Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեխան դպրոցին պատրաստել ըսելով` շատ ծնողներ կը հասկնան զայն գիտելիքներով (գրել, կարդալ, թուաբանական հմտութիւններ) զինելը: Մինչդեռ դպրոցին նախապատրաստել ըսելով` առաջին հերթին պէտք է հասկնալ.
Ա.- Ինքնուրոյնութիւն
Երեխան նախքան դպրոց յաճախելը` պէտք է տիրապետէ առանձինը հագուիլ-հանուելու, ուտելու, պայուսակը դասաւորելու, բաղնիք երթալու, լուացուելու, զինք յուզող հարցեր տալու, խնդրանք մը արտաբերելու եւ այլ նմանօրինակ տարրական հմտութիւններու: Դժբախտաբար շատ մը տուներէ ներս ծնողները այս հմտութիւններուն ուշադրութիւն չեն դարձներ` տեղի-անտեղի երեխային ձեռք երկարելով, «օգնելով», իսկ երեխան կը մնայ ուրիշէն կախեալ:
Բ.- Ուշադրութիւնը Կեդրոնացնելու Կարողութիւն
Ծնողը կը նկատէ, որ իր երեխան կը դժուարանայ իր ուշադրութիւնը երկար ժամանակով կեդրոնացնել միեւնոյն գործին կամ դասին վրայ: Ասիկա անհանգստութեան առիթ պէտք չէ ըլլայ. նման երեւոյթ այս տարիքի երեխաներուն համար բնական է: Պատճառը կրնայ ըլլալ երեխային մտաւոր կամ ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութիւնը: Հնարաւոր է, որ ան օրուան ընթացքին բաւարար չի քնանար, չի հանգստանար, եւ ատիկա կ՛ազդէ կեդրոնացումին եւ ուշադրութեան վրայ: Հետեւաբար երեխայի վարքին հետ կապուած փոփոխութիւնները պէտք է ուշադրութեան առարկայ դառնան: Պէտք է անպայման պարզել երեխային դժուարութիւններուն պատճառները:
Գ.- Խօսքի Զարգացում
Ծնողները կրնան նպաստել երեխայի խօսքի զարգացման բառերը ճիշդ արտասանելով, երեխային սխալ արտասանութիւնները սրբագրելով:
Դպրոց երթալէ առաջ երեխան պէտք է տիրապետէ բանաւոր խօսքին, ճիշդ արտասանէ իրեն ծանօթ բառեր, ազատ եւ անկաշկանդ խօսի, միտքը կարենայ արտայայտել, հեքիաթներու եւ պատմութիւններու մասին տրուած հարցումներուն պատասխանէ, հարցում հարցնէ, գոց յիշէ կարճ ոտանաւոր մը եւ այլն…
Դ.- Լսելու Կարողութիւն
Լսել կարենալը շատ կարեւոր հմտութիւնը է, որ երեխային պիտի օգնէ գիտելիքներ ձեռք բերել: Երեխային լսել սորվեցնելու քանի մը միջոցներ կան, սակայն ամենագործնականը նախադպրոցական տարիքի երեխային հեքիաթներ եւ պատմութիւններ կարդալն է, խօսքի զարգացումը գրագիտութիւնը կախեալ է երեխան շրջապատող միջավայրին մէջ հնչող խօսքերէն:
Առողջապահական
6 Ուտելիքներ, Որոնք Կրնան
Անքնութիւն Պատճառել
Քունի որակին վրայ կ՛ազդեն խումբ մը գործօններ, որոնց կարգին` ուտելիքները, որոնք կ՛օգտագործենք օրուան ընթացքին եւ յատկապէս քնանալէ առաջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք անքնութիւն պատճառող 6 ուտելիքները.
1.- ՏՈՒՐՄԸ, որովհետեւ քաքաոն մեծ քանակութեամբ քաֆէին կը պարունակէ:
2.- ԿԾՈՒ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԸ, որովհետեւ կը բարձրացնեն մարմնին ջերմաստիճանը, կ՛արագացնեն արեան շրջագայութիւնը, որոնց պատճառով սրտի զարկերը կրնան արագանալ, եւ քնանալը շատ աւելի դժուար կը դառնայ:
3.- ՓԻԾԱՆ, որ պատրաստուած է իւղոտ պանիրներով եւ թացանով, յաճախ կ՛ուտուի կազաւորուած խմիչքներու հետ, իսկ այս բոլորը բացառաբար կ՛ազդեն քունի որակին վրայ:
4.- ԿԱՆԱՉ ԹԷՅԸ, որովհետեւ մեծ քանակութեամբ քաֆէին կը պարունակէ, հետեւաբար թելադրելի է զայն փոխարինել խոտաբոյսերով տարբերակը:
5.- ԻՒՂՈՏ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԸ, որովհետեւ անոնք փքուածութեան եւ կազերու պատճառ կը դառնան եւ լրջօրէն կը խանգարեն քունը` տհաճ զգացողութիւններ պատճառելով:
6.- ՋՈՒՐԸ, այո, օրուան ընթացքին ջուր խմեը չափազանց անհրաժեշտ եւ առողջապահական է, սակայն քնանալէ կարճ ժամանակ առաջ ջուր խմելը կրնայ գիշերը քունի ընթացքին յաճախակի միզարձակման ցանկութիւն յառաջացնել եւ քունը խանգարել:
Տան Յարդարանք
Դիւրին Իրագործելի Եւ Ոչ
Ծախսալից 3 Յարդարանքներ
Թղթախաղի Քարտերով Ժամացոյց
Տան մէջ մերկ պատ մը զարդարելու համար կարելի է դիմել այս հնարքին, իսկ երեխաներու սենեակին պարագային, քարտերը կարելի է փոխարինել «Մոնոփոլի»-ի կամ «Ունօ-»ի քարտերով:
Տեղ Չգրաւող Սեղան
Այս շատ գործնական սեղանին պատրաստութեան համար շատ հաւանաբար դիմէք ատաղձագործի մը օգնութեան: Ինչպէս նկարը կը հաստատէ, անիկա թէ՛ տեղ չի գրաւեր եւ թէ՛ կ՛օգտագործուի աշխատելու եւ կարգ մը իրեր դասաւորելու:
Իւրայատուկ Սեղան
Հին համայնագիտարաններ, որոնք սնտուկներու մէջ դիզուած կը փոշոտին, կարելի է օգտագործել` անոնցմով հետաքրքրական սեղանի «ոտք» մը պատրաստելով: Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, զանոնք պէտք է վրայ-վրայի շարել որոշ դիրքով եւ ապա ծածկել ապակեայ կամ փայտեայ կլոր կամ ձուաձեւ երեսով մը:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
-1-
Այրած տապակին յատակը մաքրելու համար պէյքինկ սոտա ցանեցէք եւ 2 սմ ջուրով ծածկեցէք: Մէկ ժամ ետք սպունգին կարծր երեսով մաքրեցէք:
-2-
Կահոյքին վրայէն շան կամ կատուի մազերը հաւաքելու համար կան կպչուն երիզներ, յատուկ խոզանակներ կամ ձեռնոցներ: Ասոնց մասամբ կը փոխարինեն նաեւ տան մաքրութեան ատեն օգտագործուող ձգախէժէ ձեռնոցները:
-3-
Խցուած խողովակ մը բանալու համար լուացարանին ծակին մէջ ապուրի դգալ մը պէյքինկ սոտա լեցուցէք, ապուրի դգալ մըն ալ աղ աւելցուցէք եւ գաղջ քացախ լեցուցէք: Ձեռքի տակ եռացած ջուր ունեցէք եւ խառնուրդին վրայ թափեցէք: Խառնուրդը պիտի փրփրի եւ շատ չանցած` ձեր լուացարանին խցուած խողովակը պիտի բացուի:
-4-
Երկար ժամանակ գործածուած բարձերը իրենց վրայ թոներով մեռած բջիջները եւ մանրէները հաւաքած կ՛ըլլան: Զանոնք լուացէք լուացքի մեքենային մէջ, բայց որպէսզի անոնց միջուկը չտուժէ եւ բարձերը փափուկ դուրս գան, մեքենային մէջ թենիսի գնդակ մը դրէք. վերջինս չի ձգեր, որ բարձին միջուկը կծկուի, մէկ կողմ հաւաքուի եւ տձեւ դառնայ:
-5-
Մետաղեայ զարդերը մաքրելու համար օգտագործեցէք ակռայի մածուկը եւ միքրոֆիպր փափուկ լաթ մը: Արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:
Խոհագիր
Մշոշ
Մշոշը Վանի հարուստ խոհանոցին պատկանող ճաշատեսակ է: Մշոշ բառը յառաջացած է ծիրանի ծառի անուանումէն: Վանեցինք ծառը կոչած են մշմշի, իսկ անոր համեղ պտուղները` փոքրիկ ու քաղցրահամ ծիրանները` միշմիշ կամ մշմըշ: Մըշմոշ բառի կրճատումէն ալ յառաջացած է հայկական աւանդական մշոշ կերակուրը: Առանց միսի պատրաստուող մշոշը համարուած է պահքի համադամ ուտեստ:
Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք Գիւմրիի մշոշի բաղադրատոմսը:
Բաղադրիչներ
– 0.5 քիլօ կարմիր ոսպ
– 1 գլուխ սոխ
– 3 ապուրի դգալ ձէթ
– 100 կրամ մանրուած ընկոյզ
– 200 կրամ չոր ծիրան
– Աղ, սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ
– Թարմ, գինձ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Կարմիր ոսպը եփել, մինչեւ փափկանայ: Սոխը, մանրել եւ տաք ձէթին մէջ սոխառած պատրաստել:
Եփած ոսպին վրայ աւելցնել սոխառածը, մանրուած ընկոյզը, ծիրանաչիրը եւ թեթեւ կրակի վրայ 15-20 վայրկեան եփել` յաճախ խառնելով: Վերջաւորութեան աւելցնել համեմները:
Ամանի մը մէջ փոխադրել մշոշը եւ երեսը զարդարել գինձի տերեւներով, ծիրանաչիրով եւ ընկոյզով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Սարեր
Հազար շապիկ մաշած սարեր,
Իրար ծոցում
Իրար կարօտ քաշած սարեր,
Քարոտ սարեր, խաւոտ սարեր,
Սարեր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
Իրար բաշից կախուած սարեր,
Աստծոյ փէշից կախուած սարեր,
Բարձրիկ սարեր, քաղցրիկ սարեր,
Սարեր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
Հազար որոտ լսած սարեր,
Ամպերի մեջ մրսած սարեր,
Թրջուած սարեր, թրծուած սարեր,
Սարեր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
Գլուխ գլխի քնած սարեր,
Արեւի մեջ շիկնած սարեր,
Օրհնած սարեր, յոգնած սարեր,
Սարեր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
Հազար ամպրոպ տեսած սարեր,
Հազար ճամբորդ տեսած սարեր,
Փորձուած սարեր, փոխուած սարեր,
Սարեր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
Խօսք-աղօթքի կարօտ սարեր,
Մարդու ոտքի կարօտ սարեր,
Սարոտ սարեր, ցաւոտ սարեր,
Սարեր, ձեզ ի՞նչ ասեմ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ