Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Դպրոցական Վերամուտի Նախօրեակին. Եօթը Խորհուրդ` Յաջող Վերամուտի Մը Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Դպրոցական վերամուտը հեռու չէ, եւ արդէն ժամանակն է անոր դրականօրէն նախապատրաստուելու: Այս փուլին ծնողներուն դերը հիմնական է: Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն փորձառու մանկավարժները` խաղաղ դպրոցական տարեշրջան մը դիմաւորելու համար:

1

Երեխան Հոգեպէս Պատրաստել

Ամրան երկար արձակուրդէն ետք, ժամանակն է, որ ձեր զաւակը հոգեպէս պատրաստուի դպրոցական վերամուտին: Անոր բացատրեցէք, որ շուտով պիտի հանդիպի իր ընկերներուն, պիտի ունենայ նոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, պիտի հարստանայ նոր գիտելիքներով, զբօսանքներուն խմբական խաղեր պիտի խաղայ, օրը այլազան եւ լեցուն պիտի ըլլայ:

Տարեշրջանը չսկսած` մի՛ խօսիք ծանր ծրագիրներու, գրաւոր ստուգումներու, անվերջանալի դասերու եւ տնային աշխատանքներու մասին: Ձեր մտահոգութիւնները կրնան վարակիչ ըլլալ եւ կանխատրամադրել ձեր զաւակը առաջին իսկ օրէն:

2

Հին Օրէնքներուն Եւ Ժամանակացոյցին Վերադառնալ

Օրական զարթուցիչը կէս ժամով առաջ բերէք, որպէսզի ձեր զաւակը քիչ-քիչ վարժուի դպրոցի ժամանակացոյցին: Ժամանակ ճշդեցէք ելեկտրոնային խաղերուն եւ պատկերասփիւռի յայտագիրներուն համար:

Եղէք վճռական եւ անզիջող` ձեր ճշդած օրէնքները պարտադրելու համար:

3

Բժշկական Քննութիւններն Ու Պատուաստները Ստուգել

Շատ արագ աչքէ անցուցէք երեխային բժշկական տետրը եւ վստահ եղէք, որ պատուաստումները ժամանակին կատարուեր են: Թելադրելի է, որ վերամուտէն առաջ ակնաբուժն ու ատամնաբուժը քննեն ձեր զաւակը` տարուան ընթացքին դժուարութիւններու եւ բացակայութիւններու դուռ չբանալու համար:

4

Պատրաստել Գրենական Պիտոյքները

Թելադրելի է այս «արարողութիւնը» կատարել երեխային հետ: Միասին գրախանութ գացէք ու գնեցէք անհրաժեշտ գրենական պիտոյքները: Անոնք թող ըլլան պարզ, բայց որակաւոր: Հրաժարեցէք փետուրներով, լոյսերով կամ երեխային ուշադրութիւնը շեղող զարդարանքներով օժտուած հակամանկավարժական գրիչներէն եւ այլն…

Բացի գրենական պիտոյքներէն` ձեր երեխային համար նախատեսեցէք թղթապանակներ, սեւագրութեան տետրակ, գրչատուփ, ջրաման եւ թուղթէ թաշկինակի ծրարիկներ` հետը օրական դպրոց տանելու համար:

5

Աշխատանքի Անկիւն Մը Պատրաստել

Տան մէջ ձեր զաւակը թող ունենայ աշխատանքի ի՛ր անկիւնը` գրասեղանով, հանգստաւէտ աթոռով եւ փոքրիկ գրադարանով: Պայման է, այս անկիւնը զերծ ըլլայ աղմուկէ, հեռու` պատկերասփիւռէն եւ նստասենեակէն, ուր տան մնացեալ անդամները պիտի նստին ու խօսակցին կամ հիւրեր ընդունին:

6

Ամառնային Աշխատանքները Ամբողջացնել

Այո՛, նաեւ ժամանակն է, որ ձեր զաւկին հետ աչքէ անցնէք ամառնային աշխատանքները` ամբողջացնելու համար կիսատ մնացածները:

Նոյնիսկ եթէ դուք համաձայն չէք եւ դժգոհ էք ամառնային աշխատանքներէն, որոնք երբեմն բարդ են եւ տաղտկալի, ձեր մտածումը մի՛ բացայայտէք եւ դասանիւթն ու դասատուն մի՛ նուաստացնէք:

7

Նշել Վերամուտը

Եւ, ինչո՞ւ չէ… դպրոցական վերամուտի նախօրեակին ընտանեկան պզտիկ հաւաքոյթ մը կազմակերպեցէք (տունը կամ դուրսը) եւ նշեցէք դպրոցական վերամուտը` որպէս  գիտելիքի եւ զարգացումի օր: Այդ առիթով յաջողութեան բարեմաղթութիւններ կատարեցէք, ձեր զաւակը թող համոզուի, որ դպրոցական վերամուտը նշելու արժանի, ուրախ օր է:

Ճի՞շդ, Թէ Սխա՞լ

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Տարեցները պէտք է նուազ ուտեն, քան` երիտասարդները:

Սխալ, անոնք պէտք է ուտեն նոյնքան եւ կատարեն նոյնքան մարզանք:

* * *

Ընթրիքը կը խանգարէ քունը:

Ճիշդ, կարմիր միսը, թացանով կերակուրները կը խանգարեն քունը, քանի որ մարսողութեան գործընթացը կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը: Թելադրելի է, որ ընթրիքը ըլլայ թեթեւ եւ ոչ ուշ ժամերու:

* * *

Պէտք է ձուկ ուտել առողջ ծերանալու համար:

Ճիշդ, պէտք է շաբաթը առնուազն երկու անգամ ձուկ ուտել, անոր պարունակած ճարպաթթուները, կենսանիւթերն ու հանքայինները կը պահպանեն թէ՛ առողջութիւնը եւ թէ՛ յիշողութիւնը:

* * *

Բանջարեղէնները փքուածութիւն եւ կազեր կը պատճառեն:

Ճիշդ, եթէ անոնց պատրաստութեան մէջ իւղն ու թացանը չափազանցուին:

* * *

Քալսիոմը միայն կաթնեղէններուն մէջ կը գտնուի:

Սխալ, քալսիոմ կը պարունակեն նաեւ բանջարեղէնները եւ հանքային ջուրերը:

* * *

Պտուղի հիւթը կը փոխարինէ պտուղը:

Ճիշդ եւ սխալ, բաժակ մը թարմ պտուղի հիւթը կրնայ փոխարինել պտուղը, սակայն անոր կը պակսին բնաթելերը, որոնք անփոխարինելի են:

* * *

Տուրմը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը:

Ճի՛շդ, քանի որ անոր պարունակած մակնեզիոմը ընկճուածութենէ զերծ պահելու յատկութիւն ունի:

* * *

Բոլոր հեղուկները մարմնին անհրաժեշտ ջուր կը հայթայթեն:

Ճիշդ, սակայն անոնցմէ շատեր իրենց հետ կը բերեն աւելորդ ջերմուժ եւ շաքար:

* * *

33 սլ քոլայի թիթեղի բաղադրութիւնը համազօր է չորս կտոր շաքարաւազի:

Սխալ, ա՛լ աւելի վատ, անիկա համազօր է… 7 կտոր շաքարաւազի:

* * *

Անհրաժեշտ է 3 քմ վազել` մէկ քրուասանի ջերմուժը այրելու համար:

Ճիշդ, քրուասան մը, միջին հաշուով, 200 ջերմուժ կը պարունակէ:

* * *

«Ալ տանթէ» եփած դդմաճը աւելի առողջապահական է, քան` շատ լաւ եփածը:

Ճիշդ, երկրորդ տարբերակին կլիւքոզը շատ աւելի արագ կ՛անցնի արեան մէջ, քանի որ անոր շաքարի տոկոսը աւելի բարձր է:

* * *

Օրական 10 կր աղէն աւելի պէտք չէ սպառել:

Սխալ, 10 կրամը շատ է, ճիշդ չափաբաժինը 5 կրամ է: Աղի չափազանցութիւնը արեան գերճնշում կը պատճառէ:

* * *

Կրիֆոնի հիւթով առնուած դեղահատին ազդեցութիւնը կրնայ ակնկալուածէն աւելի կամ պակաս ըլլալ:

Ճիշդ, նախընտրելի է դեղահատը կլլել բաժակ մը սովորական ջուրով:

* * *

Ուտելիքը կ՛ազդէ ուղեղի գործունէութեան վրայ:

Ճիշդ, Օմեկա 3-ով, Պէ. խումբի կենսանիւթերով հարուստ` ուտելիքները դրական ազդեցութիւն կը գործեն ուղեղին վրայ:

* * *

Ալքոլ պարունակող խմիչքները կը գիրցնեն:

Ճիշդ, զուտ ալքոլը ջերմուժ կը պարունակէ (100 կր. մէջ` 7 ջերմուժ), ինչ որ կը նպաստէ ճարպակալման: Միւս կողմէ` գարեջուրի որոշ տեսակներ, քաղցր գինիներ իրենց պարունակած շաքարին պատճառով աւելի եւս կը նպաստեն ճարպակալման:

Հինը Նորի Վերածենք

Հին Ճինզերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Բոլորիս տուներէն ներս անպակաս են ճինզ տաբատները: Զանազան պատճառներով երբեմն կ՛ուզենք ձերբազատիլ անոնցմէ եւ զանոնք փոխարինել նորերով: Նախքան ուրիշին տալը` տեսէք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչերու վերածած են անգործածելի համարուած ճինզ տաբատները, եւ դուք թերեւս փոխէք ձեր մտադրութիւնը:

Առանձին եւ կամ դերձակուհիի մը օգնութեամբ կարելի է մէկ կամ մէկէ աւելի ճինզ տաբատներէ պատրաստել.

ա.- Պատէն կախուող եւ գրպաններով օժտուած գորգ մը: Գրպաններուն մէջ կարելի է տեղաւորել տան մէջ թափառող բանալիներու տրցակը, արեւի ակնոցը, բջիջայինը, ականջակալներ եւ այլն…

բ.- Բջիջայինը լիցքաւորելու ժամանակ օգտագործելի եւ շատ գործնական գրպան:

գ.- Լուացքի լաթերուն համար` խորունկ, խոշոր պայուսակ:

դ.- Բարձ, որուն գրպանները նոյնիսկ կարելի է օգտագործել:

ե.- Ծովու կամ շուկայի մեծ պայուսակ:

Խոհագիր

Թոնով Եւ Եգիպտացորենով
Լեցուած Լոլիկներ

Բաղադրութիւն

– 5-6 հատ փոքրիկ, ձեւաւոր, պիրկ լոլիկներ
– 1 տուփ թոն
– 1 պզտիկ տուփ եգիպտացորեն
– 2 ապուրի դգալ մայոնեզ
– 1 թէյի դգալ մանանեխ
– 1 վարունգի թթուաշ (մանրուած)
– Ռեհանի թարմ տերեւներ (ափ մը)
– Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Լոլիկներուն գլուխները կտրել եւ միջուկները պարպել:

Փոս ամանի մը մէջ պատառաքաղով ճզմել թոնը, աւելցնել` մայոնեզը, մանանեխը, եգիպտացորենը, մանրուած ռեհանը (6 տերեւ մէկ կողմ դնել զարդարանքի համար), թթուաշը, աղն ու կարմիր պղպեղը: Բոլորը միատեղ խառնել եւ սառնարանը պահել:

Հրամցնելու ժամանակ լոլիկներուն մէջը քառորդ պտղունց աղով ծեփել, իւրաքանչիւրին մէջ լեցնել սառնարանէն դուրս բերուած միջուկը, ապա զարդարել թարմ ռեհանի տերեւներով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ցորեանի Ծովեր

Հովե՜ր կ՛անցնին.
Ու ցորեաններս յուշիկ յուշիկ կ՛արթըննան.
Իրենց խորքէն կը հոսի դող մ՛անսահման:
Գեղադալար կողերն ի վար բըլուրին
Ծովե՜ր կ՛անցնին:

Հովե՜ր կ՛ացնին.
Ա՛յնքան կը յորդի, կը կատղի դաշտը յուռթի`
Որ պիտի հոն արածող ուլը խեղդի:
Գոգին մէջէն ալետատան հովիտին
Ծովե՜ր կ՛անցնին:

Հովե՜ր կ՛անցնին.
Ու ցորեանին պատմուճանները ծըփուն
Մերթ կը պատռին, մերթ կը կարուին փողփողուն:
Ստուերի մէջ, լոյսերու մեջ փրփրագին
Ծովե՜ր կ՛անցնին:

Հովե՜ր կ՛անցնին.
Քիստերուն տակ կ՛ալեծփին եղիներ`
Ուր լուսնակն իր սափորին կաթն է հոսէր:
Կալերէն գիւղ, գիւղէն մինչեւ աղօրին
Ծովե՜ր կ՛անցնին:

Հովե՜ր կ՛անցնին.
Զըմրուխտներով կը ծփայ դաշտը անհուն:
Ծիտը կ՛երգէ թառած ճիւղի մ՛օրօրուն`
Մինչ իր տակէն ցորեաններու մոլեգին
Ծովե՜ր կ՛անցնին,
Հովե՜ր կ՛անցնին:

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles