Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Շատեր Օփրան կը ճանչնան որպէս Ամերիկայի ամենայայտնի հաղորդավարուհի, սակայն պատմութեան մէջ առաջին սեւամորթ միլիառատէր կինը արժանի է նաեւ, որ զինք յիշեն որպէս ամենաառատաձեռն անձնաւորութիւններէն մէկը:
Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Հարաւային Ափրիկէի մէջ կը գործէ Օփրայի հիմնած դպրոցը: Ան կ՛երազէ, որ աղքատ երկիրներու աղջիկները հնարաւորութիւն ունենան կրթութիւն ստանալու:
Այս դպրոցի իւրաքանչիւր վերջին զանգէն Օփրան անձամբ ներկայ կ՛ըլլայ եւ ամենափայլուն աշակերտներուն կ՛օգնէ ընդունուելու աշխարհի լաւագոյն համալսարանները: Կրթութեան զարգացման համար հաղորդավարուհին տրամադրած է արդէն իսկ աւելի քան 400 միլիոն տոլար: Ան որոշած է կանգ չառնել…
Օփրայի միտքերէն`
– «Կարեւոր չէ, թէ ո՛վ էք, ուրկէ՛ կու գաք: Յաղթանակելու կարողութիւնը կը սկսի ձեզմով»:
***
– «Կեանքէն կը ստանաք այն, ինչին համար համարձակութիւնը ունեցաք պահանջելու»:
***
– «Ամէն մարդ կը ցանկայ ձեզի հետ լիմուզին նստիլ, բայց դուք կ՛ուզէք ան, որ ձեզի հետ հանրաշարժ կը բարձրանայ, երբ լիմուզինը խանգարուի»:
***
– «Դուք ձեզ շրջապատեցէք մարդոցմով, որոնք ձեզ դէպի վեր պիտի բարձրացնեն»:
***
– «Կրնաս ամէն բան ունենալ, ոչ` բոլորը միաժամանակ»:
Առողջապահական.
6 Բան, Որ Պէտք Չէ Ընել
Ուտելէ Ետք
Իւրաքանչիւրիս մէջ ամրապնդուած են սխալ սովորութիւններ, որոնք յաճախ սխալ անդրադարձ կ՛ունենան մեր առողջութեան վրայ:
Պարզուած է, որ մեր վրայ կ՛ազդէ ոչ միայն այն, ինչ որ կ՛ուտենք, այլ նաեւ այն, ինչ կ՛ընենք ուտելէ ետք:
Մեր մարսողական համակարգը չափազանց զգայուն է, անոր հետ շատ լուրջ պէտք է վերաբերիլ մարսողութեան ճիշդ գործընթաց ապահովելու համար:
Պարզուած է 6 տարածուած բան, որ պէտք չէ ընել ուտելէ ետք, ինչպէս նաեւ` 3 բան, որ կարելի է ընել ուտելէ ետք:
Զբօսնել
Ունինք այն սխալ համոզումը, որ ուտելէ ետք կարելի է զբօսնել: Քալելը ջերմուժ վատնելու լաւ միջոց է, սակայն բժիշկները խորհուրդ կու տան ուտելէ ետք առնուազն 15-20 վայրկեան սպասել` նախքան քալելը. այլապէս մարմնին մէջ թթուային անհաւասարակշռութիւն եւ դժուարամարսութիւն կը կատարուի:
***
Պտուղ Ուտել
Կայ այնպիսի համոզում, որ պտուղը պէտք է ուտել աղանդերի փոխարէն` ուտելէ անմիջապէս ետք: Պտուղը աւելնալով ստամոքսին մէջ եղած ուտելիքին վրայ` կը խանգարէ մարսողութեան բնականոն ընթացքը: Պտուղը պէտք է ուտել ճաշէն մէկ ժամ առաջ կամ առնուազն 2 ժամ ետք:
***
Թէյ Խմել
Բժիշկները կը թելադրեն ուտելէ անմիջապէս ետք թէյ չխմել, քանի որ անոր պարունակած կարգ մը թթուները կը նուազեցնեն մեր կերածներուն օգտակարութիւնը` սննդական արժէքը:
***
Քնանալ
Մեզմէ շատեր կը սիրեն ուտելէ անմիջապէս ետք քնանալ, սակայն այս սովորութիւնը վնասակար է: Պառկած դիրքով մեծ է հաւանականութիւնը, որ ստամոքսահիւթին մէկ մասը ծորի դէպի կերակրափող: Ճիշդ այս պատճառով ալ շատեր այրոցներ կը զգան, երբ ուտելէ անմիջապէս ետք կը պառկին: Պէտք է քնանալ ուտելէ առնուազն 2 ժամ ետք:
***
Լոգնալ
Տաք լոգանքը կ՛արագացնէ արեան հոսքը դէպի մաշկի մակերեսը, հետեւաբար կը նուազի ստամոքսի հատուածի արեան քանակը: Կարելի է լոգնալ ուտելէ կէս կամ մէկ ժամ ետք:
***
Ծխել
Ուտելէ անմիջապէս ետք ծխելը կը վնասէ առողջութեան: Ծուխը կը գրգռէ ստամոքսը, կը խոչընդոտէ մարսողութիւնը եւ կը յանգեցնէ վատ ինքնազգացողութեան:
***
Իսկ ուտելէ ետք բժիշկները կը թելադրեն բաժակ մը գաղջ ջուր խմել, սեղանին շուրջ մնալ, զրուցել, իսկ եթէ յարմարութիւն կայ, օրուան հագուստներէն ձերբազատիլ եւ թոյլ ու հանգստաւէտ տնային զգեստ կրել: Այս պարզ սովորութիւնները կ՛օգնեն, որ մեր մարսողական համակարգը աւելի առողջ ըլլայ:
Նորաձեւութեան Աշխարհէն
4 Խորհուրդներ` Ձեւագէտ-Ոճաբան
Քարլ Լակըրֆելտէն
– 1
Հագուստ ընտրելու ատեն միշտ նկատի առէք ձեր կազմուածքը: Ամենագեղեցիկ հագուստն իսկ չ՛արժեր գնել, եթէ անիկա ձեր կազմուածքին չի յարմարիր:
– 2 –
Օգտագործեցէք պարզ բաներ: Հրաժարեցէք չափազանցուած աքսեսուարներէն, բազմաշերտ հագուստներէն, շեշտուած շպարներէն: Չմոռնաք, որ յարմարաւէտ շապիկ մը եւ լաւ հանգչած ճինզ մը բոլոր ժամանակներուն համար նորաձեւ են: Բնական գեղեցկութիւնը միշտ ալ աւելի գրաւիչ է, քան` արհեստականը:
– 3 –
Հագուեցէք եղանակին համապատասխան: Որպէս կանոն` յիշեցէք, որ գարնան եւ ամրան պէտք է վառ գոյներով հագուստ կրել, իսկ աշնան ու ձմրան` հանգիստ, խամրած երանգներ:
– 4 –
Ջանացէք սլացիկ կազմուածք ունենալ: Նորաձեւութիւնը նկատի ունի սլացիկ կազմուածքով կիները: Այդ իսկ պատճառով անոնց համար աւելի դիւրին է նորաձեւութեան հետ քայլ պահելը:
Յիշեցնենք, որ Լակըրֆելտ «Շանել» նորաձեւութեան տան տարիներու ոճաբանն էր: Ան մահացաւ անցեալ փետրուարին, 86 տարեկանին:
Այսուհետեւ Չթափէք
Նարինջի Կեղեւները
Արդէն նարինջի ժամանակ է. Սէ. կենսանիւթով հարուստ, հիւթեղ եւ համեղ նարինջը լաւագոյն զէնքն է կրիփին դէմ պայքարելու համար: Բայց գիտէ՞ք, թէ անոր կեղեւը նոյնքան օգտակար է. մի՛ թափէք զայն, այլ օգտագործեցէք ձեր առօրեայ կեանքին մէջ:
Կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշի մը 1/3 ճերմակ քացախ եւ 2/3 սովորական ջուր լեցուցէք, աւելցուցէք 2 նարինջի կեղեւ, կափարիչը փակեցէք եւ սպասեցէք 2 շաբաթ: Հեղուկը քամոցէ անցուցէք եւ լեցուցէք սփռիչ շիշի մէջ եւ օգտագործեցէք տան մաքրութեան համար: Անուշ բոյրով բնական այս հականեխիչը նաեւ կը հեռացնէ մրջիւնները:
Մարզական կօշիկները քրտինքի եւ խոնաւութեան պատճառով յաճախ գէշ կը հոտին: Երեկոյեան անոնց մէջ նարինջի կեղեւ զետեղեցէք եւ ամբողջ գիշերը ձգեցէք: Արդիւնքը պիտի գոհացնէ ձեզ:
Ձեր ակռաները շփեցէք նարինջի կեղեւով` զանոնք մաքրելու եւ սպիտակեցնելու համար: Նարինջի կեղեւը նաեւ կը չէզոքացնէ գէշ հոտող շունչը:
Կէս նարինջը այնպէս մը պարպել, որ պատրոյգի պէս բաժինը կեղեւէն չանջատուի: Կեղեւին մէջ ձէթ լեցուցէք, պատրոյգն ալ ձէթով ծեփեցէք, ու հրահանով մը վառեցէք:
Եթէ ձեր կատուն սովորութիւն ունի բոյսերու թաղարներուն մէջ միզելու, բոյսերուն տերեւները նարինջի կեղեւով շփեցէք (ամիսը անգամ մը) եւ կամ հողին երեսը կտրտուած նարինջի կեղեւ դրէք:
Խոհագիր
Չիրերով Քաղցրաւենիք
Բաղադրիչներ
– 100 կրամ սալորի չիր
– 100 կրամ ծիրանի չիր
– 100 կրամ չամիչ
– 100 կրամ կաղին
– 1 – 2 ապուրի դգալ մեղր
– Քաքաօ` ցանելու համար
Պատրաստութիւն
Թեթեւ կրակի վրայ կաղինը բովել` անընդհատ խառնելով: Չիրերը եւ կաղինը հարիչէ անցընել, աւելցնել մեղրը: Ստացուած զանգուածէն գնդիկներ ձեւաւորել, վրան մաղով քաքաօ ցանել եւ փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ:
Քաքաօն կարելի է փոխարինել շուշմայով կամ բովուած ու մանրուած կաղինով կամ նուշով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մոխրագոյն Աչքեր
Ինձ չի տուել հողը հայոց
Հնոց գեղերը հայուհու,
Ոչ սէգ հասակ, ոչ հուր հայեացք,
Ոչ հիւսքերի բոցեր հլու.
Պարգեւել է նա ինձ խորունկ
Զոյգ մոխրագոյն աչքեր միայն
Լցուած մոխրով իր դարերի,
Խորքում` անթեղը ներշնչման…
Հայկական աչքեր
Ո՛ւր էլ լինենք, ինչ դէմքի վրայ`
Խորշոմած մի մօր, թէ մանկան մի թուխ,
Յոգնած հարսների դէմքին արեւհար,
Հայկակա՛ն աչքեր, գեղեցի՜կ էք դուք:
Դուք, տեսած այդքան լաց ու արհաւիրք,
Ինչպէ՞ս կարեցաք դարերից այն հին
Մնալ այսքան մե՜ղմ, այսքան գեղեցի՜կ,
Այսքան գեղեցի՛կ նայել աշխարհին…
ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ