Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
5 Խորհուրդ` Հոգեպէս Առողջ
Երեխայ Ունենալու Համար
Հոգեպէս առողջ երեխայ չի նշանակեր, որ ան պէտք չէ լայ, պէտք չէ տխրի կամ ձախողի: Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն հոգեբանները ծնողներուն` հոգեպէս առողջ երեխայ դաստիարակելու համար:
1.- Ընդունի Ձախողութիւնները
Դպրոցը ստացած որեւէ վատ նիշ կամ գնահատական չի նշանակեր, որ ձեր երեխան աւելի վատ է, քան` միւս երեխաները: Ձախողութիւնները մեր կեանքի ուղեկիցներն են ճիշդ այնպէս, ինչպէս յաջողութիւնները: Ձեր երեխային սորվեցուցէք այս բանաձեւը:
2.- Ձերբազատին Անտեղի Մեղքի Զգացումէն
Ձեր զաւկին օգնեցէք, որ ան ձերբազատի անտեղի մեղքի զգացումէ: «Եթէ զիս կը սիրես, վաղը լաւ նիշ մը կը ստանաս», «եթէ չես ուզեր նեղացնել…», «եթէ չես ուզեր տխրիմ…»` այս արտայայտութիւնները պէտք չէ դեր խաղան երեխայի կեանքին մէջ: Ձեր երեխաներուն սորվեցուցէք, որ որոշումներ կայացնելու ատեն պէտք չէ առաջնորդուի մեղքի զգացումով:
3.- Եսակեդրոն Չդառնալ
Ձեր երեխային սորվեցուցէք առաջնորդուիլ այս բանաձեւով` «Ես ի՞նչ կրնամ ընել աշխարհին համար, իմ երկրիս համար, իմ ընկերներուս համար», եւ ոչ` «Ի՞նչ կրնան ընել բոլորը ինծի համար»: Եսակեդրոն ըլլալը չ՛օգներ, որ ան կեանքի մէջ յառաջդիմէ ու յաջողի:
4.- Չխուսափիլ Դժուարութիւններէ
Մշտապէս երեխան պաշտպանելը չ՛օգներ, որ ան ինքնուրոյն դառնայ: Անոր սորվեցուցէք, որ վախէն, դժուարութիւններէն ձերբազատելու լաւագոյն միջոցը զանոնք դիմագրաւելն է: Այսպէսով, դուք կը մեծցնէք համարձակ մարդ, պատրաստ` դիմագրաւելու կեանքի որեւէ դժուարութիւն:
5.- Ինքնուրոյն Որոշումներ Կայացնելու Հնարաւորութիւն
Երեխաներուն առիթ տուէք, որ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնեն, ինչ կը վերաբերի` իրենց հագուածքին, ուտելիքին, զբօսնելու վայրին, կարդալիք գիրքին եւ այլն… Ամէն բան դուք մի՛ որոշէք, երեխան թող կանուխէն ընտրելու եւ որոշելու հնարաւորութիւն ունենայ:
Կին Դէմքեր
Մելինտա Կէյց
Ժամանակակից բարի, ուժեղ եւ խիզախ կիներու շարքին է բարեգործ, գործարար Պիլ Կէյցի կինը` Մելինտան, որ ամուսինին հետ հիմնած է հիմնադրամ, որ աշխարհի մեծագոյններէն մէկն է:
Երրորդ աշխարհի մէջ առողջապահութիւնը զարգացնելու, սովը վերացնելու, շրջակայ միջավայրը պաշտպանելու եւ այլ կարեւոր ծրագիրներու վրայ Մելինտան եւ ամուսինը արդէն իսկ ծախսած են 40 միլիառ տոլար…
Վերջին տարիներուն Մելինտա Կէյցի համար առաջնահերթ դարձած է աղջիկներուն օգնելը: «Ես վստահ եմ, որ ինքնաբաւ եւ զարգացած կիները կրնան փոխել մեր հասարակութիւնը», համոզում յայտնած է ան:
Նշենք, որ 55-ամեայ այս խիզախ կինը նաեւ գրած է «Տը մոմընթ աֆ լիֆթ» խորագրով գիրք մը, ուր կը պատմէ իր առաքելութեան ընթացքին հանդիպած կիներու ցաւալի վիճակին մասին` ընկերային անհաւասարութիւն, կանուխ ամուսնութիւն, տգիտութիւն եւ այլն…
Բայց նաեւ կը պատմէ, որ ձեռք երկարելով եւ հաւատալով կարելի է յեղաշրջել անոնց կեանքը եւ զանոնք դարձնել հասարակութեան լիարժէք անդամներ:
Նորաձեւութիւն
2019-2020 Աշուն-Ձմեռ
Նորաձեւութեան Հիմնական Գիծերը
Արդէն ամիսներ առաջ նորաձեւութեան մայրաքաղաքներ Փարիզի, Լոնտոնի, Միլանոյի եւ Նիւ Եորքի մէջ կայացած 2019-2020 աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան փառատօնները, եւ աշխարհի մեծագոյն ձեւագէտ-ոճաբանները արձակեցին իրենց վճիռները` վերոյիշեալ եղանակներու կապակցութեամբ:
Ահա թէ ի՛նչ պէտք է կրել յառաջիկայ աշուն-ձմեռ եղանակներուն:
Կաշին` Իր Բոլոր Գոյներով
Գինեգոյն, կանաչ, նարնջագոյն, կապոյտ… Շատ նորաձեւ են` կաշեայ վերարկուները, բաճկոնները, փէշերն ու տաբատները:
Կոպիտ Ներբաններով Մոյկերը
Եթէ ամառը նորոյթ էին կոպիտ ներբանով մարզական կօշիկները, հիմա կարգը հասած է մոյկերուն: Կը թելադրուի զանոնք կրել կանանցի, նուրբ հագուստներու հետ:
Մեծ Եւ Աչքառու Մանեակներ, Օղեր
Յառաջիկայ եղանակներուն նուրբ զարդեղէնները իրենց տեղը զիջած են մեծ եւ աչքառու մանեակներուն եւ օղերուն: Հրաժարեցէք մատանիներէն եւ ապարանջաներէն եւ նախապատուութիւնը տուէք ասոնց:
Երկարավիզ, Բարձրակրունկ Մոյկեր
Տարբեր հաստութեամբ բարձրակրունկ մոյկերը կրկին նորաձեւ են, անոնք յաճախ գունաւոր են, կան օձի մորթէ պատրաստուած, ինչպէս նաեւ մուշտակով ճոխացուած տեսակներ:
Լայն Գօտիներ
Անշուշտ վերապահուած է նրբակազմ ու բարեձեւ անձերուն: Զանոնք կարելի է կրել ոչ միայն հագուստներու եւ տաբատներու հետ, այլ մինչեւ իսկ` բաճկոններու եւ վերարկուներու վրայէն:
Քառակուսի Նաշխեր
Յառաջիկայ եղանակներուն մէջտեղ հանեցէ՛ք ձեր քարէ բաճկոններն ու վերարկուները` ի՛նչ գոյնի ալ ըլլան անոնք: Յիշեցնենք, որ շատ նորաձեւ է նաեւ փիէ տը փուլ նաշխը:
Լէոփար-ը` Միշտ Ներկայ
Վերջին տարիներուն, Լէոփար նաշխը միշտ ներկայ է ու նորաձեւ: Վերարկու ըլլայ, թէ հագուստ մինչեւ իսկ աքսեսուարներ` գլխարկ, պայուսակ, զարդեղէններ` ամէնուրեք ներկայ են:
Գունաւոր Եւ Նաշխուն Քոլաններ
Վերադաձած են 1980-ական թուականներու գունաւոր եւ նաշխուն կանացի գուլպաները, անոնք աւելի ոճային պիտի դարձնեն ձեզ:
Մեծ Գրպաններ
Ալ ինչո՞ւ պայուսակ կրել, երբ ձեր բաճկոնները օժտուած են բազմաթիւ մեծ գրպաններով, ուր կարելի է տեղաւորել բջիջայինը, դրամապանակը եւ այլ անհրաժեշտ իրեր:
Փետուրի Վերադարձը
Այո՛, յառաջիկայ եղանակին նորաձեւ համարուած է նաեւ փետուրը: Գունաւոր փետուրով պատրաստուած բաճկոններ, վերարկուներ, եւ գլխարկներ պիտի գոհացնեն համարձակ ոճի սիրահարները:
Քափեր
Քանի մը տարին անգամ մը լոյս աշխարհ կու գան պահարաններուն մէկ անկիւնը մնացած եւ մոռացութեան մատնուած քափերը, որոնք յաճախ նոյնքան գեղեցիկ ու վայելուչ են, որքան` վերարկուները: Եթէ դուք եւս քափ մը ունիք, մի՛ վարանիք զայն մէջտեղ հանելու ու գործածելու: Քանի մը կոճակի փոփոխութիւն, գեղեցիկ վզկապ մը կամ զարդասեղ մը կրնան նոր տեսք եւ թարմութիւն տալ անոր:
Խոհագիր
Ֆրիթթաթա
(Իտալական Ձուածեղ)
Բաղադրիչներ
– 4 հակիթ
– 1 մանրուած լոլիկ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած կանաչ սոխ
– 2 ստեպղին` քերոցէ անցած
– 2 դդում` քերոցէ անցած
– 3 ապուրի դգալ քերոցէ անցած դեղին պանիր
– 2 ապուրի դգալ ոլոռն
– 1 ապրուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– Բուսական իւղ
– Աղ, սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Տապակին յատակը բուսական իւղը դնել եւ, տաքնալէն ետք, նախ աւելցնել կանաչ սոխը, ապա յաջորդաբար` լոլիկը, ստեպղինը, դդումը, ոլոռնը եւ ազատքեղը:
Փոս ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթները, աւելցնել պանիրը, խառնել եւ համեմել:
Հաւկիթը աւելցնել բանջարեղէններուն վրայ, խառնել եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով, շուրջ 25 վայրկեան:
Կարելի է նշուած բանջարեղէնները փոխարինել պրոքոլիով, ծնեբեկով, շոմինով, սունկով եւ այլն…
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ղօղանջ Աւետիսի
Հազար ութ հարիւր վաթսունինն թուին
Հայոց այգիներն ի՞նչ պտուղ տուին.
Հայոց արտերում ի՞նչ բերք էր հասել,-
Դժուար է ասել:
Սակայն այդ թուին Մայր Հայաստանի
Արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն:
Մի մանուկ ծնուեց Լոռուայ Դսեղում…
Նա յետոյ պիտի դառնայ պատանի,
Եւ երիտասարդ, եւ այր իմաստուն,
Անբախտ Մարոյին լացով սպաննի,
Մեր հառաչանքը հասցընի Աստծուն:
Մրմուռից դաղուած նրա բերանով
Սարոյի նանը պիտի ողբ ասի,
Մսրա զօրքի հետ Դաւիթը խօսի,
Գիքորը կանչի. «էստի՜ համեցէք…»:
Նա պիտի երգի` ինչ է կամեցել
Իր մոխրակալած-հրակէզ հոգին
Եւ` որքան տրտում-նոյնքան կենսագին`
Տարիներ յետոյ նա պիտի դառնայ
Մի Ժողովրդի ազնիւ կենսագիր…
Միեւնոյն թուին, Լոռուց շատ հեռու`
Անատոլուի խաւար խորքերում
Մէկ ուրիշ մանուկ լոյս աշխարհ եկաւ:
Մինչ հայրը նրա` Գեւօն կօշկակար,
Գոգնոցը հանեց, արխալուղ հագաւ,
Հարեւան-դրկից` մի-մի շիշ օղով`
Նրա տուն մտան` աչքալուսանքի:
Յետոյ հերթն եկաւ կանանց հոսանքի.
Մի թաս խաւիծով կամ ձուածեղով`
Ծննդկանի շուրջ նստեցին նրանք`
Որդուն մաղթելով արեւշատութիւն,
Նորատի մօրը` շուտ ապաշխարանք,
Աղուորիկ մի հարս,
Բարի տատութիւն…
Պ. ՍԵՒԱԿ
Այսօր (26 սեպտեմբեր,1869) Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան օրն է: