Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ամանորի նախօրեակին մենք կը լեցուինք նոր յոյսով, կը վերապրինք տօնին խորհուրդը եւ կը մաղթենք, որ գալիք տարին իրեն հետ բերէ աւելի լաւ ու պայծառ օրեր:
Այս օրերուն, երբ Արցախի պատերազմին պատճառած վէրքերը չեն սպիացած, մեզմէ շատեր կը քննարկեն` յարդարե՞նք տօնածառ, անակնկալ նուէրներով ուրախացնեն՞ք մեր երեխաները, պատրաստե՞նք համադամ տօնական ուտեստներ- թէ՞ հրաժարինք այս բոլորէն, երբ անդին…
Տուեալ հարցերուն թեր ու դէմ պատասխաններ փնտռելու փոխարէն` նախ հարկաւոր է ընկալել Նոր տարուան բո՛ւն խորհուրդը:
Ամանորի խորհուրդը:
Ամանորի պատրաստութեան հետ կապուած աղմուկը աւելի շատ է, քան ինչ որ պէտք է ըլլայ: Իսկ հոսկէ կարելի է ընել հետեւութիւններ, թէ ինչ ի մտի ունի իւրաքանչիւրը` Ամանոր նշելու կամ չնշելու կոչ ընելու պարագային:
Մեր հասարակութեան մէջ կայ ստուար զանգուած մը, որ ամանորեայ օրերուն կարեւոր կը համարէ ճոխ սեղանը, թանկարժէք նուէրները հագուստ-կապուստը, այլ խօսքով, կը փորձէ մրցիլ իրեն նմաններուն հետ եւ զարմացնել բոլորը: Ասիկա կարելի չէ Ամանորի նշում համարել: Ամանորի իրական խորհուրդը, ցաւօք շատերը կորսնցուցած են…
Երանի գոնէ այս տարուան Ամանորը բոլորին տայ հայրենիքին դերը գիտակցելու, վերագնահատելու, վերարժեւորելու հնարաւորութիւն: Նման հնարաւորութիւն մը կ՛ըլլայ բացառի՛կ, քանի որ ափսոսանքը, ցաւը, հպարտութիւնը եւ յոյսը կը միախառնուին` տալով մեծ ուժ դէպի առաջ նայելու եւ մանաւանդ նոր սերունդին մէջ պարտուողի, զոհի տիպարներ չձեւաւորելու համար:
Հետեւաբար տօնածառ յարդարելը պէտք է դիտել ոչ թէ որպէս խրախճանքի մէկ մաս, այլ` անոր մէջ տեսնել երբեմնի ծառի խորհուրդը:
Ամանորի նախօրեակին ի՞նչ սորվեցնել երեխաներուն:
Այս շատ խորհրդաւոր տօնին առիթով պէտք է երեխային սորվեցնել` շնորհակալ ըլլալ, գնահատել ժամանակը, տեսնել Ամանորի իսկական կողմը: Անհրաժեշտ է Ամանորը դարձնել ներընտանեկան հաւաքոյթ, ուր ցուցադրականութիւնը տեղ չունի:
Ծնողները պիտի սորվեցնեն եւ մղեն երեխան վերլուծելու նախորդ տարին իր լաւ եւ վատ կողմերով յիշել ուրախ պահերը, բայց նաեւ` զգալ եւ բաժնել ուրիշներուն ցաւերը, մասնակցիլ կարիքաւոր գաղթական ընտանիքներու, սահմանապահ քաջ զինուորներու եւ տուժածներու համար ծայր առած որեւէ նախաձեռնութեան:
Շատ բնական է, որ իւրաքանչիւր ծնող կը փափաքի իր երեխային Ամանորը դարձնել տօն, բայց առնուազն այս տարի իրենց նուէրներով ըլլան համեստ եւ չափաւոր, սորվեցնեն իրենց երեխաներուն` գոհանալ ստացածով, շեշտը դնելով ոչ թէ նուէրի չափին, քանակին կամ արժէքին, այլ մատուցման ձեւին եւ նպատակին վրայ:
Այս բոլորը իրականացնելու համար նախ եւ առաջ մեծերը օրինակ պէտք է ծառայեն փոքրերուն, Ամանորը նշելու հարցով մրցակցութեան արշաւներէն հեռու մնան, չհամեմատուին ուրիշներու հետ, չիյնան դիմատետրերու լարած ծուղակին մէջ եւ շեշտեն կարեւորութիւնը ոգեղէն արժէքներուն:
Ի՞նչը Ինչո՞վ Դարմանել
– Յոգնած մորթին առողջ տեսք եւ փայլ տալու համար…
Մաքուր մաշկին վրայ տարածել 2 ապուրի դգալ մեղր, ձգել 20 վայրկեան, ապա դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:
***
– Իւղոտ մորթը հաւասարակշռելու համար…
Լոլիկը կլոր շերտել, շերտերով ծածկել ամբողջ դէմքը, սպասել քառորդ ժամ, ապա դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:
***
– Ջրազրկուած մորթը դարմանելու համար…
Հարիչէ անցած վարունգի խիւսին ապուրի դգալ մը հեղուկ կաթ աւելցնել եւ ստացուած թանձրուկով ծեփել դէմքը, սպասել քառորդ ժամ, ապա դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:
***
– Մորթին մեռած բջիջները մաքրելու եւ զայն ողորկ դարձնելու համար…
100 կրամ աղին 3 ապուրի դգալ ձէթ աւելցնել եւ մորթը շփել շրջանաձեւ շարժումներով, ապա գաղջ ջուրով առատօրէն ցօղուել:
***
– Դէմքին մաշկին գոյնը բանալու համար…
Կէս կիտրոնի հիւթին 2 ապուրի դգալ հանքային ջուր աւելցնել եւ բամպակի միջոցով անով օծել մաշկը: Երկու վայրկեան սպասել, ապա ցօղուել:
Ասիկա նաեւ կ՛օգնէ մորթին ընդլայնած ծակտիկները սեղմելու:
Ի՞նչ Բաներ Կնոջ Մը Տարիքը
Աւելի Մեծ Ցոյց Կու Տան
Մասնագէտի կարծիքով, կան 10 ազդակներ, որոնք կնոջ մը տարիքը կը մեծցնեն: Անոնց մեծ մասը կարելի է կանխարգիլել կամ սրբագրել` առողջ սննդառութեամբ, մարզանքով եւ պատշաճ հագուածքով ու շպարով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 10 ազդակները:
1.- Ճերմկած ու անխնամ մազերը,
2.- Չխնամուած ձեռքերն ու եղունգները,
3.- Կանխահաս կնճիռները,
4.- Թորշոմած ու կախուած պարանոցը,
5.- Թոյլ մարմնի կառոյցն ու կեցուածքը,
6.- Ծանր օծանելիքները,
7.- Յոգնած ու խամրած աչքերն ու նայուածքը,
8.- Չափազանց պղնձագոյն մորթը (արեւի լոգանքի կամ արհեստական ճառագայթներու միջոցով),
9.- Վառ եւ չափազանցուած դիմայարդարումը:
10.- Տարիքին անհամապատասխան հագուածքը:
Այլազան
90-Ամեայ Անեչկան Իր Փոքրիկ Գիւղը
Վերածած Է Պատկերասրահի
Չեխիոյ մէջ կայ փոքրիկ գիւղ մը, ուր աւանդական տուներու պատերուն պատկերուած են արուեստի գեղեցիկ գործեր, եւ այդ բոլորը` շնորհիւ 90-ամեայ Անեչկա Կաշպարկովային…
Պատմութիւնը սկսած է Լեհաստանի Զալիպէ գիւղին մէջ, ուր երիտասարդ Անեչկան իր գիւղի տուներուն արտաքին պատերը զարդարեց գեղեցիկ ծաղկանաշխերով: Ժամանակի ընթացքին ուրիշ գիւղացիներ հետեւեցան Անեչկայի օրինակին եւ իրենց տան պատերը զարդարեցին նոյն ոճով:
Եւ օր մըն ալ գիւղը որոշեց հիմնել տարեկան մրցոյթ, որ կոչուեցաւ «ներկուած տնակներու մրցոյթ»: Առաջին մրցոյթը կայացաւ 1948-ին եւ արդէն աւանդութիւն դարձաւ:
Անեչկան, որ ծագումով Չեխիոյ Լուքա քաղաքէն է, վերադարձաւ իր ծննդավայրը` վերստեղծելու համար իր մանկութեան փողոցներուն աճած ծաղիկներուն գեղեցիկ նաշխերը: Անոր արուեստը ներշնչուած է Մորաւիայի աւանդական արուեստի գործերէն: Ան իր փոքրիկ վրձինով կը վերապրեցնէ իր մանկութեան ծաղիկները` օգտագործելով առաւելաբար կապոյտ գոյնի ներկ:
Ասեղնագործ յիշեցնող Անեչկային նկարչութիւնը կը պահանջէ քրտնաջան եւ բծախնդիր աշխատանք, իսկ 90-ամեայ կնոջ կարծիքով` «չկան տարիքային խոչընդոտներ, երբ գործ մը կը կատարես կիրքով, համոզումով եւ մեծ սիրով»…
Խոհագիր
Խոշոր Դդումով Ապուր
Բաղադրիչներ
– 1 քիլօ խոշոր դդում
– 1 սոխ
– 2 գետնախնձոր
– 2 պճեղ սխտոր
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– 2 ապուրի դգալ թարմ սեր
– 1 ապուրի դգալ կարագ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Մանրուած սոխն ու սխտորը աղին եւ սեւ համեմին հետ 10 վայրկեան դարձնել տաք ձէթին եւ կարագին մէջ:
Աւելցնել 2 բաժակ ջուր, մանրուած դդումն ու գետնախնձորը եւ եփել շուրջ կէս ժամ:
Կաթսան կրակին վրայէն հանել ու բաղադրութիւնը հարիչէ անցընել: Աւելցնել թարմ սերը:
Մատուցել տաք վիճակով, երեսը զարդարել դդումի սերմերով եւ թարմ սերով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
***
Գրոհը կարճ տեւեց… Գիշերը խիտ էր, թաւ,
Ու գիշերուան միջով շարքերն առաջ անցան…
Չնկատեց ոչ ոք, որ մի զինուոր ընկաւ
Եւ աչքերը փակեց անհառաչ ու անձայն:
Բայց մի հեռու գիւղում, տեսած մի չար երազ,
Սպիտակած մի մայր, սեւ շորերը հագին,
Անյոյս հառաչանքով նստեց ճամբի վրայ
Ու ողջունեց լացով ծագող արեգակին:
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ