Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Կին Դէմքեր. Ֆրիտա Քալօ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Քրիսթի՛զ» աճուրդի տունը յայտնեց, որ մեքսիքացի նկարչուհի Ֆրիտա Քալոյի «Ճերմակազգեստ կնոջ դիմանկարը» կտաւը վերջերս Նիւ Եորքի մէջ վաճառուեցաւ 5,8 միլիոն տոլարի:

Քալօ «Ճերմակազգեստ կնոջ դիմանկարը» կտաւը ստեղծած էր 1929 թուականին: Նկարը, ուր պատկերուած է ճերմակ հագուստով կին մը, նկարչուհին օրին նուիրած էր յայտնի լուսանկարիչ Լոլա Ալվարես Պրաւոյին:

Նշենք, որ տարիներ առաջ «Քրիսթի՛զ» աճուրդի տունը Քալոյի «Երկու մերկացածները անտառին մէջ» կտաւը վաճառած էր 8 միլիոն տոլարի:

Մեքսիքացի նկարչուհին ոչ միայն կը տարբերի նկարչութեան մէջ իր իւրայատուկ ոճով, այլ նաեւ միտքերով, որոնք մինչեւ այսօր իւրաքանչիւրիս կրնան ապրիլ սորվեցնել:

Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր անմահ միտքերէն մէկ քանին:

***

– Սկիզբը սիրահարիր դուն քեզի, յետոյ` կեանքին, յետոյ միայն անոր, որ կը ցանկաս:

– Մարդ կ՛ուզէ խեղդել իր ցաւը, բայց յետոյ կը պարզուի, որ ցաւը լողալ գիտէ:

– Չկայ աւելի արժէքաւոր բան, քան ծիծաղը: Անոր միջոցով է, որ մարդը կ՛անջատուի կեանքէն:

– Ես ողջ մնացի, որովհետեւ ունիմ նպատակ, որուն համար կ՛ուզեմ ապրիլ. այդ նկարչութիւնն է:

– Սկիզբը ինծի կը թուէր, թէ ես աշխարհի ամենատարօրինակ մարդն եմ, բայց յետոյ հասկցայ, որ աշխարհի երեսին այնքան մարդ կայ, որ անոնց մէջէն կը գտնուի մէկը, որ աւելի տարօրինակ է, քան ես:

– Վախ, յոյս, հիասթափութիւն եւ մահ. ասոնք ապրելու միակ միջոցներն են:

– Յոյսի ծառը պէտք է միշտ ուղիղ կանգնի:

– Յուսամ այնտեղ, այն աշխարհը այնքան զուարճալի է, որ ես երբեք վերադառնալ չեմ ցանկար:

– Ինչո՞ւ են պէտք ոտքերը, եթէ մենք կրնանք թռչիլ:

– Ինծի հաճոյախօսութիւններ պէտք չեն, ինծի պէտք են բանիմաց մարդու խորհուրդներ:

Առողջապահական

 Ահա Թէ Ինչո՛ւ Օրական Մէկ
Աւոքատօ Պէտք Է Ուտել

– Աւոքատոն չափազանց սննդարար է, ան հարուստ է աւելի քան 20 կենսանիւթերով եւ հանքայիններով:

– Աւոքատոն «առողջ իւղեր» կը պարունակէ: Այդ տեսակի իւղերը կրնան կանխարգիլել սրտի եւ ուղեղի կաթուածները եւ նուազեցնել գէշ քոլեսթերոլին մակարդակը:

– Օրական կէս աւոքատոն կ՛օգնէ կայունացնելու շաքարին տոկոսը արեան մէջ:

– Լիւթէինով հարուստ աւոքատոն կը կանխարգիլէ տարիքի հետ կապուած աչքի եւ տեսողութեան հիւանդութիւնները:

– Աւոքատոյին առողջ իւղերը եւ հակաբորբոքային յատկութիւնները փայլք եւ առողջ տեսք կու տան մորթին եւ մազերուն:

– Ամերիկացի գիտնականներու հետազօտութիւններուն համաձայն, աւոքատոն կը պայքարի որոշ տեսակի քաղցկեղներու զարգացման, յատկապէս այն, ինչ կը վերաբերի փրոսթաթին:

– Աւոքատոյի մնայուն սպառումը առողջ եւ զօրաւոր ոսկորներու լաւագոյն երաշխիքն է:

– Բնաթելով հարուստ աւոքատոն կը բարելաւէ մարսողութիւնը եւ կը կանոնաւորէ ստամոքսին եւ աղիքներուն գործունէութիւնը:

– «Ամերիքըն հարթ ասոսիէյշըն»-ի համաձայն, փոթասիոմով հարուստ սննդականոն մը կ՛օգնէ արեան գերճնշումի հաւասարակշռութեան: Իսկ փոթասիոմով հարուստ աւոքատոն պէտք է անպակաս ըլլայ բոլորին ճաշացուցակներէն:

– Պէ. կենսանիւթով հարուստ աւոքատոն լաւ միջոց մըն է հիւանդութիւններու եւ բորբոքումներու դէմ պայքարելու համար:

– Օրական աւոքատօ մը ուտելով` կարելի է տրամադրութիւնը բարձրացնել: Արդարեւ, կենսանիւթերը, հանքայինները, եւ յատկապէս փոթասիոմն ու ֆոլաթը կ՛օգնեն յաղթահարել ընկճախտը:

– Պղինձով հարուստ աւոքատոն ուղեղը սնանող լաւագոյն ուտելիքներէն մէկն է:

Հետաքրքրական

Ինչո՞ւ Քնանալու Ժամանակ
Սխտոր Դնել Բարձին Տակը

Տարբեր ժողովուրդներու կողմէ սխտորը համարուած էր հրաշք դեղ` բազմաթիւ հիւանդութիւններ յաղթահարելու համար: Ահա թէ ինչո՛ւ սխտորը մինչեւ օրս կը գործածուի աւանդական բժշկութեան բաղադրատոմսերուն մէջ: Բժշկութիւնը, իր կարգին, չի ժխտեր սխտորին բուժիչ յատկութիւնները եւ չ՛արգիլեր հիւանդներուն դեղագործական նպատակներով սխտոր օգտագործել:

Սննդագէտներն ու բժիշկները տեւաբար կը քաջալերեն սխտոր ուտել` հում կամ եփած: Անիկա կը պարունակէ չափազանց օգտակար նիւթեր, որոնք կը պայքարին մարմնին վնասակար մանրէներուն դէմ` կանխելով վարակը:

Եթէ սխտոր ուտելը զանազան պատճառներով հնարաւոր չէ, բարձի տակ դնելը բաւարար է. անոր գոլորշիացումը կը մաքրէ մանրէները եւ կ՛օգնէ արագ ձերբազատելու պաղառութենէ: Բացի ասկէ, անոնք, որոնք բարձին տակ սխտորով կը քնանան, անքնութենէ չեն տառապիր, քանի որ անոր հոտը հանգստացնողի ազդեցութիւն կը գործէ ջղային համակարգին վրայ` արագօրէն ձերբազատելով յոգնածութենէ եւ լարուածութենէ:

Փաստուած է նաեւ, որ սխտորը կ՛իջեցնէ արեան մէջ գէշ քոլեսթերոլի մակարդակը եւ կ՛արգիլէ քաղցկեղի զարգացումը:

Այսպէս, կրիփի համաճարակի եւ այլ տարածուած հիւանդութիւններու ժամանակ սխտորը անփոխարինելի միջոց է. կ՛արժէ քնանալու ժամանակ բարձին տակ պճեղ մը սխտոր զետեղել` մեր մարմնէն ներս մանրէներու ներթափանցումը արգիլելու համար:

Նշենք, որ վերը յիշուածները բժշկական եւ գիտական ոչ մէկ հիմք ունին, այլ պարզապէս ժողովրդային, աւանդական բժշկութեան ծիրէն ներս կը մնան:

Լուսաւոր Միտքեր

Հին Անիւներուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Եթէ հին անիւներ ունիք, մի՛ թափէք զանոնք. տեսէք, թէ ինչպէ՛ս հնարամիտ մարդիկ երկրորդ կեանք մը տուած են անոնց:

Ա.- Կարելի է անիւը ներկել եւ ձեր շան կամ կատուին յարմար անկողին մը պատրաստել:

Բ.- Կարելի է անիւին շուրջը պարանով ծածկել եւ գեղեցիկ թաղարի մը վերածել:

Գ.- Կարելի է անիւը ներկել, վրան կլոր ապակի մը տեղաւորել եւ պատշգամի սիրուն սեղանի մը վերածել:

Դ.- Անիւները կարելի է ներկել, վրայ-վրայի զետեղել, մէջը աղբի կերպընկալ տոպրակներ տեղաւորել եւ աղբամաններու վերածել:

Յագեցած Եւ Ուրախ Օր Մը Ունենալու
Հետաքրքրական Տարբերակներ

– Նախքան տունէն ելլելը` դուք ձեզ կարգի բերէք. մի՛ անտեսէք ձեր հագուածքը, մազի յարդարանքը, շպարը… Տունէն ելէք ինքնավստահ եւ ժպտադէմ:

– Նոր հորիզոններ բացէք ձեզի համար: Նոր երեւոյթներով լեցուցէք ձեր կեանքը. այդ նորը կրնայ ըլլալ` նոր հետաքրքրութիւն, նոր գիրք, նոր զբաղում, նոր ծանօթութիւն…

– Մէկ օր հրաժարեցէք հեռատեսիլ դիտելէ, համակարգիչով զբաղելէ, բջիջայինին գերին դառնալէ: Նոր աշխարհ բացայայտեցէք ձեզի համար, հետեւեցէք բնութեան, քաղաքի անցուդարձերուն, ձեզ շրջապատող մարդոց:

– Հեռաձայնեցէք անոնց, որոնց հետ երկար ժամանակէ ի վեր կը փափաքէիք խօսիլ, եւ առիթը չէր ներկայանար: Խօսեցէք հաճելի նիւթերու մասին: Յարաբերեցէք լաւատես եւ ձեզի համար հաճելի անձերու հետ:

– Այսօր իսկ սկսէք ընել այն, ինչ երկար ժամանակէ ի վեր կը յետաձգէք (նորոգութիւններ, մաքրութիւն, գնումներ, մարզանք, սննդականոն եւ այլն…) նոյնիսկ` փոքրիկ քայլ մը, արդէն մեկնարկ է, եւ դուք անպայման կը շարունակէք ու աւարտին կը հասցնէք:

Խոհագիր

 Կաղամբով Ապուր

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 1 միջակ կաղամբ
– 2 սոխ
– 2 գետնախնձոր
– 2 պճեղ սխտոր
– 1,5 լիթր բանջարեղէնի արգանակ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– 2 ապուրի դգալ կարագ

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել մանրուած սոխն ու սխտորը եւ 3-4 վայրկեան եփել:

Կաղամբը բարակ կտրատել, գետնախնձորը մանր խորանարդաձեւ կտրատել եւ աւելցնել սոխին, սխտորին վրայ: Խառնել եւ 5 վայրկեան եւս եփել:

Աւելցնել բանջարեղէնի արգանակը եւ եռալէն ետք կրակը թեթեւցնել ու 30 վայրկեան եւս եփել:

Ապուրը հարիչէ անցընել, աղել, համեմել եւ տաք վիճակով մատուցել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Թողած Կարսում, գետի ափին, տունս` շինուած անտաշ քարով,
Կարսը թողած, Կարսի այգին ու հայրենի երկինքը մով
Եւ Կարինէ Քոթանճեանին անգամ չասած մնաս բարով-
Ա՜նց եմ կենում հիմա օտար քաղաքների ճանապարհով:
Անց եմ կենում, շուրջս-մարդիկ, շուրջս դէմքեր հազա՜ր-հազա՜ր.
Շուրջս աշխարհն է աղմկում, մարդկային կեանքն անհաւասար.
Եւ ո՞վ կ՛ասի` ինչո՞ւ ես դու, եւ ով կ՛ասի, թէ ո՞ւր հասար,-
Դէմքերը, ախ, բութ են այնպէս` կարծես շինուած են տապարով:
Գորշ, տաղտկալի ու խելագար երգ է կարծես այս կեանքը մի.
Ինչ-որ մէկի սրտում բացուած – վէրք է կարծես այս կեանքը մի.
Եւ ո՞ւմ համար – էլ ո՞ւմ համար կարօտակէզ երգէ հիմի
Սիրտս` լցուած տարիների սեղմ արճիճով ու կապարով:
Բայց շուրջս թող որքան կ՛ուզէ աշխարհը այս խնդայ, ցնդի –
Ես – հաշմանդամ ու խելագար ու յաւիտեան վտարանդի՜
Դէպի երկինք պիտի գնամ, դէպի եզերքը Ամենտի –
Իմ բարձր, հին ու աստղային երազների ճանապարհով…
Ու էլ ամէ՛ն մեղքի համար սիրտս հիմա ունի ներում.
պիտի անդարձ ես հեռանամ, պիտի գնամ` ա՛չքս հեռուն.
Թէ Կարինէ Քոթանճեանին տեսնէք Կարսի փողոցներում –
Ասէ՛ք նրան` Չարենցն ասաւ – մնաս բարո՜վ, մնաս բարո՜վ:

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>