Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Այլազան. «Ուտելի Բոյսերը Հայկական Խոհանոցում» Փառատօն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հայկական լեռնաշխարհի բոյսերը ունին շատ հին ծագում: Անցեալին անոնցմէ շատերը բուժական նպատակներով կ՛օգտագործուէին տեսակաւոր հիւանդութիւններ բուժելով եւ վէրքեր դարմանելու համար: Մինչեւ իսկ անոնցմէ ոմանք կ՛օգտագործուէին ծերութիւնը կանխարգիլելու համար:

Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Հայաստանի տարածքին կ՛աճին աւելի քան 300 ուտելի բոյսեր, որոնցմէ սակայն քիչեր կ՛օգտագործուին առօրեայ սնունդի մէջ կամ բուժական նպատակներով:

Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, տեղի պիտի ունենայ «Ուտելի բոյսերը հայկական խոհանոցում» փառատօն` Լոռիի մարզի Դսեղ գիւղին մէջ: Փառատօնը կազմակերպողները համոզուած են, որ այս փառատօնը պիտի դառնայ շարունակական` այցելուներուն ծանօթացնելու Լոռիի մարզի բուսատեսակները, ինչպէս նաեւ` զարկ տալու շրջանի զբօսաշրջութեան:

Աւելուկ

Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ աւելուկի աւելի քան 12 տեսակ կայ Հայաստանի մէջ:

Բարբառներու մէջ աւելուկը կոչուած է` վիլուկ (Տաւուշ), աւելուկ (Լոռի), մջուկ (Ղարաբաղ): Աւելուկի մէկ տեսակը, որ թթու համ ունի, կը կոչուի թրթնջուկ. խաշած թրթնջուկի տերեւները կը դարմանեն բորբոքած լինտերը, արմատներէն կարմիր ներկ կը ստացուի, իսկ տերեւներով կարելի է մաքրել պղնձեայ իրերը, հիւթով` մելանի բիծերը:

Աւելուկը ժողովրդական բժշկութեան մէջ ամէնէն շատ օգտագործուած դեղաբոյսերէն է: Բուժական նպատակներով կ՛օգտագործուին անոր արմատները, տերեւներն ու սերմերը: Կերակուրներու պատրաստութեան մէջ կ՛օգտագործուին աւելուկի թարմ կամ չոր տերեւները` պատրաստելու համար համեղ եւ սննդարար կերակրատեսակներ, ապուրներ եւ աղցաններ: Հայերուս մօտ Մեծ պահքի շրջանին աւելուկով պատրաստուած ուտեստները սեղանէն անպակաս են եւ գրեթէ պարտադիր…

Նշենք, որ անցեալ յունիս 29-ին Վարդենիկ գիւղին մէջ (Գեղարքունքի մարզ), կայացաւ «Աւելուկի փառատօն»: Ներկաները մասնակցեցան աշխարհի ամենաերկար աւելուկի շարանի հիւսքի գործընթացին: Աշխարհի ամենաերկար աւելուկի հիւսքը գրանցուեցաւ «Դիւցազնագիրք» մրցանիշներու գիրքին մէջ:

Աւելուկով աղցանի բաղադրատոմս

Բաղադրիչներ` 1 փունջ նախապէս թրջուած չոր աւելուկ, 1 գլուխ սոխ, 3 պճեղ սխտոր, մանրուած ընկոյզ, նուռի հատիկներ, 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ, 3 ապուրի դգալ ձէթ, աղ:

Սոխը մանրել եւ տաք ձէթին մէջ տապկել` մինչեւ թափանցիկ դառնայ, աւելցնել մանրուած աւելուկը: Ճզմուած սխտորը եւ աղել: Երբ աւելուկը փափկանայ եւ եփի, խառնուրդը պարպել ներկայանալի ամանի մը մէջ, աւելցնել կիտրոնի հիւթը եւ մանրուած ընկոյզը: Երեսը զարդարել նուռի հատիկներով:

Եթէ ձեր ապրած երկիրը աւելուկ չկայ, այսուհետեւ զայն ապահովեցէք Հայաստանէն: Աւելուկի հիւսքերը թեթեւ են, մատչելի եւ ամէնուրեք կը վաճառուին:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Թէյի Գործածուած Ծրարիկները
Երկրորդ Անգամ Գործածելու Տարբերակները

Կարդացէք այս գրութիւնը եւ այսուհետեւ ձեր գործածուած թէյի ծրարիկները անմիջապէս աղբամանը մի՛ թափէք:

Գործածուած թէյի ծրարիկները կրկին գործածելու հետաքրքրական տարբերակներ

1

Կը հանգստացնեն աչքերը: Գործածուած ծրարիկներուն վրայ մաքուր ջուր աւելցուցէք եւ սառնարանը պահեցէք առնուազն ժամ մը, ապա զանոնք դրէք ձեր կոպերուն վրայ` երբեմն աչքերը թարթելով: Կանաչ եւ սեւ թէյը ունին հակաբորբոքային յատկութիւններ, անոնք ոչ միայն կը հանգստացնեն յոգնած ու կարմրած աչքերը, այլեւ կը դարմանեն արեւի թեթեւ այրուածքները եւ կարգ մը խայթուածքներ:

2

Կը թարմացնեն շունչը: Բերանի ողողումը թունդ թէյով` կը չքացնէ տհաճ հոտը: Թաց, գաղջ ծրարիկը բերնին մէջ պահելով` կարելի է, դարմանել աֆթը եւ բերնին այլ բորբոքումները:

3

Կը հանդարտեցնէ ոտքերը: Գաղջ ջուրով լեցուն տաշտին մէջ քանի մը գործածուած ծրարիկ նետելով` ոտքերը մխրճել ջուրին մէջ: Ոտքերու այս լոգանքը կը չէզոքացնէ քրտինքի գէշ հոտը նաեւ կը փափկացնէ եւ կը հանգստացնէ յոգնած ոտքերը:

4

Կը չեզոքացնէ զանազան տեսակի անախորժ հոտերը: Այսպէս, գործածուած եւ չոր թէյի ծրարիկներ զետեղելով սառնարանին դարաններուն վրայ, աղբի դոյլին յատակը, մարզանքի կօշիկներուն մէջ կամ կատուներու կղկղանքի յատուկ տաշտերուն մէջ` կարելի է դիւրաւ ձերբազատիլ անախորժ հոտերէն:

5

Կը պարարտացնէ բոյսերուն հողը: Թէյը աժան եւ ազդու պարարտացուցիչ է: Գործածուած թէյի ծրարիկներ զետեղելով հողին մէջ եւ հողը յաճախ ջրելով, որպէսզի ծրարիկները խոնաւ մնան, խոնաւ կը մնայ նաեւ հողը եւ սնունդ կ՛առնէ թէյի տերեւներէն:

6

Մժեղները հեռու քշելու համար: Խնկամանին մէջ թէյի չոր ծրարիկներ վառելով` կարելի է հեռացնել ճանճերն ու մժեղները: Աւելի ազդու են սեւ թէյի, կիտրոնով կամ խնկունիով թէյի ծրարիկները:

Բացի այս վեց տարբերակներէն` օգտագործուած թէյի չոր ծրարիկները կարելի է երկրորդ անգամ գործածել.

– Բորբոքած լինտի կամ ակռայի ցաւը ժամանակաւորապէս դարմանելու համար:
– Սարդերն ու մուկերը հեռու պահելու համար:
– Ձեռքերուն վրայէն ձուկի, սոխի կամ սխտորի անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար:
– Լոգարանին մէջ` յոգնած մարմինը թուլացնելու եւ հանգստացնելու համար:
– Բոյսերուն տերեւները փոշազերծելու եւ փայլեցնելու համար. (օգտագործել խոնաւ ծրարիկներ):
– Գորգերը մաքրելու համար:
– Փայտեայ կահոյքը փայլեցնելու համար:
– Ապակիները մաքրելու համար:

Գեղեցկագիտական

Ձմերուկով Բնական Դիմակներ

Քիչեր գիտեն, որ գեղեցիկ, թարմ ու առողջ մորթ ունենալու համար մեծ գումարներ վատնելու կարիք չկայ, քանի որ բնութիւնը արդէն  իսկ մեզի տուած է անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչները:

Գեղեցկագիտական դիմակներու պատրաստութեան համար կարելի է օգտագործել տունը, ձեռքի տակ գտնուող պտուղներն ու  բանջարեղէնները: Օրինակ` հիանալի խնամքի միջոց է եղանակի պտուղներէն` ձմերուկը, որ այս օրերուն բոլորիս սառնարաններուն մէջ առկայ է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք բնական դիմակներ, որոնց գլխաւոր բաղադրիչը ձմերուկն է:

Դիմակ Չոր Մորթի Համար

Հարիչէ անցընել մէկ բաժակ կտրտուած ձմերուկն ու մէկ պանանը, ստացուած թանձրուկը տարածել դէմքին եւ պարանոցին վրայ. սպասել 10-15 վայրկեան ապա ցօղուել դէմքը:

Ձմերուկով պատրաստուած դիմակը յարմար է նաեւ իւղոտ մորթի համար, սակայն այդ պարագային, պանանը պէտք է փոխարինել ապուրի դգալ մը թանձր մածունով:

Երիտասարդացնող Դիմակ

Ձմերուկով դիմակները շատ օգտակար են յոգնած ու ծերացող մորթին համար: Անոնք ոչ միայն կը թարմացնեն մորթը, այլ նաեւ կը վերականգնեն անոր առաձգականութիւնը:

Ձերուկը յարիչէ անցընել, ստացուած թանձրուկին մէջ թաթխել բամպակեայ ճերմակ, մաքուր լաթ մը, ապա զայն ծածկել դէմքին վրայ: Ձգել 10-15 վայրկեան, յետոյ դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:

Նոյն նպատակով, նոյնքան ազդու է ձմերուկով եւ մեղրով պատրաստուած դիմակը:

Լուսաւոր Գաղափարներ

Հին Իրերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Տեսէք, թէ հնարամիտ եւ ստեղծագործ միտք ունեցող մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են իրենց հին, անգործածելի իրերուն: Ո՞րու մտքէն կ՛անցնի, որ հին կիթառ մը կը վերածուի պատէն կախուող զարդի, ուր կարելի է ցուցադրել փոքրիկ գեղօրներ կամ բոյսի թաղարներ, իսկ հնաոճ, անգործածելի պատկերասփիւռ մը` խմիչքի շիշերու «պար»-ի մը… Մինչեւ իսկ գիրքերը կարելի է խմբելով, կապելով եւ կեդրոնը փոքրիկ թաղար մը զետեղելու չափ բացուածք մը բանալով` վերածել իւրայատուկ գեղօրի մը:

Հետեւաբար որեւէ իրէ ձերբազատելէ առաջ մտածեցէք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է երկրորդ կեանք մը տալ անոր:

Խոհագիր

Կոճապղպեղով Լիմոնատ

Բաղադրիչներ

– 1 բաժակ կիտրոնի հիւթ
– 3 բաժակ ջուր
– 1 բաժակ շաքար
– 1/4 բաժակ կոճապղպեղ
– Խնկունիի ճ    իւղեր` մատուցելու համար

Պատրաստութիւն

Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ լեցնել շաքարը ու մէկ բաժակ ջուրը, աւելցնել կոճապղպեղի շերտերը եւ միջին ուժգնութեամբ կրակի վրայ մերթ ընդ մերթ խառնել, մինչեւ որ եռայ: Երկու վայրկեան եռալէ ետք կաթսան կրակին վրայէն հանել: Ձգել շուրջ կէս ժամ, ապա խառնուրդը քամոցէ անցընել:

Մեծ սափորի մը մէջ խառնել քամոցէ անցած հեղուկը, աւելցնել մնացեալ երկու գաւաթ ջուրը եւ մէկ բաժակ կիտրոնի հիւթը:

Ստացուած օշարակը լեցնել սառոյցով լեցուն բաժակներու մէջ եւ զարդարել խնկունիի ճիւղերով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Իմ Հողը

Աշնանամուտ է… Իմ լեռնաշխարհն է շողում ոսկեւոր,
Մասիսի վրայ լոյսի ծուէն է ձիւնը նորապատ…
Քայլում եմ, քայլում… Չգիտեմ սակայն, թէ ի՞նչ խօսքերով
Եւ ինչպէ՞ս լինեմ ես շնորհապարտ
Նրանց, որ հողն այս, փոքրիկ այս հողը` նման նշխարի,
Փրկել դարերից, փրկել դաւերից ագահ աշխարհի,
Փրկել են, բերել ու ինձ շնորհել…

Միայնութեան մէջ յաճախ եմ խորհել,
Ես ի՞նչ կ՛անէի, եթէ չլինէր հողն այս մի պատառ,
Թէ ճամբիս վրայ չխշշար բարդին այս բարձրակատար,
Թէ չշնչէի բուրմունքն այս հողի, ուրցի, փշատի,
Թէ աշնան քամին թոնրի հոտն առած, դէմս չվազէր,
Թէ չշրջէի ճանապարհներին հին Արտաշատի,
Եւ աւերակն այս քարէ լռութեամբ
Ինձ նախնիներիս պատգամը չասէր:

Ես ի՞նչ կ՛անէի, եթէ չլինէր հողն այս մի պատառ,
Ինչո՞վ կը լցուէր անհունը հոգուս,
Երակների մէջ իմ արիւնատար
Ինչպէ՞ս կը խայտար եւ ինչպէ՞ս դէպի սիրտս կը հոսէր
Այն զգացումը,
Որ հողէ մարդուն դարձնում է աստուած
Եւ կոչւում է սէր…
Ինչպէս աւիշը ծառաբունն ի վեր,
Նա մայր հողից է բարձրանում իմ մէջ երակ առ երակ,
Մի բուռ սրտիս մէջ դառնում է անծուխ, անբոց մի կրակ,
Այրում է, տանջում,
Եւ այնպէս քաղցր է այդ տանջութիւնը…

Եւ տանջութիւնն այդ գուցէ հէնց ինքը` երջանկութիւնն է…

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

Այսօր ( 15 օգոստոս 1922)  Վահագն Դաւթեանի ծննդեան օրն է:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>