Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ընկերային ցանցերը մեծ դեր կը խաղան մեր կեանքին մէջ: Անոնք կ՛օգնեն փնտռելու, գտնելու եւ կապ հաստատելու տարբեր մարդոց հետ` աշխարհի չորս ծագերուն, եւ հակառակ անոր որ շատ մը ընկերային ցանցեր կը փորձեն պաշտպանել իրենց օգտատէրերուն անձնական տուեալները, չարագործ եւ խարդախ մարդիկ աւելի խելացի եւ հնարամիտ դառնալով` կը փորձեն վերծանել որոշ տեղեկութիւններ եւ հասնիլ իրենց նպատակին:
Այս իսկ պատճառով պէտք է զգուշութիւն ցուցաբերել` նման անձերէ պաշտպանուելու համար:
Ահաւասիկ` 10 տեղեկութիւններ, որոնք պէտք է ջնջել ընկերային ցանցերէն.
1.- Մեր ծննդեան թուականը, անունը, հեռախօսի թիւը եւ հասցէն մասամբ կ՛ամբողջացնեն փազըլը, որուն օգնութեամբ կը դիւրանայ հասնիլ մեր դրամատնային հաշիւին կամ անձնական տուեալներուն:
2.- Մեր երեխաներուն լուսանկարները, անոնց յաճախած դպրոցին անունը, նախասիրութիւնները… փետոֆիլներն (մանկապիղծներ) ու անհաւասարակշիռ մարդիկ, առանց մեծ ճիգի, դիւրաւ կրնան հասնիլ անոնց:
3.- Մեր արձակուրդի ծրագիրներն ու անոնց թուականները: Արձակուրդի ծրագիրներուն մասին պատմելով` մենք բոլորին կը տեղեկացնենք, որ տունէն պիտի բացակայինք… լաւ թիրախ մը` գողերուն համար:
4.- Մեր տան նկարներն ու յատակագիծը: Ոգեշնչուած վերանորոգումով կամ տան կահոյքին փոփոխութեամբ, շատերս կը հրապարակենք մեր տան լուսանկարները, ուր ակնյայտ կ՛երեւի տան նախագիծը: Այդպիսով գողին աւելի դիւրին կ՛ըլլայ կողմնորոշուիլ, երբ ան արդէն պատկերացում ունի, թէ ինչպիսի` տեսք ունի բնակարանը: Բացի ասկէ, լուսանկարներով ան կրնայ ուսումնասիրել, թէ ի՛նչ թանկարժէք իրեր ունինք տան մէջ:
5.- Օդանաւային տոմսերու լուսանկարները:
6.- Մտերիմ լուսանկարներ:
7.- Քրետիթ քարտերու լուսանկարներ:
8.- Մեր գործին հետ կապուած տեղեկութիւններ եւ դժգոհութիւններ:
9.- Քաղաքական ծայրայեղ կեցուածքներ:
10.- Կրօնական ծայրայեղ վերլուծումներ:
Ցուրտ Օդը Կը Ջրազրկէ Եւ Կը Չորցնէ Մորթը
Մորթը կը կազմէ մարմնի զանգուածին շուրջ 20 տոկոսը: Անիկա` որպէսզ պատնէշ, կը պաշտպանէ մեզ արտաքին միջավայրի անբարենպաստ գործօններէն: Բացի պաշտպանելէ` անիկա նաեւ ջերմակարգաւորող է, դիմնադրականութիւնը զօրացնող եւ այլն…
Մորթի բնական վիճակի պահպանումը անհրաժեշտ է ոչ միայն մեր մարմնի բնականոն կենսագործութեան համար, այլ նաեւ մեծ նշանակութիւն ունի հոգեբանական բնական վիճակին համար:
Ձմրան եղանակին մորթը յաւելեալ խնամքի կարիք ունի. ցուրտը, քամին, տուներու մէջի չոր օդը կը վնասեն մորթին պաշտպանիչ խաւին: Առաջին հերթին խօսքը դէմքի եւ ձեռքի մորթին մասին է: Ձմրան ցուրտ օրերուն մորթը հակամէտ է կարմրելու եւ թեփոտելու. ասոնց պատճառը գլխաւորաբար ջերմաստիճանի կտրուկ տատանումն է:
Ստորեւ օգտակար խորհուրդներ` ձմրան եղանակին մորթը պաշտպանելու համար:
– Տան գործերը, քիմիական նիւթեր պարունակող մաքրութեան դեղերը եւ օդի փոփոխութիւնը կը վնասեն ձեռքերուն եւ ժամանակէն առաջ կը ծերացնեն մորթը. ահա թէ ինչո՛ւ յատկապէս ձմրան եղանակին պէտք է օրուան ընթացքին քանի մը անգամ զանոնք օծել ձեռքի յատուկ սերերով: Ձեռնոցի գործածութիւնը եւս անհրաժեշտ է վերոյիշեալ անպատեհութիւններուն առաջքը առնելու համար:
– Լոգանքի ընթացքին հրաժարեցէք շատ տաք ջուրէն: Նաեւ լաւ ցամքեցուցէք ձեր մորթը` առանց ամուր շփելու: Զարմանալիօրէն թաց մորթը աւելի հակամէտ է չորնալու:
Բուսական իւղով շփեցէք մարմնի այն մասերը, ուր մորթը չորցած եւ կարծրացած է, ինչպէս` կրունկները, արմուկները եւ այլն…
– Հրաժարեցէք անորակ օճառներէն, մարմնի եւ մազերու շամփուէններէն, որոնք կը գրգռեն եւ կը չորցնեն մորթը:
– Շուրթերը եւս շատ զգայուն են ցուրտին, անոնք անմիջապէս կը չորնան, կը ճաթռտին ու կ՛արիւնին: Կլիսերինով կամ ծեփուկներով պաշտպանեցէք զանոնք:
Շուրթերը Պաշտպանելու
Ծեփուկներ
Շուրթերուն մորթը չափազանց նուրբ է, անիկա դիւրաւ կ՛ազդուի ցուրտէն, ինչպէս նաեւ շրթներկերու բացասական ազդեցութենէն:
Ահաւասիկ տունը պատրաստուող դիւրին ծեփուկներ` շուրթերը փափուկ եւ գեղեցիկ պահելու համար:
Վարունգով Ծեփուկ
5 կաթիլ վարունգի հիւթին աւելցնել քառորդ թէյի դգալ մեղր եւ նոյնքան ալ թարմ սեր, խառնուրդը քսել շուրթերուն, ձգել քառորդ ժամ, ապա մաքրել բամպակով մը:
Ելակով Ծեփուկ
2 հասուն ելակ ճզմել եւ խիւսը քսել շուրթերուն, ձգել 20 վայրկեան, ապա լուալ պաղ ջուրով: Այս ծեփուկը նաեւ գեղեցիկ գոյն եւ առողջ տեսք կու տայ շուրթերուն:
Աւոքայով Ծեփուկ
Կտոր մը հասուն աւոքային քառորդ դգալ մեղր աւելցնել, ճզմել եւ ստացուած խիւսը քսել շուրթերուն: Քառորդ ժամ սպասել, ապա մաքրել մաքուր բամպակով մը:
Այլազան
Զարդերու Բուժիչ
Յատկութիւնները
Երբեմն կը կրենք մեզի շատ սիրելի զարդեր` առանց գիտակցելու, որ անոնք կրնան դրական կամ բացասական ազդեցութիւն, նոյնիսկ բուժիչ յատկութիւն ունենալ:
Այսպէս, Ռեֆլեքսոթերափիի կեդրոնական գիտահետազօտողական հիմնարկը պարզած է, որ պղինձէ ապարանջանները կ՛ամրապնդեն մարմնին դիմադրականութիւնը: Անոնք կ՛օգտագործուին սիրտանօթային անհանգստութիւնները, ինչպէս նաեւ ջղային համակարգի խանգարումները դարմանելու համար: Նոյն հիմնարկին համաձայն, մարմնին մէջ պղինձի պակասը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ մարդու ինքնազգացողութեան վրայ:
Եւ այսպէս, տարբեր երկիրներու մէջ ընդհանրացած է պղինձէ ապարանջան կրելու սովորութիւնը: Աշխարհի վրայ ամէնէն հանրայայտ փերուական «Ռեմուս» վաճառանիշով ապարանջաններն են, որոնց մէջ պղինձը կը կազմէ 99.9 տոկոս: Այս ապարանջանները 2 տարին անգամ մը պէտք է փոխարինել նորով, քանի որ անոնք կը կորսնցնեն իրենց բուժիչ յատկութիւնները:
Ճափոնական Քինցուկի
Արուեստը
Աւանդաբար, քինցուկին կը վերաբերի ճաքերը վերականգնելու ճափոնական արուեստին:
Ճափոնի մէջ յաճախ կոտրած իրերը կը նորոգեն` ճաքերը ոսկիով լեցնելով: Անոնք թերութիւնը կը դիտարկեն որպէս իրի պատմութեան իւրայատուկ տարր, առանձնայատկութիւն մը, որ անոր յաւելեալ գեղեցկութիւն կը շնորհէ…
Գեղեցիկ է մտածել այս գործելակերպի մասին` որպէս մեր կեանքի փոխաբերութիւն, մեր կոտրած, դժուար կամ ցաւոտ մասերը տեսնել որպէս ճառագող լոյս, ոսկի եւ գեղեցկութիւն:
«Քինցուկին մեզի կը սորվեցնէ, որ մեր կոտրած տեղերը մեզ աւելի ուժեղ եւ լաւ կը դարձնեն, քան երբեւէ»: Յիշենք այս խօսքը ամէն անգամ, երբ մեզ կոտրուած կը զգանք…
Գաղտնի Կտաւին
Պատմութիւնը
Պարսկահայ գեղանկարիչ Էտմոն Այվազեանը, որ 1990-ականներուն Լոնտոն կ՛ապրէր, Արամ Խաչատուրեանի լոնտոնեան վերջին այցելութեան ժամանակ փափաք կը յայտնէ նկարել մեծ երգահանը: Ան կը խնդրէ, որ մէկ ժամ տրամադրէ իրեն, սակայն Խաչատուրեանը շատ զբաղած` կը մերժէ:
Հայ բարերար Ասատուր Գզելեանը, որ յաճախ կ՛ընկերակցէր Խաչատուրեանին, գաղտնի Այվազեանը կը հրաւիրէ երգահանին փորձին: Մօտ մէկուկէս ժամ անկիւն մը նստած` նկարիչը նախագիծներ կը պատրաստէ եւ յետոյ տունը կ՛աւարտէ կտաւը:
Հետագային Ա. Խաչատուրեան կը տեսնէ կտաւը, կը հաւնի եւ կը խնդրէ, որ իրեն նուիրէ: Նկարիչը կը հրաժարի` յիշեցնելով, որ օրին ան ոչ իսկ մէկ ժամ չտրամադրեց իրեն:
Ժամանակ անց Այվազեանը Գզելեանին եւ Խաչատուրեանին կը նուիրէ նոյն կտաւին կրկնօրինակները, իսկ բնօրինակը` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ին:
1984-ի յունուար 23-ին` Ա. Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի բացման օրը, վեհափառը թանգարանին կը նուիրէ կտաւը:
Խոհագիր
Հընդկընկոյզով Կրկնեփ
Բաղադրիչներ.
– 500 կրամ հնդկընկոյզի տաշեղ
– 160 կրամ սիմիտ
– 4 հաւկիթ
– 250 կրամ փոշի շաքար
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– Կէս թէյի գաւաթ բուսական իւղ
– Կէս թէյի գաւաթ հալած կարագ
– 1 կիտրոնի տաշուք
Պատրաստութիւն.
Հաւկիթը եւ շաքարը ելեկտրական գործիքով զարնել:
Աւելցնել` կարագը, իւղը, պէյքինկ փաուտըրը եւ կիտրոնի տաշուքը:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մեր հողը վաղուց խլուած,
Մեր տունը վաղուց փլուած…
Հող չունենք ու տուն չունենք:
Քար քաշում, քար ենք տաշում,
Քարի հետ կեանք ենք մաշում,
Հենուելու մի սիւն չունենք:
Յետեւում խաբկանք ու սուտ,
Առջեւում վիհեր են մութ,
Ելք չունենք ու հուն չունենք:
Տղերք կան պինդ, պնդակուռ,
Ում տեսնես` մի Սասնայ ծուռ…
Ծռեր կան, Սասուն չունենք:
Ամէն մի Դավթի համար
Ունքերը կեռ ու կամար
Մի Խանդութ Խաթուն չունե՞նք:
Յոգնած ու խմած էինք,
Խաբուած ու քնած էինք,
Արթնացանք, էլ քուն չունենք:
Փակուած ենք անձաւի մէջ,
Տապակուած մեր ցաւի մէջ,
Ցաւ ունենք, խնդում չունենք:
Մենք մերը չե՞նք լինելու,
Մեր տէրը չե՞նք լինելու,
Մեր ցանած ածուն չունե՞նք:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ