Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Տան մէջ շատ քիչ բան պէտք է տրամադրութիւնը բարձր պահելու համար: Ահաւասիկ 6 պարզ միջոցներ` տան մէջ հանգիստ զգալու եւ տրամադրութիւնը բարձր պահելու համար:
– 1 –
Լոյսը
Ջանացէք միշտ լուսաւոր պահել տան սենեակները: Բացէք փեղկերն ու վարագոյրները, թող լուսաւորուի տունը: Օրը սկսէք լոյսով եւ ինքնաբերաբար աւելի ուրախ պիտի զգաք: Մութը իրեն հետ կը բերէ սեւ միտքեր ու յոռետեսութիւն: Հրաժարեցէք թանձր վարագոյրներէն, գորշ ու խճողուած կահոյքէն, բայց մանաւանդ լոյսը թող ողողէ տան բոլոր սենեակները:
– 2 –
Բոյսերը
Բոյսեր զետեղեցէք ամէնուրեք: Անոնց կանաչ տերեւներն ու սիրուն ծաղիկները ոչ միայն գոյն եւ կեանք պիտի տան ձեր տան, այլեւ պիտի մաքրեն օդը եւ հաճելի զգացողութիւն եւ հանգստութիւն պիտի պարգեւեն ձեզի:
– 3 –
Ընտանի Անասուն Մը
Տան մէջ ընտանի անասուն մը պահելը նոյնպէս տրամադրութիւն կը բարձրացնէ. շուն, կատու, թռչուն թէ ձուկ… ի՛նչ ալ ըլլայ անասունին տեսակը, անոր ցուցաբերած ձեր սէրն ու գուրգուրանքը բաւարարութեան զգացում պիտի արթնցնեն ձեր մէջ, իսկ անոնց կողմէ երախտագիտութեան նուազագոյն նշան պիտի մոռցնէ օրուան ձեր հոգերն ու նեղութիւնները:
– 4 –
Կարդալու Մտերմիկ Անկիւն Մը
Տան մէջ ընտրեցէք խաղաղ, փոքրիկ անկիւն մը` ձեր հանգիստին համար: Զետեղեցէք հանգստաւէտ բազկաթոռ մը, բայց, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` կարպետ մը ու քանի մը փափուկ բարձ: Օրուան ընթացքին ունեցէք ձեր դադարի ժամը, քաշուեցէք ձեր անկիւնը եւ կարդացէք: Այս «անմեղ անձնասիրութիւնը» սովորութեան պիտի վերածուի եւ շատ չանցած` պիտի բարեփոխէ ձեր ներաշխարհը:
– 5 –
Անուշ Բոյրը
Գնեցէք բուրաւէտ մոմեր` լաւանտի, էօքալիփթիւսի, կիտրոնի եւ այլ բոյրերով ու օրուան որոշ ժամերուն վառեցէք զանոնք: Անուշ բոյրերը շատ մեծ ազդեցութիւն կը գործեն ձեր տրամադրութեան վրայ: Անոնք ուրախ զգացողութիւններ եւ լաւատեսութիւն կը պարգեւեն:
Կրնաք դուք եւս, ըստ ճաշակի, բոյրեր պատրաստել` կիտրոնի, նարինջի կեղեւներ, կասիայի փայտիկներ, մեխակի քամեր կամ այլ նիւթեր ջուրի մէջ եռացնելով:
– 6 –
Լռութիւնը – Մեղմ Երաժշտութիւնը
Ջանացէք տան մէջ աղմուկը նուազագոյնի իջեցնել : Անջատել հեռատեսիլին ձայնը, փակել փողոցին աղմուկը տուն փոխադրող պատուհանը, հրաժարիլ տան մէջ բարձրակրունկ կօշիկներով շրջելէ, խուսափիլ պոռալով խօսելէ… Աղմուկը ջղագրգիռ կը դարձնէ թէ՛ ձեզ եւ թէ՛ տան մէջ մնացեալ անդամները: Բացի այս նախազգուշութիւններէն` երբեմն ականջակալներով կտրուեցէք ձեր շրջապատէն եւ հաճելի երաժշտութիւն մտիկ ըրէք:
Աւելուկի Փառատօն
Վերջերս Վարդենիկ գիւղին մէջ (Գեղարքունիքի մարզ) կայացաւ «Աւելուկի փառատօն»-ը, որուն ընթացքին պատրաստուեցաւ աշխարհի ամենաերկար աւելուկի հիւսքը:
Փառատօնին նպատակն էր հանրութեան ներկայացնել շրջանի զբօսաշրջային հաստատութիւնները եւ զարկ տալ օրկանիք գիւղատնտեսութեան:
Այս խորհրդանշական փառատօնին փափաքողները, որոնց կարգին վարչապետին կինը` Աննա Յակոբեանը, մասնակցեցան աւելուկի ամենաերկար հիւսքը գործելու ընթացքին` սեփական ձեւերով հիւսելով զայն: Աշխարհի ամենաերկար աւելուկի հիւսքը պիտի գրանցուի «դիւցազնագիրք» մրցանիշներու գիրքին մէջ:
Փառատօնին կազմակերպուած էր նաեւ ցուցահանդէս-տօնավաճառ, որուն ընթացքին Վարդենիկի եւ շրջանի ձեռներէցները յատուկ տաղաւարներով ներկայացուցին իրենց գիւղամթերքները:
Նոյն առիթով մեծ կաթսայի մէջ աւելուկ պատրաստուեցաւ եւ համտես-հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ:
Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ներսիկ Իսպիրեանը եւ «Գաթայ» խումբը:
Քանի Մը Տողով
Այսօր Հայաստանի
Ազգային Գրադարանի Օրն Է
1999-էն ի վեր յուլիս 4-ը կը նշուի որպէս Հայաստանի Ազգային գրադարանի օր:
Ինչպէս շատ մը այլ կրթական ու մշակութային հաստատութիւններ, այս գրադարանը հիմնադրուած է 1919-ին` Հայաստանի Ա. հանրապետութեան օրով, 20 տարի ետք միայն` 1959-ին կառուցուեցաւ թումանեանական մասնաշէնքը, որ կը գտնուի Աբովեան պուրակի կից, Տէրեան 72-ի վրայ:
1919-1921 թուականներուն գրադարանի առաջին տնօրէն Ստեփան Կանայեանի ջանքերով հաւաքուած, գնուած եւ Երեւան փոխադրուած են Թիֆլիսէն, Պաքուէն, Ախալցխայէն եւ Կարսի հայկական կազմակերպութիւններու, ընկերութիւններու գրադարանները:
Տարբեր տարիներու գրադարանին հաւատարիմ ընթերցողներէն եղած են անուանի գրագէտներ` Ա. Իսահակեանը, Դ. Դեմիրճեանը, Պ. Սեւակը, Ն. Զարեանը, ինչպէս նաեւ յայտնի գիտնականներ` Վ. Համբարձումեանը, Ճոն Կիրակոսեանը եւ շատ ուրիշներ:
Նշենք, որ օրուան ընթացքին, միջին հաշուով, 900 ընթերցող կ՛այցելէ գրադարան:
Որոնք Են Տան Ամէնէն
Աղտոտ Առարկաները
Ամերիկացի գիտնականներու կարծիքով, երեւութապէս մաքուր համարուած տան մէջ իսկ կան հատուածներ եւ առարկաներ, որոնք կրնան վնասել մեր առողջութեան, եթէ յաճախ չմաքրուին ու չհականեխուին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք տան ամէնէն աղտոտ առարկաները` ըստ ամերիկացի գիտնականներուն:
1.- Խոհանոցին լուացարանը
2.- Պնակեղէնները լուալու սպունգը
3.- Լոգարանին վարագոյրը
4.- Ուտելիքները կտրատելու տախտակը
5.- Սառնարանը
6.- Ձեռքի սրբիչները
7.- Հեռատեսիլի եւ այլ սարքերու հեռակառավարման վահանակը (ռիմոթ քոնթրոլ)
8.- Ստեղնաշարը
9.- Բռնակները եւ լոյսի անջատիչները
10.- Ներքնակներն ու բարձերը
11.- Բաղնիքին աթոռը
12.- Մանրալիքը
Նորաձեւութիւն
«Տետ Շուզ»-ի Վերադարձը
1990-ականներուն մեծ ընդունելութիւն գտած «Տետ շուզ»-ը կրկին վերադարձած է, ոչ որպէս մարզական կօշիկ, այլ օրուան ընթացքին զանազան առիթներով կրելու համար` հագուստի, փէշի եւ տաբատի հետ:
2017-ին «Պալանսիակա» նորաձեւութեան տունը իր փառատօներուն ընթացքին կրկին կեանքի կոչեց այս «Էքս. Էքս. լարճ» եւ զոյգ ներբաններով մարզական կօշիկները, որոնք օրին թեր եւ դէմ կարծիքներու արժանացան:
Այս ամառ «Տետ շուզ»-երը կրկին հրապարակի վրայ են` այս անգամ` շատ գունեղ տարբերակներով:
Կոպիտ տեսքով այս կօշիկներ, կրողներուն կարծիքով, ունին հանգստաւէտ ըլլալու եւ հասակը քանի մը սանթիմեթրով բարձրացնելու առաւելութիւնները:
Խոհագիր
Ոսպով, Նուռով Եւ
Ֆեթա Պանիրով Աղցան
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
– 200 կրամ խաշած ոսպ
– Կէս նուռի հատիկներ
– 200 կրամ ֆեթա պանիր
– Անանուխի թարմ տերեւներ
– 1 թէյի դգալ մեղր
– Քառորդ կրիֆոն
– 3 ապուրի դգալ ձէթ
– Պտղունց մը փոշի գինձ
– 2 ապուրի դգալ արեւածաղիկի կուտ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Աղցանի ամանին մէջ խառնել կրիֆոնին հիւթը, մեղրը, եւ ձէթը: Աւելցնել փոշի գինձը, աղն ու պղպեղը եւ կրկին խառնել:
Հրամցնելու պահուն թացանին աւելցնել խաշած ոսպը, նուռի հատիկները, փշրուած ֆեթա պանիրը, արեւածաղիկի կուտերը եւ մանրուան անանուխը: Ուշադիր խառնել եւ հրամցնել գաղջ կամ պաղ վիճակով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
«Գժուել»
Եւ ինձ լսելով`
Կարող են ասել.
«Գժուե՞լ է, ի՜նչ է»:
Իսկ ես էլ կ՛ասեմ.
«Այո, գժուե՜լ եմ,
Ինչո՞ւ չգժուել»:
Իսկ գժուելով չե՞ն սիրում եւ ատում:
Իսկ գժուելուց չէ՞ փայտը ճարճատում:
Առանց գժուելու` չկայ շահած մարտ:
Առանց գժուելու` չեն ծնի նոր մարդ:
Մինչեւ չգժուի` ջուրը չի եռայ,
Կեղեւ չի պատռի հատիկը նռան:
Ծառե՞րն են փթթում`
Գժուա՜ծ են անշուշտ:
Երկիրն է պտտում`
Գժուած է անշուշտ…
Սերմերը մինչեւ կարգին չգժուեն`
Բերք չեն դառնալու:
Թաթերը մինչեւ կարգին չգժուեն`
Ձեռք չեն դառնալու:
Բառերն էլ մինչեւ կարգին չգժուեն`
Երգ չեն դառնալու…
Ա՜խ, ուր էր թէ ես միշտ գիժ լինէի…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ