Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է, որ ճարպակալումն ու ծխախոտի գործածութիւնը կը բարձրացնեն ուղեղի կաթուածի հաւանականութիւնը, սակայն ասոնք կաթուածի զարգացման նպաստող միակ գործօնները չեն: Գերմանացի գիտնականներ ներկայացուցած են ուղեղի կաթուածի զարգացման հաւանականութիւնը բարձրացնող այն գործօնները, զորս մարդիկ յաճախ կ՛անտեսեն:
– 1 –
Յաւելեալ Աշխատանք
Անկանոն աշխատանքային կշռոյթը եւ ծանրաբեռնուածութիւնը կը վնասեն առողջութեան: Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ շաբաթական աւելի քան 55 ժամ աշխատող մարդոց մօտ ուղեղի կաթուածի զարգացման հաւանականութիւնը 33 առ հարիւրով աւելի բարձր է, քան շաբաթական 40 ժամ աշխատող մարդոց մօտ:
– 2 –
Աղմուկ
Դանիացի գիտնականները պարզած են, որ 65-ը թեւակոխած անձերուն մօտ ուղեղի կաթուածի հաւանականութիւնը աստիճանաբար կը բարձրանայ անոնց բնակութեան վայրի աղմուկի մակարդակի բարձրացման հետ: Այսպէս, 10 տեսիպելով աղմուկի բարձրացումի պարագային, ուղեղի կաթուածի հաւանականութիւնը կը բարձրանայ 27 առ հարիւրով:
– 3 –
Կազաւորուած Ըմպելիքներ
50 տարեկանէն վեր աւելի քան 80 հազար կնոջ մասնակցութեամբ հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ օրական երկու բաժակ շաքար չպարունակող կազաւորուած քաղցր ըմպելիքի գործածութիւնը կը բարձրացնէ վաղաժամ մահուան եւ կաթուածի հաւանականութիւնը մէկ երրորդով:
– 4 –
Ծանրութեան Տատանումներ
Հարաւքորէացի գիտնականները յանգած են այն եզրակացութեան, որ ծանրութեան զգալի տատանումները առողջութեան համար նոյնքան վտանգաւոր են, որքան` բարձր զարկերակի ճնշումը, ինչպէս նաեւ` արեան մէջ քոլեսթերոլի եւ շաքարի բարձր մակարդակները: Կեանքի ընթացքին ծանրութեան մշտական տատանումները ուղեղի կաթուածի հաւանականութիւնը կը բարձրացնեն 41 առ հարիւր տոկոսով:
– 5 –
Կրիփ
Կրիփը բաւական վտանգաւոր ժահրային հիւանդութիւն է. վարակուելու պարագային, պէտք է զգօն ըլլալ: Ամերիկացի գիտնականները հետեւած են կրիփի աշխատանշաններով հիւանդանոց փոխադրուած անձերու եւ` նկատած, որ յառաջիկայ 15 օրերու ընթացքին անոնց մօտ ուղեղի կաթուածի հաւանականութիւնը բարձրացած է 40 առ հարիւրով:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
«Անուշահոտը`
Մեր Երկրորդ Հագուստը»
Անուշահոտերը ունին հոտառական հագուստ մը, որ կը քողազերծէ մեր անհատականութիւնը, մեր յոյզերը: Դժբախտաբար միշտ ալ դիւրին չէ գտնել մեր մորթին յարմարող, մեր ինքնուրոյնութիւնը բացայայտող անուշահոտը:
Եկէք` ստուգենք մեր գիտելիքները, թերեւս աւելի դիւրին գտնենք մեր սրտին խօսող եւ մեր մորթին յարմարող տեսակը:
Անուշահոտի մը բոյրը մորթէ մորթ կը տարբերի:
Ճիշդ. տարբեր տեսակի մորթեր տարբեր ձեւով կը հակազդեն տուեալ անուշահոտի մը: Այսպէս, իւղոտ մորթերը աւելի արագ եւ աւելի լաւ կը ներծծեն բոյրերը, մինչդեռ չոր մորթերը նոյնքան լաւ եւ նոյնքան երկար չեն պահպաներ զանոնք:
Ահա թէ ինչո՛ւ անուշահոտը փորձելու ատեն զայն սրսկեցէք ձեր դաստակին եւ կէս ժամ սպասեցէք նախքան եզրակացութեան մը յանգիլը:
***
Անուշահոտերու բաղադրութիւններուն միջեւ մեծ տարբերութիւն չկայ:
Սխալ. «Օ տը թուալեթ» տեսակները պէտք է գործածել օրուան ընթացքին եւ ընդհանրապէս տաք եղանակներուն, քանի որ անոնք աւելի մեղմ են, մինչդեռ «Օ տը փարֆէօն»-ները կամ «փարֆէօն»-ները յանձնարարելի են գիշերային հաւաքոյթներուն եւ զով ու ցուրտ եղանակներուն:
***
Անուշահոտ կարելի է սրսկել մարմնին զանազան մասերուն վրայ:
Ճիշդ. սակայն թելադրելի է ընտրել առաւելաբար ջերմ կէտերը` վիզը, ծոծրակը, դաստակը, ծունկերուն ետեւը, քունքերը եւ այլն…
Բացի մարմնէն` անուշահոտ կարելի է սրսկել սաւանեղէնին, բարձին, թաշկինակին կամ ճերմակեղէններուն վրայ:
***
Թելադրելի է խուսափիլ մազերուն վրայ անուշահոտ սփռելէ:
Սխալ. անուշահոտով կարելի է օծել նոյնիսկ մազերը: Կարճ մազերու պարագային, զայն սրսկեցէք մազերու արմատներուն, երկար մազերու պարագային` ծայրամասերուն:
***
Գոյութիւն ունին բազմաթիւ հոտառական ընտանիքներ:
Ճիշդ. անուշահոտերը դասուած են 7 հոտառական ընտանիքներու.
– «Սիթրիւսային» հիմքով տեսակները,
– Ծաղիկներու հիմքով տեսակները եւ այլն…
***
Իւրաքանչիւր անուշահոտ կը համապատասխանէ որոշ կանացի ոճի մը:
Ճիշդ. յանդուգն եւ ինքնավստահ կիներ կ՛ընտրեն թարմ եւ ծաղկաւէտ բոյրերը, լաւատես կիներ` ծաղիկ-պտուղ խառնուրդները, խորհրդաւոր կիներ` արեւելեան տարբերակները…
***
Անուշահոտը կարելի է պահել ամէնուրեք:
Սխալ. անուշահոտը չ՛ախորժիր լոյսէն, ջերմաստիճանի փոփոխութիւններէն, խոնաւութենէն: Իր ծրարին մէջ եւ լաւ պայմաններով պահուած անուշահոտ մը 2 – 5 տարի կ՛ապրի:
***
Եկէք` ծանօթանանք աստղերու նախասիրած օծանելիքներուն.
Ճեսիքա Ալպա, Մարիլին Մոնրօ` «Շանել 5»
Քէյթ Միտլթըն` «Ֆլէօրիսիմօ տը քրիտ»
Ռիհանա` «Մուն սփարքլ – Էսքատա»
Քիմ Քարտաշեան` «Ռոզ տը Քլոէ»
Սելենա Կոմեզ` «Տէյզի – Մարք Ճեքոպս»
Մոնիքա Պելուչի` «Շալիմար – Կերլեն»
Քարլա Պրիւնի` «Էօֆորիա – Քալվըն Քլէյն»
Անթոնիօ Պանտերաս` «Օ սովաժ – Տիոր»
Առնոլտ Շուացընեկեր` «Փուր էօն հոմ» – Քարոն»
Պրուս Ուիլիս` «Թիերի Մակլըր»
Իսկ ձեզի ծանօթ են կանացի անժամանցելի 5 օծանելիքները.
1.- Շանելի «Թիւ 5»-ը:
2.- Կերլենի «Շալիմար»-ը:
3.- Իվ Սեն Լորանի «Օփիոմ»-ը:
4.- Թիերի Մակլըրի` «Էնճըլ»-ը:
5.- Քրիսթիան Տիորի «Ժ՛ատոր»-ը:
Քանի Մը Տողով
Հայաստանի Դրօշին Գոյներով
Շաքարի Քանդակը Փարիզի Մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյներով շաքարի քանդակը ամբողջ ամիս մը (հոկտեմբեր 15-էն նոյեմբեր 14) պիտի զարդարէ Փարիզի ծանօթ Ժորժ 5 պողոտան:
Արդարեւ, Լորընս Զենքելի 50 ստեղծագործութիւնները, որոնց կարգին` «Շաքար. Հայաստանի դրօշ» քանդակը կը ցուցադրուին բաց երկինքի տակ:
Ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն խօսքով, ցուցադրութեան նպատակն է խորհրդանիշ դառնալ Փարիզի մշակոյթի նոր էջին:
Բացօթեայ այս ցուցահանդէսը հնարաւորութիւն պիտի տայ կոտրելու արդի մշակոյթի վերաբերեալ կարծրատիպը, որ յաճախ անհասանելի համարուած է:
Արմինէ Յարութիւնեանին Նոր Նուաճումը
Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող «Մերսետես Պինզ Ֆեշըն Ուիք»-ի ցուցադրութիւններէն մէկուն ընթացքին անգամ մը եւս փայլեցաւ հայ նորայայտ բնորդ Արմինէ Յարութիւնեանը, որ անցեալ սեպտեմբերին նորաձեւութեան հասարակութիւնը տպաւորեր էր Միլանոյի մէջ կայացած «Կուչի» նորաձեւութեան տան ցուցադրութեան ժամանակ:
Այսպէս, Թիֆլիսի մէջ Արմինէն ներկայացուց «Տելմոտ» ապրանքանիշի նմուշներ, իսկ «Վոկ Ֆրանս» ամսաթերթը արդէն իսկ հրապարակած է անոր լուսանկարը:
«Տիեզերք» Գորգը Վաճառուեցաւ
30 Հազար Տոլարով
Նոյեմբեր 3-ին Քալիֆորնիոյ «Տը Կլենտէյլ Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիք, եւ աճուրդի դրուած «Տիեզերք» հայկական գորգը վաճառուեցաւ 30 հազար տոլարի: Գումարը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն սրճարանի եւ ուսումնական կեդրոնի կառուցման:
Յիշեցնենք, որ գորգը գործեցին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսները. գորգագործութեան աշխատանքներուն միացան` վարչապետ Փաշինեանը, Տիգրան Մանսուրեանը, Ջիւան Գասպարեանը, Մալխասը, ուսանողներ, ոստիկաններ, բժիշկներ եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Այս գնահատելի նախաձեռնութեան ետին էին Մկրեան ընտանիքը եւ Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնը:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
Եթէ հրահանով մոմը վառելու դժուարութիւն ունիք, պարզապէս դդմաճի ձողիկ մը օգտագործեցէք: Նոյն հնարքին կրնաք դիմել, եթէ երկարավիզ հրահան չունիք փուռը վառելու համար:
***
Ձեր բանալիները զանազանելու համար տարբեր գոյներով ներկեցէք զանոնք` պարզապէս օգտագործելով եղունգի ներկերը:
***
Ձեր զաւակներուն պահարանին կամ մահճակալին վրայ փակցուած սթիքըրները հանելու համար օգտագործեցէք մազ չորցնող ելեկտրական գործիքին տաք հովը եւ կերպընկալ բահիկ մը:
***
Եթէ «զիփ լոք» տոպրակ մը կ՛ուզէք երկուքի բաժնել, կարագի դանակի մը կոր ծայրամասը կրակին վրայ տաքցուցէք, ապա տոպրակը կիսեցէք: Այսպիսով կ՛ունենաք երկու պզտիկ տոպրակներ:
***
Դանակ սրելիք չունի՞ք, շրջեցէք ձեր մակը (կոթով, երկարավիզ գաւաթը) եւ անոր տակի բաժինով սրեցէք ձեր մկրատին կամ դանակին շեղբը: Նկարը բաւարար խօսուն է:
Խոհագիր
Համեղ Քափքէյք
Բաղադրութիւն
– 50 կրամ կարագ
– 50 մլ կաթ
– 80 կրամ շաքար
– 125 կրամ ալիւր
– 2 հաւկիթ
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– Քիչ մը վանիլ
– 1 թէյի դգալ քաքաօ
– 1 թէյի դգալ կիտրոնի հիւթ
Պատրաստութիւն
Հաւկիթները եւ շաքարը հարելէ ետք, քիչ-քիչ աւելցնել մնացեալ բաղադրիչները` բացի քաքաոյէն:
Ստացուած խմորէն քիչ բաժին մը առնել եւ քաքաոյով խառնել:
Քափքէյքի յատուկ թուղթէ կաղապարները լեցնել ճերմակ խմորով, ապա դգալի միջոցով քաքաոյով խմորէն քիչ-քիչ առնել եւ իւրաքանչիւր կաղապարի երեսը զարդարել:
Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 25-50 վայրկեան` 160 ջերմաստիճանով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
«Էմալէ Պրոֆիլը Ձեր» Շարքից
Սոնետ
* * *
Ես ձեզ ինչպէ՞ս չսիրեմ: – Դուք արուեստ էք ու հոգի:
Օ, կարելի՞ է արդեօք պրոֆիլը Ձեր չսիրել:
Ով երգ ունի իր սրտում ու սովոր է գեղեցկի,
Նա պարտաւոր է Ձեզ բիւր, հազար երգեր նուիրել:
Դուք այնպէս մե՜ղմ էք խօսում: Երբ Դուք կարդում էք, տիկի՛ն,
Ձեր շրթունքերը գունատ նմանւում են յասմիկի:
Եւ Ձեր աչքերը, գիտէ՞ք, առանց ներքին կրակի,
Լուսաշող են` Ձեր կրծքի քարերի պէս թանկագին:
Իսկ երբ ականջ եմ դնում ես Ձեր թեթեւ քայլերին,
Թւում է ինձ, թէ նոքա տրիոլետներ են երգում,
Եւ այդ երգով հմայուած` սիրտս տխրում է լռին:
Եւ Դուք գիտէ՞ք, որ սիրով հիւանդացած իմ հոգում
Ես միշտ լսում եմ թեթեւ, թաւ թրթիռներ ջութակի
Եւ համբուրում եմ ես Ձեր բարակ մատներն ապակի:
ՉԱՐԵՆՑ