Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Արձանի Մը Պատմութիւնը` Մուշուրբայի Արձանը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

2013-ին Գիւմրիի մէջ տեղադրուեցաւ «Մուշուրբայի արձան»-ը: Գիւմրի այցելողը անկասկած որ տեսած պիտի ըլլայ զայն եւ կամ լսած` Մուշուրբայի մասին:

Մուշուրբան Գիւմրիի անհերքելի խորհրդանիշներէն մէկն է. անիկա պղինձէ կամ արոյրէ պատրաստուած ջրաման-գաւաթ է, որուն մէջ ջուրը կը պահէ իր սառնութիւնը եւ խմելու ժամանակ կլկլոց կը լսուի: Ձայնը կը լսուի շնորհիւ գաւաթի իւրօրինակ կառուցուածքին: Երբ ջուրը կը լեցուի ջրամանին մէջ պղպջակներ կը գոյանան եւ այդ պղպջակներն ալ կ՛արձակեն անսովոր ձայն մը:

Մուշուրբային գաղտնիքը ծանօթ է միայն գիւմրեցի վարպետ Էդիկ Ժամկոչեանին, որ ամբողջ աշխարհի մէջ այս գաւաթը պատրաստող միակ մարդն է: Էդիկ կը պատմէ, որ իր նախնիները Էրզրումէն գաղթած պղնձագործներ էին. անոնք Մուշուրբայի գաղտնիքը Ալեքսանդրապոլ բերին, սակայն իր մեծ հօր հնարած մուշուրբան ձայն չունէր. կլկլան գաւաթին հեղինակը իր հայրը` Սուրէնն է, որ զայն հնարած է 1986-ին:

Որպէս աւանդոյթ` գիւմրեցի արհեստաւորները իրենց արհեստին գաղտնիքը կը փոխանցեն որդիներուն: Աշկերտի փոխարէն` անոնք իրենց որդիները կը բերեն արհեստանոց, երբ անոնք կ՛ամբողջացնեն 13 տարիքը: Գիւմրեցիներուն համար արհեստը ընտանեկան աշխատանք է, եւ աւանդոյթը կը թելադրէ, որ արհեստը անցնի հօրմէ որդիին, եւ այդպէս ալ ընտանիքին կը մնան տուեալ արհեստին գաղտնիքները:

Վարպետ Էդիկ որոշած է աշկերտներ չունենալ. անոր խօսքով, այս արհեստին կա՛մ պէտք է նուիրուիլ, կա՛մ ընդհանրապէս չզբաղիլ:

«Իմ որդին, իրանից յետոյ` իրա որդին, ըդպէս կ՛երթայ, ուրիշ մարդ չպիտի սարքի…», կ՛ըսէ գիւմրեցի վարպետը:

Այսօր Գիւմրիի կլկլանը տեղ գտած է շարք մը երկիրներու նախագահներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու տուներուն մէջ, օրինակ` նախագահ Փութինը, ռուս պատրիարքը եւ Հայաստան այցելած շատ մը նախագահներ ունին ոսկեայ կամ արծաթեայ մուշուրբաներ…

Վերջապէս նշենք, որ Գիւմրիի Սայաթ Նովա եւ Խաղաղութեան օղակ փողոցներու խաչմերուկին տեղադրուած մուշուրբայի արձանը օրին դարձած է թունդ վէճի նիւթ` շարք մը մտաւորականներու, յատկապէս պատմաբաններու, հայագէտներու շրջանակներէն ներս: Անոնցմէ շատեր պնդած են, որ մուշուրբան արաբական ծագում ունի եւ կարելի չէ տեղադրել Գիւմրիի կեդրոնը` զայն դարձնելով քաղաքի խորհրդանիշ:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 Լուացքի Հետ Կապուած
Հնարքներ

– 1 –

Լուացքի մեքենան մաքրութեան կարիք ունի. ասիկա անհրաժեշտ է ոչ միայն զայն երկար ժամանակ օգտագործելու համար, այլեւ տհաճ հոտերէն եւ զանազան մանրէներէն խուսափելու համար:

Լուացքը աւարտելէ ետք պէտք է մեքենային դուռը միշտ բաց ձգել եւ դեղ զետեղելու փոքրիկ գզրոցը յաճախ մաքրել:

Լուացքի մեքենան մաքրելու համար կարելի է օգտագործել սովորական սոտան, զայն ջուրի մէջ լուծել 1/1 համեմատութեամբ, լեցնել մեքենային մէջ, ձգել 20-30 վայրկեան, այնուհետեւ աշխատցնել միջակ ժամկէտով եւ տաք ջուրով:

Կարելի է սոտան փոխարինել ճերմակ քացախով:

– 2 –

Մարզական կօշիկները պէտք է պարբերաբար լուալ լուացքի մեքենայով` անոնց գեղեցիկ տեսքը վերադարձնելու եւ տհաճ հոտերէն ազատուելու համար:

Մարզական կօշիկներուն տեսքը պահպանելու համար պէտք է զանոնք զետեղել յատուկ պարկի մէջ:

– 3 –

Փայլաթուղթէ պատրաստուած գնդակները կ՛օգնեն ձերբազատելու հագուստի սթաթիք ելեկտրականութենէն, որպէսզի անոր վրայ նուազ մազ եւ փոշի հաւաքուի: Գնդակները պէտք է ըլլան թենիսի գնդակի չափով, պատրաստուած` սովորական փայլաթուղթէ (ալիւմինիոմ ֆոյլ):

– 4 –

Ասփիրինը աւելի լաւ կը մաքրէ եւ նուազ վնասակար է, քան` Օ տը Ժաւելը, սպիտակ իրերը լուալու համար: Թեւերուն տակ դեղնած սպիտակ շապիկը, սպիտակ կրծքկալը կամ դեղնած օձիքները մաքրելու համար զանոնք 8-10 ժամ թրջեցէք ասփիրինով լուծոյթի մէջ` 1 լիթր ջուրին աւելցնելով 5-6 ասփիրինի դեղահատ:

– 5 –

Մութ գոյնի ճինզը գունաթափութենէ փրկելու համար հարկաւոր է լուալու ժամանակ ջուրին քացախ եւ աղ աւելցնել: Այսպիսով, անիկա կը պահպանէ իր մութ գոյնը այնպէս, ինչպէս առաջին օրերուն:

Գեղեցկագիտական

Մեղրով Եւ Կասիայով Դիմակ

Դէմքին բշտիկներէն ձերբազատելու, մաշկը սնանելու եւ անոր թարմ տեսք տալու համար պարտադիր չէ թանկարժէք գեղեցկագիտական սերեր օգտագործել: Մեղրն ու կասիան նոյնքան ազդու միջոցներ են:

Բաղադրութիւն`

– 1 ապուրի դգալ մեղր
– Կէս թէյի դգալ կասիա

Օգտագործում`

Մեղրն ու կասիան լաւ խառնել եւ բշտիկներուն վրայ քսել:

Կէս ժամ ետք պաղ ջուրով լուացուիլ:

Այս դիմակը կարելի է օգտագործել շաբաթը երկու անգամ. նախընտրաբար երեկոյեան լոգանքէն առաջ:

Առողջապահական

Խնձորի Քացախի Բուժիչ
Յատկութիւնները

Խնձորի քացախը ոչ միայն կը բուժէ կարգ մը հիւանդութիւններ, այլ նաեւ կը կանխարգիլէ անոնցմէ ոմանց յայտնութիւնը:

Այս աժան եւ մատչելի սննդամթերքը անպակաս պէտք է ըլլայ մեր տուներուն մէջ: Կարեւոր է, որ ընտրենք որակաւորը եւ բնական միջոցներով պատրաստուածը:

Ահա թէ ի՛նչ բաներու կ՛օգնէ խնձորի քացախը.

– Կը դիւրացնէ մարսողութիւնը: Մէկ բաժակ ջուրի մէջ դգալ մը խնձորի քացախ, դգալ մըն ալ մեղր աւելցնել, լուծել եւ օրական բաժակ մը խմել:
– Կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը:
– Կը չափաւորէ շաքարի տոկոսը` արեան մէջ:
– Կը մեղմացնէ ստամոքսի ցաւը:
– Կ՛օգնէ նիհարնալու:
– Կը դարմանէ կոկորդի ցաւը:
– Կը չէզոքացնէ բերնի անախորժ հոտը եւ կը հականեխէ բերանը:
– Կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի բարձր տոկոսը:
– Կը դարմանէ մազին թեփը:
– Կը դարմանէ դէմքին բշտիկները:
– Կը ձերբազատէ գիշերային մկանի պրկումներէ:

Բոլոր պարագաներուն ալ խնձորի քացախը պէտք է լուծել ջուրի մէջ եւ խմել կամ մորթին քսել առանց չափազանցելու:

Նախքան օգտագործելը դիմել բժիշկին խորհուրդին:

Խոհագիր

 Խնձորով Աղանդեր

Բաղադրիչներ

– Խնձոր (անձերու թիւին համեմատ)
– Ընկոյզ
– Չամիչ
– Մեղր
– Կասիա

Պատրաստութիւն

Խնձորին միջուկը պարպել (յատուկ դգալով): Ամանի մը մէջ խառնել մանրուած ընկոյզն ու չամիչը: Խառնուրդը լեցնել խնձորին մէջ: Լեցուած խնձորին «գլխիկ»-ը զետեղել երեսին եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 20-30 վայրկեան:

Փուռէն հանելէ ետք աւելցնել մեղրն ու կասիան:

Նշենք, որ ընկոյզը կարելի է փոխարինել գետնանուշով, իսկ մեղրը` շաքար ջուրի ծորով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մահերգ Նահատակաց

Անոնց համար որ ինկան
Ըզմեզ ազատ ուզելով`
Սրտերը մեր քովէ քով
Կ՛ըլլան այսօր մէկ խորան:

Անոնց հոգւոյն պաշտամունք
Մեր մէն մի խոհն է հիմա,
ԴԷպի անոնց կ՛ամբառնայ
Մեր յոյսն ու սէրն իբրեւ խունկ:

Եւ մեր ցաւի սըկիհէն
Անոնց մարմինն ու արիւնն
Իբր անսահման սրբութիւն
Մենք կ՛ընդունինք սրբօրէն:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Այսօր (21 յունուար 1878) մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի ծննդեան օրն է:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>