Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական Նարինէ Փոլատեան` Հայաստանի Միակ Աղջիկ Խաչքարագործը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Նարինէ Փոլատեանը ծնած է Լիբանան եւ շուրջ մէկուկէս տարի առաջ տեղափոխուած է Հայաստան:

Նարինէ խաչքարագործ դառնալու նպատակ չունէր, ամէն ինչ պատահականութիւն էր: Անգամ մը ան Արամի փողոցի վրայ կը տեսնէ Համբարձումեաններու խաչքարի արուեստանոցը եւ կ՛որոշէ խաչքարագործ դառնալ:

Շուրջ մէկ տարի Նարինէ խաչքարագործութիւն կը սորվի, իսկ հիմա արդէն ինքնուրոյն կ՛աշխատի եւ կը ստեղծագործէ:

Անցորդներուն զարմանքն ու հակազդեցութիւնները կ՛ուրախացնեն զինք: Կը սիրէ ձեռքի աշխատանքը, որ իր իսկ խօսքերով, աշխատանք չէ, այլ` ուրախութիւն:

Նարինէն երկուշաբթիէն ուրբաթ Արամի փողոցի արուեստանոցն է, ժամը 9:00-էն երեկոյեան 6:00-ը: Ճիշդ է, որ ծանր աշխատանք է, բայց ան երբեք չէ զղջացած առած քայլին համար եւ շատ ուրախ է: «Երաժշտութիւն կը դնեմ, եւ ես ու քարը խօսելու կը սկսինք», կ՛ըսէ ան:

Արուեստանոցի տղաքը հաճոյքով կ՛աշխատին Նարինէին հետ. «Ան չի վախնար սորվելէ եւ հարցնելէ. հակառակ որ ծանր աշխատանք է, ան երբեք չի դժգոհիր», կը վկայեն տղաքը:

Նարինէն յաճախ կը պատմէ, որ ընտանիքը եւ յատկապէս մայրը դէմ եղած են իր որոշումին` «խաչքարագործութիւնը աղջկայ գործ չէ» պատճառաբանելով, բայց արդէն քիչ-քիչ ընտելացած են գաղափարին:

Նարինէն կը յուսայ, որ օրին մէկը ծնողներն ալ կը համոզուին եւ Հայաստան կը տեղափոխուին. «Եթէ քարին հետ լեզու գտայ, այս հարցին ալ լուծում կը գտնեմ», կ՛ըսէ մեղմ, ժպտադէմ եւ ինքնավստահ երիտասարդուհին:

Նկարին վրայ կը տեսնենք խաչքարը, որուն վրայ աշխատած է Նարինէն: Այս խաչքարը կրկնօրինակն է Հին Ջուղայի խաչքարներէն մէկուն (1031 թ.), որ ոչնչացուած է Ազրպէյճանի կողմէ, 1990-2006 թուականներուն:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

 Երեխային Սորվեցնել
Շնորհակալ Ըլլալ

Ձեր երեխան կը բանայ ստացած նուէրը եւ փնթփնթալով` կը բացականչէ` «Ես ասկէ ունիմ», կամ` «Աղուոր չէ…»:

Ի՜նչ անյարմար իրավիճակ, մանաւանդ երբ նուիրողները մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկն են եւ կամ` բարեկամներ: Որպէսզի խուսափիք նման տեսարաններէ, ձեր զաւկին շատ կանուխէն պէտք է սորվեցնէք շնորհակալ ըլլալ` առաջին հերթին դուք օրինակ ծառայելով:

Նոր տարուան կամ տարեդարձի նախօրեակին ձեր զաւկին համբերութեամբ բացատրեցէք, որ ինք նուէրներ պիտի ստանայ, կրնայ պատահիլ, որ կարգ մը նուէրներ իր ճաշակին չըլլան, բայց եւ այնպէս նուէրը պէտք է բանայ նուիրողին ներկայութեան եւ ժպիտով անմիջապէս «շնորհակալ» եմ» ըսէ: Անոր յստակօրէն բացատրեցէք, որ նուիրողը երկար մտածեր ու փնտռեր է այդ նուէրը` զինք ուրախացնելու համար եւ, հետեւաբար, կոպիտ խօսք մը շատ վիրաւորական պիտի ըլլայ:

«Բարե՛ւ», «շնորհակալ եմ» եւ «ներողութի՛ւն» բառերը երեխան շատ կանուխէն պէտք է իւրացնէ եւ մանաւանդ` տեղին գործածէ:

Ուղեղին Գործունէութիւնը
Խթանող Ուտելիքներ

Բոլորս ալ գիտենք, թէ որքանո՛վ մեր որդեգրած սննդամթերքը կ՛ազդէ մեր առողջութեան, ինչպէս նաեւ մեր գործարաններու առողջ կամ վատ գործունէութեան վրայ: Այս սիւնակով կը ներկայացնենք ցանկը  այն սննդամթերքներուն, որոնք դրական ազդեցութիւն կը գործեն մեր ուղեղին առողջ գործունէութեան:

1.- «Լաւ» ճարպերով հարուստ աւոքատոն
2.- Ճակնդեղը
3.- Պրոքոլին
4.- Կարոսը (սելըրի)
5.- Հնդկընկոյզի իւղը
6.- Սեւ տուրմը
7.- Հաւկիթի դեղնուցը
8.- Ձէթը
9.- Խնկունին
10.- Սալմոն ձուկը

Այս տասնեակին կու գան աւելնալու` ընկոյզը,  կարմիր կամ սեւ չոր լուբիան, շոմինը, ամբողջական հատիկները, քրքումը, հատապտուղները:

«Լաւ» իւղերով, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ վերը նշուած բոլոր ուտեստները մեր սննդականոնին աւելցնելով եւ հետեւողական ձեւով սպառելով` կ՛ապահովենք մեր ուղեղին առողջ գործունէութիւնը` մինչեւ խոր ծերութիւն:

Ասփիրինի Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Գիտէի՞ք, որ ցաւազերծող ասփիրինը կարելի է օգտագործել այլ նպատակներով: Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը հետաքրքրական տարբերակներ:

-1-

Դէմքին Բշտիկները Բուժելու Համար

Ասփիրինը հակաբորբոքային յատկութիւն ունի: Քանի մը դեղահատ լուծեցէք կիտրոնի հիւթի մէջ եւ ստացուած խառնուրդը ականջ մաքրելու ծառայող բամպակի միջոցով զետեղեցէք բշտիկներուն վրայ: Քանի մը վայրկեան սպասեցէք, ապա ցօղուեցէք: Քանի մը օր կրկնեցէք, մինչեւ որ արդիւնքի հասնիք: Ուշադի՛ր, այս խառնուրդը կարելի չէ օգտագործել բաց վէրքերու, բշտիկներու վրայ:

-2-

Քրտինքի Հետքերը Մաքրելու Համար

Եթէ բաց գոյնի հագուստներու եւ շապիկներու թեւերուն տակ քրտինքի հետքեր կան եւ սովորական միջոցներով չեն մաքրուիր, քանի մը ասփիրինի հատիկ լուծեցէք տաք ջուրի մէջ եւ ստացուած թանձրուկը քսեցէք քրտինքի արատին. սպասեցէք ամբողջ գիշեր մը եւ յաջորդ օրը լուացէք:

-3-

Խայթուածքը Մեղմացնելու Համար

Ասփիրինի դեղահատ մը լուծեցէք ապուրի դգալ մը ջուրի մէջ եւ խառնուրդը քսեցէք մժեղի խայթուածքին վրայ, քանի մը վայրկեանէն ցաւն ու անհաճոյ զգացումը կը չքանան:

-4-

Չորցած Կրունկները Փափկացնելու Համար

Կիտրոնի հիւթին մէջ քանի մը դեղահատ ասփիրին լուծեցէք եւ խառնուրդը քսեցէք ձեր չորցած կրունկներուն: Խոնաւ եւ տաք անձեռոցով մը փաթթեցէք եւ սպասեցէք քանի մը վայրկեան: Երբ մորթը արդէն փափկացած է յատուկ քարով ձերբազատեցէք մեռած բջիջներէն:

-5-

Մազի Թեփէն Ձերբազատելու Համար

Երկու դեղահատ լուծեցէք ձեր սովորական շամփուէնին մէջ եւ սովորականին պէս լուացէք ձեր մազերը: Այս միջոցը ոչ միայն կը չքացնէ թեփը, այլեւ առողջ տեսք կու տայ մազերուն:

-6-

Ծաղիկներուն Կեանքը Երկարելու Համար

Միջակ չափի ծաղկամանի ջուրին կէս դեղահատ ասփիրին աւելցնելով ծաղիկներուն կեանքը կ՛երկարէք: Ուշադի՛ր, չափազանցելու պարագային հակառակ արդիւնքի կը հասնիք:

-7-

Լոգարանը Մաքրելու Համար

Լոգարանին որոշ մասերուն վրայ կուտակուած աղտերը մաքրելու համար 5 հատ ասփիրին լուծեցէք ջուրի մէջ, հեղուկը լեցուցէք սփռող շիշի մէջ եւ սփռեցէք աղտերուն վրայ: Սպասեցէք կէս ժամ, ապա յատուկ սպունգով կամ խոզանակով շփեցէք ու ցօղուեցէք:

Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, որ շատեր գերզգայնութիւն ունին ասփիրինին հանդէպ, եթէ դուք եւս այդ անձերէն էք, կտրուկ հրաժարեցէք օգտուելէ անոր բարիքներէն` լուրջ բարդութիւններէ խուսափելու համար:

Հին Գուլպաներուն Երկրորդ
Կեանք Մը Տանք

Հինցած գուլպաներ, ծակած գուլպաներ, անզոյգ գուլպաներ… Ահաւասիկ 3 հետաքրքրական տարբերակներ` զանոնք կրկին օգտագործելու:

1.- Թաղարի Ծածկոյթներ

Հոս անշուշտ խօսքը կը վերաբերի երեխաներուն սիրուն ու գունաւոր գուլպաներուն, որոնք զանազան պատճառներով անզոյգ մնացած են: Զանոնք անցուցէք փոքրիկ թաղարներու վրայ եւ ուրախ անկիւն մը ստեղծեցէք:

2.- Հովը Կտրող Երկար Բարձիկներ

Նայած ձեր դրան լայնքին, քանի մը անզոյգ գուլպայ իրարու միացուցէք ու կարեցէք, մէջը որեւէ բան թխմեցէք, ծայրամասերը եւս կարեցէք եւ, այսպիսով, կը ստանաք ձմրան եղանակին ցուրտ հովի հոսանքը կտրող երկար բարձիկներ:

3.- Բջիջայինի Ապահով Գրպան

Ընտրեցէք պիրկ հիւսուածլով մարզական գուլպայ մը, կտրեցէք ոտքի բաժինը, գուլպան անցուցէք ձեր թեւին, արմուկէն վեր, մէկ կամ երկու անգամ ծալեցէք եւ բջիջայինը մէջը տեղաւորեցէք: Այս միջոցը շատ յարմար է մարզասրահը կամ ճոկինկի ժամանակ:

Խոհագիր

 Սիսեռով Եւ Սմբուկով Աղցան

Բաղադրութիւն

250 կրամ խաշած սիսեռ
2 հատ միջակ չափի սմբուկ
1 միջակ սոխ
2 պճեղ սխտոր
4 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
2 ապուրի դգալ ձէթ
1 ապուրի դգալ խնձորի քացախ
2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ, քիմիոն

Պատրաստութիւն

Սմբուկը 2 սմ խորանարդաձեւ կտրատել, վրան աղ ցանել եւ ձգել 15 վայրկեան: Սմբուկները փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ, որպէսզի ցամքին: Ձէթը տաքցնել եւ սմբուկները տապկել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Աղցանի ներկայանալի ամանի մը մէջ խառնել կիսալուսնաձեւ շերտուած սոխը, ճզմուած սխտորը, մանրուած ազատքեղը, կիտրոնի հիւթը, քացախը եւ համեմները: Վերջաւորութեան աւելցնել սիսեռն ու տապկուած սմբուկները, խառնել եւ սառնարանը պահել առնուազն 2 ժամ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Խաչքար

Տատասկների, քարերի մէջ,
Քամիների, արեւի մէջ,
Ձիւների մէջ, շոգ ու տօթի,
Այսպէս մենակ, այսպէս ոտի,
Այսպէս խոնարհ, այսպէս ըմբոստ,
Այսպէս փխրուն, այսպէս շիտակ,
Այսպէս խրթին ու այսպէս պարզ
Կանգնել է նա երկնքի տակ…
Կանգնել է նա արեւի դէմ,
Որպէս թախիծ ու խղճի սիւն,
Կանգնել է նա դարերի դէմ,
Որպէս խաչուած գեղեցկութիւն…

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>