Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական Գիտելիքներ Պանիրի Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բոլորիս շատ սիրելի պանիրներուն մասին կան շատ հետաքրքրական գիտելիքներ. եկէք` ծանօթանանք անոնցմէ քանի մը հատին:

– Ֆրանսայի մէջ մարտ 27-ին կը նշուի պանիրի ազգային օրը: Նշենք, որ շատ հարուստ պանիրի տեսականի ունեցող Ֆրանսան արտադրութեան իմաստով աշխարհի մէջ երրորդ դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգներէն եւ Գերմանիայէն ետք:

***

– Պանիր մը ընդհանրապէս կը կրէ իր արտադրման վայրին անունը: Անոր համը կախեալ է կաթը արտադրող անասունէն, այդ անասունը շրջապատող բուսականութենէն, հողէն, կլիմայէն եւ տարուան եղանակէն:

***

– Կարգ մը պանիրներու մէջ գոյացած ծակերը գիտական բացատրութիւն ունի: Երբ կաթը պանիրի կը վերածուի, տիոքսիտ տը քարպոնի պղպջակներ կը գոյանան, որոնք օդի պարապութիւններ կը ստեղծեն եւ հետագային ծակերու կը վերածուին:

***

– Պանիրը օգտակար է ակռաներուն այն պարզ պատճառով, որ շատ հարուստ է քալսիոմով:

***

– Քնանալէ առաջ քանի մը կտոր պանիր ուտելը կ՛օգնէ աւելի հանգիստ եւ խոր քնանալու:

***

– 10 լիթր կաթ անհրաժեշտ է 1 քիլօ էմանթալ պանիր պատրաստելու համար, 2 լիթր` քամամպերի մը համար, իսկ 25 լիթր` երեքուկէս քիլօ պրիի մը համար:

***

– Մոցարելլա պանիրը ամէնէն աւելի սպառուող պանիրն է աշխարհի երեսին: Միայն «Փիցցա հաթ»-ը տարեկան 300 միլիոն քիլօ մոցարելլա կը գործածէ իր փիցցաներուն պատրաստութեան համար:

***

– Գոյութիւն ունի պանիրի կախուածութիւն: Այո՛, պանիրը ունի քազէին անունով բնասպիտ մը, որ մարսողութեան ժամանակ քազոմորֆին կ՛արտադրէ: 2015-ին փաստուած է, որ պանիրը, այնպէս` ինչպէս ծխախոտը եւ ալքոլը, կախուածութիւն կը յառաջացնէ:

***

– Պանիրի ֆոպիան թիրոֆոպի կը կոչուի: Աշխարհիս երեսին տարօրինակ ֆոպիաներ գոյութիւն ունին, որոնք յաճախ գէշ փորձառութեան մը հետեւանք են. իսկ պանիրինը թիրոֆոպի անունով ծանօթ է:

***

– Լսա՞ծ էք թիրոսեմիոֆիլիի մասին, որ պարզապէս պանիրի պիտակներու հաւաքածոյ պահելու սովորութիւնն է: Ֆրանսայի մէջ մինչեւ իսկ ակումբ գոյութիւն ունի աւելի քան 2000 անդամներով, իսկ ամէնէն մեծ հաւաքածոն կը հաշուէ շուրջ 200 հազար տարբեր տեսակի պիտակներ:

***

– Ամերիկացի գիտնականներու կարծիքով, ֆրանսացիք երկարակեաց են շնորհիւ պանիրին: Սփերմիտինով հարուստ ֆրանսական պանիրները հակաքաղցկեղային յատկութիւն ունին, անոնք կը պայքարին քաղցկեղային բջիջներու բազմացման դէմ:

Ճաշակով Մատուցելու
Արուեստը

Ճաշի սեղանի արուեստին քաջածանօթ անձեր տեւաբար կը շեշտեն ուտելիքներու ճաշակով մատուցման կարեւորութիւնը: Անոնց կարծիքով, սեղան բերուած ուտելիքները պէտք է մատուցուին ներկայանալի ամաններու մէջ` միշտ նկատի առնելով գոյներու, չափերու եւ տեսականիի համադրումն ու ներդաշնակութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը հետաքրքրական նմուշներ:

Ա.- Պանրեղէնի մատուցում

Պանիրները պէտք է շարել պանիրի համար նախատեսուած բաց ամանի մը վրայ: Օրէնքով 5 տեսակէն աւելիով պէտք չէ խճողել ամանը, զոր կարելի է զարդարել խաղողի փոքրիկ ողկոյզներով, ընկոյզով, խորոված հացի շերտերով եւ այլն…

Բ.- Խոզապուխտի տեսականիի մատուցում

Այս պարագային եւս ափսէի մը օգտագործումը պայման է, որպէսզի տեսականին գեղեցիկ ցուցադրուի: Կարելի է խոզապուխտներուն մէկ մասը ոլորել, ոմանց վրայ ցպիկներ հաստատել… Թելադրելի է զարդարանքի համար օգտագործել թոմաթ սըրիզ, թթուաշ, ձիթապտուղ եւ այլն…

Գ.- Հում բանջարեղէններու մատուցում

Հոս գոյներու այլազանութիւնն ու համադրումը շատ կարեւոր է: Ինչպէս նկարին վրայ կը տեսնենք, լաւ կ՛ըլլայ, որ նախ մատուցման ամանը ծածկենք հազարի տերեւներով եւ ապա աւելցնենք կտրտուած կամ լման բանջարեղէնները: Գոյներու այլազանութիւնը երանգապնակի տպաւորութիւնը պիտի հաղորդէ:

Դ.- Պտուղներու մատուցում

Հոս եւս գոյներու եւ համերու համադրումը շատ կարեւոր է:

Թելադրելի է, որ ներկայացուած բոլոր պտուղները կտրտուած ըլլան, որպէսզի իւրաքանչիւրը դիւրաւ առնէ իր նախասիրած կտորը:

Նախընտրելի է, որ մատուցուած պտուղները ըլլան թարմ ու եղանակի պտուղներ եւ խուսափիլ սառածներէն ու պահածոներէն:

Ֆրանսացի Շեֆին Խրատները

41 տարեկան ֆրանսացի շեֆ Սիրիլ Լինիաք Ֆրանսայի ամենանշանաւոր ծաղարարներէն մէկն է. ան Փարիզի 8 տարբեր թաղամասերու մէջ հրուշակեղէնի խանութ ունի, արժանացած է տասնեակ մը մրցանակներու եւ հեղինակ է շուրջ 40 գիրքերու:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք Լինիաքի խորհուրդները` համեղ եւ յաջող աղանդերներ պատրաստելու համար:

1.- Ալիւրը միշտ մաղել չափելէ առաջ, աւելի լաւ արդիւնք ձեռք բերելու համար:
2.- Չափելու համար գործածել մէկ տեսակի թէյի գաւաթ, սուրճի գաւաթ, ապուրի դգալ եւ թէյի դգալ:
3.- Խոհագիրի չափերուն բառացի հետեւիլ` առանց աւելցնելու կամ զեղչելու:
4.- Կշիռք ունենալ եւ միշտ օգտագործել:
5.- Այն կարկանդակները, որոնք իւղ կը պարունակեն, եփել միջակ ջերմաստիճանով 45 վայրկեան:
6.- Բնաւ իւղ չպարունակող (կամ շատ քիչ իւղ պարունակող) կարկանդակները եփել միջակ ջերմաստիճանով, 15 վայրկեան:
7.- Միշտ հաւկիթը լաւ զարնել յաջող կարկանդակ մը ունենալու համար:
8.- Կարկանդակին բաղադրիչները` հաւկիթը, կարագը, կաթը միշտ ժամանակ առաջ սառնարանէն հանել եւ սենեակի ջերմաստիճանով պահել:
9.- Ալիւրը հաւկիթին աւելցնելու ժամանակ միշտ փայտէ դգալ գործածել եւ շատ չխառնել:
10.- Ափսէն իւղելէ ետք ալիւր ցանել եւ յետոյ բաղադրութիւնը լեցնել:
11.- Կարկանդակին խմորը ափսէին մէջ տեղաւորելէ ետք նախապէս տաքցուած փուռին մէջ փոխադրել անմիջապէս:
12.- Կարկանդակը կտրելէ կամ զարդարելէ առաջ սպասել, որ շատ լաւ պաղի:
13.- Կարկանդակ պատրաստելը հաճոյք եւ վայելք է, պէտք է սիրով գործի լծուիլ. եթէ պարտականութեան համար կը պատրաստէք, նախընտրելի է, որ հրաժարիք:

Խոհագիր

 Պանանով Թխուածքներ

Բաղադրիչներ

– 2 բաժակ ալիւր
– 1 բաժակ շաքար
– 4 պանան
– Կէս թէյի դգալ կասիա
– 1 բաժակ ընկոյզ
– 1 հաւկիթ
– 100 կրամ կարագ
– 1,5 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր

Պատրաստութիւն

Կարագը հարել շաքարին եւ հաւկիթին հետ: Աւելցնել ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը եւ կասիան: Պանանները կեղուել, կտրատել եւ պատառաքաղով ճզմել, աւելցնել խմորին` մանրուած ընկոյզին հետ:

Թխման ափսէն յատուկ թուղթով ծածկել: Խմորը լեցնել հրուշակեղէնի տոպրակի մէջ եւ օղակաձեւ լեցնել ափսէին մէջ` իրարմէ որոշ հեռաւորութեամբ:

Ափսէն փոխադրել փուռ (նախապէս տաքցուած 180 ջերմաստիճանով) եւ եփել քառորդ ժամ:

Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ պաղի նախքան մատուցելը:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Յովհաննէս Շիրազի
«
Հայոց Դանթէական»-Էն

 Ո՜վ լռած ազգեր, նզովում եմ ձեզ:
Ոչ մի ազգի մահ ես չեմ ուզենայ,
Եթէ նա Հայոց մահը չուզենայ:
Օհ, քրիստոնեայ անՅիսուս ազգեր,
Ամօթ ձեզ:
Ամօթ, որ քար լռեցիք
Ու լռում էք դեռ` իբրեւ անծանօթ:
Դուք սուտ քուն տուած աղուէսի հօտի նման էիք լուռ,
Երբ թրատւում էր իմ ժողովուրդը:
Էլ ո՞ւր է մարդը` այն էլ ստեղծուած
Աստծոյ պատկերով:
Ով լիրբ լռութիւն, որ լռում ես դեռ,
Հիւսիսն` իր յաւերժ սառոյցների պէս,
Հարաւն` իր լուսնի մահիկի նման,
Արեւելքն` ինչպէս իր ծուխը ղեյլանի,
Արեւմուտքն` ինչպէս պոռնիկ անսահման:
Այնինչ, ով աշխարհ, թէ քո լրբենի այս չորս բերանով
Գոռայիր մի հեղ,
Պատեան կը փախչէր սուրը սուլթանի,
Չէր յորդայ այսքան արիւն խելայեղ:
Ով ժանտ մարդկութիւն, վիշապ օձաքիստ,
Դահիճ լռութիւն, քած դու անտարբեր,
Ո՞նց էիր հացդ կուլ տալիս հանգիստ,
Երբ մի ողջ ազգ էր գլխատւում անտէր:
Վիշտ չկիսողի վիշտը չեն կիսում,
Վշտով եմ ասում:
Այսօր մեզ հասաւ ձեռքով անասնի,
Վաղը, իմացէ՛ք, ձեզ պիտի հասնի,
Վիշտ չկիսածը վիշտ պիտի տեսնի:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>