Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Հին օրերի երգը» ճաշարանին յարդարանքը «անցած-գացած» ժամանակները կը յիշեցնէ իր հին կահոյքով: Հոն հարահրոց չկայ, ականջ ծակող երաժշտութիւն` նոյնպէս, իսկ երիտասարդուհիներու փոխարէն` կը սպասարկեն ժպտադէմ տատիկներ:
Երբ հարց տրուեցաւ ճաշարանի հիմնադիր Գրիգոր Մաչանենց-Բաբախանեանին, թէ ինչպէ՛ս ծնաւ նման ճաշարան բանալու գաղափարը, ան պատասխանեց, որ կ՛ուզէր «լուծել աւագ սերունդի հայրենակիցներուն զբաղուածութեան հարցը, ինչպէս նաեւ` օրինակ ծառայել ուրիշներուն»:
Բաբախանեանի խօսքով, «Միակ բանը, ինչ պահանջում ենք մեր աշխատակիցներից, իրենց զգալ ինչպէս տանը, այցելուներին էլ ընդունել այնպէս, ինչպէս սեփական տունը կ՛ընդունէին: Չի կարելի հրաժարուել մեծահասակ անձնակազմից: Նրանք ոչ միայն տեղական գոյն են հաղորդում հաստատութեանը, այլեւ իմաստութիւն են սովորեցնում այցելուներին: Իսկ որքան հաճելի է նրանց համար լսել` «Մայրի՛կ, խնդրում եմ, հաշիւը բերէք խօսքը»:
Նորաբաց ճաշարանին աշխատակիցներէն Սուսաննան կը պատմէ, որ իրեն համար աշխատանք գտնելը հաճելի անակնկալ էր. այս օրերուն, երբ նոյնիսկ երիտասարդները դժուար գործ կը գտնեն: Ան կը խոստովանի, որ տունը նստիլ չի կրնար. երկար տարիներ աշխատեր է եւ վարժուած է աշխատիլ:
Ճաշարանի մէկ այլ աշխատող` 65 տարեկան Շուշանիկ Պետրոսեանը կը պատմէ, որ այս վայրը իրեն եւ միւս թոշակառուներուն մղեր է կրկին հաւատալ սեփական ուժերուն:
67 տարեկան մատուցողուհի Ռիմա Ղազարեանը կը խոստովանի, որ 25 տարի աշխատելէ ետք իրեն համար դժուար է ձեռնածալ նստիլը: Ան կ՛աւելցնէ, որ այս նոր գործով իր կեանքը կրկին իմաստաւորուեցաւ: Բնականաբար կը յոգնի, բայց չէ՞ որ երիտասարդներն ալ կը յոգնին…
Նորաբաց ճաշարանը մասնագիտացած է հայկական աւանդական խոհանոցի կերակրատեսակով: Տատիկները հայկական բաղադրատոմսերու գաղտնիքները հաճոյքով կը պատմեն այցելուներուն:
Նշենք, որ հազիւ երկու շաբթուան կեանք ունեցող ճաշարանը կրնայ գործ հայթայթել առաւելագոյնը 10 թոշակառուի: Սուսաննային, Շուշանիկին եւ Ռիմային շուտով կը միանան ուրիշներ. մինչ այդ անոնց կ՛օգնեն երիտասարդ աշխատակիցներ:
Ճաշարանին ամբողջ եկամուտը պիտի տրամադրուի տարեցներուն ժամանց ապահովելու ծրագրին:
«Աւելորդը»
Շատ հետաքրքրական է, թէ Բաբախանեանի մօտ ինչպէս ծնած է «Հին օրերի երգը» ճաշարանին գաղափարը: Ան իր բացման խօսքին մէջ յայտնած է, որ զինք շատ տպաւորած է Դերենիկ Դեմիրճեանի «Աւելորդը» պատմուածքը, այդ պատճառով ալ միշտ փորձած է տարեցներուն աշխատանքի հնարաւորութիւն ստեղծել:
«Պատմուածքը կարդալուց յետոյ հասկացայ, որ ամենավատ բանն է աւելորդութեան զգացումը: Իսկ դրա համար ճառեր պէտք չեն, գործ է պէտք անել», ըսած է ան:
Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին
Զարմանալի է, որ նայելով նոյն նկարին` տարբեր մարդիկ կը տեսնեն տարբեր բաներ: Հոգեբանները շատոնց նկատած են, թէ այն, ինչ որ առաջին հերթին կը տեսնենք նկարի մը վրայ, շատ բան կը պատմէ մեր անձին մասին:
Արագ աչք մը նետեցէք եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին, ապա կարդացէք մեկնաբանութիւնը:
Եթէ երկու դէմք տեսաք, դուք շատ մարդամօտ մարդ էք: Դուք կը սիրէք մարդիկը, անոնց կարիքը տեւաբար կը զգաք եւ այդ պատճառով ալ դժուար կը հանդուրժէք առանձնութիւնը: Ձեզի համար շատ կարեւոր է ստանալ ձեր մտերիմներուն հաւանութիւնը:
***
Եթէ տղամարդու դէմք տեսաք, դուք կ՛առաջնորդուիք տրամաբանութեամբ եւ ոչ սրտով: Կը պատկանիք լուրջ, մտածող եւ բանիմաց մարդոց շարքին: Կշռադատուած որոշումներ կը կայացնէք, որոնք մտածուած են, տրամաբանական եւ գործնական: Դուք միտումնաւոր ձեր զգացումները ետին գիծ կը մղէք, ինչ որ միշտ լաւագոյն ընտրանքը չէ:
***
Եթէ կնոջ դէմք տեսաք, դուք սրտով առաջնորդուող անձ էք: Կը սիրէք օգնել մարդոց: Ձեր գլխաւոր յատկանիշներն են կարեկցանքն ու զգայնութիւնը: Դիւրին լեզու կը գտնէք բոլորին հետ: Շատ ազնիւ անձ էք եւ` լաւ ու հաւատարիմ ընկեր:
***
Եթէ առաջին հերթին խնձոր տեսաք, դուք «չկայ չարիք, առանց բարիքի» ասացուածքի լաւագոյն մարմնաւորումն էք: Իւրաքանչիւր իրավիճակէն կրնաք դիւրաւ ելք գտնել եւ ոչ բարեհաճ հանգամանքները շրջել ձեր օգտին: Դուք այն անձերէն էք, որոնք «կ՛իյնան չորս ոտքի վրայ»: Երբեք չէք յանձնուիր եւ արագ կը յարմարիք կացութիւններուն:
Հետաքրքրական Եւ Դիւրին
Իրագործելի Հնարքներ
-1-
Որպէսզի ձեր զաւակը հաճոյքով ուտէ տապկուած հաւկիթը, առէք ֆրանսական փեն տը մի հացի շերտ մը, կեդրոնը կլոր կամ սրտաձեւ բացուածք մը ըրէք կրկնեփի կաղապարի մը օգնութեամբ եւ հաւկիթը այդ բացուածքին մէջ կոտրեցէք ու տապկեցէք:
-2-
Որպէսզի ապակեայ շիշին կափարիչը անմիջապէս բացուի, առանց մեծ ճիգ թափելու եւ դաստակը ցաւցնելու, ձգախէժէ ձեռնոց անցուցէք ձեր ձեռքին եւ այդպէս փորձեցէք: Կափարիչը անմիջապէս կը բացուի:
-3-
Երբեւէ մտածա՞ծ էք հաւաքոյթի մը ընթացքին այլ ուտեստներու կողքին «սփակէթթի» հրամցնել: Վստահաբար շատեր պիտի ողջունեն գաղափարը: Նկարը բաւարար խօսուն է, ձեզի կը մնայ գործադրել:
-4-
Արդէն ձանձրացա՞ծ էք ձեր սպիտակ սառնարանէն եւ կը փափաքիք նոր տե՞սք տալ անոր… ընտրեցէք ձեր ճաշակին եւ խոհանոցին գոյներուն համապատասխանող «փափիէ փեն» մը եւ ուշադիր ու բծախնդրութեամբ փակցուցէք սառնարանին: Երկրորդ անձի մը օգնութիւնը անհրաժեշտ է մաքուր գործ ձեռք բերելու համար:
Ժպտելու 8 Համոզիչ Պատճառներ
Ժպիտը շատ դիւրին եւ լաւ միջոց է բարելաւելու առողջութիւնը, թեթեւցնելու ընկճախտը եւ տպաւորելու շրջապատը:
Ահաւասիկ 8 համոզիչ պատճառներ` ժպտելու համար:
– Ժպտուն անձը միշտ հմայիչ է եւ դրական տպաւորութիւն կը ձգէ շրջապատին վրայ:
– Ժպտիլը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը: Գիտնականներու կարծիքով, ժպիտի պահուն ուղեղը կ՛օժտուի տոփամին եւ սերոթոնին նիւթերով, որոնք երջանկացնելու յատկութիւն ունին:
– Ժպիտը վարակիչ է: Հաւաքականութեան մէջ երբ կը ժպտինք, այդ ժպիտը ինքնաբերաբար իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մնացեալներուն վրայ: Ժպիտը յաճախ կը փոխադարձուի ժպիտով, եւ շուտով, այդ վարակիչ ժպիտին շնորհիւ, տրամադրութեան յատուկ բարձրացում կը կատարուի:
– Ժպիտը կը թեթեւցնէ ընկճախտը: Ընկճախտը կ՛այլափոխէ մեր դիմագիծը. մինչդեռ ժպիտը կ՛արգիլէ, որ մենք յոգնած, սպառած եւ «տապալած» տեսք ունենանք: Երբ ընկճուած ենք, փորձենք ժպտիլ` մասամբ բարեփոխելու համար մեր հոգեվիճակը:
– Ժպիտը կը նուազեցնէ արեան գերճնշումը:
– Ժպիտը կ՛երիտասարդացնէ: Երբ կը ժպտինք, դէմքին որոշ մկաններ շարժումի մէջ կ՛ըլլան, այդ շարժումները կը թեթեւցնեն կնճիռները եւ կ՛օգնեն, որ աւելի երիտասարդ երեւինք:
– Ժպիտը կ՛օգնէ, որ դրական ըլլանք: Գիտնականներու կարծիքով, գրեթէ անհնար է միաժամանակ ժպտիլ եւ բացասական բանի մը մասին մտածելը (այո՛, փորձեցէք): Երբ կը ժպտինք, անուղղակիօրէն մեզի կը թելադրուի, որ «կեանքը գեղեցիկ է»: Յաճախ ժպտինք ընկճախտը, հոգեկան անկումն ու անձկութիւնը մեզմէ հեռու պահելու համար:
– Ժպիտը կը խթանէ մեր մարմնին դիմադրականութիւնը: Գիտնականներու համոզումով, ժպիտը կ՛օգնէ, որ մեր դիմադրկան դրութիւնը աւելի լաւ գործէ: Ինչո՞ւ չփորձել այս ձրի դեղը…
Խոհագիր
Եղանակի Պտուղներով
Սանկրիա
Բաղադրիչներ
1 բաժակ կարմիր գինի
1/3 բաժակ նարինջի հիւթ
1/3 բաժակ 7-սp
Նարինջի եւ կիտրոնի շերտեր
Խնձորի, դեղձի, ելակի կտորներ
Անանուխի թարմ տերեւներ
Պատրաստութիւն
Ներկայանալի սափորի մը մէջ լեցնել գինին, նարինջի հիւթն ու 7-սp-ը:
Աւելցնել նախապէս լուացուած շերտուած պտուղները:
Խմիչքը սառնարանը պահել եւ հրամցնելու պահուն սառոյցի խորանարդներ աւելցնել սափորին մէջ:
Կարմիր հատապտուղներ, կեռասի հատիկներ, անանասի կտորներ եւս հաճելի համ կրնան տալ ձեր սանկրիային:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ձախողում
Գրկեցի ծառը ամենաբարձր`
Հպարտ լինելու արուեստը յուշեց,
Շոյեցի կանաչն ամենախոնարհ`
Խոտը շշուկով ինձ տուեց շնորհ,
Գգուեցի քարին ամենակարծր`
Ցաւից լռելու գաղտնիքը բացեց,
Փարուեցի լճին ամենաաղի`
Ինձ չարտասուելու ուժով ողողեց:
Սակայն կարծես թէ չստացուեց ոչինչ.
Ծառը թափ տուեց թեւերը վրաս,
Փակուեցին խոտի շուրթերը կանաչ,
Քարի ճակատին ձգուեց խոր կնճիռ:
Ինձ ո՞վ ինչ ասաց, ո՞վ ինձ ինչ յուշեց…
Յիշում եմ միայն` արտասւում էի,
Երբ լսում էի յորդորը լճի,
Իսկ հիմա, ահա, էլ չեմ արտասւում:
(Փարուեցի լճին եւ արտասուեցի,
Իսկ յետո՞յ , յետո՞յ… չեմ յիշում ոչինչ),
Տարրալուծուե՞լ եմ ջրերում լճի,
Թէ՞ լիճն է դարձել ուրիշ` ինձնով լի,
Չեմ յիշում, թէ երբ, բայց դարձել եմ լիճ`
Մի ամբողջական արցունքի կաթիլ`
Կնոջ պատկերով եւ նմանութեամբ:
ԿԱՐԻՆԷ ԱՇՈՒՂԵԱՆ
Անցեալ շաբաթավերջին մահացաւ բանաստեղծուհի, թարգմանչուհի եւ հրապարակախօս Կարինէ Աշուղեանը:
Այսօրուան էջով կարդանք «Հմայիլներ» հատորէն կտոր մը: Նշենք, որ «Հմայիլներ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն արժանացած է «Պարոյր Սեւակ» մրցանքին: