Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անցեալ յունիս 1-ին Լուսինէ Զաքարեան պիտի դառնար 82 տարեկան: Նոյն այդ օրը Երեւանի Կողբացի փողոցին վրայ բացումը կատարուեցաւ հայ հոգեւոր երգերու անզուգական երգչուհիին տուն-թանգարանին:
Բնակարանը, ուր Լուսինէն եւ իր ամուսինը` Խորէն Պալեան ապրեր էին երկար տարիներ, կահաւորուեցաւ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կահաւորուած էր երգչուհիին ապրած տարիներուն: Ցուցադրուած են անոր հագուստները, անձնական իրերն ու կահոյքը:
Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարան այցելողները ոչ միայն պիտի ծանօթանան երգչուհիին կեանքին ու գործունէութեան, այլ նաեւ հնարաւորութիւնը պիտի ունենան լսելու անոր ձայնը «օտիօ» տարբերակով:
«Լուսինէին քիչ է լսելը, նրան պէտք է տեսնել, որովհետեւ հազուադէպ է պատահած, որ երգը եւ կատարողը այնպէս լրացնեն մէկը միւսին, լինեն այդքան միասնական ու անբաժան:
«Լռում է նա` թւում է դեռ շարունակում է երգել, իսկ երբեմն էլ երգում է` ասես լռում է Տիրամօր հրաշալի լռութեամբ: Եւ միշտ խաղաղ մի լոյս ու ջերմութիւն է ճառագում նրա հայեացքը, բնաւորութեան ինչ-որ հոսանքներ լուսաւորուածութիւն են հաղորդում քեզ…», ահա այսպէս արտայայտուած է մեծ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան Լուսինէի մասին:
Իսկ Պարոյր Սեւակի խօսքերով` «Լուսինէն հայ երգարուեստին մէջ նոյն դերն ունի, ինչ ճարտարապետութեան մէջ` Թորոս Թորամանեանը»:
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Լուսինէ Զաքարեան ծնած է 1937-ին, Ախալցխա քաղաքը (Վրաստան): 15 տարեկանին ընտանեօք փոխադրուած են Երեւան:
– Լուսինէին մեծ հայրը ծագումով լեհահայ, Սենթ Փեթերսպուրկի կայսերական օփերայի թատրոնի մեներգիչ էր, իսկ մեծ մայրը` դաշնակահարուհի:
– Երգչուհիին ամուսինը` Խորէն Պալեան ծնած է Թրիփոլի (Լիբանան): Ան հոգեւոր երգիչ, մանկավարժ, շարականագէտ, ծիսագէտ, բանասէր եւ գրաբարագէտ էր:
– Լուսինէն մահացած է 55 տարեկանին, ծանր հիւանդութենէ: Օրին կառավարութիւնը չէ արտօնած, որ անոր յուղարկաւորութիւնը կատարուի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ: Ամենայն Հայոց վեհափառ Վազգէն Ա.-ի համաձայնութեամբ Լուսինէն թաղուած է Սուրբ Գայեանէ եկեղեցւոյ բակի գերեզմանոցին մէջ:
– 2012-ին մեծանուն երգչուհիին ի պատիւ դրոշմաթուղթ տպուած է:
– Տպուած են Լուսինէ Զաքարեանի կեանքը պատմող երեք գիրքեր, որոնցմէ վերջինը` «Լուսինէ Զաքարեանը ժամանակակիցների յուշերում»-ը:
Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին
Տեսողութեան վրայ հիմնուած այս փորձը կրնայ բացայայտել ձեր անձին բնորոշ յատկութիւնները: Փորձը հիմնուած է նկարին նկատմամբ ձեր հակազդեցութեան վրայ:
Եթէ դուք առաջին հերթին նապաստակ տեսաք…
Դուք 100 տոկոսով լաւատես մարդ էք: Միշտ ուրախ եւ երջանիկ էք եւ կը տեսնէք կեանքին վառ կողմերը: Ինչ կացութեան մէջ ալ գտնուիք, միշտ յոյսի, լոյսի ճառագայթ մը կը տեսնէք: Դուք զուարթ անհատականութիւն եւ ստեղծագործ միտք ունիք:
Երբ խնդիրներու կը բախիք, խիզախ որոշումներ կը կայացնէք եւ միշտ ելք մը կը գտնէք` ժխտական ալիքները ցրելու:
Եթէ դուք առաջին հերթին բադ տեսաք…
Դուք 100 տոկոսով իրապաշտ անձ էք: Դուք չափազանց քաշողական անձնաւորութիւն էք, եւ մարդիկ կ՛ոգեշնչուին ձեր իրապաշտ մտածողութեամբ: Դուք կը գիտակցիք, որ կեանքի մէջ տեղ հասնելու համար հաւաքական աշխատանքը կարեւոր է. դուք շատ ճկուն միտք ունիք եւ շրջապատի մարդիկ կը փորձեն ներգրաւուիլ ձեր խումբին մէջ:
Դուք որոշումներ կու տաք շատ արագ եւ յաճախ կոշտ ու կտրուկ էք ձեր որոշումներուն մէջ, երբ խնդիրը կը վերաբերի սկզբունքային հարցերու:
Առողջապահական
Ոսկորներու
Երեք Պահապանները
Հասուն տարիքին ֆիզիքապէս աշխուժ ըլլալը շատ կարեւոր է ոսկորներու ամրութեան եւ առողջութեան համար: Միւս կողմէ` երեք մթերքներ իրենց կարգին կ՛ապահովեն ոսկորներու տոկունութիւնը, պայմանաւ որ անոնց օգտագործումը պատահականութեան չձգուի, այլ ըլլայ հետեւողական:
1.- Թարմ Պրոքոլի
Պրոքոլին հարուստ է` հանքայիններով, կիրով, մակնեզիոմով, երկաթով, փոթասիոմով, զինկով, ֆոսֆորով, ինչպէս նաեւ` Պէ. խումբի, Սէ., ՔԱ., ԷՕ. եւ Ա. կենսանիւթերով: Այս շատ սննդարար ուտելիքը ճաշացուցակէն անպակաս պահելով` ոսկորները շատ բան կը շահին:
2.- Շուշմայ
Շուշման օսթէոփորոզի դէմ պայքարի ամենաարդիւնաւէտ միջոցներէն մէկն է: Շուշմային իւղը բարձրորակ է, այդ պատճառով ալ յաճախ կը փոխարինէ ձէթը:
Շուշման կը պարունակէ` մեծ քանակութեամբ կիր, պղինձ, սելենիոմ եւ մակնեզիոմ: Ահա թէ ինչո՛ւ շուշման պէտք է յաճախակի օգտագործուի անուշեղէններու, աղցաններու եւ կերակուրներու մէջ:
3.- Պանան
Պանանը այնպիսի պտուղ է, որ կրնայ փոխարինել ամբողջական ընթրիք մը կամ ճաշ մը: Անիկա օգտակար է օսթէոփորոզի պարագային, քանի որ հարուստ է հանքայիններով եւ ֆոլաթթուներով:
Պանանը կը պարունակէ նաեւ կենսանիւթեր, որոնք պատասխանատու են ոսկորներու խտութեան համար:
Ո՞ւր Տեղադրել
Փոքրիկին Մահճակալը
Շատ մը ծնողներու փափաքն է, որ հիւանդանոցէն տուն բերուած մանուկը արդէն իսկ ունենայ իր առանձին սենեակը եւ հոն ալ հաստատուի առաջին իսկ օրէն:
Միւս կողմէ, սակայն, շատ մը մանկաբուժներ կը պնդեն, որ երեխան գոնէ մինչեւ վեց ամսու ըլլալը պէտք է քնանայ ծնողներուն սենեակը եւ մօրը մօտ գտնուի, քանի որ մայր-երեխայ կապը այս շրջանին շատ կարեւոր է փոքրիկին հոգեկան եւ ֆիզիքական զարգացման համար:
Երեխային մահճակալը տեղադրելու ատեն պէտք է նկատի առնուին հետեւեալ կէտերը.
ա.- Թելադրելի է, որ մանուկին մահճակալը լուսաւոր տեղ մը դրուի, իսկ որքան այլազան ըլլայ մահճակալին բացուող տեսարանը, այնքա՛ն աւելի լաւ, քանի որ երեխաները շատ կը հետաքրքրուին նորութիւններով:
բ.- Բնականաբար մահճակալը պէտք է տեղադրել պատուհանէն հեռու, եթէ վերջինս ապահովութեան ճաղերով օժտուած չէ:
գ.- Մահճակալին դիրքը որոշելու ատեն պէտք է ջանալ, որ անիկա հեռու ըլլայ ելեկտրական թելերէ եւ սարքերէ:
դ.- Երեխայի մը ննջասենեակի իտէալ ջերմաստիճանը 18-22 է: Հետեւաբար մահճակալը հեռու պէտք է գտնուի ջեռուցման սարքաւորումներէն:
ե.- Երեխային մահճակալին մօտ պէտք չէ գտնուին գորգեր, թանձր վարագոյրներ եւ փափուկ խաղալիքներ (փըլիւշ), որոնք փոշիի բոյներ կը համարուին:
զ.- Երեխային մահճակալը պէտք է դրուի այնպիսի տեղ մը, որ պաշտպանուած ըլլայ հոսանքէ, բայց նաեւ` խոհանոցի բոլոր տեսակի հոտերէն:
Այս առիթով տեղին է նշել, որ երեխային ննջասենեակը հեռատեսիլ դնելը սխալ որոշում է:
Երեխան քնացնելու ժամանակ պարտադիր չէ, որ սենեակին մէջ քար լռութիւն տիրէ. ան պէտք է վարժուի մեղմ ձայներու` ընտանիքի անդամներու խօսակցութեան, փողոցի աղմուկ եւ այլն… եթէ ան մեկուսացուի բոլոր տեսակի ձայներէ, հետագային մեծ դժուարութիւններ կրնայ դիմագրաւել:
Երեխային մահճակալի ընտրութեան ատեն տեսքէն պէտք չէ խաբուիլ, որակը չափազանց կարեւոր է, յատկապէս` ներքնակին որակը:
Եթէ մահճակալը գզրոցներով օժտուած է, պէտք է ընտրել այն տեսակը, որուն գզրոցները անկիւնաւոր եւ սուր բռնակներով օժտուած չեն:
Անշուշտ մահճակալը պէտք է օժտուած ըլլայ շարժական ճաղերով եւ ճաղերը պաշտպանող ներքին բարձիկներով:
Բաղնիքին Յարմար Բոյսեր
Ինչպէս` հիւրանոցն ու ճաշասենեակը, պատշգամն ու խոհանոցը, բաղնիքը եւս իրաւունք ունի զարդարուելու եւ գեղեցկանալու համապատասխան բոյսերով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք երեք բոյսեր, որոնք շատ հանգիստ ու առողջ կրնան աճիլ բաղնիքի խոնաւ, ոչ շատ լուսաւոր պայմաններուն մէջ:
Ա.- Ալօէ Վերա
«Անմահութեան բոյս» անունով ծանօթ այս բոյսը նաեւ օժտուած է բուժիչ յատկութիւններով. անոր թանձր աւիշը կը դարմանէ այրուածքները, խայթուածքները, ինչպէս նաեւ` չոր մորթը: Այս չարքաշ բոյսը շատ լաւ կը յարմարի բաղնիքի խոնաւ միջավայրին:
Բ.- Տիեֆընպախիա
Եթէ բաղնիքը փոքր չէ եւ տիեֆընպախիա մը զետեղելու տեղ կայ, երբեք պէտք չէ վարանիլ: Այս խոշոր, լայն տերեւներով գեղեցիկ բոյսը մեծ խնամքի չի կարօտիր. խոնաւ միջավայր մը եւ լաւ լուսաւորում մը բաւարար են, որպէսզի ամբողջ տարին զարդարէ բաղնիքը:
Գ.- Օրքիտէ
Բաղնիքին «Սփա»-ի տպաւորութիւն տալու լաւագոյն միջոցներէն մէկը այս ազնուական բոյսը զետեղելն է: Տրուած ըլլալով, որ օրքիտէի զանազան չափերը կան, կարելի է ընտրել փոքրիկ տունկ մը եւ զետեղել լոգարանին ծայրամասին:
Խոհագիր
Պրոքոլիի Գլանիկներ
Բաղադրիչներ
– 500 կրամ խաշած գետնախնձոր
– 300 կրամ պրոքոլի
– 50 կրամ ալիւր
– 50 կրամ շուշմայ
– 100 կրամ կանաչ սոխ
– 100 կրամ սամիթ կամ ազատքեղ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Բուսաիւղ
Պատրաստութիւն
Պրոքոլին եռացող ջուրի մէջ հինգ վայրկեան ձգել, ապա քամոցէ անցընել եւ մանրել:
Մեծ, խորունկ ամանի մը մէջ ճզմել խաշած գետնախնձորները, աւելցնել մանրուած պրոքոլին, աղն ու սեւ համեմը եւ լաւ խառնել: Ստացուած խառնուրդին աւելցնել մանրուած կանաչ սոխն ու սամիթը, կրկին խառնել, ապա ձեւաւորել գլանիկներ:
Ալիւրն ու շուշման բաց ամանի մը մէջ խառնել եւ մէջը թաթխել ձեւաւորուած գլանիկները:
Ձէթը տաքցնել եւ գլանիկները տապկել, մինչեւ որ շէկ գոյն ստանան:
Կարելի է գլանիկներուն կողքին քեչափ հրամցնել: Այսպիսով, երեխաները եւս մղած կ՛ըլլանք պրոքոլի ուտելու եւ գնահատելու զայն:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ակսել Բակունցին
Իմ Մթնաձորում սուրբ ու վայրի
Մշուշն է նստել ոչխարի բրդին,
Տես, Բասուտա գետն է շղթայակապ,
Բրուտը սկիհն է շինում կրքոտ,
Խոնարհ աղջիկն է մշտահմա:
Տես, Կյորեսն է ցատկել Շհարի տախտ:
Այստեղ, իմ Ղաթրինում երկինքներն են կախուել
Քո կիրճերն են լցրել համատարած յակինթ,
Ուր միրհաւն է դաջուել` կտուցին շանթ:
Ու Հիւմբաթի ճամբան չհասած ձոր,
Թաւալւում է տաք արահետը քո:
ԱՐԹՈՒՐ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
120 տարի առաջ այս օրը ծնած է մեծ արձակագիր Ակսել Բակունցը: