Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Սննդագիտական. Ուտելիքներ, Որոնք Կ՛օգնեն Ձմրան Լաւ Տրամադրութիւն Ունենալու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեր կերածները մեծ ազդեցութիւն ունին մեր կենսունակութեան վրայ: Ոմանք կ՛օգնեն նիհարնալու, ոմանք կը բարելաւեն առողջութիւնը, ոմանք ալ կը բարելաւեն ուղեղին աշխատանքը:

Իսկ ձմրան, երբ արեւին բացակայութիւնն ու ցուրտ եղանակը տխրութիւն կը բերեն, օգտակար է իմանալ, թէ ի՛նչ սնունդ կրնայ բարձրացնել մեր տրամադրութիւնը: Ցուրտ եւ մութ եղանակներուն է, որ շատեր կ՛ունենան «յուզական խանգարումներ»:

Որքան քիչ է արեւին լոյսը, այնքան քիչ սերոթոնին (հաճոյքի հորմոն) կ՛արտադրէ մարդուն մարմինը: Ասկէ բացի, ձմրան տեղի կ՛ունենայ մելաթոնինի արտադրութեան խախտում, որ կ՛ազդէ քունի եւ տրամադրութեան վրայ: Զարմանալիօրէն որոշ ուտելիքներ կրնան «փոխել ուղեղի տրամադրուածութիւնը», եթէ զանոնք ներառենք մեր ամէնօրեայ սննդակարգին մէջ:

Բանջարեղէն Եւ Պտուղ

Այն անձերը, որոնք աւելի պտուղ եւ բանջարեղէն կ՛ուտեն եւ կը սահմանափակեն ճարպոտ եւ քաղցր ուտելիքները, աւելի քիչ ընկճախտի կ՛ենթարկուին: Պտուղներն ու բանջարեղէնները հարուստ են ֆոլաթթուով: Այս նիւթին պակասը կ՛ազդէ սերոթոնինի արտադրութեան վրայ եւ տրամադրութեան անկում կը պատճառէ: Հետեւաբար լուբիայի, շոմինի, հազարի, նարինջի, մանտարինի կանոնաւոր օգտագործումը կ՛օգնէ բարելաւելու ինքնազգացողութիւնը եւ տրամադրութիւնը:

***

Դդումի Սերմեր

Դդումի սերմերը կը պարունակեն այնպիսի նիւթեր, որոնք կ՛օգնեն մարմնին սերոթոնին արտադրել: Այսպիսով, «նախուտեստ լաւ տրամադրութեան համար» կարելի է յաճախ դդումի սերմ օգտագործել, նախընտրաբար` չմշակուած, առանց աւելորդ համեմներու եւ բաղադրիչներու:

***

Սեւ Տուրմը (85% Քաքաօ)

Տուրմը նոյնպէս կը պարունակէ այնպիսի նիւթեր, որոնք կը նպաստեն տրամադրութեան բարելաւման:

Տուրմը նաեւ հարուստ է Պէ. կենսանիւթով, մակնեզիոմով եւ քաֆէինով. այս տարրերը կ՛օգնեն աւելի շատ ուժանիւթ ստանալու:

Կարեւոր է, որ տուրմը պարունակէ առնուազն 72% չմշակուած քաքաօ: Այլապէս անիկա պարզապէս բարձր ջերմուժով քաղցրութիւն է, որ քանի մը վայրկեան հաճոյք կը պատճառէ, բայց ոչ մէկ օգուտ կու տայ:

***

Երիցուկի Թէյ

Ձմրան, ցերեկային ժամերու կրճատման պատճառով մարմնին մէջ որոշ կշռոյթի տատանումներ տեղի կ՛ունենան: Հետեւաբար աւելի կը դժուարանայ գիշերը քնանալ, իսկ ցերեկը արթուն մնալը:

Երիցուկի թէյը կ՛օգնէ քունի կարգաւորման եւ կը բարելաւէ մարմնի ճանաչողական գործառոյթները` յիշողութիւնը եւ ընկալումը, օրուան ընթացքին: Երիցուկի թէյը նաեւ կ՛օգնէ նուազեցնելու ձմրան բնորոշող յոգնածութեան զգացումը, ինչ որ դրականօրէն կ՛անդրադառնայ մարդու ինքնազգացողութեան բարելաւման վրայ:

***

Ձուկ

Ճարպոտ ձուկերը` սալմոնը, թունան, սարտինը հարուստ են չյագեցած «Օմեկա 3» ճարպաթթուներով: Մարդուն մարմինը ի վիճակի չէ ինքնուրոյն արտադրելու այդ օգտակար նիւթերը, հետեւաբար անհրաժեշտ է այս ձուկերէն յաճախ ուտել: «Օմեկա 3»-ը կ՛օգնէ սերոթոնինի արտադրութեան եւ կ՛ամրապնդէ ջղային համակարգը:

***

Ածխաջուր

Ուսումնասիրութիւններ պարզած են, որ քիչ ածխաջուր պարունակող սննդականոնի հետեւողները աւելի ընկճուած են, քան` ցած ջերմուժ եւ բարձր ածխաջուր պարունակող սննդականոնի հետեւողները:

Ածխաջուրով հարուստ են` հացահատիկները, պտուղները, ընդեղէնները, ամբողջական ձաւարեղէնները:

«Եթէ Համբերութիւնը Թել Է,
Մերը Պարան Պիտի Կոչուի»

Հայոց մեծերուն համար Ամանորի տօնը միշտ ալ գեղեցիկ առիթ եղած է կրկին խօսելու հարազատ ժողովուրդին հետ, իմաստաւորելու կեանքը, խորհրդածելու անցած եւ գալիք ճանապարհներու շուրջ:

Եւ այսպէս ծներ են խօսքեր, գրուեր են տողեր, որոնք այսօր ալ կը հնչեն նոյն իմաստութեամբ…

«… Նոր տարուան առիթով ցանկանում եմ, որ մեր զոհուած մարտիկների եւ կենդանի մնացածների արդար փափաքները` թշնամու ոչնչացումը, արագ կատարուի: Ցանկանում եմ մեր քաղաքի զինուորներուն աննկուն հաւատ եւ համոզմունք վերջնական յաղթանակի հանդէպ: Բարեմաղթում եմ աւելի տոկունութիւն, կորով եւ խիզախութիւն: Համոզուած եմ, որ շուտով մեր հերոսական եղբայրներու արիւնով ազատագրուած հողերի վրայ նորից կը ծաւալի ընդհատուած խաղաղ եւ ստեղծագործ աշխատանքը»:

Ա. ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ (1942 Երեւան)

«… Կ՛ուզեմ ետ նայիլ, ետ երթալ, վերապրիլ անցածը, մէկ տարուան անցածը: Կ՛ուզեմ շնորհակալութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքեր գտնել իմ ժողովուրդի փետրուարեան խիստ ու խելօք ընդվզումներու համար, դարաւոր ստրկութեան վախէն ձերբազատուելու անոր աստեղային ժամի համար, ազգային զարթօնքի, միահամուռ կամքի, միասնականութեան եւ միաբանութեան անոր աստեղային ժամի համար, իր ինքնաճանաչման գիտակցութիւնը դարի ճակատին արձանագրելու համար, իր կորսնցուցածը ետ բերելու իր առաջին փորձի համար:

«Մենք տոկալու եւ ապրելու ենք, քանի աշխարհը կայ, քանի աշխարհի վրայ մարդկութիւն կայ եւ մարդկութեան մէջ` մարդկայնութիւն»:

Հ. ՍԱՀԵԱՆ (1988 Երեւան)

«… Նոր տարի է գալիս: Դառնանք ու մաղթենք, որ այս տարին իրենց տուն ու տեղից քշուած գաղթականութեան վերջին տարին լինի, որ նրանք իրենց տուն ու տեղից քշուած հայերի համար գաղթականութեան վերջին տարին լինի, որ նրանք իրենց հող դարձած պապերի հողի վրայ տիրաբար քայլեն, ծաղկեցնեն այդ հողը եւ ապահովեն իրենց սերունդների ծաղկումը:

Նոր տարի է բացւում ու բացւում է բարի…»:

Հ. ՍԱՀԵԱՆ (1989 Երեւան)

«… Գալիս է Նոր տարին, Կաղանդը, Ամանորը: Գալիս է ու մեզ համար, որ ժողովուրդ ենք, բայց ժողովուած չենք: Ուրեմն թող նա գայ նախ եւ առաջ` իբրեւ մէջքապնդող գօտի բոլորին համար` աշխարհագրական որ գօտիներում էլ լինենք:

Եթէ համբերութիւնը թել է, մերը պարան պիտի կոչուի եւ հիւսուած լինի ոչ թէ թելերից, այլ` ջղերից մեր սեփական, մեր մկաններից ու նեարդներից:

Բարին է առաջնորդել մեզ հազարամեակներ շարունակ: Մեր տուածի գէթ մի մասը պիտի որ մեզ վերադարձնի բախտ կոչուածը, որքան էլ հուլաբար ու ծուլաբար քայլի»:

Պ. ՍԵՒԱԿ (1963 Երեւան)

«… Մեզ` հայերիս համար միակ ցանկալին խաղաղութիւնն է: Մենք փոքր ազգ ենք, մեր գոյութեան իմաստն ու առաւելութիւնը մեր տաղանդն է, որ իրաւունք է տալիս մեզ մեծի` բազմամիլիոն ազգերի շարքին կանգնել եւ ապրել այս արեւի տակ: Թող շատանան տաղանդաւոր ու ձեռներէց հայեր բոլոր ասպարէզներում, եւ հայ անունը լինի դրօշակ ազգերի յառաջդիմութեան, արուեստի եւ գիտութեան բոլոր բնագաւառներում»:

Ե. ՔՈՉԱՐ (1966 Երեւան)

 Իրի Մը Պատմութիւնը

 Պատի Դեղատուփը

Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան տան պատին կար դեղերու փոքրիկ պահարան մը: Գրագէտին մահէն ետք, սակայն, տուփին մէջ երկար տարիներ պահպանուեցաւ անոր սիրտը: Թումանեան մահացաւ Մոսկուայի, հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Անոր կողքին էին 10 զաւակներէն երեքը:

Բանաստեղծին մահէն ետք անոր որդին` Արեգը, հօրը սիրտը կը վերցնէ ու կը պահէ դեղատուփին մէջ: «Ես չուզեցի հայրիկին բարի սիրտը թափեն: Թաքուն վերցրեցի»: Թումանեան կը թաղուի Թիֆլիս, իսկ սիրտը աւելի քան 20 տարի կը պահուի տունը:

Այն սենեակը, ուր դեղատուփը զետեղուած էր, կը գիշերէ գրագէտ Աւետիք Իսահակեանը: Ան կ՛այցելէ Թումանեանի ընտանիքին, զրոյցի կը բռնուի, եւ ուշ ժամի պատճառով կ՛որոշէ գիշերը հոն անցընել: Կը պառկի թախտին եւ ամբողջ գիշերը քունը չի տանիր: Առաւօտեան Թումանեանի տղան սենեակ կը մտնէ եւ կը յայտնէ, որ դեղատուփին մէջ հօրը սիրտը պահուած է: Իսահակեան կը հասկնայ անքնութեան պատճառը: «Ամբողջ գիշեր Օհաննէսի սրտի հետ էի, դրա համար էլ չքնեցի»: Շատ յուզուած դուրս կ՛ելլէ սենեակէն եւ խորհուրդ կու տայ սիրտը տունը չպահել:

1994-ին Թումանեանին սիրտը կը թաղուի Դսեղի հօրենական տան բակը, բանաստեղծին կնոջ համաձայնութեամբ:

Խոհագիր

 Գետնախնձորով Պատրաստուած
Նախուտեստ

Բաղադրիչներ (4 – 6 կտոր)

– 3 ապուրի դգալ հալած կարագ
– 2 ապուրի դգալ տաշուած փարմըզան պանիր
– 1 թէյի դգալ սխտորի փոշի:
– 1 թէյի դգալ չոր կանաչ ծոթրին, ռեհան կամ խնկունի (ռոզմերի)
– Աղ, սեւ համեմ
– 8 – 10 գետնախնձոր

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

«Քափ քէյքի» բաժանումներով կաղապարը կարագով ծեփել եւ մէկ կողմ դնել:

Գետնախնձորները կեղուել, լուալ, ցամքեցնել եւ շատ բարակ շերտել (նախընտրաբար «մանտոլին» գործիք օգտագործելով:

Խոշոր ամանի մը մէջ փոխադրել շերտուած գետնախնձորները, աւելցնել հալած կարագը, փարմըզան պանիրը, սխտորը, ծոթրինի (կամ ռեհանը, կամ խնկունին), աղն ու սեւ պղպեղը: Բոլորը միատեղ խառնել, ապա կարագով ծեփուած կաղապարին բաժանումներուն մէջ շերտերը վրայ-վրայի շարել: Երեսը սեւ պղպեղ աղալ եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 55 – 60 վայրկեան, մինչեւ որ գետնախնձորները ոսկեգոյն դառնան, իսկ կեդրոնը փափուկ մնայ:

Փուռէն հանելէ ետք 5 վայրկեան սպասել, ապա կաղապարէն հանել ու ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ շարել` չոր ծոթրինով, ռեհանով կամ խնկունիով զարդարելով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ոչինչ չե՜մ ուզում այս տարեմուտից,
Ո՛չ գանձ, ո՛չ անուն, ո՛չ նոր բախտ ու սէր.
Հանէ՜ր այս տանջող խռովքն իմ սրտից,
Ինձ նորից կեանքի հիացքո՜վ լցնէր.
Դանդաղ նորոգուող իմ հին հաւատից
Երկու բեկո՜ր էլ իրար կպցնէր…

Ս. ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>