Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Արեւահարութիւնը առաջին աստիճանի մորթի այրուածք է, որուն պատճառը չափազանցուած ձեւով արեւին ճառագայթներուն պարզուիլն է գեղեցիկ գոյն ստանալու համար:
Արեւահարութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մորթին վրայ կարմիր արատներ յայտնուին եւ խնդրոյ առարկայ անձին ցաւեր պատճառեն: Այս արատները կը յայտնուին արեւին պարզուելէ քանի մը ժամ ետք, ապա մորթը կը սկսի կեղուըւիլ:
Աւելի յառաջացած պարագաներու, մորթին վրայ կը յայտնուին ուռեցքներ. պէտք չէ զանոնք պայթեցնել որպէսզի բորբոքում չյառաջանայ:
Արեւահարութիւն մը, միջին հաշուով 2-3 օր կը տեւէ, զայն դարմանելու համար պէտք է մորթը ծեփել յատուկ սերով. հրաժարիլ արեւին պարզուելէ եւ չփորձել պայթեցնել մորթին տակ յայտնուած ուռեցքները:
Արեւահարութիւն մը շատ աւելի ծանր կ՛ըլլայ, եթէ արեւին վնասակար ճառագայթները թափանցած ըլլան մորթին խոր խաւերը. նման պարագայի, անպայման բժիշկին պէտք է դիմել:
Արեւահարութիւնը յաճախակիօրէն կրկնուելու պարագային, կրնայ մորթի քաղցկեղ յառաջացնել:
Փաստուած է, որ բաց գոյն մորթ ունեցող անձերը աւելի զգայուն են արեւի ճառագայթներուն եւ աւելի ենթակայ` արեւահարութեան:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Սխալ է այն կարծիքը, որ երբ երկինքը ամպոտ է, արեւահար ըլլալու վտանգ չկայ:
Սխալ է այն կարծիքը, որ եթէ հովանոցի տակ նստած ենք, 100 տոկոսով պաշտպանուած ենք արեւի վնասակար ճառագայթներէն:
Ճիշդ է, որ օրուան որոշ ժամերուն (12-էն յետմիջօրէի 4-ը) արեւը ա՛լ աւելի վնասակար է:
Ճիշդ է այն կարծիքը, որ կարգ մը ուտելիքներ կ՛օգնեն, որպէսզի մեր մորթը գեղեցիկ գոյն ստանայ:
Սխալ է այն կարծիքը, որ երբ ջուրին մէջ ենք, արեւահարութենէ պաշտպանուած ենք:
Ճիշդ է այն կարծիքը, որ ծովափին ժամը անգամ մը պէտք է վերանորոգել արեւէն պաշտպանող սերը:
Առողջական Ի՞նչ Խնդիրներ Կրնան Զարգանալ
Գրասենեկային Աշխատանքի Պատճառով
Բրիտանական «Մայն» ընկերակցութեան փորձագէտներուն կարծիքով, գրասենեկային աշխատանքը կրնայ առողջական հարցեր ստեղծել: Փորձագէտներուն խօսքով, գրասենեակներու մէջ աշխատողները պէտք է շատ ուշադիր հետեւին իրենց ինքնազգացողութեան, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու խորհուրդներուն եւ ցուցմունքներուն` առողջական խնդիրներէ հեռու մնալու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այն խանգարումները, որոնք կրնան զարգանալ գրասենեկային աշխատանքի պատճառով:
Ընկճախտ
Մասնագէտները կը պնդեն, որ գրասենեակին մէջ աշխատողներուն մեծ մասը իրենց աշխատանքը կ՛ընկալեն որպէս կեանքի գլխաւոր սթրես: Մշտապէս փակ տարածութիւններու մէջ գտնուիլը, աղմուկի ազդեցութիւնն ու մարդոց բազմութիւնը դրական ազդեցութիւն չեն ունենար աշխատողներուն հոգեկան առողջութեան վրայ: Բացի ասկէ` լուրջ ազդեցութիւն կ՛ունենայ նաեւ յոյզերը զսպելու անհրաժեշտութիւնը, ինչը նոյնպէս կրնայ ընկճախտի գործօն դառնալ:
Գիրութիւն
Գիտնականները յայտնաբերած են, որ գրասենեակի մէջ երիտասարդ աշխատողներու գրեթէ 50 առ հարիւրը կը գիրնայ առաջին տարուան ընթացքին: Ասիկա պայմանաւորուած է վերոյիշեալ ընկճախտով, քանի որ անկէ ազատելու որպէս միջոց` շատեր կը դառնան ուտելիքի գերին:
Գիտնականները կարեւորութեամբ կ՛ընդգծեն նաեւ այն փաստը, որ գրասենեկային աշխատանքը սովորաբար կ՛ենթադրէ նստակեաց կենսակերպ, ինչը չի կրնար անհետեւանք մնալ կազմուածքին վրայ:
Ողնաշարի Հիւանդութիւններ
Գրասենեակի մէջ աշխատողները յաճախ կը տառապին ուսերու, վիզի, մէջքի, դաստակներու ցաւերէ: Երկար ժամանակ նստած դիրքով մնալը նաեւ կը լարէ անոնց ազդրերու մկանները, իսկ սխալ դիրքը կը վնասէ ողնաշարին:
«Հինգ տարի գրասենեկային աշխատանք կատարելէ ետք, մարդուն մէջ կրնայ զարգանալ թրոմպոզ, աթերոսքլերոզ կամ թութք: Անոնց առաջացման վրայ կ՛ազդեն սխալ սննդակարգը, գիրութիւնը եւ նստակեաց կենսակերպը: Տասը տարի գրասենեկային աշխատանք կատարելէ ետք, մարդոց մօտ յաճախ կը զարգանան ստամոքսատապը եւ երկրորդ տիպի շաքարախտը», կը նշեն փորձագէտները:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Փայլաթիթեղի Օգտագործում
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Իբրեւ Ձագար Գործածել
Եթէ ձագարը չենք գտներ, կամ փիքնիքի ընթացքին ձագարի կարիք եղաւ, կարելի է շատ արագ փայլաթիթեղով ձագար ձեւաւորել եւ հարցը լուծել:
***
Հագուստը Միաժամանակ 2 Կողմով Արդուկել
Փայլաթիթեղը դնենք հագուստին տակ եւ հագուստը արդուկենք. միաժամանակ երկու կողմերն ալ կը հարթուին:
***
Մկրատը Սրել
Մկրատին շեղբերը սրելու համար 7-10 կտոր փայլաթիթեղ կտրտենք:
***
Մարտկոցներու Կեանքը Երկարաձգել
Եթէ մարտկոցներու օգտագործման ժամկէտը աւարտած է, անոնց գլուխներուն կտոր մը փայլաթիթեղ դնելով` կարելի է անոնց կեանքը երկարել:
***
Արծաթեայ Իրերը Մաքրել
Լուացարանին յատակին փայլաթիթեղ փռել, վրան աւելցնել սոտա, աղ եւ եռացած ջուր: Իրերը մխրճել ջուրին մէջ եւ պահել որոշ ժամանը մը:
***
Տապակը Այրելէ Պաշտպանել
Տապակին յատակին փայլաթիթեղ փռենք եւ ապա տապկենք հաւկիթ, սմբուկ եւ այլն…
***
Կրկնեփի Կաղապարներ Ձեւաւորել
Փայլաթիթեղով կարելի է կրկնեփի որեւէ կաղապար պատրաստել, նոյնիսկ` շուկան չվաճառուող տեսակներ:
***
Սոսինձով Զէնքի Ծանրամասը Մաքրել
Փայլաթիթեղով կրնանք շատ արագ մաքրել սոսինձով զէնքին գլուխը, ուր սոսինձը քարացած կ՛ըլլայ:
Դէմքի Լոսիոններ
Լոսիոնները հեղուկներ են, զորս կը գործածենք դէմքը յատուկ կաթով լաւապէս մաքրելէ ետք:
Լոսիոնով օծուած դէմքը պատրաստ կ՛ըլլայ ընդունելու ցերեկային, գիշերային, ինչպէս նաեւ խոնաւցնող (հիտրաթանթ) սերերը:
Տունը պատրաստուած լոսիոնները կ՛ըլլան նոյնքան ազդու, որքան` շուկան պատրաստուածները: Տունը պատրաստուածները թէ՛ աւելի աժան են եւ թէ՛ քիմիական նիւթերէ զուրկ: Ստորեւ` քանի մը նմուշ:
Բնական Մորթի Համար
Գաւաթ մը կտրտուած ելակ, եւ գաւաթ մը հանքային ջուր հարիչէ անցընել, աւելցնել կէս սուրճի գաւաթ օղի: Ստացուած հեղուկով դէմքը մաքրել առտու եւ երեկոյեան:
Իւղոտ Մորթի Համար
Գաւաթ մը վարդի թերթիկի աւելցնել գաւաթ մը եռացած հանքային ջուր եւ ծածկել: 20 վայրկեան ետք քամոցէ անցընել, աւելցնել կիտրոնի մը հիւթը եւ ստացուած հեղուկով դէմքը օծել օրական 2 անգամ:
Չոր Մորթի Համար
Կէս աւոքատոն գաւաթ մը հանքային ջուրով հարիչէ անցընել, աւելցնել ապուրի դգալ մը վարդի ջուր եւ 2 ապուրի դգալ հեղուկ կաթ: Այս հեղուկով դէմքը մաքրել օրական 2 անգամ:
Շատ կարեւոր է, որ լոսիոնի պատրաստութեան համար օգտագործուող իրերը` հարիչ, դանակ, գաւաթ, դգալ, ինչպէս նաեւ բաղադրիչները` պտուղ, ջուր եւ այլն… ըլլան չափազանց մաքուր եւ նոյնիսկ` հականեխուած:
Խոհագիր
Կարմիր Կաղամբով Աղցան
Բաղադրութիւն
700 կրամ կարմիր կաղամբ
1 ստեպղին
1 կանաչ խնձոր
2 ապուրի դգալ խնձորի քացախ
2 ապուրի դգալ նարինջի հիւթ
3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
1 ապուրի դգալ ձէթ
1/2 ապուրի դգալ քիմիոն
Պատրաստութիւն
Կաղամբը շատ մանր ջարդել, ստեպղինը կեղուել եւ բարակ ցպիկներու վերածել եւ կամ քերոցէ անցընել:
Բանջարեղէնները աղցանի ամանի մը մէջ փոխադրել, վրան քացախը աւելցնել եւ քառորդ ժամ սպասել:
Մինչ այդ փոս ամանի մը մէջ խառնել կիտրոնի եւ նարինջի հիւթերը, աւելցնել ձէթն ու քիմիոնը եւ 2 ապուրի դգալ սովորական ջուր:
Խնձորները կեղուել եւ, ըստ ճաշակի, կտրտել եւ աւելցել կաղամբին եւ ստեպղինին վրայ:
Թացանը աւելցնել եւ միատեղ խառնել ու հրամցնել:
Այս բաղադրատոմսին մէջ աղ չկայ. կարելի է աւելցնել` ըստ փափաքի:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Սերմնացան
Ահա եկան աշնանային թուխպ օրեր,
Մաղմղում են մանրահատիկ կաթիլներ.
Ծառերն իրանց տերեւներից մերկացան,
Կռունկները շարան-շարան անց կացան:
Սեւացել է դաշտը անթիւ ցելերով,
Բայց մի կողմից դեռ վարում են արօրով,
Սերմնացանը գոգնոցն առած սերմնացուն,
Սերմ է ձըգում աղաչելով աստծուն.
«Ո՜վ տէր աստուած, դո՛ւ իմ ցանքը պահպանես,
Առատ անձրեւ, կարմիր արեւ չըխնայես.
Մէկ բուռն ահա ես տալիս եմ մկներին,
Այս մէկ բուռն էլ ագռաւներին, ծտերին:
Բայց մարախը գոհ չի մնալ մի բռնով,
Երկու կը տամ, թող կշտանայ սրանով.
Մէկ բան էլ կայ, որ անունը չեմ տալիս,
Այն դու գիտես… վերեւից է նա գալիս:
Դու սրանցից արտըս պահիր անվնաս,
Ես տէրտէրից չեմ խնայիլ կալամաս.
Վանականներ, գործակալներ ինչքան գան,
Բոլորեքեանք առատ բաժին կը ստանան:
Կ՛երթամ Մարաս խունկ ու մոմով, մատաղով
Միայն արտըս դու պահպանիր ապահով:
Էլ ի՞նչ ասեմ, աստուած, ինքըդ լաւ գիտես,
Թէ ինչ պարտքի, պատուհասի մէջ եմ ես.
Գող-աւազակ մի կողմից են կողոպտում,
Պարտատէրըս միւս կողմից է ինձ խեղդում:
Դրանց ձեռքից, եթէ մի բան է մնում,
Այն էլ գայլի կամ ցաւի է զոհ դառնում.
Մի տուն լիքը երեխեքս մերկ, քաղցած,
Տարին առատ, բայց ես չունիմ կորեկ հաց.
Յոյսըս ահա ոտքիդ տակին փռած է,
Քո սուրբ աջը սըրա վըրայ տարածէ»:
ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆ