Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ահա Համոզիչ Պատճառ Մը, Որպէսզի Այսուհետեւ Չգոռաք Ձեր Երեխային Վրայ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Խոստովանինք, որ երբեմն ստեղծուած է այնպիսի իրավիճակ, երբ մենք օգտագործած ենք պոռալու մեր ունակութիւնը` դաստիարակչական նպատակով: Երբեմն իսկապէս անհնար է խուսափիլ անկէ, քանի որ անիկա ամենաարագ գործող միջոցն է, որ կ՛օգնէ ազդել չարաճճի երեխայի վրայ:

Չմտածենք, որ գոռալով կրնանք կարգապահ դարձնել երեխան, փոխել անոր վարքագիծը. ասիկա ունի կարճաժամկէտ արդիւնք եւ կը յանգեցնէ երեխային կողմէ մեզի հանդէպ վստահութեան կորուստի:

Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք չէ գոռալ երեխային վրայ. երբ կը գոռանք, երեխան կը սկսի մեզմէ վախնալու: Անշուշտ այդ պահուն ան կ՛ընէ այն, ինչ որ պահանջեցինք իրմէ, բայց անոր մէջ կը սկսի մեզի հանդէպ վախ յառաջանալու: Մենք գոռալով կը կորսնցնենք իրավիճակի վերահսկողութիւնը, երեխան այլեւս չի կրնար մեզի վստահիլ, քանի որ մենք ցոյց տուած ենք մեր թերութիւններէն ամէնէն մեծը` չկարողանալ մենք մեզ զսպել:

Կարեկցանք եւ ըմբռնում ցուցաբերենք երեխային հանդէպ, եւ հաւանական է, որ ան հասուն տարիքին նոյն ձեւով վերաբերի մեզի հետ` հանդուրժողական եւ սիրալիր:

Բղաւոցը չօգտագործենք դաստիարակչական նպատակներով, այլապէս վախը կ՛ըլլայ միակ զգացումը, որ մեր երեխան կը զգայ մեզի հանդէպ: Մեր երեխաները նման են սպունգի, անոնք դիւրաւ կը կլանեն բացասական կամ դրական որեւէ բան:

Յիշենք այս ոսկի կանոնը` չդաստիարակենք մեր երեխանները, միեւնոյնն է անոնք մեզի պիտի նմանին, հետեւաբար դաստիարակենք մենք մեզ:

Հետաքրքարակն

 Պ. Սեւակի Հայրենի Գիւղի`
Զանգակատան, Խոհանոցի
Բազմազանութիւնը

Փոխինդ, բորանի, չիրով ճաշ, շեբով աղցան, կու կուտապ, Ալայազ… Ասոնք հայկական աւանդական այն կերակրատեսակներն են, որոնք բնորոշ են Արարատ մարզի Զանգակատուն համայնքի խոհանոցին:

Սեւակի ծննդեան 95 եւ համայնքի հիմնադրման 190-ամեակներու յոբելինական միջոցառման առիթով այս հետաքրքրական եւ նրբահամ ուտեստները ներկայացուեցան համայնքի բնակիչներուն եւ հիւրերուն:

Միջոցառման կազմակերպիչները ներկաներուն ներկայացուցին մատուցուած կերակուրներու պատրաստութեան եղանակն ու առանձնայատկութիւնները:

Օրինակ, բորանի պատրաստելու համար պէտք է մանր կտրատել դդումը, ջուր աւելցնել եւ այնքան եփել, մինչեւ որ ստացուի միատարր զանգուած մը: Այնուհետեւ եփած լուբիա, սիսեռ, ղաւուրմաով պատրաստուած սոխառած եւ կտրատած ծիրանաչիր աւելցնել, համեմել աղով-պղպեղով եւ շարունակել եփել: Մատուցելու ատեն պայման է շաքարաւազ աւելցնել:

Մնացեալ կերակրատեսակները նոյնպէս պատրաստուած էին ընդեղէններէ, կանաչեղէնէ, չիրերէ, այլ խօսքով` «համեստ», մատչելի եւ առողջապահական բաղադրիչներէ:

Առողջապահական

 Հանգստաւէտ Եւ Յարմարաւէտ Ննջասենեակ`
Ֆէնկ-Շուէյի Սկզբունքներէն Մեկնելով

Ննջասենեակը այն տեղն է, որ դուք կը հանգստանաք` հեւքոտ օրուան մը աւարտին: Կատարեալ հանգիստի համար ձեր սենեակին մէջ ամէն բան ներդաշնակ պէտք է ըլլայ, գոյներու համադրում, կահոյքի դիրք, մահճակալի որակ…

Մահճակալը

– Դուք պէտք է որակաւոր ներքնակ ունենաք:

– Ձեր մահճակալին տակ պէտք է պարապ տարածութիւն ըլլայ: Մի՛ օգտագործէք տակը դարակներով մահճակալ: Անոր տակ պէտք է պարապ ըլլայ, որպէսզի փոշի եւ աղտ չկուտակուի եւ դուք առիթ ունենաք մաքրելու:

– Ձեր մահճակալը պէտք է դուռէն հեռու ըլլայ:

– Մահճակալ պատուհանին տակ պէտք չէ ըլլայ, թող անիկա պատին տակ ըլլայ:

– Շատ կարեւոր է, որ ձեր մահճակալը հեռու ըլլայ ելեկտրական սարքերէն:

Բացասական Ներուժ

Ննջասենեակին մէջ խուսափեցէք բացասական ներուժ պատճառող երեւոյթներէ: Այսպէս`

– Հայելին հեռու դրէք մահճակալէն. պառկած ժամանակ դուք պէտք չէ տեսնէք ձեր արտացոլանքը:

– Ուշադիր եղէք լուսաւորութեան, անիկա պէտք չէ, որ ուղիղ մահճակալին վրայ ըլլայ:

– Ննջարանին մէջ պէտք չէ որ աքուարիոմ կամ ջուրով լեցուն ծաղկաման ըլլայ:

– Բացառուած են նաեւ բոյսերը, քանի որ անոնք ածխաթթու կազ կ՛արտադրեն:

– Հագուստներն ու կօշիկները պէտք չէ հոս-հոն թափառին այլ կոկուած ըլլան պահարանին մէջ:

Գոյներու Համադրում

– Թէեւ կրակի գոյնը թոյլատրելի է ննջասենեակի համար, սակայն նախապատուութիւնը տուէք փասթել գոյներուն, որոնք աւելի թուլացնող եւ հանգստացնող են:

Յիշեցէ՛ք

– Սենեակը որքան խճողուած ըլլայ, այնքան փոշին բոյն կը շինէ:

– Խճողուած ու գեղօրներով ու պատի զարդերով ծանրաբեռուած ննջասենեակը ձեզ կը դարձնէ ջղային ու լարուած:

– Պատերուն վրայ մի քանի ոգեշնչող նկար բաւարար են, որպէսզի դուք լաւ զգաք:

– Սենեակին օդը միշտ մաքուր պահեցէք. օրուան ընթացքին օդափոխեցէք զայն:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Սոխի, Սխտորի, Ձուկի Անախորժ
Հոտերը Չէզոքացնելու Համար

Ձեռքերուն վրայէն ձուկի, սոխի, ծխախոտի կամ սխտորի անախորժ հոտերէն ձերբազատելու բազմաթիւ միջոցներ կան.

ստորեւ կը ներկայացնենք հետաքրքրական տարբերակներ.

ա.- Ձեռքերը շփել սուրճի մրուրով:

բ.- Ձեռքերը շփել պէյքինկ սոտայով: Զանոնք նախ թրջել, ապա սոտայի մէջ թաթխել եւ շփել:

գ.- Ձեռքերը շփել կիտրոնի հիւթով կամ կիտրոնի կիսուած կտորով մը:

դ.- Կերակուրի աղը եւս լաւ տարբերակ է: Ձեռքերը նախ թրջել, ապա վրան աղ ցանել եւ շփել:

ե.- Ափերուն մէջ կտոր մը ակռայի դեղ դնել եւ 3 վայրկեան ձեռքերը շփել:

զ.- Ձեռքերը ցօղել քացախով. անձեռոցով չցամքեցնել զանոնք, այլ ձգել, որ ազատ օդին ինքնաբերաբար ցամքին:

Բրինձը Օգտագործելու
4 Հետաքրքրական Տարբերակներ

Ահաւասիկ 4 հետաքրքրական տարբերակ` հում բրինձը օգտագործելու:

Կերպընկալ «զիփ լոք» տոպրակի մը մէջ հում բրինձ լեցնել եւ սառցարան պահել: Զայն օգտագործել մկանային ցաւերը մեղմացնելու կամ կապտուկները դարմանելու համար:

***

Եթէ ձեր բջիջայինը ջուրի մէջ ինկած է, անմիջապէս մէջէն հանեցէք քարտն ու մարտկոցը եւ զայն մխրճեցէք հում բրինձի մէջ:

***

Եթէ շիշի մը կամ ծաղկամանի մը յատակը մաքրելու դժուարութիւն ունիք, ափ մը հում բրինձ, տաք ջուր եւ հեղուկ օճառ լեցուցէք եւ ամուր ցնցեցէք:

***

Ձեր հարիչին շեղբերը սրելու համար անոր մէջ 2 ափ հում բրինձ լեցուցէք եւ 5 վայրկեան աշխատցուցէք:

Խոհագիր

Արագ Պատրաստուող Աղանդեր`
Պաղպաղակով Եւ Կրկնեփով

Այս շատ արագ պատրաստուող աղանդերին համար պէտք ունիք քառանկիւնաձեւ կրկնեփի եւ երկու տեսակ պաղպաղակի (վանիլլալով եւ տուրմով):

Իւրաքանչիւր կտորի համար նկատի ունեցէք չորս կրկնեփ, որոնց մինչեւ պաղպաղակի 3 խաւեր պէտք է ունենաք:

Հրամցնելէ առաջ առնուազն կէս ժամ սառնարանը պահեցէք:

Կարելի է պաղպաղակի տեսակները փոխել` ըստ ճաշակի:

 Շաբթուան Մտածումները

Սօս Սարգսեանի Միտքերէն

– «Համը հանում եմ արդէն. էսքան ժամանակ ապրելն ո՞ւմ է պէտք: Յոգնել, յոգնեցրել եմ, ամէն ինչ իր ժամանակն ունի, չէ՞: Մահն էլ պիտի ժամանակին գայ, չի գալիս»:

– «Սովից ու ցրտից աւելի կործանարար է հոգեւոր աղքատութիւնը»:

– «Մարդ կայ ինքն իր հետ շախմատ է խաղում եւ բացակայ հակառակորդի քայլերը ակամայ յարմարեցնում է իրեն: Մինչդեռ իրական հակառակորդը միշտ կարող է մեզ համար անսպասելի քայլ անել, անդուր քայլ»:

– «Պէտք է ապրել երկու բանի համար` պէտք լինելու եւ գործելու»:

– «Մեծ մարդիկ, որ շատ լինեն, նրանց արժէքը կը կորի»:

– «Պէտք է միշտ յիշել հոգու կանչը` ինչը թելադրում, ուզում է…»:

– «Մեր ժողովուրդը դարձել է գանգատաբեր: Չի կարելի այսքան փնովել, շատ լաւ բաներ էլ են կատարւում»:

– «Մեր ապագան բզքտուած, չարչրկուած այս փոքրիկ հողակտորն է, մեր միակ յոյսն է, խնայե՛նք: Խնայենք ինքներս մեզ, խնայենք մերկացած ջղերով այս ժողովուրդին… Մտաւորականի համար չի կարող լինել` «վերեւի-ներքեւի» կողմ: Հայրենիքն ամբողջական հասկացողութիւն է:

Իրարհասկացողութեան ճամբան բռնենք»:

– «Ձէն եմ տալիս` ոչ ոք չի պատասխանում: Ոչ խորիկը կայ, ոչ Ֆրունզը, ձէն ձէնի տուած` գացին: Մէկ-մէկ նրանց ձայներն ականջովս են ընկնում, ուրախացած վեր եմ թռչում. լռութիւն է: Գիտէ՞ք սոսկալի բան է, երբ միտքդ ու սիրտդ ուրիշ տեղ են, դու` ուրիշ»:

– «Չեմ ընդունում այն բոլոր տրտունջները, թէ ջահելութիւնը լաւը չէ, թէ մեր նման չէ: Լաւ է, որ մեր նման չէ, որովհետեւ աւելի առաջադէմ է, աւելի ազատ ու համարձակ է: Ժամանակը զգացող է, այդ ժամանակի մէջ սեփական «ես»-ը հաստատող է: Ի հարկէ շատ խնդիրներ ունի ջահելութիւնը, բայց ինձ ուրախացնում եւ ոգեւորում է այն զարմանալի նուիրածութիւնը, որն ունի էս ջահելութիւնը»:

– «Մեր ամենամեծ ձեռքբերումը մեր բանակն է: Խոնարհում են այն մարդկանց առջեւ, ովքեր կարողացան մեր բանակը կառուցել»:

Այսօր (24 հոկտեմբեր 1929) դերասան Սօս Սարգսեանի ծննդեան օրն է:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>