Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Դպրոցական Վերամուտի Նախօրեակին. Ինչպէս Դիմաւորել Դպրոցէն Վերադարձող Երեխան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երբ երեխան դպրոցէն տուն կը վերադառնայ, պէտք է զինք ընդունինք ժպտերես եւ խուսափինք նեղ կացութեան մատնող ու նուաստացնող հարցումներէ:

Ահա թէ ի՛նչ հարցումներ կարելի է ուղղել դպրոցական զաւկին` անոր ինքնագնահատականը բարձրացնելու համար:

1.- Ի՞նչ բան այսօր ստիպեց քեզ, որ ժպտիս կամ խնդաս:

2.- Ի՞նչ լաւ բան ըրիր այսօր դպրոցը:

3.- Ի՞նչ նոր բան իմացար այսօր, որ տակաւին չէիր գիտեր երէկ:

4.- Ի՞նչ դժուար բան յաղթահարեցիր այսօր:

5.- Եթէ որեւէ բան կարենայիր փոխել այսօրուան պատահածներէն, ի՞նչը կը փոխէիր:

6.- Ո՞րն էր ամենահետաքրքրական բանը, որ ըսաւ ուսուցիչը այսօր:

7.- Եթէ հիմա հեռաձայնեմ ուսուչցուհիիդ, ի՞նչ կը կարծես, որ ան կ՛ըսէ քու մասիդ:

Կին Դէմքեր

 Նատիա Մուրատ

Մեր ժամանակներու ուժեղ, բարի եւ խիզախ կիներու շարքին է Նատիա Մուրատը: Ան 26 տարեկան երիտասարդուհի է, որ անցեալ տարի դարձաւ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր: Այս մրցանակը իրեն շնորհուեցաւ Իրաքի եզիտի կիներուն մասին տեղեկութիւն ներկայացնելուն համար: Ցաւօք այդ տեղեկութիւնները Նատիան հաւաքեր էր սեփական փորձառութեամբ:

21 տարեկանին ան գերի ինկաւ ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքը եւ սեռական ստրուկ դարձաւ: 3 ամիս ետք Նատիան հրաշքով յաջողեցաւ փախչիլ: Փախստականներու հետ ան հասաւ Գերմանիա, ուր ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ եւ բացայայտեց իր եւ իր հայրենակիցներուն կրած նուաստացումներն ու տառապանքը:

Նատիան որոշած է ամէն ինչ ընել իր հայրենակցուհիներու տառապանքներուն վերջ դնելու համար: «Ահաբեկիչները պարզապէս չէին պատկերացներ, որ եզիտի աղջիկ մը խիզախութիւնը կ՛ունենայ աշխարհին մանրամասն պատմելու իր կրած նուաստացումներուն մասին: Ամէն անգամ, երբ ես իմ պատմութիւնս կը ներկայացնեմ, կը զգամ, որ ահաբեկիչներէն կտոր մը իշխանութիւն կը խլեմ», կ՛ըսէ ան:

Կենցաղավարութիւն

Գաւաթ Մը Թէյի Շուրջ…

Կենցաղավարութիւնը լաւ բան է` մտերմիկ թէ պաշտօնական շրջանակէ ներս:

Ահաւասիկ` կենցաղավարական 3 շատ պարզ կանոններ, որոնց բոլորս ալ ծանօթ ենք, բայց զանազան պատճառներով չենք գործադրեր:

1.- Երբ մեր թէյի գաւաթին մէջ շաքար կ՛աւելցնենք ու դգալով կը խառնենք, դգալը պէտք չէ որ գաւաթին պատերուն զարնուի եւ ձայն հանէ: Պէտք է խառնել այնպէս, որ դգալին ձայնը գրեթէ չլսուի:

2.- Երբ թէյ կամ սուրճ կը խմենք, գաւաթը մեր ձեռքերուն մէջ չենք բռներ, այլ մէկ ձեռքով կը բռնենք պնակը, միւսով` գաւաթը:

3.- Եթէ թէյը կամ սուրճը կը խմենք սեղանի շուրջ, ձեռքերն ու արմուկը սեղանին չենք դներ, այլ` ոտքերուն վրայ, իսկ կռնակը կը պահենք ուղիղ:

Հինը Նորի Վերածենք

Յաճախ, տունը կոկելու ժամանակ, կը փորձենք ձերբազատիլ «հին», «անգործածելի» կամ «ոչ պիտանի» իրերէ` ձայնապնակներ, սքրապըլի քարեր, մետաղեայ հնադարեան ձագարներ, ինքնաշարժի անիւներ եւ այլն…

Բայց, եկէք տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են նոյն այդ իրերուն. իսկապէս շշմելու բան է…

– Հին անիւը կը ծառայէ հովանոցները եւ գաւազանները դասաւորելու:

– Ձայնապնակներով կարելի է պատրաստել աթոռակի երեսներ կամ` աղանդերներ մատուցելու ծառայող երեք յարկանի աման:

– Մետաղեայ ալիւմինիոմ ձագարները կարելի է վերածել մոմակալներու:

– Սքրապըլի քարերով կարելի է պատրաստել կախազարդեր կամ գաւաթի տակդիրներ:

Հետեւաբար կրկին ու կրկին մտածենք նախքան որեւէ իր աղբը թափելը:

 Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ…

Ի՞Նչ Գիտենք Վարունգին Մասին

Որքան վարունգը մեծ ըլլայ, այնքան ան համեղ կ՛ըլլայ:

Սխալ, որքան վարունգը մեծ ըլլայ այնքան մէջի կուտերը շատ կ՛ըլլան. կուտերը դժուարամարս կը դարձնեն վարունգը, հետեւաբար նախապատուութիւնը տանք միջակ եւ փոքր չափի վարունգներուն:

***

Վարունգը հարուստ է բնաթելերով եւ կենսանիւթերով:

Ճիշդ, անիկա կը պարունակէ Ա, Պէ եւ Էօ կենսանիւթեր, որոնք կը նպաստեն մեր բջիջներու վերանորոգման: Ինչ կը վերաբերի կեղեւին, անիկա շատ հարուստ է բնաթելերով: Ահա թէ ինչո՛ւ զայն առանց կեղուելու պէտք է ուտել:

***

Վարունգը պարտադիր է հում ուտել:

Սխալ, թէեւ մենք սովորութիւն ունինք զայն հում ուտելու, սակայն վարունգը կարելի է նաեւ եփել այնպէս, ինչպէս դդումը: Կարելի է լիցքի ձեւով օգտագործել, կարագի մէջ «դարձնել»` որպէս սոթէ եւ կամ կրաթեն պատրաստել:

***

Վարունգը աւելի մարսողական կը դառնայ, եթէ զայն կեղուենք:

Սխալ, որպէսզի անիկա դիւրամարս ըլլայ, պէտք է հանենք կուտերու բաժինը եւ օգտագործենք մնացեալը` կեղեւով միասին:

***

Վարունգ գնելու ժամանակ պէտք է ընտրել փափուկ տեսակները:

Սխալ, որքան վարունգը պիրկ ըլլայ, այնքան աւելի թարմ, հիւթեղ եւ համեղ կ՛ըլլայ: Նաեւ պէտք է ուշադիր ըլլանք կեղեւի գոյնին եւ սահուն ու փայլուն տեսքին:

***

Վարունգը երկար ժամանակ պահելու համար զայն սառնարանը պէտք է զետեղել:

Ճիշդ, թելադրելի է վարունգները լուալ, ցամքեցնել եւ կափարիչով օժտուած տուփի մէջ տեղաւորել, անոնց յատակն ու երեսը թուղթէ թանձր թաշկինակ զետեղելով: Այս ձեւով անոնք առնուազն 5-6 օր թարմ կը մնան:

Խոհագիր

Ծածիքի

Բաղադրիչներ

– 2 միջակ վարունգ (քերոցէ անցած)
– 2 գաւաթ մածուն
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 ապուրի դգալ քացախ կամ կիտրոնի հիւթ (ըստ ճաշակի)
– 1 ապուրի դգալ մանրուած թարմ անանուխ կամ սամիթ (ըստ ճաշակի)
– Աղ

Պատրաստութիւն

Վարունգները քերոցէ անցընելէ ետք աղել, մաքուր լաթի մը մէջ փաթթել եւ ճզմել, որպէսզի հիւթը դուրս տայ:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել ճզմուած սխտորը, մածունը, ձէթը, վարունգը, մանրուած անանուխը (կամ սամիթը) եւ կիտրոնի հիւթը (կամ քացախը):

Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, երեսը զարդարել անանուխի (սամիթի) տերեւով եւ քիչ մը ձէթով: Կողքին շարել հացի կտորներ եւ վարունգի շերտեր:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մեր Սէրը

Հայաստա՛ն աշխարհ,
Դու մե՛րը եղար ու մերը չեղա՜ր,
Դրա համար էլ մենք քեզ սիրեցինք սիրահարի պէս …
Դու մե՛րը եղար,
Ինչպէս որ մերն է մեր երակներում հոսող արիւնը,
Եւ մերը չեղար,
Ինչպէս մերը չէ Վարագայ սարի արեւածագը,
Սասնայ անտառին իջնող մանանան,
Մշոյ դաշտերը շոյող սօսափը…
Դու մօտի՛կ եղար`
Սրտիդ տրոփը մեր կոշտ ձեռքերին հաղորդելո՜ւ չափ,
Եւ հեռու եղար`
Սահմանից այն կողմ
Անիի կարմիր աւերակներից մեզ երեւացող
մայր տաճարի՜ պէս:
Դու տաք հո՜ղ եղար`
Մեր պիրկ խոփերի տենչանքին հլու,
Մեր գգուանքներից ծլարձակող հո՜ղ,
Եւ միրաժ եղար
Կապոյտ, անշօշափ ու անբռնելի,
Մենք` անվերջ հասնո՛ղ,
Իսկ դու` հեռացո՛ղ, անվերջ հեռացո՜ղ…
Հայաստա՛ն աշխարհ,
Դու այդպէ՛ս եղար,
Եւ դրա համար մենք քեզ սիրեցինք
Ո՛չ հարազատի հանդարտիկ սիրով,
Այլ` սիրածի՛ պէս, սիրահարի՜ պէս.
Ցաւո՛տ, ցաւախառն
Երազո՜վ, լոյսով, երգող տխրութեամբ,
Մերթ խռովելով,
Մերթ հաշտուելով,
Քո գրկո՛ւմ անգամ` քեզ կարօտելո՛վ,
Քեզ կորցնելու ահից` տագնապա՛ծ,
Քեզ ունենալու խինդից` երջանի՜կ,
Եւ բախտիդ համար անվերջ, ամէն պահ մեռնել-ապրելո՜վ…
Հայաստա՜ն աշխարհ…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>