Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխայ Դաստիարակելու 5 Ոսկի Կանոններ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ծնողներուն համար երեխայ դաստիարակելը լուրջ մարտահրաւէր է: Դուք կը ցանկաք, որ ձեր զաւակը ըլլայ յաջողակ, խելացի եւ ինքնավստահ: Ահաւասիկ` 5 ոսկի կանոններ, որոնք, ըստ փորձառու մանկավարժներու, լաւագոյնս կը դաստիարակեն ձեր երեխաները:

-1-

Երեխային Ժամանակ Տրամադրեցէք

Երեխային համար նախատեսուած ժամանակը անցուցէք միայն ու միայն անոր հետ: Ո՛չ հեռատեսիլ, ո՛չ Դիմատետր, ո՛չ հեռախօս… Ո՛չ մէկ բան պէտք է խլէ երեխային համար նախատեսուած ժամանակը: Զաւկին հետ ժամանակ անցընել` կը նշանակէ ամէն ինչ մէկ կողմ դնել: Միասին կարդացէք անոր սիրելի հեքիաթը, ֆութպոլ խաղացէք, պտոյտ կազմակերպեցէք… տարբերակները շատ են:

-2-

Մի՛ Խրատէք, Այլ Ցոյց Տուէք Սեփական Օրինակով

Երեխան ամէն ինչ ձեզմէ կը սորվի: Երեխային պահուածքը ձեզ կ՛արտացոլացնէ: Այնպէս որ, տեւաբար հետեւեցէք, թէ ինչպէ՛ս կը պահէք դուք ձեզ` անոր ներկայութեան: Սորվեցէք ընդունիլ ձեր սխալը եւ ի հարկին ներողութիւն խնդրել, մի՛ ստէք, մի՛ հայհոյէք… այլապէս մի՛ զարմանաք, եթէ ձեր երեխան նոյն սխալները գործէ` ձեզ կապկելով:

-3-

Երեխային Սորվեցուցէք Օգնել Շրջապատի Մարդոց

Երեխային համար շատ կարեւոր է շրջապատի մարդոց եւ յատկապէս տարեկիցներուն հետ յարաբերութիւնը:

Երեխային սորվեցուցէք եւ սեփական օրինակով ցոյց տուէք, որ շրջապատի մարդոց պէտք է մշտապէս օգնել եւ աջակցիլ: Ան պէտք է վարժուի ընկերոջ հետ բաժնել իր խաղալիքները, միասին խաղալ… Կրնաք նաեւ միասին այցելել կարիքաւոր ընտանիքի մը եւ օգնութիւն ցուցաբերել:

-4-

Երեխային Յաճախ Շնորհակալութիւն Յայտնեցէք

Մասնագէտներ կը պնդեն, որ այն երեխաները, որոնց լաւ արարքին համար շնորհակալութիւն յայտնած են, աւելի երջանիկ ու ինքնավստահ կը մեծնան: Այնպէս որ, եթէ երեխան ձեզի բաժակ մը ջուր բերէ, խաղալիքները կամ սեղանը հաւաքէ, «Շնորհակալ եմ» ըսէք: Երեխան ինքն ալ կը սորվի շնորհակալ եւ երախտապարտ ըլլալ:

-5-

Երեխային Սորվեցուցէք Տեսնել Աւելի՛Ն

Շատ կարեւոր է, որ երեխան կարենայ լսել, տեսնել ու հասկնալ աւելին: Փոքր տարիքէն անոր ծանօթացուցէք տարբեր մշակոյթներու, տարբեր ազգութիւններու: Անոր համար այլազան գիրքեր գնեցէք ու միասին կարդացէք, նոր ոլորտներ բացայայտող ժապաւէններ դիտեցէք ու խաղացէք: Երեխային լայն աշխարհահայեացք անհրաժեշտ է:

Ի՞նչ Կրել Եւ Ի՞նչ Չկրել
Ամրան Տաք Օրերուն

Ամրան տաք եղանակին նուազագոյն չափով քրտնելու եւ օրը առաւելագոյն չափով տանելի դարձնելու համար տեսէք, թէ ի՛նչ կը թելադրեն փորձառու մարդիկ:

– Լա՛յն հագուստներ հագէք: Փաստուած է, որ կարճ եւ լայն հագուստները աւելի զով եւ թարմ կը պահեն, քան` շորթերը կամ մարմնին փակած փէշերը:

– Նախապատուութիւնը տուէք բամպակեայ ներքնազգեստներուն, հրաժարեցէք սենթեթիքներէն:

– Միշտ նախապատուութիւնը տուէք բաց գոյնի բամպակեայ հագուստներուն: Փաստուած է, որ անոնք նուազ կը տաքցնեն եւ աւելի թարմ կը պահեն:

– Շուքի տակ պահեցէք ձեր մարմինը` լայնեզր ծղօտէ գլխարկ կրելով առնուազն ծովափին:

– Երբ հնարաւոր է, հրաժարեցէք սանտալներէն, որոնք ոտքը կը քրտնեցնեն, նախապատուութիւնը տուէք բամպակեայ կարճ գուլպաներով հագցուող կօշիկներուն. ասոնք ձեր ոտքերը կը պաշտպանեն թէ՛ քրտինքէն եւ թէ՛ փոշիէն:

– Երկար մազերու պարագային, զանոնք միշտ դէպի վեր հաւաքեցէք, հիւսեցէք կամ գլխարկի մը տակ ամփոփեցէք:

– Որքան ալ զարմանալի թուի, տաք օրերուն երկար թեւով շապիկներ կրեցէք. անոնք ձեր թեւերը կը պաշտպանեն արեւուն տաք ճառագայթներէն եւ համեմատաբար աւելի զով կը պահեն:

– Խուսափեցէք զարդեղէններէն, յատկապէս` խոշոր եւ խճողուած տեսակներէն, որոնք յաւելեալ ծանրութիւն եւ նեղութիւն կը պատճառեն տաք եղանակին:

– Հրաժարեցէք կռնակին վրայ տեղաւորուող պայուսակներէն (պեքպեկ), ինչպէս նաեւ` ձեռքի մեծ պայուսակներէն, ուր հակամէտ էք թխմելու քիչ մը ամէն բան: Տաք օրերու ձեր պայուսակը թող ըլլայ թեթեւ, փոքրիկ եւ գործնական:

– Հրաժարեցէք տուպլիւրով հագուստներէն, որոնք կրկնակիօրէն տաքցնելու հակամէտ են:

– Վերջապէս, հրաժարեցէք օրուան տաք ժամերուն քարերով, սթրասներով, մետաղեայ զարդարանքներով հագուստներէն, որոնք աւելի ծանր ու տանջալի կը դարձնեն ձեր օրը:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Տան բոյսերուն տերեւները ամիսը անգամ մը շփեցէք նարինջի կեղեւով, որպէսզի ձեր սիրելի «փիսիկը» հեռու պահէք անոնցմէ:

***

Սառնարանի անախորժ հոտերը չքացնելու համար դարաններուն վրայ գինիի խցաններ կամ ածուխի կտորներ զետեղեցէք. զանոնք 15 օրը անգամ մը փոխարինեցէք նորերով:

***

Արդէն 80-ական թուականներէն ՆԱԶԱ-ն փաստած է, որ կարգ մը բոյսեր ապականած մթնոլորտը մաքրելու յատկութիւն ունին: Հետեւաբար թելադրելի է, որ տան տարբեր սենեակներուն մէջ բաղեղի եւ «Կեսուր մամայի լեզու»-ի թաղարներ զետեղէք վերոյիշեալ բոյսերուն յատկութիւններէն օգտուելու եւ տան մթնոլորտը մաքուր պահելու համար:

***

Այրած քիմքին արագ դարման գտնելու համար, եթէ տունը գինի ունիք, խոշոր ումպ մը ձեր բերնին մէջ որոշ ժամանակ մը պահեցէք: Սառոյցի կտոր մը նոյնպէս կրնայ մեղմել ցաւը: Նոյնքան ազդու է աղի ջուրով բերնի ողողումը:

***

Ձեր մազի խոզանակը մաքրեու համար զայն ամբողջ գիշեր մը մխրճեցէք տաք ջուրի մէջ, որուն 30 կրամ սոտա աւելցուցած ըլլաք:

***

Ամիսը անգամ մը ձեր ներքնակին վրայ սոտա ցանեցէք, քանի մը ժամ սպասեցէք, ապա ելեկտրական փոշեկուլով մաքրեցէք: Այսպիսով, մաքրած եւ թարմացուցած կ՛ըլլաք ձեր ներքնակը:

***

Ձեր յոգնած աչքերուն տակի մութ գոյնի հետքերը չքացնելու համար օգտագործեցէք սուրճի մրուրը` անոր քիչ մը մեղր աւելցնելով: Ստացուած թանձրուկը քսեցէք ձեր աչքերուն տակը, սպասեցէք 5-7 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք:

***

Ծորակները մաքրելու եւ փայլեցնելու համար օգտագործեցէք ակռայի դեղը: Մածուկով շփեցէք ծորակը, առատ ջուրով ցօղուեցէք եւ, վերջապէս, մաքուր, չոր լաթով մը փայլեցուցէք:

Պտուղներ Մատուցելու
Հետաքրքրական Տարբերակ

Ամրան տաք օրերուն չկայ աւելի համեղ, հիւթեղ եւ զովացնող ուտեստ, քան` պտուղը: Այսօրուան էջով պտուղներու անսահման բարիքներուն մասին չէ, որ պիտի խօսինք: Տեսնենք, թէ հնարամիտ եւ ճաշակաւոր մարդիկ ինչպէ՛ս մտածած են մատուցել զանոնք:

Ստորեւ նկարին վրայ կը տեսնենք սիրամարգի տեսքով յարդարանք մը, ուր օգտագործուած են` աւոքատոն, պանանը, խնձորը, խաղողը, նարինջն ու մանտարինը: Վերջին երկուքը այս եղանակին կարելի է փոխարինել սալորով եւ դեղձով:

Բացի բաղադրիչներէն` անհրաժեշտ է նաեւ ձեռքի տակ ունենալ փայտէ շամփուրներ եւ ներկայանալի բաց աման մը:

Երեխաներու տարեդարձներուն յարմար տարբերակ մըն է զանոնք ուրախացնելու եւ զարմացնելու համար: Թերեւս նոյնիսկ պտուղ չսիրողները կրնան փորձութեան մատնուիլ…

Խոհագիր

Սմբուկով Ժիւլիէն

Ժիւլիէնը ընդհանրապէս կը պատրաստուի առատ սունկով, այսօրուան մեր բաղադրատոմսին մէջ անիկա փոխարինուած է սմբուկով: Եթէ սմբուկի բարեկամ չէք, կրնաք զանց ընել եւ փոխարէնը նոյն քանակութեամբ մանրուած սունկ գործածել:

Բաղադրիչներ

– 400 կրամ սմբուկ
– 200 կրամ հաւի խաշած միս
– 1 գլուխ սոխ
– Աղ

Թացանի բաղադրիչներ

– 1 ապուրի դգալ կարագ
– 1 ապուրի դգալ ալիւր
– Կէս բաժակ կաթ
– 2 ապուրի դգալ թթուասեր (sour cream)
– 1 ապուրի դգալ մայոնեզ
– 70 կրամ տաշուած պանիր
– Աղ, ճերմակ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Հաւի խաշած միսը, սոխն ու սմբուկը կտրատել:

Սմբուկն ու սոխը տապկել, աւելցնել կտրտուած հաւի միսը, քանի մը վայրկեան եւս տապկել:

Վերը յիշուած բաղադրիչներով պատրաստել ճերմակ թացան մը, աւելցնել թթուասերն ու մայոնեզը. երբ եռալու սկսի, աւելցնել տապկուած նիւթերը եւ կրակը մարել:

Խառնուրդը լեցնել հողէ փոքրիկ ամաններու մէջ, երեսը տաշուած պանիր ցանել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել, մինչեւ որ պանիրը հալի եւ ոսկեգոյն դառնայ:

Շաբթուան Մտածումը

 Աղօթք

Աստուա՛ծ իմ,

Ես հրաշքներ եւ տեսիլքներ չեմ խնդրեր, ես կը խնդրեմ ուժ` ամէն օրուան համար: Ինծի սորվեցուր փոքրիկ քայլերու արուեստը: Զիս դարձուր հետեւողական եւ պատրաստակամ, որպէսզի օրուան միապաղաղութեան մէջ ճիշդ ժամանակին կենամ զիս յուզող բացայայտումներու եւ փորձութիւններու առջեւ:

Ինծի սորվեցուր ճշգրիտ տնօրինել կեանքի ժամանակը: Նուիրէ ինծի ներքին ձայն, որպէսզի առանձնացնեմ այն, ինչ որ պէտք է ընեմ առաջին հերթին եւ ապա անցնիմ երկրորդին:

Քեզմէ կը խնդրեմ չափաւորութիւն եւ զսպուածութիւն, որպէսզի կեանքիս ընթացքին չթռչիմ եւ չսողամ, այլ կարենամ ծրագրել օրս,  օրուան ընթացքին կարենամ տեսնել բարձունքներն ու հեռուները:

Պահպանէ՛ զիս այն միամիտ հաւատքէն, որ այս կեանքին մէջ ամէն ինչ պէտք է հարթ ըլլայ: Տո՛ւր ինծի յատուկ գիտակցութիւն, որ դժուարութիւնները, ձախողութիւնները, պարտութիւնները եւ անյաջողութիւնները կեանքի բնական բաղադրիչներն են, որոնց շնորհիւ մենք կ՛աճինք եւ կը հասուննանք:

ԱՆԹՈՒԱՆ ՏԸ ՍԵՆԹ-ԷՔԶԻՒՓԵՐԻ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>