Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Այսօր` 31 Հոկտեմբերը Աշխարհի Քաղաքներու Համաշխարհային Օրն Է

$
0
0

Պատրաստեց՛ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

2013-ին ՄԱԿ-ը 31 հոկտեմբերը հռչակեց որպէս Աշխարհի քաղաքներու համաշխարհային օր: Այս օրը առիթ է, որ մարդիկ գնահատեն իրենց քաղաքը, բայց նաեւ մտածեն զայն բարելաւելու մասին:

Լուրջ տուեալներու համաձայն, մինչեւ 2050 թուականը աշխարհի քաղաքներու բնակչութեան թիւը պիտի կրկնապատկուի, հետեւաբար պէտք է այժմէն լրջօրէն մտածել «Աւելի լաւ քաղաք, աւելի լաւ կեանք» կարգախօսին մասին:

Աշխարհի քաղաքներու համաշխարհային օրուան առիթով, եկէք, ճամբորդենք Գիւմրի եւ աւելի լաւ ճանչնանք զայն:

– Մինչեւ իր ներկայի անուանումը ստանալը` Գիւմրին կոչուած է Կումայրի, Ալեքսանդրապոլ, Լենինական:

***

– Գիւմրին կը համարուի Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը. շատեր զայն կը կոչեն հայրաքաղաք:

***

– Գիւմրիի մասին ամենահին յիշատակութեան կը հանդիպին Քսենոֆոնի «Անապասիս» գիրքին մէջ: Ան անցնելով Շիրակի դաշտավայրէն` տեսած է, որ մարդիկ կաւէ մեծ կարասներու մէջ պաղ ջուր եւ գարի կը պահեն:

***

– Գիւմրիի մէջ հիմնուած է առաջին հայկական թատրոնը եւ ցուցադրուած` առաջին օփերան:

***

– Գիւմրիի 3 բերդերը` Սեւ, Կարմիր եւ Պայտաձեւ, կանգուն են մինչեւ այսօր: Սեւ բերդէն ստորերկրեայ ուղիներ կառուցուած են դէպի «Մայր Հայաստան» արձանը եւ Կարմիր բերդ:

***

– «Մայր Հայաստան»-ի յուշարձանը կառուցուած է 1975-ին: Անիկա կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդին յաղթանակները: Կ՛ըսուի, թէ հայկական կողմէն դիտուած անիկա կ՛երեւի յաղթական կնոջ կերպարով իսկ թրքական կամ Արեւմտեան հատուածէն` անիկա յարձակող վիշապի կերպարանք ունի:

***

– Գիւմրիի եկեղեցիներէն մէկը տեղացիք անուանած են «Պլպլան ժամ». ռուսերու կողմէ կառուցուած այս եկեղեցիին գմբեթը մետաղեայ է եւ արշալոյսին կը սկսի փայլփլելու:

***

– Վարդանանց հրապարակը Գիւմրիի կեդրոնական եւ ամենամեծ հրապարակն է: Անոր յատուկ հմայք կու տան շատրուանները եւ Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած արձանախումբը, որ տեղադրուած է 2008-ին:

***

– Գիւմրիի պատմական կեդրոնը զարդարող քարէ սալիկները շարուած են 1940-ականներուն` գերմանացի ռազմագերիներու ձեռքով:

***

– Հայաստանի մէջ գործող ամենահին սափրատունը կառուցուած է 1941-ին, Գիւմրիի մէջ: Անիկա գրեթէ նոյնութեամբ պահպանուած է:

***

– Ռուս բանաստեղծ Ա. Պուշկինը 1829-ին  այցելած է Գիւմրի: Պուշկինի այցելութեան յիշատակին նուիրուած յուշակոթողը կառուցուած է խորհրդային տարիներուն:

***

– Պոլոզ Մուկուչը Գիւմրիի ամենայայտնի ու սիրուած կատակասէրներէն մէկն է: Անոր կատակներն ու հեքիաթները դարձած են խորհրդանիշ քաղաքին համար եւ կատակի ու հպարտութեան աղբիւր` բնակիչներուն համար: Պ. Մուկուչի արձանը զետեղուած է Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մօտակայ զբօսայգիին մէջ:

***

– Վարպետաց փողոցը Գիւմրիի այցեքարտերէն մէկն է: Հոն կը գտնուին երեք մեծ գիւմրեցիներու` Յ. Շիրազի, Ա. Իսահակեանի եւ Մ. Մկրտչեանի թանգարանները:

***

– Գիւմրին անսպառ նիւթ է, անիկա իւրայատուկ ճարտարապետութեան, հզօր մշակութային կենսագրութեան, անկրկնելի մտաւորականներու մայրաքաղաքն է, որուն մասին կարելի է անսահման խօսիլ ու գրել: Եթէ մէկ անգամ հոն այցելէք, ան կը ստիպէ ձեզ` կրկին ու կրկին վերադառնալ:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

 Օգտակար Սահմանափակումներ`
Առողջ Եւ Երջանիկ Երեխայ Մեծցնելու Համար

Յաճախ ծնողները կը կարծեն, որ երեխան սահմանափակումներ պէտք չէ ունենայ եւ ամէն ինչ պէտք է ստանայ ուրախ մեծնալու համար: Դաստիարակման այս մեթոտը կրնայ հետագային լուրջ դժուարութիւններ ստեղծել եւ երեխան դարձնել եսակեդրոն, անձնասէր եւ ոչ ինքնուրոյն:

Ստորեւ` օգտակար սահմանափակումներ, որոնց շնորհիւ երեխան կը վայելէ իր մանկութիւնը եւ կը մեծնայ առողջ ու երջանիկ:

– Երեխան ներել չի սորվիր, եթէ չըլլայ ոեւէ մէկը, որուն ան պէտք է ներէ:

– Երեխան չի սորվիր համբերատար ըլլալ, կամ սպասել ցանկութեան իրականացմանը, եթէ միշտ անմիջապէս ստանայ այն, ինչ կ՛ուզէ:

– Երեխան համագործակցիլ չի սորվիր, եթէ ամէն ինչ միշտ ընթանայ իր ուզածին պէս:

– Երեխան չի զարգացներ սեփական ստեղծագործական ներուժը, եթէ ամէն բան իրեն փոխարէն ուրիշներ կատարեն:

– Երեխան չի սորվիր կարեկցիլ ու յարգել, եթէ ան չտեսնէ ցաւ ապրող եւ անյաջողութիւններ ունեցող մարդիկ:

– Երեխան խիզախ ու լաւատես չ՛ըլլար, եթէ չստիպուի դէմ յանդիման կանգնիլ ձախորդութիւններու:

– Երեխան յամառ եւ ուժեղ չի դառնար, եթէ ամէն բան դիւրութեամբ տրուի:

– Երեխան սխալները սրբագրել չի սորվիր, եթէ անոր ծանօթ չեն դժուարութիւնները, անյաջողութիւններն ու սխալները:

– Երեխան չի զարգացներ սեփական արժանապատուութեան զգացողութիւնն ու առողջ հպարտութիւնը, եթէ երբեք ստիպուած չըլլայ խոչընդոտներ յաղթահարել եւ որեւէ նպատակի հասնիլ:

– Երեխան երբեք նպատակասլաց չի դառնար, եթէ չունենայ հեղինակութեան դիմակալելու եւ ցանկալիին հասնելու հնարաւորութիւն:

Ձեր երեխան ոսկեայ վանդակի մէջ մի՛ պահէք, առիթ տուէք, որ կեանքի դժուարութիւններուն ծանօթանայ, մասնակից դառնայ եւ ինքնուրոյն յաղթահարէ զանոնք: Ապագային անոնք երախտապարտ կ՛ըլլան ձեզի:

 5 Հոպիներ, Որոնք Կը Բարելաւեն
Ձեր Իմացական Կարողութիւնները

-1-

Խորհրդածութիւն (Meditation)

Մարդիկ խորհրդածութեամբ կը զբաղին, որպէսզի վերահսկեն իրենց բանականութիւնը, ձերբազատին ընկճախտէ եւ հանգստանան: Խորհրդածելով` դուք նաեւ կը ձերբազատիք գէշ սովորութիւններէ, կը բարելաւէք ձեր կեդրոնացումն ու յիշողութիւնը, մէկ խօսքով, կը դառնաք աւելի ուրախ:

-2-

Օտար Լեզուներ Սորվիլ

Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ երկու կամ աւելի լեզուներու տիրապետողը աւելի լաւ գլուխկոտրուկներ կը լուծէ, քան անոնք, որոնք մէկ լեզու գիտեն: Իւրաքանչիւր լեզու իր սեփական կառուցուածքն ու մտածելակերպն ունի, երբ ձեր ուղեղին վրայ այդ մտածողութեան ազդեցութիւնը կ՛ընդլայնէ անոր հնարաւորութիւնները:

-3-

Երաժշտական Գործիք Մը Նուագել

Ասիկա ձեր ուղեղը մարզելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է: Բազմաթիւ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ երաժիշտներուն մoտ աւելի զարգացած են ստեղծագործական եւ ճանաչողական ունակութիւնները: Անկախ անկէ, թէ դուք քանի՛ տարեկան էք, դուք կրնաք աւելի խելացի դառնալ, եթէ որեւէ երաժշտական գործիք նուագել սորվիք:

-4-

Գիրք Կարդալ

Կապ չունի, թէ ի՛նչ կը կարդաք, միեւնոյնն է, կարդալը միայն կ՛օգնէ: Ընթերցումը կը նուազեցնէ ընկճախտը, կը բարելաւէ ինքնընկալումը, կ՛ընդլայնէ ձեր աշխարհայեացքը եւ կ՛օգնէ, որ առօրեայ կեանքի մէջ ճիշդ լուծումներ գտնէք:

-5-

Մարզանք Ընել

Շատեր կը մտածեն, որ մարզանքը միայն մարմնին կ՛օգնէ: Իրականութեան մէջ մարզանքի տարբեր տեսակներ կը զօրացնեն ձեր կեդրոնացումը, յիշողութիւնը եւ ընկալունակութիւնը: Հետեւաբար յաճախ լողացէք, հեծանիւ քշեցէք, կողովագնդակ խաղացէք խթանելու համար ձեր ուղեղին գործունէութիւնը:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
5
Հնարքներ

-1-

Լուացարանը եւ լոգարանը մաքրելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է քարաղը:

-2-

Բնական մարգրիտը մաքրելու համար լուալ օճառ-ջուրով, ապա ցօղուել:

-3-

Ճանճերը տունէն հեռացնելու համար դուռերուն եւ պատուհաններուն շրջանակները քացախով շփեցէք:

-4-

Ամէն անգամ, որ ծաղկամանին մէջ ջուր կը լեցնէք, քանի մը հատիկ քարաղ աւելցուցէք ջուրին մէջի կիրը չէզոքացնելու համար:

-5-

Ոսկեայ զարդեղէնները փայլեցնելու համար զանոնք ամբողջ գիշեր մը շաքար-ջուրի մէջ մխրճեցէք:

Խոհագիր

Հնդկընկոյզով Աղանդեր

Բաղադրութիւն

3 գաւաթ հնդկընկոյզի փաթիլներ
1/4 գաւաթ ալիւր
1/2 գաւաթ շաքար
2 հաւկիթի ճերմկուց
1/2 թէյի դգալ հեղուկ վանիլա
Պտղունց մը աղ
1 կիտրոնի կեղեւի տաշուք

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ հարել հաւկիթին ճերմկուցները` պտղունց մը աղի հետ: Քիչ-քիչ աւելցնել շաքարը, վանիլան եւ շարունակել հարել, յետոյ աւելցնել հնդկընկոյզի փաթիլները, ալիւրը եւ կիտրոնի տաշուքը եւ խառնել փայտեայ դգալով մը:

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Առնել փուռ գացող ափսէ մը, զայն ծածկել իւղաթուղթով եւ վրան շարել խմորի գունդերը` իրարմէ 2-3 սմ հեռու: Եփել, մինչեւ որ գունդերը ոսկեգոյն դառնան:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Գիւմրի – Լենինական

Հայաստանի աղն ես, Գիւմրի,
Դու խօսքաշէն, սրամիտ,
Ճշմարտութեան մաղն ես, Գիւմրի,
Դու իմաստուն, միամիտ:

Աղջիկներդ տնարար են,
Անմահութեան օրօրոց,
Տղաներդ շինարար են,
Դու հանճարեղ քարագործ:

Դու իմ Գիւմրի, Լենինական դու իմ նոր,
Արագածին բազմած արծիւ փառաւոր:
Դու երգարան Հայաստանի,
Երգիչների ակնաղբիւր,
Հերիք է լա քաղաքն Անի,
Ել, մի կեանք էլ նրան տուր:
Արագածդ արքայական
Ոսկէ թագն է քո հողի.
Քո մի քարն էլ Լենինական,
Աշխարհի հետ չեմ փոխի:
Դու իմ Գիւմրի, Լենինական դու իմ նոր,
Արագածին բազմած արծիւ փառաւոր:
Դու իմ անուշ ծննդավայր,
Շիրազամայր իմ Գիւմրի,
Դու մի բուռ ես, բայց մի աշխարհ.
Դու իմ արծիւ, իմ ղումրի:
Շիրազն ասաց` գիշեր ու տիւ
Քեզ եմ երգում, իմ Շիրակ,
Արագածին բազմած արծիւ,
Յաւերժ կ՛ապրես իմ քաղաք:
Դու իմ Գիւմրի, Լենինական դու իմ նոր,
Արագածին բազմած արծիւ փառաւոր:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>