Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Առողջապահական. Հարբուխէն Պաշտպանուելու Գործնական Հնարքներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ձմեռը հարբուխէն պաշտպանուիլը անխուսափելի ըլլալով հանդերձ, կրնաք որդեգրել որոշ սովորութիւններ` առաւելագոյն չափով կանխարգիլելու համար զայն:

Մանրէներէն խուսափելու համար բժիշկները կը թելադրեն, որ յաճախ լուաք ձեր ձեռքերը` օճառով եւ ջուրով. երբեք չբաւարարուիք զանոնք ցօղուելով:

***

Առաւելագոյնս խուսափեցէք ձեռք սեղմելէ. ջանացէք ժպիտով, գլխու թեթեւ շարժումով եւ ազնիւ խօսքով մը փոխարինել ձեռքսեղմումը:

***

Հրաժարեցէք ուշ ժամերու քնանալէն: Մարմնին դիմադրականութիւնը պահպանելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը բաւարար քունն է:

***

Հազալու կամ փռնգտալու ժամանակ թուղթէ թաշկինակ օգտագործեցէք չորս կողմի իրերը մանրէներով չվարակելու համար:

***

Առաւելագոյնս խուսափեցէք դռներուն բռնակները, վերելակին կոճակները, հեռախօսին ընկալուչը եւ նմանօրինակ հաւաքական իրեր բռնելէ: Ճիշդ է, որ շատեր կրնան ծիծաղիլ, բայց ասոնք բոլորն ալ մանրէներու բոյն են: Կամ այն է, որ թուղթէ թաշկինակ պիտի գործածէք, կամ ձեր արմուկը եւ կամ յաճախ ձեր ձեռքերը պիտի հականեխէք մանրէասպան «ժել»-երով:

***

Դրամատունը, ուսուցչարանը, պետական հաստատութիւններուն մէջ ձեզի հետ ունեցէք ձեր անձնական գրիչը եւ ուրիշինը մի՛ գործածէք:

***

Հրաժարեցէք յաճախակիօրէն ձեր դէմքին դպչելէ` աչքերը շփելէ եւ այլն… Աչքը, քիթը եւ բերանը շատ խոցելի կէտեր են, ուրկէ մանրէները դիւրաւ կը ներթափանցեն:

***

Ձմրան եղանակին նաեւ առաւելագոյնս խուսափեցէք խճողուած եւ փակ վայրերէն (մարզասրահ, շարժապատկերի սրահ եւ այլն…) եւ յաճախ տունէն դուրս ելէք ու մաքուր օդի մէջ ճեմեցէք:

Թուղթէ թաշկինակը մէկ անգամ գործածեցէք եւ զայն անմիջապէս թափեցէք` ձեր ափին մէջ կամ գրպանը պահելու փոխարէն:

Բացարձակապէս խուսափեցէք ուրիշին գաւաթէն խմելու կամ պնակէն ուտելու, նոյնիսկ եթէ ան ձեզի շատ մօտիկ անձ է կամ ձեր զաւակն է:

Լա՛ւ, հարբուխէ վարակուիլը մտասեւեռումի չվերածենք, բայց ինչո՞ւ չորդեգրենք որոշ սովորութիւններ` անկէ առաւելագոյնս պաշտպանուելու համար:

10 Գործնական Խորհուրդ`
Հանրախանութ Այցելողներուն

Հանրախանութները շատ լաւ գիտեն յաճախորդներուն սովորութիւնները, ցանկութիւններն ու հոգեվիճակը եւ, հետեւաբար, անոնք հմտօրէն կ՛օգտագործեն զանոնք` իրենց նպատակներուն համար եւ մարդոց կը ստիպեն աւելի շատ ծախսել:

Հանրախանութներու խորամանկութիւններու ծուղակը չիյնալու եւ չխաբուելու համար պէտք է իմանալ` ինչպէս ճիշդ տնտեսել: Ստորեւ` 10 գործնական խորհուրդ, որոնց մասին կ՛արժէ մտածել…

-1-

Սառնարանի Ստուգում

Նախքան հանրախանութ մեկնիլը` ստուգեցէք, թէ ձեր սառնարանին մէջ ի՛նչ ունիք եւ ատոր համեմատ գնումներու ցանկ կը պատրաստէք: Ունեցածէն կրկին գնելը մսխում է:

-2-

Գնումներու Ցուցակ

Տունէն չելած` գնումներու ցուցակ պատրաստեցէք աւելորդ գնումներէ եւ յաւելեալ ծախսէ խուսափելու համար:

-3-

Շլացնող Առաջարկներ

Որոշ առաջարկներ հետաքրքրական եւ խնայողական կրնան ըլլալ, բայց մի՛ մոռնաք կարդալ  գնապիտակին վրայի մանր տառերով գրութիւնները: Շատ յաճախ հանրախանութները զեղչ կ՛ընեն կարճ ժամկէտով ապրանքներուն վրայ:

-4-

Սայլակի Մեծութիւն

Որքան սայլակը մեծ է, այնքան հակամէտ էք շատ ապրանք գնելու: Մեծ սայլակը տեղին է, եթէ մէկ շաբթուան գնում պիտի ընէք: Ամէնօրեայ գնումներուն համար փոքր զամբիւղ նախընտրեցէք:

-5-

Լաւ Սերտել

Սուղ, արագ փճացող եւ քիչ սպառող ապրանքներէն ձերբազատելու համար հանրախանութները զանոնք կը ցուցադրեն յաճախորդին տեսանելի` աչքերուն մակարդակով: Ապրանք ընտրելու ատեն անպայման նայեցէք բարձր եւ ցած դարաններուն, կամ ծայրամասերուն ցուցադրուած տեսականիին: Սովորաբար հոն ցուցադրուած կ՛ըլլան հեռու ժամկէտով եւ համեմատաբար աժան մթերքները:

-6-

Գրաւիչ Ծրարում

Ապրանքի գինին մէջ միշտ ներառուած են ծրարումի եւ գովազդի ծախսերը: Կան շատ մթերքներ, որոնք նուազ գրաւիչ են, բայց որակով չեն զիջիր գրաւիչ ծրարումով ապրանքին եւ բնականաբար աւելի աժան են:

-7-

Առանց Երեխայի

Հանրախանութ գացէք առանց երեխաներուն: Ծնողներուն համար դժուար է անոնց մերժել, հետեւաբար զամբիւղը կը լեցուի աւելորդ քաղցրաւենիներով, որոնք ձեզի կը թուի, թէ այդքան ալ սուղ չեն, բայց միասին բաւական գումար կը կազմեն…

-8-

Կուշտ Փորով

Երբեք անօթի փորով հանրախանութ չերթաք: Անօթի վիճակով հակուած էք գնելու ապրանքներ, զորս չէիք նախատեսած:

-9-

Սահմանափակ Գումար

Լեցուն դրամապանակով հանրախանութ մի՛ մեկնիք, սկիզբէն պիւտճէ մը ճշդեցէք, այլապէս աւելորդ գնումներ ընելու փորձութեան կրնաք մատնուիլ:

-10-

Մեծ Գնումներ

Յաճախ ժամանցի կամ մէկ-երկու կտոր ապրանքի համար հանրախանութ կ՛այցելենք… լաւ կ՛ըլլայ, որ դուք ձեզի պարտադրէք ամիսը մէկ կամ երկու անգամէն աւելի հանրախանութ չերթալ եւ ոչ պիտանի բաներ գնելու փորձութեան չենթարկուիլ:

Հետաքրքրական

Գիւմրեցի Եղբայրներու
Փայտէ Ակնոցները

Արդէն 5 տարի է Բաբգէն եւ Դաւիթ Խաչատրեանները փայտէ ակնոցներ կը պատրաստեն: Գաղափարը նոր չէ, բայց եղբայրներուն ստեղծածը միւսներէն կը տարբերի. այս ակնոցները ձեռքի գործ են եւ բնական փայտէ:

«Առաւելութիւնն այն է, որ փայտը բնական նիւթ է եւ մարմնէն կը ստանայ բնական ջերմութիւն ու դէմքին համար աւելի յարմարաւէտ է», կ՛ըսէ Բաբգէն Խաչատրեան աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր ակնոց 60 ժամուան բծախնդիր աշխատանք կը պահանջէ եւ իւրաքանչիւր ակնոցի վրայ գրուած է «Պատրաստուած է Հայաստանում»:

Գաղափարը Ուրկէ՞ Ծնած Է

Ամէն ինչ սկսած է հայրենի տուն բակի  բազմամեայ թթենիին երկրորդ կեանք տալու որոշումէն:

«Շուրջ 150 տարուան ծառ էր: Երբ մեր պապերը զայն Կարսէն տեղափոխեցին Գիւմրի, այդ ծառին մօտակայ տան մէջ բնակեր է ամբողջ գերդաստանը: Ծառը շատ մեծցեր է, եւ որքան ալ ցաւալի ըլլայ, որոշեր են զայն կտրել: Մեր յիշողութեան ծառը պահպանելու լաւագոյն ձեւը այդ ծառի հումքէն որեւէ բան պատրաստելն էր, եւ առաջին բանը, որ պատրաստուեցաւ ակնոց էր», կը պատմէ Բաբգէն:

Խաչատրեան եղբայրները ունին հետաքրքրական ոսկի կանոն մը` իւրաքանչիւր  վաճառուած ակնոցի փոխարէն` ծառ մը կը տնկեն բնութեան հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար:

«Բնութեան կը վերադարձնենք այն, ինչ կը վերցնենք:

Ամէն տարի ապրիլին մենք կը տնկենք այնքան ծառ, որքան ակնոց վաճառած ենք», կ՛ըսէ Բաբգէն: Անոնք արդէն հարիւր ծառ տնկած են:

Խաչատրեան եղբայրները կը պատրաստուին մասնակցիլ միջազգային ցուցադրութիւններու: Անոնց ստեղծած Twinz ակնոցները յառաջիկայ տարի պիտի ցուցադրուին Միլանոյի մէջ:

Խոհագիր

Գետնախնձորով Աղցան

Բաղադրիչներ

8 խաշած գետնախնձոր
4 խաշած հաւկիթ
100 կրամ քերոցէ անցած պանիր
4 հատ վարունգի թթուաշ
5 հատ կանաչ սոխ
2 ապուրի դգալ մանանեխ
5 ապուրի դգալ մայոնեզ
Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Խաշած գետնախնձորները ճզմել եւ խիւսի վերածել, աւելցնել քերոցէ անցած պանիրը եւ խառնել:

Խաշած հաւկիթները եւ վարունգի թթուաշը խորանարդաձեւ կտրտել եւ աւելցնել խիւսին: Վերջաւորութեան աւելցնել մանրուած կանաչ սոխը, մանանեխը, մայոնեզը, աղն ու կարմիր փոշի պղպեղը եւ զգուշութեամբ խառնել: Ձգել քառորդ ժամ, որպէսզի համերը համադրուին:

Մատուցել ներկայանալի ամանի մը մէջ` երեսը կանաչ սոխով եւ խաշած հաւկիթի շերտերով զարդարելով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայերուս Բաղձանքը

Ա՜խ, ինչպէ՜ս կ՛ուզեմ տեսնել մեր հային
Ազատ, ապահով, կրթեալ, ինքնագոհ,
Ամէն հայի տուն` դրախտ երկնային…
Լոկ այդ բանն ինձնից չուզենար մէկ զոհ:

Ա՜խ, ինչպէ՜ս կ՛ուզեմ տեսնել Հայաստան
Մի որ ազատուած թշնամու ձեռքէն,
Հայի երկիր, հայի սեփական…
Լոկ այդ չի բաժաներ ինձ իմ կոպեկէն:

Ա՜խ, ինչպէ՜ս կ՛ուզեմ, որ մեր հայերուս
Արծարծուէր սէրը ուսման, գիտութեան,
Հայի մէջ չի մնար մի հատիկ անուս…
Լոկ հեռի ինձնից թուղթ ստորագրութեան:

Ա՜խ, ինչպէ՜ս կ՛ուզեմ, որ հայ պատանիք
Դէպ համալսարան խմբով վազէին,
Եւ Զուիցերիա երթար հայ աղջիկ…
Լոկ ինձնից նոքա կոպեկ չուզէին:

Ա՜խ, ինչպէ՜ս կ՛ուզեմ, որ մեր զէյթունցին
Միթռայլեոզ, շասպոյ, ռմբկէն ունենար,
Ջարդ ու բուրդ անէր քիւրտ ու չերքեզին…
Լոկ ինձնից զէնքի նա փող չունենար:

Երբ մեր հայրենիք հրաշքով ազատուէր,
Մերոնք էլ ազատ կեանք-օր վարէին,
Ա՜խ, ինչպէ՜ս, ինչպէ՜ս լաւ բան կը լինէր,
Երբ Հայք ինձ իրանց իշխան ընտրէին:

ՌԱՓԱՅԵԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>