Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Շատեր ունին այն սխալ կարծիքը, թէ երեխան գիրքի հետ պիտի ընտելանայ մանկապարտէզ յաճախելու տարիքին, իսկ կանուխ տարիքէն գիրք կարդալը կամ ձեռքը գիրք տալը բոլորովին անիմաստ է:
Իսկ դուք ի՞նչ կարծիքի էք, պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 6 հարցումներուն եւ ստուգեցէք, թէ որքանո՛վ ճիշդ ընթացքի մէջ էք…
-1-
Պէտք Է Սպասել, Որ Երեխան Քանի Մը Բառ Խօսի, Որպէսզի Անոր Պատմութիւններ Սկսինք Կարդալու
Սխալ. երբ երեխան արդէն քանի մը ամսու է, կարելի է անոր պատմութիւններ կարդալ եւ փափուկ, պատկերազարդ գիրքերու հետ ընտելացնել: Կանուխ տարիքին ներկայացուած գիրքը թէ՛ որպէս խաղալիք եւ թէ՛ որպէս հաճելի ժամանց կ՛ընկալուի մանուկին կողմէ: Մինչդեռ մանկապարտէզի տարիներուն կացութիւնը նոյնը չէ, հոն ան կարդալ պիտի սորվի, իսկ կարդալը պարտականութիւն կը դառնայ, եւ գիրք-հաճոյք կապը կը կորսուի:
-2-
Պէտք Է Այլազանել Մանուկին Կարդացուած Պատմութիւնները
Սխալ. երեխան կարիքը ունի նոյն գիրքը քանի մը անգամ տեսնելու եւ նոյն պատմութիւնը քանի մը անգամ լսելու, որպէսզի իւրացնէ բառերը, պատկերները, հերոսները: Երեխան կը պաշտէ նոյն պատմութիւնը քանի մը անգամ լսել եւ վերապրիլ նոյն հաճոյքը:
-3-
Գիշերուան Քունի Ժամը Լաւագոյն Պահն Է Երեխային Գիրք Կարդալու
Սխալ. օրուան բոլոր ժամերն ու վայրերը յարմար են երեխային գիրք կարդալու համար: Ճիշդ է, որ իրիկնային քունի արարողութեան հետ շատ դրական է պատմութեամբ մը աւարտել օրը, բայց նաեւ լոգանքի ժամանակ, նստասենեակը` գետին նստած կամ բնութեան մէջ, միշտ ալ կարելի է երեխային գիրք կարդալ կամ պատմութիւն պատմել` առանց տեղի եւ ժամի սահմանափակումներու:
-4-
Նախընտրելի Է, Որ Երեխան Առանձին «Խաղայ» Իր Գիրքերուն Հետ
Սխալ. ընտանիքին մէջ է, որ ընթերցումը իր լաւագոյն արդիւնքը կու տայ: Առանց ծնողներուն մասնակցութեան եւ ներդրումին` գիրքը նպատակի չի ծառայեր: Երբ գիրքը կը պեղէք ձեր երեխային հետ, ինքզինք առանձնաշնորհուած կը զգայ, նաեւ` արժեւորուած, քանի որ ձեր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած կ՛ըլլայ մի միայն իր վրայ:
-5-
Ընթերցումը Պէտք Է Դադրեցնել, Երբ Երեխան Ձանձրոյթի Նշաններ Ցուցաբերէ
Ճիշդ եւ սխալ. մի՛ մտահոգուիք, եթէ ձեր երեխան սկսի գիրքին էջերը արագ-արագ դարձնելու, անդադար շարժելու կամ շուրջը դիտելու: Պայման չէ, որ ասոնք ձանձրոյթի նշաններ ըլլան, պարզապէս յաւելեալ աշխուժութեան արդիւնք կրնայ ըլլալ… Այսուհանդերձ, մի՛ պնդէք եւ անոր դադար տուէք:
-6-
Գիրքը Միջոց Է` Երեխային Կարգ Մը Սխալ Սովորութիւնները Սրբագրելու
Ճիշդ. եթէ ձեր երեխան կը մերժէ ակռաները խոզանակել կամ իր մահճակալին մէջ պառկիլ, կարելի է գտնել գիրքեր, ուր լաւ սովորութիւններու մասին կը պատմեն եւ համապատասխան նկարներով պատկերազարդուած են: Գիրքերը կրնան նաեւ ձեր երեխային օգնել, որպէսզի ընդունի որոշ կացութիւններ, փոփոխութիւններ, ինչպէս` մանկամսուր յաճախել, նորածինի մը գալուստը «ընդունիլ», բաժանումի մը կամ կորուստի մը գաղափարին հետ հաշտուիլ եւ այլն…
Կին Դէմքեր
Արմինէ Յարութիւնեան
Արդէն շաբաթէ մը ի վեր համացանցի վրայ իսկական իրարանցում է: Նորաձեւութեան համաշխարհային կեդրոն Միլանոյի մէջ իտալական հանրայայտ ապրանքանիշի` «Կուչի»-ի 2020 տարուան գարուն-ամառ հաւաքածոյի ցուցադրութեան առաջին անգամ ըլլալով հայուհի մը մասնակցած է:
23 տարեկան Արմինէն կը պատմէ, որ ամէն բան շատ պատահական ու անսպասելի ձեւով եւ շատ հաճելի փորձառութիւն մըն էր իրեն համար:
Արմինէ Յարութիւնեանին վերաբերող լուրը, ինչպէս նաեւ իւրայատուկ տեսքով լուսանկարները թեր եւ դէմ կարծիքներու փոթորիկ մը ստեղծեցին համացանցին վրայ:
Հարցազրոյցի մը առիթով Արմինէն յայտնած է, որ սկիզբը շատ նեղուած է` տեսնելով համացանցի վրայ իր արտաքինին վերաբերող բացասական կարծիքներու տեղատարափը: «Սկիզբը շատ-շատ կը նեղուէի, բայց հիմա` ոչ, որովհետեւ կը հասկնամ, որ ամէն մարդ իր կարծիքը ունի, եւ ես չեմ կրնար ոչ ոքի կարծիքին վրայ ազդել: Անոնք զիս չեն ճանչնար եւ նոյնիսկ անձնական վիրաւորանքներ կ՛ուղղեն: Շատ տհաճ է: Կ՛երեւի` առաջին անգամն է, որ նման բան կը պատահի, եւ բոլորին ուշադրութիւնը իմ վրաս կեդրոնացած է, բոլորին մօտ ցնցում է, նոյնպէս ալ ես շօքի մէջ եմ»:
Արմինէն իր արտաքին տեսքին վրայ ոչ մէկ փոփոխութիւն ըրած է, հակառակ որ բարդոյթներ ունեցած է եւ փափաքած է դիմել այդ քայլին: «Բայց հասկցայ, որ կ՛ուզեմ տեսնել ինքզինքս, այնպէս, ինչպէս որ եմ, չեմ ուզեր փոխուիլ: Ես գոհ եմ ինքզինքէս», կը հաստատէ ան:
Նշենք, որ Արմինէ Յարութիւնեանը Երեւան կ՛ապրի: Մասնագիտութեամբ շարժապատկերի եւ թատրոնի նկարիչ է: Այժմ կ՛աշխատի որպէս կրեֆիք տիզայնըր: Իր իսկ խօսքերով, շատ կը սիրէ իր մասնագիտութիւնը եւ զայն փոխելու մասին չի մտածեր: «Հիմա ոչինչ չեմ մտածում, դեռ ուշքի չեմ գալիս…»:
Սննդագիտական
Օրական Մեղր Ուտելու
5 Համոզիչ Պատճառներ
-1-
Մեղրը Հարուստ Է Անթիօքսիտաններով
Մեղրը կը պարունակէ օրկանական թթուներ եւ այլ բաղադրիչներ, որոնց շնորհիւ անիկա կը համարուի հզօր անթիօքսիտան ուտելիք: Այս անթիօքսիտանները կը կարգաւորեն զարկերակային ճնշումը եւ կը նուազեցնեն սրտի հիւանդութիւններու, ուղեղի կաթուածի եւ տեսողական հարցերու զարգացման հաւանականութիւնը:
-2-
Մեղրը Կրնայ Փոխարինել Շաքարը
Մեղրը լաւագոյն փոխարինողն է շաքարը: Անիկա բնական ուտելիք է եւ շաքարին պէս վերամշակման չէ ենթարկուած: Բացի ասկէ` մեղրը կը պարունակէ սննդարար նիւթեր, հանքային աղեր եւ անթիօքսիտաններ, որոնք առկայ չեն շաքարին մէջ: Այսուհանդերձ, շաքարախտաւորները պէտք չէ զայն օգտագործեն` առանց իրենց բժիշկին հաւանութեան:
-3-
Մեղրը Կը Կարգաւորէ Քոլեսթերոլի Մակարդակը
Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ մեղրը կը նուազեցնէ վատ քոլեսթերոլի մակարդակը` միաժամանակ բարձրացնելով լաւ քոլեսթերոլինը:
-4-
Մեղրը Կը Նուազեցնէ Թրիկլիսերինի Մակարդակը
Արեան մէջ թրիկլիսերինի կամ ճարպերու մակարդակի բարձր ցուցանիշներու պարագային, յաճախ ի յայտ կու գան սրտի հետ կապուած անհանգստութիւններ: Այս վնասակար տարրերու մակարդակը կը բարձրանայ արեան մէջ շաքարի մակարդակի բարձրացման հետ, հետեւաբար որոշ գիտնականներ կ՛ենթադրեն, որ շաքարը մեղրով փոխարինելը կրնայ մասամբ նուազեցնել թրիկլիսերինի մակարդակը:
-5-
Մեղրը Կը Զօրացնէ Մարմնին Դիմադրողականութիւնը
Մեղրը ունի հակապաքթերիական յատկութիւններ:
Անիկա կ՛արգիլէ, որ մանրէները ապրին, տարածուին ու բազմանան: Եթէ անհանգիստ էք, մի՛ վարանիք օրական առաւօտեան ձեր թէյին կամ կաթին դգալ մը մեղր աւելցնելու. այսպիսով, ձեր մարմնին կ՛օգնէք, որ անիկա բնական անթիպիոթիքներով պայքարի մանրէներուն դէմ:
***
Բացի այս 5 պատճառներէն` յիշեցնենք, որ մեղրը կ՛օգնէ վէրքերու արագ սպիացման, կը դիւրացնէ մարսողութիւնը, կը պայքարի անքնութեան դէմ եւ կը դարմանէ կոկորդի ցաւը:
Այսուհանդերձ, պէտք է չափաւորել մեղրին օգտագործումը, քանի որ անիա շատ ջերմուժ կը պարունակէ (300 ջերմուժ` իւրաքանչիւր 100 կրամի մէջ):
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
-1-
Եթէ կ՛ուզէք առանց «լալու» սոխ կեղուել ու մանրել` ձեր բերնին մէջ քիչ մը ջուր հաւաքեցէք նախքան գործի լծուիլը: Մի՛ զարմանաք, ասիկա շատ ազդու միջոց է, կ՛արժէ փորձել:
-2-
Եթէ կարկանդակի պատրաստութեան ընթացքին կակուղ կարագ կը պահանջուի ձեզմէ, իսկ կարագը սառցարանն է, երբեք մանրալիք չգործածէք, այլ օգտագործեցէք պանիրի քերոցը, ձեր գործը շատ աւելի արագ կ՛ընթանայ:
-3-
Որպէսզի պտուղները աւելի երկար դիմանան, երկուքի կիսուած խցանի կտորներ զետեղեցէք անոնց կողովին մէջ: Խցանի կտորները կը ներծծեն խոնաւութիւնը, եւ պտուղները աւելի երկար ժամանակ թարմ կը մնան:
-4-
Որպէսզի գետնախնձորները երկար դիմանան ու չծլին, զանոնք պահեցէք համեմատաբար մութ եւ չոր տեղ մը եւ անոնց միջեւ խնձոր մը զետեղեցէք:
-5-
Անգամ մը որ անուշի շիշը բանաք, նոյնիսկ եթէ սառնարանը պահած էք, բորբոսի հետքեր կը յայտնուին: Այս անպատեհութեան առաջքը առնելու համար անուշին երեսը թեթեւ խաւ մը փոշի շաքար ցանեցէ՛ք: Շաքարը կ՛արգիլէ բորբոսի գոյացումը:
-6-
Որպէսզի ձեր միսի կտորը փափուկ եւ հիւթեղ ըլլայ, զայն 2 ժամ պահեցէք մէկ գաւաթ մածունի մէջ, որուն աւելցուցած ըլլաք` մէկ սուրճի դգալ կիտրոնի հիւթ, պտղունց մը քիմիոն եւ պճեղ մը ճզմուած սխտոր:
Խոհագիր
Մեղրով Եւ Ընկոյզով
Կարկանդակ
Բաղադրիչներ
125 կրամ ընկոյզ (հարիչէ անցած եւ փոշիի վերածուած)
50 կրամ մեղր
45 կրամ կակուղ կարագ
10 կրամ ալիւր
2 հաւկիթ
Կէս կիտրոնի տաշուք
1 թէյի դգալ կիտրոնի հիւթ
Կէս թէյի դգալ փոշի թթխմոր
Պտղունց մը կասիա
Պտղունց մը աղ
Ծորին համար`
90 կրամ մեղր
2 թէյի դգալ կիտրոնի հիւթ
Պատրաստութիւն
Բաղադրիչները խառնել եւ 20 սմ. տրամագիծով կաղապարի մը մէջ փոխադրել ու նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել շուրջ 35 վայրկեան: Կարկանդակը փուռէն հանելէ ետք, սպասել, որ ամբողջութեամբ պաղի, ապա պատառաքաղի մը միջոցով երեսը ծակծկել եւ տաք ծորը (90 կրամ տաք մեղրին աւելցնել 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթը եւ խառնել) վրան թափել, մինչեւ որ ամբողջութեամբ ներծծուի:
Զարդարել ընկոյզի կտորներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ծառը
Ձմեռ օրեր,
Երբ փոթորիկն ըլլար մըռայլ,
Ես կ՛երթայի` խորն ամայի դաշտերուն,
Ականջ տալու կէս-գիշերուան քրքիջին:
Սլա՞ցքն անոր…
Պերճ ու հպարտ, խաղաղութեամբ մը խորունկ,
Ան կ՛երկարէր արտասուահիւծ աստղերուն`
Բազուկներն իր հոլանի,
Զերդ պարմանի մ՛իր հարսին.
Գիշերին մէջ կը լսէի կարծես թէ`
Ձայնն իր զուլալ համբոյրին…
Ինծի համար,
Խորհրդանիշն էր ան Ուժին ու Կեանքին…
Եւ ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան…
Փոթորիկին դէմ իր քրքիջով`
Ան մտածումըս կը հանէր լեռնէ մը վեր…:
***
Անցեալ աշնան,
Օր մը յանկարծ մարդեր եկան
Խորն ամայի այն դաշտերուն,
Կացիններով, պարաններով…
Ուրուականնե՞ր էին կարմիր.
Կը խնդային վըհուկի պէս…:
Հսկայ մուրճովն իր արեւուն`
Աստուած դարեր աշխատեր էր անոր համար:
Այդ մարդերուն
Քանի մը ժամը բաւեց
Զայն խլելու իր յոգնաբեկ բազուկներէն…
Իր մահէն ետք,
Ա՛լ չգացի, երբ փոթորիկն եղաւ մռայլ,
Խորն ամայի դաշտերուն.
Մտածումս իջեր էր վա՜ր լեռներէն…
***
Հիմա աղուոր գարուն է.
Եւ անցեալ օր,
Մղում մ՛յամառ նորէն քայլերս ուղղեց հո՛ն,
Խորն ամայի այն դաշտերուն.
Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի…
Կացինահար ծառն էր նման շիրմաքարի
– Սեւ գերեզման մը խոժոռ,-
Բայց իր կողէն`
Արծուաթռիչ նիզակներու խրոխտանքով`
Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք:
Անոնց մէջէն
Նորափետուր թռչուններ ե՜րգ կ՛երգէին…
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ