Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք . 3 Պարզ Միջոց` Մանկական Ճարպակալումը Կանխարգիլելու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մանկական ճարպակալման հարցը վերջին տարիներուն դարձած է մասնագէտներու ուշադրութեան առարկան, քանի որ այս երեւոյթը հետզհետէ մտահոգիչ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ եւ կը դժուարացնէ թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ երեխաներուն կեանքը:

Երեխային ճարպակալումը կանխարգիլելու համար անհրաժշետ է նախապէս միջոցներու ձեռնարկել: Ստորեւ ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք քանի մը խորհուրդներ, որոնք կ՛օգնեն կանխարգիլելու զայն:

Երեխան Աշխուժ Պահել

Ճարպակալման հիմնական պատճառը նստակեաց կենսակերպն է: Հետեւաբար պէտք չէ արտօնէք, որ ձեր երեխաները երկար ժամեր պատկերասփիւռին կամ ելեկտրոնային գործիքներու դիմաց գամուած նստին:

Ճի՛շդ է այս օրերուն երեխաները բանտարկուած են տան չորս պատերուն մէջ, բայց եւ այնպէս կարելի է զանոնք մղել գնդակով խաղալու, պարան ցատկելու, ձողի վրայ ճօճուելու եւ այլն…

Հետեւիլ Սննդականոնին

 

Երեխային սննդակարգը պէտք է առաւելագոյն չափով առողջապահական ըլլայ: Անհրաժեշտութեան պարագային նոյնիսկ դիմել սննդագէտին:

Ձեր երեխաները սնունդի կողքին պէտք է ստանան բոլոր անհրաժեշտ կենսանիւթերն ու հանքայինները, միեւնոյն ժամանակ պէտք է սահմանափակել բարձր ջերմուժ պարունակող «ֆասթ ֆուտ»-երը, քաղցրեղէնները, քաղցր նիւթերն ու զովացուցիչները:

Երեխային ճաշացուցակը թող ըլլայ այլազան եւ առողջապահական:

Չհամեմատել Ուրիշին Հետ

Իւրաքանչիւր երեխայ ունի իրեն բնորոշ նիւթափոխութեան արագութիւն եւ մարմնի կառուցուածք: Հետեւաբար պէտք չէ զայն համեմատել ուրիշ երեխայի հետ, եթէ ան աւելի դանդաղ կը ձերբազատի իր աւելորդ քիլոներէն: Նման համեմատութիւններ կրնան հոգեբանական հարցեր ստեղծել, բարդոյթներ յառաջացնել եւ աւելի եւս վատացնել վիճակը:

Պարզապէս ձեր երեխային պիտի սորվեցնենք, որ առողջ կենսակերպը, ճիշդ սննդակարգն ու ֆիզիքական աշխուժութիւնը շատ կարեւոր են իր առողջութեան համար:

 Հետաքրքրական

Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը

Յաղթանակի զբօսայգին Երեւանի  ամենախորհրդանշական եւ պատմական վայրերէն մէկն է, որուն զարդն է «Մայր Հայաստան» յուշարձանը: Արձանը կը մարմնաւորէ անկոտրում ռազմական ոգիի, հայրենիքի պահապան հրեշտակ հայ մօր հաւաքական կերպարը:

1962-ի գարնան Ստալինի արձանը փոխարինուեցաւ քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի «Մայր Հայաստան» արձանով: Բնորդուհին 17-ամեայ Եւգենիա Մուրատեանն էր, որ նուաճած էր քանդակագործին սիրտը եւ դարձած` անոր ոգեշնչման աղբիւրը:

«Նա խնդրեց մօրս թոյլ տալ կեցուածք ընդունել իր արուեստանոցում: Մայրս վրդոված մերժեց այդ առաջարկը. այդ տարիներին ընդունուած չէր, որ երիտասարդ աղջիկը բնորդուհի լինի: Երբ տունը պատմեցինք այդ հանդիպման մասին, պարզուեց, որ մեզ հանդիպած մարդը եղել է եղբօրս ղեկավարը` յայտնի քանդակագործ Արա Յարութիւնեանը, որի մասին եղբայրս մեծ յարգանքով խօսեց եւ առաջարկեց ինձ հետ գալ արուեստանոց»:

Եւ այսպէս Եւգենիան դարձաւ բնորդուհի: Ընդամէնը վեց անգամ ան այցելեց Յարութիւնեանի արուեստանոցը եւ ապշած է, երբ տեսած է իր գաճէ բնօրինակը: «Նկարիչը խորաթափանցօրէն տեսել եւ արտայայտել էր այն ինչ թաքնուած էր իր մէջ, այն, ինչ անհասկնալի էր նոյնիսկ ինձ համար»,- խոստովանած է ան:

Արձանի ընդհանուր բարձրութիւնը 51 մեթր է, քանդակինը` 22 մեթր: Յուշահամալիրը կառուցուած է տարբեր երանգներու սեւ տուֆով: Նախշազարդ կամարներն ու խոյակները, ինչպէս նաեւ պղինձէ կոփածոյ դուռը մեծ շուք կը հաղորդեն կոթողին, իսկ չորս անկիւններու բարձրադիր բաց պատշգամներէն կ՛երեւի մայրաքաղաքին ամբողջ համայնապատկերը:

«Մայր Հայաստան» յուշարձանին հետ կապուած առասպելներէն մէկուն համաձայն, յուշարձանին ոտքերուն տակ գտնուող վահանին տակ Ստալինի արձանի ոտքերն են: Կ՛ըսուի, թէ անոր պրոնզէ ոտքերուն վրայ կառուցուած է նոր յուշարձանը, սակայն թանգարանի աշխատակիցները կը պնդեն, որ այս խօսակցութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ:

Երկրորդ Կեանք Մը Տանք…

Խոհանոցի Իրեր

Խոհանոցի ընդհանուր մաքրութեան մը ձեռնարկեցիք եւ ձեր դիմաց ելան կարգ մը անգործածելի իրեր… մի՛ թափէք զանոնք. տեսէ՛ք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչերու վերածած են զանոնք… շշմելու բան է:

ա.- Մետաղեայ անգործածելի ձագարներ կարելի է վերածել սիրուն մոմակալներու:

բ.- Թարթի մետաղեայ կաղապարներուն մէջ կարելի է լուսանկարներ տեղադրել եւ որպէս շրջանակ կախել պատերէն:

գ.- Փայտեայ հին գրտնակը կարելի է հաստատել խոհանոցի սեղանին ծայրամասին եւ կախել սիրուն սրբիչ մը:

դ.- Մետաղեայ հին քերոցը թափելու փոխարէն` պատին հաստատել, մէջը տեղաւորել փայտեայ դգալները, իսկ վարի կոթէն կախել խոհանոցի սրբիչը:

Գործնական Խորհուրդներ

Ինչպէ՞ս Խնամել Փուենսեթիան
Եւ Երկա՜ր Վայելել Զայն

Փուենսեթիան կամ Ս. ծնունդի աստղը Կաղանդի անհերքելի զարդերէն մէկն է: Եթէ դուք ալ ձեր կարգին փուենսեթիա մը ունիք եւ կ՛ուզէք առաւելագոյնս երկարել անոր կեանքը եւ վայելել անոր գեղեցկութիւնը, ապա նկատի առէք հետեւեալ խորհուրդներն ու նկատողութիւնները:

Փունեսեթիան շատ ջուր չի սիրեր: Միշտ յիշեցէք, որ բոյսին արմատային բաժինը ո՛չ պէտք է չորնայ, ոչ ալ ջուրի մէջ թաթախուի: Չափազանց ջուրը կը փճացնէ արմատները եւ կը մեռցնէ բոյսը:

***

Յաճախ ստուգեցէք բոյսին տերեւները: Եթէ անոնք կը դեղնին ու կը թափին, կը նշանակէ, որ ճիշդ ձեւով չէք ջրեր. շատ հաւանաբար շատ ջուր կու տաք:

***

Փուենսեթիաները կը նախընտրեն սենեակի ջերմաստիճանով ջուրը: Բոյսին հողը թող ըլլայ խոնաւ, բայց` ոչ թաց: Եթէ թաղարին ամանին մէջ ջուր հաւաքուի, անմիջապէս թափեցէք:

***

Բոյսին համար լաւագոյն ջերմաստիճանը 18-22 է, եթէ սենեակին ջերմաստիճանը չափազանց բարձր է, բոյսը կը կորսնցնէ իր տերեւները:

***

Այս բոյսը նաեւ չի հանդուրժեր ցուրտ օդը եւ օդի հոսանքները: Հետեւաբար, երբ դուռ կամ պատուհան պիտի բանաք սենեակը օդափոխելու համար, զայն պաշտպանեցէք ցուրտէն եւ հոսանքէն:

***

Փուենսեթիան կը սիրէ չափաւոր լոյսը, զայն զետեղեցէք պատուհանին մօտ, սակայն հեռու` արեւին ուղիղ ճառագայթներէն, ի հարկին` կիսաթափանց վարագոյրի մը կողքին:

***

Փուենսեթիան իր ծաղիկները կը կորսնցնէ յունուարի վերջը, փետրուարի սկիզբը: Բոյսը մի՛ թափէք, կրնաք զայն կրկին ծաղկեցնել: Վերածաղկեցնելու գործընթացը քիչ մը բարդ է, բայց` ոչ անկարելի, կարելի է համացանցի վրայ փնտռել ու գտնել անհրաժեշտ բացատրութիւնը:

Խոհագիր

Հայկական Գաթան (Նազուկ)

Բաղադրիչներ (շուրջ 18 կտոր)

1 ծրար շերտաւոր խմոր (փաֆ փասթրի)
125 կրամ կարագ (սենեակի ջերմութեամբ)
Կէս գաւաթ շաքար
Կէս գաւաթ ալիւր
Կէս սուրճի դգալ աղացած հիլ
Պտղունց մը վանիլլա
1 հաւկիթ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 350 ջերմաստիճանով: Սեղանին վրայ ալիւր ցանել: Խմորը գրտնակել եւ երկու հաւասար քառանկիւններու բաժնել:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել շաքարը, ալիւրը, հիլը, վանիլլան եւ կարագը, մինչեւ որ միատարր խառնուրդ մը ստացուի:

Իւրաքանչիւր քառանկիւն խմորի երկայնքէն տարածել այս խառնուրդը, ապա գլանաձեւ փաթթել եւ ծայրամասերը ամուր սեղմել, որպէսզի միջուկը դուրս չթափի:

Ստացուած երկու գլաններուն մակերեսը թեթեւ ճնշել ափերով` շատ քիչ տափակցնելու համար: Սառնարան փոխադրել եւ ձգել 15 վայրկեան: Գլաններուն երեսը հաւկիթով ծեփել եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 30 վայրկեան, մինչեւ որ երեսները ոսկեգոյն դառնան:

Նշենք, որ նազուկի այս շատ դիւրին բաղադրատոմսը կը վերաբերի սկսնակներու: Կան աւելի բարդ տարբերակներ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հացը մի քիչ պակաս լինէր,
Տան ծեփերը մի քիչ պոկուած,
Մէկ բաժակ ջուր օրը` լինէր,
Բայց երկինքը խաղա՜ղ լինէր:

Տարին մի քիչ երաշտ լինէր,
Չոռոգուէ՜ր արտ ու այգի,
Բայց տան տէրը տանը լինէր,
Եւ բերքը ծառին չփտէր:

Նշանդրեքն անշուք լինէր`
Հարսանիքն` առանց հարսի շոր,
Բայց մուրազը թող կատարուէր`
Սիրող սիրտը չփշրուէր:

Այր ու կնիկ մի քիչ անհաշտ,
Բայց օճախում հայրիկ լինէր`
Որ այն հարցին. «Հայրս ո՞ւր է»,
Մօր աչքերը չարցունքոտուէր:

ՆԱՐԵԿ ԳԱԳԻԿ

26-10-2020

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>