Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Անյայտ Քանդակագործի Մը Նշանաւոր Քանդակները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Կառլէն Նուրիջանեան… Անոր անունով դպրոցներ, համալսարաններ կամ փողոցներ չկան, բայց անոր քանդակները` Տորք Անգեղը, Վահագն Վիշապաքաղը եւ Հայկ Նահապետը արդէն անհերքելի խորհրդանիշներ են:

Ոմանք քանդակագործին անունը շուքի մէջ մնալուն երկու պատճառ գտած են. մէկն այն է, որ շատ հաւանաբար Նուրիջանեանը խորհրդային տարիներուն չէ խոնարհած կուսակցական վերնախաւին առջեւ, իսկ` երկրորդը, որ քանդակագործը չափազանց ինքնամփոփ անձ էր:

Ընկերները կը պատմէին, որ ան կ՛անհետանար օրերով, յետոյ կը բանար իր արհեստանոցին դռները եւ կ՛ապշեցնէր այցելուները իր յղացումներով:

Քանդակագործին քոյրը` Լուսինէն, հարցազրոյցի մը առիթով պատմած է, որ մանկութեան տարիներուն, երբ կը նստէին ճաշի սեղանին, Կառլէնը հացի միջուկներով կենդանիներ կը պատրաստէր: Տաղանդաւոր քանդակագործը երկար ժամանակ կ՛անցընէր իր աշխատանոցին մէջ, գրեթէ անօթի: Անգամ մը ընտանիքին անդամները գացեր են անոր արհեստանոցը եւ տեսեր են, որ ան քանդակին փաթթուած խոր քունի անցած է:

Քիչեր գիտեն, որ խորհրդային տարիներուն Կառլէն Նուրիջանեանը անձամբ կը հետեւէր իր իւրաքանչիւր քանդակի տեղադրմանը: Անոր համար կարեւոր էր, որ Հայկի նետը ուղղուած ըլլար դէպի Թուրքիա, իսկ Տորք Անգեղի ձեռքի ժայռը` դէպի արեւմուտք: Հաւանական է, որ արուեստագէտին հայրենասիրական դրսեւորումները պատճառ դարձած են, որ խորհրդային իշխանութիւնը զինք չընդունի:

«Ան կրնար ժամերով վիճիլ հօրը հետ` կուսակցութեան եւ Հայաստանի ապագային վերաբերեալ. այդ հարցով ան միշտ հօրը դէմ եղած է, քանի որ հայրը կուսակցութեան անդամ էր», պատմած է արուեստագէտին քոյրը:

– Նուրիջանեանի Տորք Անգեղի արձանը 1982-ին տեղադրուած է Նոր Նորքի 2-րդ զանգուածին մէջ. պատրաստուած է կոփածոյ պղինձէ, բարձրութիւնը 4,8 մ է:

– Վահագն Վիշապաքաղի արձանը կը գտնուի Ծովակալ Իսակովի պողոտայի եւ Սեբաստիա փողոցի խաչմերուկին վրայ, կոփածոյ պղինձէ պատրաստուած արձանին բարձրութիւնը 3,5 մ է:

–  Հայկ Նահապետի 3,5 մեթրանոց պղնձեայ արձանը 1970-ին տեղադրուած է «Մոսկուա Կինոթատրոն»-ի մօտ, աւելի ուշ` 1974-էն տեղափոխուած է Գայի պողոտայի մօտ:

Ահաւասիկ` անծանօթ քանդակագործին հանրածանօթ քանդակները:

Լուսաւոր Միտքեր

Հինը Նորի Վերածենք

Եթէ տան մէջ հին կամ անգործածելի իրեր ունինք, նախքան զանոնք թափելը կամ անոնցմէ ձերբազատիլը լաւ մտածենք, որ արդեօք կարելի՞ է անոնց երկրորդ կեանք մը տալ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 անգործածելի առարկաներ, որոնք շնորհիւ հնարամիտ մարդոց` վերածուած են պիտանի իրերու կամ տան յարդարանքի հետաքրքրական նմուշներու:

. Երեխային մանկութեան մահճակալը ուրիշին տալու փոխարէն` հանել ներքնակը, ներկել տախտակները ըստ ճաշակի, փոքրիկ աթոռակ մը ապահովել եւ ահա, երեխան կ՛ունենայ իր աշխատանքի եւ խաղի գրասեղանը:

. Եթէ տունը կան հին փողկապներ, զանոնք թափելու կամ ուրիշին տալու փոխարէն` կարելի է սեղանի իւրայատուկ ծածկոցի մը վերածել: Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, օգտագործուած են փողկապներուն լայն բաժինները, իսկ զանոնք քով-քովի կարելով պատրաստուած է սիրուն ծածկոց մը:

. Փայտեայ հին աստիճանը անշուք անկիւն մը նետելու փոխարէն` իր հին տեսքով ու վիճակով հաստատել պատին վրայ եւ բաժանումներուն մէջ զետեղել գեղօրներ, լուսանկարի շրջանակներ եւ այլն…

. Հին հեծանիւի մը անիւները կարելի է վերածել պատի յարդարանքի: Ինչպէս նկարը կը հաստատէ, մաքրուած եւ ներկուած անիւներուն կարելի է գեղեցիկ պսակի ձեւ տալ` ըստ ճաշակի ծաղիկներ հաստատելով անոնց շուրջ:

. Ճինզ տաբատը ուրիշին տալու փոխարէն` զայն կտրել, շորթի վերածել եւ ապա պատրաստել երեխայի օրօրոց մը:

Գեղեցկագիտական.

 Դէմքին Մորթին Գոյնը
Բանալու Բնական Միջոց

Կը փափաքիք ձեր դէմքին մորթին գո՞յնը բանալ, կամ` թեթեւցնել մորթին վրայի մութ գոյնի արատնե՞րը, պարզապէս կիտրոնի նիւթ օգտագործեցէք:

Եթէ ձեր մորթը շատ զգայուն է, կիտրոնի հիւթին նոյն համեմատութեամբ ջուր, վարունգի հիւթ եւ լոլիկի հիւթ աւելցուցէք: Բամպակի մը միջոցով ստացուած խառնուրդը քսեցէք ձեր մորթին եւ մութ գոյնի արատներուն: Քանի մը շաբաթէն պիտի նկատէք, որ ձեր մորթին գոյնը քանի մը աստիճանով բացուած է եւ նախկինը չէ:

Բաւարարուեցէք շաբաթը 2 կամ 3 անգամով եւ մի՛ չարաշահէք այս բնական միջոցը կիրարկելը:

Առողջապահական

 Փշոտ Գնդակով
Ոտքի Մարձում

Այս փշոտ գնդակը տեսնելով` շատեր կրնան մտածել, որ շան համար խաղալիք է. քիչեր գիտեն, որ անիկա ստեղծուած է Դանիոյ մէջ` հոգեկան խանգարումներ ունեցող հիւանդներուն օգնելու համար:

Սկզբունքը շատ պարզ է. կերպընկալէ պատրաստուած այս փշոտ գնդակը պէտք է դնել ոտքին տակ եւ զայն բոլոր ուղղութիւններով պտտցնել:

Բացի հոգեկան լարուածութիւնը խաղաղեցնելէ` տեսէք թէ ուրիշ ի՛նչ բաներու կ՛օգնէ այս գնդակով օրական 10 վայրկեան ներբանները մարձելը.

.  Հեւքոտ օրուան մը աւարտին կը հանգստացնէ յոգնած ոտքերը եւ կը թուլցնէ լարուած մկանները:

.  Կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը:

. Յստակօրէն կը մեղմացնէ գլխու ցաւի բոլոր տեսակները:

. Կը կարգաւորէ արեան ճնշումը: .

Կը թեթեւցնէ յղի կիներուն ոտքի եւ սրունքի ցաւերը եւ ուռեցքները:

Ներբանի մարձումը կարելի է կատարել նստած դիրքով եւ նոյնիսկ` ոտքի: Հետեւաբար, ինչո՞ւ չօգտուիլ անոր բարիքներէն եւ օրուան մէջ, գործի ընթացքին չկիրարկել զայն:

Խոհագիր

Ձմերուկով, Թուզով
Եւ Անտիւով Աղցան

Բաղադրութիւն

– 10 եռանկիւնաձեւ կտրտուած ձմերուկ
– 5 հատ մէջտեղէն կիսուած թուզ
– 6-8 թերթ կարմիր կամ կանաչ անտիւ (հազարի տեսակ)
– 10-12 կանաչ կամ սեւ ձիթապտուղ
– 1 կիտրոնի հիւթ
– 3 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Բաղադրիչները ներկայանալի ամանի մը մէջ շարել, նախապէս պատրաստուած թացանը համաչափ երեսը տարածել եւ հրամցնել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հոգեհանգիստ

(Լուսինէ Զաքարեանի Յիշատակին)

Խորանի առաջ, Աստուածամօր դէմ
Սպիտակ մի մոմ խոշոր ու վերձիգ,
Սպիտակ մի մոմ կայծկլտում է մեղմ –
Սպիտակ հագած փխրուն մի աղջիկ:
Ու մոմի ծայրին` բոցի փոխարէն,
Լոյսի փոխարէն ձա՜յն է թրթռում,
Հալհլող մոմից «Սուրբ-սուրբ»-է ծորում,
Պահ առ պահ հատնում, այրում ինքն իրեն:
Դրսում զանգերն են ղօղանջում տխուր,
Մայր Էջմիածնից մինչեւ Գանձասար.
Ծունկի է իջել ու խունկ է ծխում
Աղօթքով լցուած մի հայ ներաշխարհ:
Տէ՛ր, ընդունելի՛ արա մեր զոհը,
Տէ՛ր, քե՜զ է մնում մեր բախտը ու մենք,
Վառե՜լ ենք քո դէմ մեր վերջին մոմը,
Դրանից մաքուր էլ ոչինչ չունենք…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>