երազանք,
Կարօտ մի անհուն,
Չծնուած սիրոյ մի ողջ պատմութիւն:
ՎԱԶԳԷՆ ՕՎԵԱՆ