Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ի՞նչ Պէտք Չէ Ընել, Եթէ Նորածին Երեխայ Ունիք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒՍԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ննջասենեակին Մէջ

– Նորածին երեխային մահճակալին մէջ աւելորդ իրեր, խաղալիքներ, ծածկոց կամ սաւան մի՛ ձգէք: Սաւանը թող ըլլայ անկիւնաւոր եւ լաւ հաստատուած: Ծածկոցի փոխարէն` նախընտրեցէք անոր հագցնել ըստ եղանակի գիշերանոց, իսկ գիշերը հեռացուցէք բոլոր տեսակի փափուկ խաղալիքները:

Շարժական սաւանը, ծածկոցը կամ խաղալիքը շնչահեղձութեան դէպքեր կը ստեղծեն:

– Նորածին երեխան փորին վրայ չպառկեցնէք այս պարագային եւս շնչահեղձութեան դէպքեր կրնան պատահիլ: Շատեր կ՛առաջարկեն երեխան կռնակին վրայ պառկեցնել, սակայն լաւագոյն եւ ամէնէն անվտանգ դիրքը զայն կողմին վրայ քնացնելն է, ատոր համար ալ կան յատուկ բարձեր:

– Երեխային մահճակալին մէջ պիպերոն չձգել, քունին մէջ կաթ խմելու այս գէշ սովորութիւնը կը վնասէ անոր ակռաներուն: Եթէ ան բան մը ծծելու պահանջը ունի տակաւին «թիթին»-ը նուազ վնասակար է:

– Երեխային նոր հագուստները պահարանին մէջ մի՛ տեղաւորէք, եթէ լուացած չէք: Զանոնք անպայման պէտք է լուաք նոյնիսկ եթէ կեպընկալ տոպրակներու մէջ են: Անպայման պէտք է լուաք,

Բաղնիքին Մէջ

– Երեխան առանձին լոգարանին մէջ չձգէք, ոչ իսկ` վայրկեան մը: Ամէնէն չնչին քանակութեամբ ջուրին մէջ իսկ երեխան կրնայ խեղդամահ ըլլալ:

– Երեխային ականջները սովորական ականջի ցպիկներով մի՛ մաքրէք, կան երեխաներուն յատուկ տեսակները: Կարելի է մաքուր թաշկինակ մը ոլորել եւ այդպէս մաքրեցէք:

– Երեխան բուրաւէտ օճառներով մի՛ լոգցնէք, ոչ ալ անուշահոտ սերեր օգտագործեցէք: Ասոնք կրնան գրգռել ձեր փոքրիկին մորթը եւ գերզգայնութիւններ պատճառել:

Խոհանոցին Մէջ

– Ձեր երեխային մէկ տարեկանէն առաջ մեղր մի՛ տաք: Առողջութեան Միջազգային կազմակերպութեան (OMS) համաձայն, մեղրը կրնայ պարունակել մահացու նիւթեր:

– Երեխան գրկած վիճակի մէջ կրակին կամ տաք կաթսաներուն չմօտենաք: Մանուկին կողմէ որեւէ անհանդարտ շարժում կրնայ գէշ հետեւանքներ ունենալ:

Ծովափը

– Եթէ ձեր երեխան տակաւին վեց ամսու չէ, հրաժարեցէք արեւէն պաշտպանող քսուքներէն, անոնք կրնան գերզգայնութիւններ պատճառել: Շատ փոքր տարիքի երեխան ծով կրնաք տանիլ առաւօտեան ժամերուն կամ յետմիջօրէին:

– Երեխան արեւէն պաշտպանելու մտահոգութեամբ, զայն աւելիով մի՛ ծածկէք, անոր մարմնին ջերմաստիճանը կրնայ խախտիլ եւ ջրազրկում պատահիլ:

Քոյր Ունենալը Աւելի
Լաւատես Եւ Երջանիկ Կը Դարձնէ

Փոքր տարիքի, թէ մեծ քոյրերու միջեւ վէճերն ու տարակարծութիւնները շատ են: Անոնք կրնան կապ ունենալ, խաղալիքի հետ, ծնողական սիրոյ հետ, հագուստ-կապուստի հետ, նախանձի հետ…

Այսուհանդերձ, գիտական ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ քոյր ունենալը մարդը աւելի լաւատես կը դարձնէ: Արդարեւ, Ulster համալսարանի դասախօս Թոնի Քասիտին փորձ մը կատարած է 17-25 տարեկան 600 երիտասարդուհիներու վրայ: Ան հետաքրքրուած է անոնց ընտանիքի անդամներով, բայց նաեւ` անոնց հոգեվիճակներով:

Քասիտիի վճիռը շատ յստակ է, այն անձերը, որոնք մեծցած են քրոջ մը կողքին, ընդհանրապէս աւելի լաւատես եւ ուրախ են, քան` եղբօր հետ մեծցածները, կամ մէկ հատիկները: Վերջինները ընդհանրապէս նուազ ուրախ են:

Այս երեւոյթը իր բացատրութիւնը ունի, կ՛ըսէ դասախօսը. մէկ կամ աւելի քոյրերու ներկայութիւնը տան մը մէջ կը դիւրացնէ զգացումներու արտայայտութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը: Իսկ ասոնք երջանկութեան հասնելու հիմնական տարրերն են: Քոյրերու շնորհիւ եւ անոնց միջոցով կը պահպանուին եւ կը զօրանան ընտանիքի անդամներու միջեւ կապերը:

Քասիտիի կարծիքով, քոյրը վստահելի լսող մըն է, խորհրդատու մը, գաղտնիքներ պահող մը եւ մանաւանդ` ուրախ եւ տխուր պահեր բաժնող մը:

Տեսէք, Թէ Ի՛նչ Կը Կատարուի,
Եթէ Յղի Մայրը Կու Լայ

Բոլորս գիտենք, որ յղի կիները պէտք չէ վշտացնենք, բայց որոշ արտաքին հանգամանքներ, հորմոնային շեղումներ եւ տրամադրութեան ցնցումներ կ՛ազդեն անոնց հոգեկան վիճակին վրայ:

Տեսէք, թէ ի՛նչ կը զգայ երեխան, երբ անոր մայրը կը սկսի լալու:

Երեխան կապուած է իր մօր ե՛ւ ծնելէն առաջ, ե՛ւ ծնելէ ետք: Սկսելով 29-րդ շաբաթէն` երեխային մօտ արդէն կը զարգանան զգայարանները, ան կը զգայ հոտը, համը, կը զգայ շրջակայ միջավայրը եւ նոյնիսկ կը զանազանէ լուսաւորութեան փոփոխութիւնները:

Երբ մայրը կ՛ուրախանայ, անոր արեան մէջ կ՛արտադրուի անտորֆինը, որուն պատճառով ալ երեխային տրամադրութիւնը կը բարձրանայ: Երեխան գտնուելով մօր արգանդին մէջ` կրնայ ուրախանալ եւ ժպտիլ, ինչպէս` մայրը:

Ցաւօք, երեխան կը զգայ նաեւ մօրը ընկճախտը եւ տխրութիւնը: Ընկճախտի ժամանակ երեխայի արեան մէջ քորթիզոլ կը յայտնուի. այսինքն, կամքէ անկախ, մայրը իր երեխային վատ տրամադրութիւն կը փոխանցէ: Այս պատճառով ալ ուրախ եւ երջանիկ երեխաներ մեծցնելու համար հարկաւոր է, որ յղի կինը տիրապետէ իր յուզումներուն: Ոչ թէ պահէ, այլ վերահսկէ զանոնք:

Ուրախացէք եւ ժպտեցէք` զերծ պահելով ձեզ ընկճախտէ եւ տհաճութիւններէ: Գտէք տարբերակներ` դուք ձեզ ուրախացնելու, պաշտպանեցէք ձեզ եւ ձեր երեխան, եւ ան կը դառնայ հանգիստ եւ ուրախ:

 Ի՞նչ Տեսաք
Առաջին Հերթին

Ուշադիր դիտեցէք նկարը եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը շատ բան կը պատմէ ձեր մասին:

Կամար

Հաւասարակշռուած անձ էք: Գիտէք` ե՛րբ հարկաւոր է լռել, երբ պաշտպանել ուրիշին կարծիքը եւ երբ արտայայտել սեփական կարծիքը: Միշտ հակամէտ էք մտածելու ձեր խօսքերու հետեւանքներուն մասին: Կեանքը աւելի թեթեւի առէք:

Կանացի Դէմք

Դժուար է ձեզի հետ յարաբերիլը, պարզապէս որովհետեւ չափազանց ուղղամիտ էք. կ՛ըսէք այն, ինչ կը մտածէք: Թէեւ ուղղամտութիւնը լաւ բան է, բայց երբեմն` անտեղի եւ վնասակար, քանի որ դուք ձեզ կը դնէք անյարմար կացութիւններու մէջ:

Ծով

Յարաբերութիւններու ընթացքին զգուշաւոր էք եւ զուսպ: Քիչ անգամ կ՛արտայայտէք ձեր միտքերն ու զգացումները` վախնալով, որ մարդիկ կրնան ձեզ սխալ հասկնալ: Եղէք աւելի պարզ ու թափանցիկ, դուրս եկէք այդ բռնազբօսիկ զսպուածութենէն եւ վստահեցէք ձեր բարեկամներուն:

 Մատուցումի
Հետաքրքրական Ձեւեր

Պտուղով Լեցուն Կոներ

Կ՛ուզէք, որ ձեր երեխաները քաջալերուին եւ հաճոյքով պտուղ ուտեն, պաղպաղակի կոներ գնեցէք եւ անոնց մէջ եղանակի պտուղներ լեցուցէք ու հրամցուցէք: Անոնք վստահաբար պիտի գնահատեն ձեր երեւակայութիւնը:

Հացի Ձողիկներ

Եթէ ձեր բարեկամները խմիչքի հրաւիրած էք, պիստակեղէնին, կտրտուած բանջարեղէններուն եւ չիփսերուն կողքին, կրնաք հրամցնել այս տարբերակը: Առէք հացի ձողիկներ, անոնց շուրջ կոտեմ կամ որեւէ այլ խոտատեսակ փաթթեցէք եւ զայն հաստատեցէք խոզապուխտով (խոզապուխտի լայն տեսականի կայ, նայած` թէ դուք ո՛ր մէկը կը նախընտրէք):

Խոտով եւ խոզապուխտով յարդարուած հացի ձողիկները ծաղկեփունջի ձեւով զետեղեցէք ապակեայ ծաղկամանի մը մէջ:

Առողջապահական

 Երբ Հիւանդանոց
Կ՛այցելէք…

Հիւանդներուն, այցելուներուն եւ պաշտօնէութեան մնայուն եռուզեռը հիւանդանոցները կը դարձնեն մանրէներու իսկական բոյներու:

Հաւանաբար հիւանդանոց այցելելը անխուսափելի է բոլորիս համար, սակայն կ՛արժէ որդեգրել որոշ նախզգուշութիւններ` մանրէներէն պաշտպանուելու համար: Մանրէները առաջին հերթին մեզի կը փոխանցուին ձեռքերու միջոցով. ահա թէ ինչու բժիշկները խստօրէն կը թելադրեն, որ հիւանդանոց այցելողները յաճախ իրենց ձեռքերը հականեխեն հեղուկ օճառներով կամ հականեխուած թաց թաշկինակներով:

Այսպէս, ձեր ձեռքերը անմիջապէս հականեխեցէք, եթէ դպչիք ստորեւ նշուած իրե֊րուն:

ա.- Վերելակի կոճակներուն,
բ.- սպասման սրահի աթոռներուն, յենարաններուն,
գ.- մահճակալները իրարմէ բաժնող վարագոյրին,
դ.- մահճակալին բազրիքին,
ե.- հեռախօսին ընկալուչին,
զ.- ճաշի սպասարկման շարժական սեղանին,
է.- դուռերուն բռնակներուն,
ը.- ծորակներուն,
թ.- աղբի կողովին:

Խոհագիր

Առանց Խմորի Փիցցա

Բաղադրիչներ

– 2 սմ հաստութեամբ սմբուկի կլոր շերտե
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– Տաշուած փարմըզան պանիր
– Տաշուած մոցարելլա պանիր
– Մարինարա թացան
– Երեսի զարդարանք ըստ ճաշակի` սունկ, խոզապուխտ, թարմ պղպեղ, ձիթապտուղ, փեփերոնի…
– Մանրուած թարմ ռեհան կամ իտալական չոր խոտերու տեսականի

Պատրաստութիւն

Շերտուած սմբուկի շերտերը մաքուր լաթի մը վրայ շարել, վրան աղ ցանել եւ ձգել, որ ցամքին:

Մոմապատ թուղթով ծածկել փուռ գացող ասփէի մը յատակը, վրան շարել սմբուկի շերտերը եւ ձէթով ծեփել, ապա վրան իտալական չոր խոտեր ցանել, ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 20-25 վայրկեան խորովել, մինչեւ որ ոսկեգոյն կեղեւ մը կազմուի:

Փուռէն հանուած սմբուկները մարինարա թացանով ծեփել, աւելցնել պանիրները եւ մնացեալ բաղադրիչները` ըստ ճաշակի: Կրկին փուռ մտցնել եւ 6-7 վայրկեան եփել, մինչեւ որ պանիրը հալի եւ երեսը կարմրի:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մայր Իմ Անուշ

Ես կը սիրեմ քու դէմքը, քու դէմքը մա՛յր իմ անուշ.
Խաղաղութիւնն աչքերուդ, նոյնքան բարի ու անուշ,
Ես կը սիրեմ ճակատդ, ճակատդ վաղուց խորշոմած,
Եւ քու վարսերդ արծաթէ, վարսերդ, մա՛յր իմ անուշ:
Ես կը սիրեմ ձեռքերդ կապոյտ երակ գծերով,
Խորշոմները քու դէմքիդ, քու դէմքիդ, մա՛յր իմ անուշ:
Թէև արդէն ծերացած, ուսերդ մաշած են էնքան,
Սակայն գլխիդ մէջ արդէն վաղուան հազար հոգեր կան:
Ինչպէ՞ս կրնաս սրտիդ մէջ ամբողջ երկինք մը բռնել,
Ինչպէ՞ս կրնաս ժպտիդ մէջ ամբողջ արեւը բռնել,
Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս դուն կրնաս, ինչպէ՞ս, մա՛յր իմ անուշիկ:
Արցունքիդ մէջ մէկ կաթիլ, քու ամբողջ սիրտդ բռնել:
Զաւակներդ դեռ երէկ կը վազէին քու գրկիդ,
Յետոյ նորէն աղմուկով կը փախչէին քու գրկէդ:
Այսօր թոռներդ են կու գան, հին օրերու խաղին պէս,
Եզերք վազող կապուտակ ալիքներու խաղին պէս:
Երբոր լուռ ես ու նստած, շալ մը ձգած ուսերուդ,
Իլիկն է, որ կը մանես հին օրերու յուշերուդ,
Կը յիշես տունն հայրենի, ճամբաները արեւավառ,
Ուրկէ անցած ես թեթեւ` հովերուն հետ բռնած պար:
Ու կը տեսնես ոսկեգոյն ցորեանները դաշտերուն,
Զանգակատունը վանքին, կարծես դրուած միշտ հեռուն:
Ու կը յիշես, թէ ինչպէ՜ս հայրս, քեզմով սիրահար,
Այգիներու ճամբայէն քու ետեւէդ միշտ կու գար:
Ու կը պատմես, թէ ինչպէ՜ս արեւն այնտեղ ուրիշ էր,
Ծաղիկներու, խոտերուն համն ու հոտն ուրիշ էր:
Էն մեր վանքին՛ լերան տակ, զանգին ձէնը ուրիշ էր,
Ա՜խ, ուրիշ էր, ուրիշ էր, հացին համն իսկ ուրիշ էր:
Ու կը պատմես թէ չկար, ողջ աշխարհին մէջ չկար,
Թնդան ձէնով տաղ ասան Ալեքսանենց փեսին պէս,
Լոգման հէքիմ դեղերով, էն Աւագենց ուստին պէս,
Ծառն արմատէն դուրս քաշող զօր ու հզօր Դաւթին պէս:
Չկար, չկար իմաստուն Մարուքենց ծեր մարդուն պէս:
Հիմա վաղուց ծերացած, ձգած շալ մը ուսերուդ,
Քու թոռներուդ կը պատմես հեքիաթը քու յուշերուդ,
Ու միտք կ՛ընես, միտք կ՛ընես, թէ ինչքա՞ն էր իրական
Քու հեքիաթը արեւոտ, ուրտեղ հազար գոյներ կան:
Թափառեցայ երկիրներ, ճամբաներով շատ անցայ,
Տեսայ զրկանք, տեսայ ցաւ, սէր ու խնդում ես տեսայ,
Բայց չտեսայ, չգտայ ոչ մէկ սիրտ այնքա՜ն արի,
Քու հոգիիդ չափ արի, մայր իմ անուշ ու բարի:

ՀԱՄԱՍՏԵՂ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>