Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Շատ մը ծնողներ համոզուած են, որ երեխան պէտք է անպայման երաժշտանոց յաճախէ եւ նուագել սորվի: Անոնց կարծիքով, ասիկա միակ ձեւն է, որպէսզի անոնց մէջ արուեստի նկատմամբ սէր արթննայ:
Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ ուղեղին բջիջները աւելի լաւ կը գործեն, եթէ երեխան փոքր տարիքէն դասական երաժշտութիւն լսէ: Կ՛ըսեն` դաշնակահարները բնաւորութեամբ աւելի կարգապահ, ճշդապահ եւ նպատակասլաց են:
Այսուհանդերձ, պայման չէ, որ երեխան երաժշտանոց յաճախէ եւ երաժշտական գործիքի մը տիրապետէ վերը յիշուած արժանիքները ձեռք բերելու համար:
Անշուշտ կարեւոր է, որ երեխան կապի մէջ մնայ երաժշտութեան եւ ընդհանրապէս արուեստի հետ, քանի որ արուեստը կը նպաստէ անոր ապագայ մարդու ներդաշնակ զարգացման: Սակայն եթէ երեխային մէջ չկայ նուագելու ցանկութիւն, ուրեմն պէտք չէ պարտադրել: Երբ երեխան ծնողքին պարտադրանքով կը յաճախէ երաժշտանոց, ան բացասաբար կը տրամադրուի երաժշտութեան հանդէպ:
Լուծո՞ւմ
Եթէ որպէս ծնողք` կը փափաքիք, որ ձեր զաւակը արուեստասէր դառնայ, անոր հետ գացէք ներկայացումներու, տունը երաժշտութիւն ունկնդրեցէք, դիտեցէք գեղանկարիչներու աշխատանքները` միաժամանակ անոր ծանօթացնելով արուեստագէտներու կեանքին եւ գործունէութեան:
Այս բոլորէն ետք կարելի է անոր հարցնել` արդեօք կը փափաքի՞ որեւէ երաժշտական գործիք նուագել, երգել, պարել կամ գծել…
Փորձառուներու կարծիքով, արուեստասէր մարդիկ աւելի հաշտ եւ ներդաշնակ կ՛ըլլան թէ՛ իրենց եւ թէ՛ զիրենք շրջապատողներուն հետ: Կ՛ըսուի, որ մարդիկ արուեստը ստեղծեր են` իրենք զիրենք շեղելու կեանքի դժուարութիւններէն, աշխարհը դիտելու այլ տեսանկիւնէ եւ ճանչնալու դժուարութիւններուն միւս երեսը: Այլ խօսքով, արուեստը նաեւ ինքնադարմանումի միջոց է:
Քանի Մը Տողով
Էլի Սաապ Կրտսերի Հեքիաթային Հարսանիքը
Միջազգային ճանաչում վայելող լիբանանցի ձեւագէտ-ոճաբան Էլի Սաապ յուլիս 18-ին պսակեց իր կրտսեր որդին` Էլի Սաապը. հարսանեկան արարողութիւնը տեւեց… 3 օր եւ 3 գիշեր:
Պսակի արարողութեան մասնակցելու համար Լիբանան ժամանեցին հիւրեր` աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
Դժուար չէ կռահել, որ հարսը` Քրիսթինա Մուրատը կրեց Սաապ նորաձեւութեան տան հարսանեկան շքեղ հագուստ մը:
Շքեղ, հսկայական կարկանդակը, ճոխ հիւրասիրութիւնը, հարիւրաւոր հիւրերը, երգն ու պարը եւ տպաւորիչ հրավառութիւնը խնճոյքը իսկական հեքիաթի վերածեցին:
82 Տարեկան Ժանեթա Տատը 200 Զոյգ Գուլպայ Հիւսած Է
82 տարեկան թոշակառու Ժանեթա Անանիկեանը 4 տարուան ընթացքին 200 զոյգ գուլպայ հիւսած է դիրքապահ զինուորներուն համար:
Թոշակով եւ նպաստով ապրող Ժանեթային գուլպաներուն թելը ուրիշներ կը տրամադրեն, իսկ իր իսկ խօսքերով` «Քանի դեռ թել ունիմ, աչքերս կը տեսնեն եւ ուղեղս կ՛աշխատի, պիտի շարունակեմ գործել»:
Զինուորներուն տաք գուլպայ ապահովելուն համար պաշտպանութեան նախարարութենէն Ժանեթան շնորհակալագիր ստացած է:
7 Խորհուրդ` Ձեր Անուշահոտին
Տեւողութիւնը Երկարելու
Վստահաբար մեզմէ իւրաքանչիւրը տրամադրուած է փորձելու տարբեր տեսակի անուշահոտեր, որոնք հոյակապ ձեւով կը բուրեն մեր մորթերուն վրայ կամ մօտ են մեր նկարագրին եւ որոշ չափով ինքնավստահութիւն մը կու տան: Սակայն կը նեղանանք, երբ անուշահոտ մը երկար ժամանակ չդիմանայ մեր վրան:
Ես անձնապէս կը յանձնարարեմ փորձել հետեւեալ հնարքները. ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս սրսկել անուշահոտը:
1.- Անուշահոտը սրսկել անմիջապէս լոգանքէն ետք, երբ ձեր մորթը տակաւին ջերմ է, այս վերջինը կ՛օգնէ աշխուժացնելու բոյրերը:
2.- Յայտնի է, որ անուշահոտը կը մնայ ձեր մորթի իւղերուն վրայ, անոր համար նախընտրելի է առանց հոտի խոնաւեցնող քսուկ (moisturaizer) գործածել, օրինակ` վազելին:
3.- Գործածել անուշահոտը ձեր զարկերակային կէտերուն մօտ, ինչպէս` ականջներուն ետեւ, դաստակին մօտ, արմունկին վրայ:
4.- Ուշադիր ըլլալ եւ դաստակները իրարու չքսել, որովհետեւ այս շարժումը կը վնասէ անուշահոտին եւ զայն աւելի թեթեւ կը դարձնէ:
5.- Ճիշդ է, որ անուշահոտը աւելի կը դիմանայ ձեր մազերուն վրայ, բայց փոխանակ զայն ուղղակի մազերուն վրայ դնելու` նախընտրելի է մազի խոզանակին վրայ սրսկել:
6.- Յարմար տեղ զետեղել սրուակը: Ձեր անուշահոտի սրուակները պէտք չէ լոյսի կամ խոնաւութեան ազդեցութեան ենթարկուին, օրինակ` ինքնաշարժի մէջ կամ բաղնիքը: Նախընտրաբար զանոնք պահեցէք մութ եւ զով տեղեր:
7.- Երբեմն կը զգանք, որ մեր անուշահոտը այլեւս զօրաւոր ձեւով չի բուրեր, բայց իրականութեան մէջ լաւ կամ պատշաճ հոտ մը շատ բնական ձեւով ձեր մորթին կը յարմարի: Կրնաք 4-5 ժամ անգամ մը նորէն սրսկել` առանց չափազանցելու:
Այս բոլոր խրատներուն վրայ հիմնուելով` նախընտրելի է ամառները eau de toilette գործածել, իսկ եթէ կ՛ուզէք գիտնալ` ինչպէ՛ս ամառնային անուշահոտեր զատել, կրնաք հետեւիլ Instagram-ի վրայ sebz.lb էջին կամ սպասել մեր յաջորդ խորհուրդներուն:
ՍԵՊՈՒՀ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Սննդագիտական
Քիչ Ջերմուժ Պարունակող
Համեղ Եւ Հիւթեղ Պտուղներ
Յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ ո՛ր պտուղները համեմատաբար քիչ շաքար եւ ջերմուժ կը պարունակեն եւ կարելի է զանոնք առատօրէն սպառել` առանց մեր առողջութեան վնասելու:
Ահաւասիկ ցանկը` այն 10 պտուղներուն, որոնք քիչ ջերմուժ կը պարունակեն: Ջերմուժի ճշդումը կատարուած է իւրաքանչիւր 100 կրամի համեմատութեամբ.
1.- Ելակ 29 ջերմուժ
2.- Սեխ 32 ջերմուժ
3.- Կաուաֆա 33 ջերմուժ
4.- Կիտրոն 34 ջերմուժ
5.- Ձմերուկ 34 ջերմուժ
6.- Կրիֆոն 36 ջերմուժ
7.- Փափայա 43 ջերմուժ
8.- Ազնուամորի 45 ջերմուժ
9.- Ծիրան 49 ջերմուժ
10.- Հաղարջ 51 ջերմուժ
Այսուհանդերձ, յանձնարարելի է չափաւոր ուտել`
Խաղող 72 ջերմուժ
Կեռաս 68 ջերմուժ
Թուզ 57 ջերմուժ
Սալոր 52 ջերմուժ
Տանձ 50 ջերմուժ
Ընկճախտը Թօթափելու
8 Հետաքրքրական Տարբերակներ
Տանջող միտքեր, կեդրոնացումի դժուարութիւն, անձկութիւն, յոռետեսութիւն, տրամադրութեան վերիվայրումներ… ասոնք ընկճախտի նշաններ են. ահա թէ ի՛նչ կ՛առաջարկեն հոգեբանները` թեթեւ եւ անցողակի ընկճախտը մեղմացնելու համար:
Սանտրուիլ
Ընկճախտը մեղմացնելու համար օրական մէկ-երկու անգամ մեղմ շարժումներով սանտրեցէք ձեր մազերը: Առէք լայն ակռաներով սանտր մը եւ 2 վայրկեան, առանց քաշքշուքի սանտրեցէք մազերը: Այս մարձումը կ՛օգնէ արեան շրջագայութեան եւ կը թուլացնէ մկանները:
***
Պաղպաղակ Ուտել
Համեղ ուտելիքները անկասկած կը մեղմացնեն ընկճախտը: Հոգեբաններու կարծիքով, Օմեկա 3-ով հարուստ ձուկի տեսակները տրամադրութիւնը հաւասարակշռող ուտելիքներ են: Եթէ ձուկ չէք սիրեր, պանան կամ պաղպաղակ կերէք եւ ժամանակաւորապէս կը բարելաւէք ձեր տրամադրութիւնը:
***
Մարձումներ Ընել
Լարուած ու պրկուա՞ծ էք, 30 վայրկեան մարձեցէք քիթին տակը, յօնքերուն միջեւ, վարի շուրթին եւ ափին կեդրոնը գտնուող կէտերը:
***
Ափերը Շփել
Ջղային լարուածութիւնը թօթափելու այլ միջոց մըն է ափերը ամուր իրարու շփելը: Այս շարժումը կատարեցէք, մինչեւ որ ափերը լաւ մը տաքնան:
***
Գունաւորել
Հոգեբաններու կարծիքով, օրական 5 վայրկեան գունաւորելը կը հանդարտեցնէ ջիղերը: Այս նպատակով ալ գրախանութներու մէջ կը վաճառուին յատուկ տետրակներ, որոնցմէ կրնաք օգտուիլ:
***
Տունը Կոկել
Դարձեալ հոգեբաններու կարծիքով, տունը կոկելը դրականօրէն կ՛ազդէ մարդուս ներաշխարհին վրայ: Հետեւաբար պարբերաբար կոկեցէք պահարաններն ու դարակները, ձերբազատեցէք ոչ պիտանի իրերէն եւ կարգ ու կանոն հաստատեցէք ձեր շուրջ:
***
Արոմաթերափի
Փաստուած է, որ բոյրերը սերտօրէն կապուած են յուզական յիշողութեան հետ: Ձեռքի տակ ունեցէք ձեզի շատ սիրելի եւ ձեր մէջ լաւ յիշատակներ արթնցնող բոյր մը եւ զայն յաճախակի շնչեցէք. ասիկա կ՛օգնէ բարձրացնելու ձեր տրամադրութիւնը:
***
Պարել
Ժամանակ գտէք, հաճելի երաժշտութեան կողքին, օրական 5 – 10 վայրկեան պարելու: Պարը կ՛օգնէ թօթափելու ընկճախտը:
Խոհագիր
Պուլկարական Պաղ Ապուր
Բաղադրիչներ
– 350 կրամ վարունգ
– 500 կրամ մածուն, առաւել ջուր` նօսրացնելու համար
– 3 ապուրի դգալ մանրուած սամիթ
– 30 կրամ մանրուած ընկոյզ
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ
– Կարմիր, փոշի պղպեղ ըստ ճաշակի
Պատրաստութիւն
Վարունգները առանց կեղուելու` քերիչէ անցընել, վրան քիչ մը աղ ցանել եւ մէկ կողմ ձգել, որպէսզի ջուրը դուրս գայ:
Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել մածունը եւ ըստ ճաշակի` ջուրով նօսրացնել զայն:
Քերիչէ անցած վարունգը մաքուր լաթի մը մէջ փոխադրել եւ ափերով ճզմել, որպէսզի ամբողջ ջուրը դուրս գայ, ապա զայն աւելցնել մածունին վրայ:
Յաջորդաբար աւելցնել մնացեալ բաղադրիչները եւ խառնել: Սառնարանը պահել առնուազն մէկ ժամ. մատուցելու ատեն երեսը զարդարել վարունգի շերտով եւ սամիթի ճիւղով մը:
Կ՛արժէ փորձել քիչ ջերմուժ պարունակող, դիւրին եւ արագ պատրաստուող եւ մանաւանդ` զովացնող ամառնային այս ապուրը:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կեանքում Յաճա՜խ Է
Այդպէս Պատահում
Կեանքում յաճա՜խ է այդպէս պատահում.-
նչքա՜ն կանայք կան այս լայն աշխարհում,
Որ քո կողքի՜ն են,
Ձեր նո՛յն քաղաքում.
Յաճախ նո՛յն մայթում
Կամ նո՛յն տան բակում,
Բայց…
Այնքա՜ն գիտես դու նրանց մասին,
Ինչքան որ Սի՛սը… Մասիսի՛ մասին…
Այո՛, յաճա՜խ է այդպէս պատահում.-
Բայց մի գիշեր է լինում աշխարհում,
Որ, երբ նայում ես մէկի աչքերին,
Սիրոյ կարօտից ճաքաց շուրթերին,
Բռնում ես մէկի ձեռքը տագնապով.
Շոյո՜ւմ այդ ձեռքը մատներիդ տապով,
Մի վայրկեանի մէջ,
Կամ ակընթարթում,
Նրա ողջ կեա՜նքն ես գրքի պէս կարդում…
Եւ հեռո՜ւ- հեռո՜ւ մի գիւղ, կամ քաղաք,
Լեռնային գետի մի խե՜նթ աղաղակ,
Մի տուն` մոլորուա՜ծ օտար քաղաքում,
Մի ծառ` խոնարհուած անծանօթ մայթում.
Այնպէ՜ս են յանկարծ հարազատ դառնում,Ռ
Որ… զարմանո՜ւմ ես
Ու չե՜ս հասկանում,
Թէ մինչեւ այսօր
Դու առանց դրա
Ինչպէ՜ս ես ապրել այս փուչ աշխարհում…
… Ափսո՛ս, որ… քի՜չ է այդպէս պատահում:
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ