Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ամէն տարի Հայաստանի մէջ մօտ երեք տասնեակ փառատօներ կը կազմակերպուին: Անոնք կ՛արտացոլացնեն մեր երկրին մշակութային առանձնայատկութիւններն ու առօրեան: Փառատօներու կազմակերպիչներուն գլխաւոր նպատակն է նպաստել երկրի մշակութային արժէքներու տարածման եւ զբօսաշրջութեան զարգացման: Հաւանաբար փառատօներու մէկ մասին ծանօթ ենք, բայց` ոչ բոլորին. կ՛արժէ արագ վերաքաղ մը ընել:
Ձնեմարդուկ Փառատօնը
Արդէն 6 տարիէ ի վեր Ջերմուկի մէջ կը կայանայ «Ձնեմարդուկ» փառատօնը: Կը կազմակերպուի ձիւնէ քանդակներու մրցոյթ, «Ձմեռ պապիկներու վազք», ինչպէս նաեւ` հեծանիւներու վազք եւ ձիւնագնդիի առաջնութիւն:
Տոլմայի Փառատօնը
Առաջին անգամ կազմակերպուած է 2011-ին եւ մինչեւ օրս գոյութիւն ունի: Փառատօնին նպատակն է ամրապնդել հայկական խոհանոցի ոչ նիւթական արժէքներու իրազեկուածութիւնը եւ միջազգայնօրէն բարձրացնել տոլմայի ծագման եւ պատմութեան մասին ճանաչելիութիւնը: Այս փառատօնը տեղի կ՛ունենայ Արարատի մարզի Հնաբերդ գիւղին մէջ, մայիս ամսուն:
Խորովածի Փառատօն
Աւելի քան 10 տարիէ ի վեր Լոռիի մարզի Ախթալա համայնքին մէջ կը կազմակերպուի խորովածի փառատօնը, որ կը հիւրընկալէ այլ վայրերէ ժամանած հիւրեր եւ խորովածի սիրահարներ:
Արենի Գինիի Փառատօն
Այս փառատօնը աւանդաբար տեղի կ՛ունենայ հոկտեմբերի առաջին շաբաթ օրը, Արենի գիւղին մէջ: Փառատօնը առաջին անգամ կայացած է 2009-ին, անիկա ամենասպասուած փառատօններէն մէկն է, ուր կը ժամանեն հիւրեր, զբօսաշրջիկներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Կը ցուցադրուի գինիի պատրաստութիւն, նաեւ տեղի կ՛ունենան գինիի համտեսում եւ վաճառք:
Մեղրի Եւ Հատապտուղների Փառատօն
Երկօրեայ այս փառատօն 2008-էն ի վեր կը խթանէ մեղուաբուծութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, արուեստներն ու արհեստները, ինչպէս նաեւ` զբօսաշրջութեան զարգացումը: Փառատօնը ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Տաւուշի մարզի Բերդ գիւղին մէջ, օգոստոս ամսուան ընթացքին:
Գաթայի Փառատօն
2014-էն ի վեր Վայոց ձորի Խաչիկ գիւղին մէջ կը կայանայ գաթայի փառատօնը, ուր այցելուները հնարաւորութիւնը կ՛ունենան վայելելու ազգային երգն ու պարը եւ ականատես ըլլալու գաթայի եւ արիշտայի պատրաստութեան: Փառատօնին կը ցուցադրուին արհեստի եւ արուեստի գործեր, մինչ մասնակիցները կը համտեսեն տեղւոյն վրայ պատրաստուած ամենամեծ գաթան եւ համայնքին բնորոշ համեղ ճաշատեսակներ:
Մեծ Փուռ Փառատօն
2015-էն ի վեր Գեղարքունիքի մարզի Սարուխան համայնքի բնակիչները մեծ խարոյկ մը կը վարեն` Փուռ, որ կը խորհրդանշէ գետնախնձորի բերքահաւաքը: Այս առիթով կը մատուցուի տեսակաւոր ուտեստներ, մեծ մասամբ պատրաստուած` «Փուռ»-ին մէջ: Նոյն առիթով կը կազմակերպուին խաղեր եւ մրցոյթներ:
Մշակութային Վերածնունդ Փառատօն
Սեպտեմբեր ամսուն, Դիլիջանի մէջ կը կայանայ Մշակութային վերածնունդի փառատօնը, որուն ընթացքին կը ցուցադրուին գորգարուեստի բացառիկ գործեր, արուեստի ստեղծագործութիւններ` կաւագործութեան, խեցեգործութեան, դարբնագործութեան, փայտագործութեան հետաքրքրական ցուցանմուշներ:
Ոչխարներու Խուզման Փառատօն
Այս փառատօնը առաջին անգամ կազմակերպուած է 2014-ին, անիկա ոչխարներու արագ խուզման փառատօն է: Մրցոյթին զուգահեռ նաեւ կայ ցուցահանդէս-վաճառք, ուր այցելուները կը համտեսեն եւ կը գնեն տեղական արտադրութեան ուտեստներ, խմիչքներ եւ ձեռային աշխատանքներ: Փառատօնին նպատակն է ծանօթացնել Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու տեղական արտադրութիւնը, աւանդոյթներն ու մշակոյթը:
Ոսկէ Ծիրան Փառատօն
Շարժապատկերի այս փառատօնը հիմնուած է 2004-ին, Երեւանի մէջ. անիկա ամէն տարի կը ներկայացնէ 120-150 ժապաւէններ` մրցութային եւ արտամրցութային տարբեր ծրագիրներով: Այս միջազգային փառատօնին նշանաբանն է` «Քաղաքակրթութիւններու ու մշակոյթներու խաչմերուկ»: Փառատօնի բացման արարողութեան տեղի կ՛ունենայ աւանդական ծիրանօրհնեքը:
***
Բացի վերը յիշուածներէն երեք տասնեակ փառատօներէն թուենք «Գարեջուրի փառատօն»-ը, «Համով-հոտով Երեւան»-ը, «Ուտեստ ֆեստ»-ը, «1000 տարուայ գիւղամէջ»-ը, «Հարթակ»-ը- «Թէյի եւ սուրճի փառատօն»-ը, «Հայբոյս փառատօն»-ը եւ այլն…
Առողջապահական
Մեր Տեսողութիւնը Պահպանող
Ուտելիքներ
Հաւասարակշռուած եւ առողջապահական սնունդը անհրաժեշտ է մեր մարմնին եւ մանաւանդ մեր աչքերուն առողջ գործունէութեան համար:
Ակնաբուժներու կարծիքով, կարգ մը ուտելիքներ կրնան բարելաւել տեսողութիւնը, ինչպէս նաեւ` կանխարգիլել յառաջացած տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւնները: Անոնք կը յանձնարարեն հետեւողական կերպով սնունդին մէջ ներառել կենսանիւթերով, օմեկա 3-ով եւ անթիօքսիտաններով հարուստ ուտելիքներ:
Ստորեւ ցանկը` մեր տեսողութիւնը պաշտպանող ուտելիքներուն.
● Նարինջը, մանտարինը, կրիֆոնը… ասոնք սէ. կենսանիւթով հարուստ հզօր անթիօքսիտաններ են, որոնք կը կանխարգիլեն տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւնները, ինչպէս` քաթարաքթը եւ մաքիլսար տեճեներէյշընը:
● խնձորը, որ նարինջին համեմատած` կրկնակի հզօր անթիօքսիտան է:
● Իւղոտ ձուկերը:
● Կարիդոսը:
● Քոլզայի իւղը:
● Ընկոյզը, որ կարեւոր քանակութեամբ էօ. կենսանիւթ կը պարունակէ:
● Կարմիր հատապտուղները:
● Հաւկիթը` շնորհիւ դեղնուցին պարունակած անթիօքսիտաններուն:
● Կովու լեարդը:
● Փրփրեմը, ինչպէս նաեւ` մութ կանաչ գոյնի բոլոր խոտերը:
● Պրոքոլին:
● Ծնեբեկը:
● Ստեպղինը:
● Եգիպտացորենը:
● Լոլիկը, մասնաւորաբար` թոմաթ սըրիզը:
● Ընդեղէնները:
● Ոլոռնը եւ կանաչ լուբիան:
Իսկ ծանօ՞թ էք մեր աչքերուն 4 գլխաւոր թշնամիներուն.
1.- Ծխախոտը` որպէս գլխաւոր թշնամի:
2.- Շաքարը` որպէս թաքուն թշնամի:
3.- Ընկճախտը` որպէս համր թշնամի:
4.- Արեւը` որպէս արհամարհուած թշնամի:
Վերջապէս նշենք, որ լուրջ ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են, որ «գէշ ճարպեր»-ը որոնք առկայ են տապկուած ուտելիքներուն, ինչպէս նաեւ խոզապուխտի ընտանիքին պատկանող մսեղէններուն մէջ, անդարձ վնասներ կրնան պատճառել մեր տեսողութեան:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Սոխի Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Սոխը մի միայն համեղ ուտեստ չէ. անոր գործածութիւնը զուտ կերակուրներու եւ աղցաններու պատրաստութեամբ սահմանափակուած չէ, սոխը կրնաք գործածել այլ գործնական նպատակներով. տեսէք, թէ ինչպէ՛ս.
Եթէ տան մէջ սենեակի մը պատերուն գոյնը փոխած էք, բայց թարմ ներկին հոտը կ՛անհանգստացնէ ձեզ, առէք խոշոր մէկ-երկու սոխ, զանոնք կիսեցէք եւ սենեակին տարբեր անկիւնները զետեղեցէք: Շատ չանցած` ներկին անախորժ հոտը կը չքանայ:
***
Եթէ մեղուն խայթէ, անմիջապէս կիսուած սոխ մը դրէք խայթուածքին վրայ, որպէսզի ցաւը մեղմանայ: Անշուշտ առաջին առիթով բժիշկին կամ դեղագործին դիմեցէք:
***
Ոչ ծանր այրուածքի պարագային, սոխին թարմ հիւթը կը դարմանէ մորթը, կը մեղմացնէ ցաւը եւ կ՛արգիլէ, որ ջուրով լեցուն բշտիկներ գոյանան:
***
Կիսուած սոխի կտորները կ՛օգնեն, որ աւոքատոն իր կանաչ գոյնը պահէ ու չսեւնայ:
***
Սոխին կեղեւները մի՛ թափէք, զանոնք պահեցէք զատկուան հաւկիթները նաշխելու, եւ ինչո՞ւ չէ, հագուստեղէն ներկելու համար:
***
Եթէ ձեր դանակին շեղբը ժանգոտած է, զայն շփեցէք կիսուած սոխի կտորով մը: Արդիւնքէն գոհ պիտի մնաք:
***
Խորովածի շամփուրները եւ մետաղեայ ցանցը արագ եւ դիւրին մաքրելու համար դարձեալ օգտագործեցէք կիսուած սոխ մը: Գործի լծուեցէք, նախընտրաբար երբ ցանցը տակաւին գաղջ է:
Խոհագիր
Սեխի Անուշ
Բաղադրիչներ.
– 1 քիլօ մաքրուած եւ փոքր խորանարդաձեւ կտրտուած սեխ
– 700 կրամ փոշի շաքար
– Կէս կիտրոնի հիւթ
– Կէս կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– Կասիայի փայտիկ մը
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ փոխադրել կտրտուած սեխը, աւելցնել կիտրոնի հիւթը, կափարիչը փակել եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել շուրջ 20 վայրկեան` պարբերաբար խառնելով:
Երբ սեխին խորանարդները իրենց ջուրը ձգեն, քիչ-քիչ աւելցնել փոշի շաքարը, կրկին խառնել, աւելցնել կիտրոնի կեղեւի տաշուքը եւ կասիան:
Կաթսային տաք կրակը զօրացնել եւ այս անգամ առանց կափարիչի կրկին եփել, մինչեւ որ անուշը թանձրանայ:
Տաք անուշը փոխադրել ապակեայ մաքուր շիշերու մէջ, կափարիչով ամուր փակել եւ շիշերը մէկ գիշեր գլխիվար պահել: Յաջորդ օրը շիշերը շարել չոր եւ զով դարանի մը վրայ, իսկ բանալէ ետք` սառնարանը:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ճակատագրական Ուխտ
Հիփոկրէնի ես եմ` յամառ, ուխտաւոր,
Եւ կէս ճամբան զիս կը լըքէ Պեգասոս,
Այլ արբենալ աղբերակէն մշտահոս`
Դեռ կ՛երազե՜մ շալկած հողէ իմ սափոր:
Եւ սուրբ լերան կողերն ի վեր փառաւոր,
Քարուտ ճամբէն, յիմա՛րօրէն, փոսէ փոս,
Կը փորձեմ դեռ ես մագլցիլ յամր, անխօս,
Մինչ կը զգետնէ զիս յոգնութիւն մ՛անսովոր:
Ո՜վ ուխտ, հաւատքդ` իմ ճամբորդի ցուպս ամուր,
Կը քաշքըշէ զիս` ցորչափ վառ է քու հուր:
Ո՜վ ուխտ անմեռ` նուիրական աղբիւրին:
Եւ կասկածոտ ու գըլխիկոր` այլ յամառ,
Պիտի քալեմ` դերբուկ ճամբէն, յամրաբար:
Մինչեւ վերջին կայծն ուժերուս մարդկայի՜ն:
ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ