Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Փորձ-Հարցարան. Զաւակ-Մայր Յարաբերութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Որպէս մայր` ինչպէ՞ս կը վարուիք ձեր զաւկին հետ, երբ ան դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ կամ ձեր կարծիքին կը դիմէ: Որպէս մայր` ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք ձեր դերը… Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն` ընտրելով հաւանական երեք պատասխաններէն մէկը, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Ձեր զաւակը առանց պատճառի խռոված կ՛երեւի:

ա.- Հետը կ՛առանձնանաք եւ բացատրութիւն կ՛ուզէք:
բ.- Կը սպասէք, որ հանդարտի եւ արտայայտուի:
գ.- Ձեր թեւերուն մէջ կ՛առնէք եւ պատճառը կը հարցնէք:

2

Ձեր զաւակը ձեզի հետ չ՛ապրիր, բայց եւ այնպէս`

ա.- Իր սենեակը եղածին պէս պահած էք:
բ.- Շաբաթական դրութեամբ հետը կը խօսիք:
գ.- Ան տեւաբար ձեր կարծիքին կը դիմէ:

3

Երբ ձեր զաւակը դժուարութիւն մը ունենայ,

ա.- Անմիջապէս ձեզի կը դիմէ, քանի որ սրտին խօսող լուծումներ կը գտնէք:
բ.- Ձեզի կը դիմէ քանի որ կը հանգստացնէ զինք:
գ.- Ձեզի կը դիմէ, քանի որ շնորհիւ ձեզի` ամէն բան աւելի յստակ կը տեսնէ:

4

Ձեր զաւակը դպրոցէն կը կախակայուի իր մէկ յանցանքին պատճառով:

ա.- Անմիջապէս դպրոց կը ներկայանաք եւ բացատրութիւն կը պահանջէք:
բ.- Զինք կը կանչէք եւ իրմէ կ՛ուզէք լսել պատճառը:
գ.- Առանց բացատրութիւն պահանջելու` անկէ խոստում կ՛առնէք, որ ուրիշ անգամ չկրկնէ:

5

Մինչեւ օրս պահած էք`

ա.- Ձեր զաւկին բժշկական տետրակը:
բ.- Ձեր զաւկին գրած առաջին բանաստեղծութիւնը:
գ.- Ձեր զաւկին կաթի ակռան:

6

Մայրերու տօնը մտքով կը կապէք`

ա.- Փունջ մը ծաղիկի հետ:
բ.- Ընտանեկան հաւաքոյթի հետ:
գ.- Սրտաբուխ մաղթանքներու հետ:

7

Մայր դառնալով` սորվեցաք`

ա.- Դատել եւ դատուիլ:
բ.- Ինքնամոռաց դառնալ:
գ.- Տկարանալ զաւկին դիմաց:

8

Ձեր զաւակը քննութեան կը պատրաստուի.

ա.- Ձեր բոլոր գործերը ձգած` քովը կը նստիք:
բ.- Պէտք եղած ցուցմունքները կու տաք եւ հեռուէն կը հսկէք:
գ.- Արդէն նախօրօք պատրաստած էք անոր աշխատանքի ժամանակացոյցն ու ծրագիրը, իրեն կը մնայ հետեւիլ ձեր ցուցմունքներուն:

9

Եթէ խաղալիքի մը վերածուէիք, պիտի ուզէիք ըլլալ`

ա.- Խոշոր արջուկ մը:
բ.- Լեկոյի խաղ մը:
գ.- Բառախաղ մը:

10

Յաճախ ձեր զաւակները ձեզ կը մեղադրեն,

ա.- Որ անտեղի կը մտահոգուիք իրենց համար:
բ.- Շատ հարցում կը հարցնէք իրենց մասին:
գ.- Խստապահանջ էք:

ԱՐԴԻՒՆՔ

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, կը նշանակէ, որ ձեր զաւակը ձեր կեանքին ամբողջ իմաստն է եւ ձեր գոյութեան միակ պատճառը: Հետեւաբար շատ բնական կը գտնէք, որ մէկ կողմ ձգէք ձեր երազներն ու փափաքները եւ ամբողջովին նուիրուիք անոր: Ժամանակն է, որ քիչ-քիչ թեւեր տաք ձեր զաւկին, որպէսզի սորվի ինքնաբաւ դառնալ, իսկ դուք զբաղեցէք ձե՛ր անձով, եղէք «անձնասէր», նաեւ` որպէսզի հետագային մեծ յուսախաբութիւններ չապրիք:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, որպէս ծնող` ոստիկան չէք, չէք փափաքիր, որ ձեր զաւակը ձեզ տեսնէ որպէս օրէնքներ ճշդող եւ պարտադրող անձ, այլ կ՛ուզէք, որ մօտենայ ձեզի, հանգիստ արտայայտուի իր դժուարութիւններուն մասին, ձեզի հետ բաժնէ իր վիշտն ու ուրախութիւնը: Ազատ կը ձգէք, որ կեանքի մէջ իր ընտրութիւնները կատարէ եւ իր անձնական թեւերով թռչի:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ձեր զաւկին դաստիարակութիւնը առաջնահերթ է ձեզի համար: ԱՆոր համար կը ջանաք ստեղծել յարմար միջավայր եւ ճշդել որոշ օրէնքներ, որպէսզի ինքզինք կառուցէ եւ ապագային երախտապարտ ըլլայ ձեզի:

Զօրաւոր անհատականութիւն ունիք եւ նոյնիսկ ձեզմէ հեռու` կը փորձէք հսկել անոր վրայ, քանի որ ձեր աչքով` «երեխան երեխայ կը մնայ»:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 Կասիայի Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Կասիան կը դարմանէ սրտխառնուքը եւ կը դիւրացնէ մարսողութիւնը: Այսպէս, 250 մլ եռացած ջուրի մէջ թրմել կասիայի փայտիկ մը եւ ապա խմել: Այս տաք խմիչքը կ՛օգնէ ոչ միայն մարսողութեան, այլեւ յստակօրէն կը թեթեւցնէ սրտխառնուքը:

* * *

Կը չէզոքացնէ գորգին անախորժ հոտը: Եթէ գորգը, մաքուր ըլլալով հանդերձ, լաւ չի հոտիր, անոր վրայ փոշի կասիա ցանել (չափաւոր), սպասել 5-10 վայրկեան, ապա ելեկտրական փոշեկուլով մաքրել:

* * *

Կը հանդարտեցնէ թեթեւ խայթոցները: Պտղունց մը փոշի կասիա եւ կէս թէյի դգալ մեղր խառնել եւ քսել խայթոցին վրայ:

* * *

Փաստուած է, որ կասիային բոյրը ոչ միայն կը խթանէ յիշողութիւնն ու կեդրոնացումը, այլեւ ինքնաշարժ վարողները կը դարձնէ աւելի ուշադիր եւ նուազ պրկուած:

* * *

Կը հեռացնէ մրջիւններն ու ցեցերը: Այսպէս, կտորէ ծրարիկներու մէջ կասիայի փայտիկներ լեցնել եւ զետեղել պահարանին դարաններուն վրայ, եւ փոշի կասիա ցանել մրջնոցներուն շուրջ:

* * *

Կասիան բնական «միւլթիվիթամին» մըն է. անիկա կը պարունակէ` երկաթ, կիր, ֆոսֆոր, Պէ1 եւ Սէ. կենսանիւթեր: Թելադրելի է ցուրտ եղանակներուն զայն օգտագործել զանազան տաք թէյերու մէջ:

* * *

Կը դարմանէ ոտքի սունկերն ու մորթային հիւանդութիւնները: Մէկ լիթր ջուրի  մէջ եռացնել կասիայի 10 փայտիկներ, սպասել, որ պաղի, ապա ոտքերը 20 վայրկեան մխրճել հեղուկին մէջ: Կրկնել շաբաթը երեք անգամ:

85 Տարեկան Սոֆիա Լորենի Երկարակեցութեան
Եւ Գեղեցկութեան Գաղտնիքները

85 տարեկան իտալացի անուանի դերասանուհին վերջերս տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմած է իր սովորութիւններուն մասին. սովորութիւններ, որոնք կը բացայայտեն իր երկարակեցութեան եւ առողջութեան գաղտնիքները:

Դերասանուհին կը քնանայ ժամը 9:00-ին եւ կ՛արթննայ ժամը 6:00-ին: Անոր սենեակին ջերմաստիճանը 21-ը չ՛անցնիր: Իր իսկ խօսքերով, ան կանուխ կ՛արթննայ, որպէսզի զգայ բնութեան զարթնումը: Բաց պատուհանին առջեւ Լորեն 10 վայրկեան մարզանք կ՛ընէ կազդուրուելու համար:

Սոֆիա Լորեն չի ծխեր, ան մորթին թարմութիւնը պահպանելու համար իր ճաշացուցակէն ջնջած է տապկուած ուտելիքները` նախապատուութիւնը տալով թարմ պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն, որոնք կը զօրացնեն մարմնին դիմադրականութիւնը: Նախասիրած պտուղը անանասն է, ան մեծ քանակութեամբ անանաս կ՛ուտէ մարմնին անհրաժեշտ կենսանիւթեր եւ հեղուկ ապահովելու համար:

Դերասանուհին նաեւ կը խուսափի շատ տաք կամ պաղ լոգանքներէն, որպէսզի մորթը պահպանէ թաւշեայ տեսքն ու թարմութիւնը:

ՀԻՆԸ ՆՈՐԻ ՎԵՐԱԾԵՆՔ

Շատեր իրենց անգործածելի հին ապրանքները կը թափեն տեղի չգոյութեան պատճառով, տունը չխճողելու մտահոգութեամբ. ուրիշներ` ընդհակառակը մէկ կողմ կը դնեն նոյն այդ իրերը, երբեմն զգացական պատճառներով, երբեմն ալ անոնց երկրորդ կեանք մը տալու հեռանկարով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 6 իրեր, որոնց հնարամիտ մարդիկ երկրորդ կեանք մը տուած են. տեսէք թերեւս դուք ալ ներշնչուիք:

1.- Մետաղեայ հին, ժանգոտած քերոցը կարելի է ներկել եւ ապա օգտագործել որպէս օղերու կախիչ:

2.- Անգործածելի փողկապի մը վարի լայն բաժինը օգտագործել եւ վերածել բջիջայինի ապահով ամանի մը:

3.- Հին սառցամանը թափելու փոխարէն զայն վերածենք ախորժաբեր ամանի մը, ուր երեխային ներկայացուած ըլլան գունաւոր պտուղներ եւ բանջարեղէններ:

4.- Մետաղեայ հին քամոցը կարելի է ներկել, մէջը բոյս ցանել եւ կախովի թաղարներու:

5.- Թէյի անզոյգ գաւաթները վերածել գեղեցիկ մոմակալներու:

6.- Պատուհաններու փայտեայ փեղկերը, մաքրել, ներկել եւ վերածել մահճակալի գլուխներու:

Խոհագիր

Ծաղկակաղամբով Աղցան

Բաղադրիչներ

– 200 կրամ ֆարֆալէ դդմաճ (նախընտրաբար` գունաւոր)
– 1 կարմիր պղպեղ
– 1 դեղին պղպեղ
– 1 ստեպղին
– 1 պզտիկ ծաղկակաղամբ
– 1 վարունգ
– 1-2 կանաչ սոխ կամ թարմ կանաչ սխտոր
– Մայոնեզով թացան

Պատրաստութիւն

Դդմաճը խաշել «ալ տանթէ» (այնքան մը` որ ակռայի տակ զգացուի), ապա պաղ ջուրով ցօղուել եւ քամոցի մէջ փոխադրել:

Ծաղկակաղամբը կտրատել եւ 3 վայրկեան եռացող աղի ջուրի մէջ եփել, ապա պաղ ջուրով ցօղուել եւ քամոցի մէջ փոխադրել:

Ստեպղինը քերոցէ անցընել: Վարունգը կեղուել եւ փոքր խորանարդաձեւ կտրատել: Նոյնպէս ալ կտրատել կարմիր եւ դեղին պղպեղներն ու կանաչ սոխը:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել բոլոր բաղադրիչները, աւելցնել մայոնեզով, կիտրոնի հիւթով, ձէթով եւ աղով պատրաստուած թացանը, կրկին զգուշութեամբ խառնել եւ մատուցել ներկայանալի ամանի մը մէջ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մենք

Մե՛նք… -Մենք` բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան`
Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՛,
Մենք` դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,
Մենք` սիրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք միտքի.
Մենք` մասիսաձիգ Հայկի՛ սէգ ճակատ
Եւ անխախտ կամքի անյա՛ղթ Արարատ…
Մենք` գի՜ւտ Մեսրոպի… Մենք` քնա՜ր լեզու,
Ուր կը վիպերգէ Հոգի՛ն Հայկական.
Սայաթ-Նովայի մենք սա՛զ սիրածու.
Մենք` խորախորհուրդ Նարեկի՛ խորան.
Դարերէն հոսող մենք երգի՛ Արաքս,
Ուր կը գլգլայ գինին Կոմիտաս…
Մենք` վարդանայա՛ղթ Աւարայրամարտ,
Մեր ձեռքին մէջ զէ՛նք եւ խա՛չ` մեր հոգւոյն.
Մենք` Էջմիածնի հաւա՛տք ժայռարմատ,
Ուր փուլ կը փշրի ծովը դարերուն.
Մենք` աշխարհասփիւռ Ա՛ստղ Լուսաւորչի,
Որուն դէմ խաւարն ի զո՜ւր կը բախի:
Մենք` սրախողխող Ապրիլ Քսանչո՛րս,
Մենք` միլիո՜ն շիրիմ, հողմացրի՜ւ տերեւ.
Ապրիլեան սուգին եւ մոխրին վրայ գօս,
Մենք` Քսանեւութ Մայիսի՜ արեւ.
Մենք` պանդուխտի՛ թուղթ, մենք` անբո՜յն կռունկ,
Մենք` հայրենապիշ կարօտի՜ արցունք…
Այս ամբո՜ղջն ենք մենք… Ու դե՜ռ` հերոսի
Եւ մարտիրոսի անմա՛շ Պատմութիւն,
Շուշա՜ն Սրբութիւն, Մշակո՛յթ ոսկի,
Որոնց էջերն են փորուած ժայռերուն
Եւ արեա՛մբ գրուած… Մենք լոյսի՛ ժառանգ
Եւ մութ դարերուն յոյսի՛ հրիտակ…
Օ՜, մենք` ոսոխի աչքին փո՛ւշ երկաթ…
Օ՜, մենք` աշխարհի անարդար ու խուլ
Խիղճը խարանող արդարութեա՛ն խայթ.
Կեղծ դաշինքներու թաւիշ ու խարխուլ
Սեղանը ռումբի պէս սարսող, թակող,
Արդար պահանջի բըռո՛ւնցք վրիժադող:
Եւ մենք, վա՛ղը, մենք` յաղթութեա՛ն բոմբիւն,
Յաղթ ու բամբ կոփի՛ւն կուռ հողին վրայ մեր,
Մենք` Նաւասարդի առաւօ՛տ ծիծղուն,
Մենք` ռմբեղ հեռով հըրաբխա՛ծ Մհեր
Եւ շղթայազեղծ ծարա՜ւ Արտաւազդ.
Մենք` պատեանէն դուրս սրածո՛ղ Եփրատ,
Մենք` աշխարհակալ անկա՛խ Արարատ…

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles