Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Եթէ տակաւին մօտիկ անցեալին երեխաներու նիստուկացին հետ կապուած կանոնները մեծ մասամբ դպրոցը կը փոխանցէր, ներկայիս այդ պարտականութիւնը աւելիով վերապահուած է ծնողներուն` առցանց դասաւանդութեան ստեղծած ծանօթ դժուարութիւններուն պատճառով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք երեխաներու, նիստուկացին հետ կապուած 10 հիմնական կանոններ, զորս ծնողները պէտք է սորվեցնեն իրենց զաւակներուն:
– 1 –
Կիսուիլ ուրիշին հետ: Երեխան պէտք է վարժուի կարգ մը բաներ ուրիշին հետ բաժնեկցիլ, ինչպէս օրինակ` խաղալիքները: Եսակեդրոն, անձնասէր երեխան ապագային ընկերային լուրջ հարցեր կրնայ դիմագրաւել:
– 2 –
Շնորհակալութիւն յայտնել: Երեխան շատ կանուխէն պէտք է վարժուի շնորհակալութիւն յայտնելու: Ասիկա նաեւ կը զարգացնէ երախտապարտութեան ոգիի զարգացումը:
– 3 –
Բարեւել: Յաճախ ամչկոտ երեխաները կը մերժեն բարեւել. նման պարագաներու, դիտողութիւնն ու յանդիմանութիւնը նպատակի չեն ծառայեր: Պէտք է բացատրել եւ օրինակ դառնալ:
– 4 –
«Խնդրեմ» ըսել: Կանուխէն երեխան պէտք է վարժուի «կը խնդրեմ» կամ «հաճիս» ըսելու:
«Տո՛ւր» կամ «կ՛ուզեմ» ձեւերէն պէտք է հրաժարի:
– 5 –
Մարզական ոգի ունենալ: Երեխան պէտք է սորվի լաւ խաղալ, յաղթել, բայց նաեւ պէտք է ընդունի պարտութիւնը: Ան պէտք է իմանայ, որ ինք աշխարհի կեդրոնը չէ, ենթադրուած չէ մնայուն ձեւով յաղթելու, հետեւաբար պարտութիւնը մերժելը, ողբերգութեան վերածելը, կռուիլը եւ լալը սխալ եւ անպարկեշտ հակազդեցութիւններ են:
– 6 –
Կարգի սպասել: Ձեր զաւակը պէտք է սորվի համբերատար ըլլալ եւ օրէնքը յարգել:
– 7 –
Դուռը բռնել: Երբ երեխան վերելակ կը մտնէ կամ որեւէ սենեակ, պէտք է սորվի դուռը բռնել, որպէսզի ետեւէն եկողը նոյնպէս մտնէ:
– 8 –
Տարբերութիւնները ընդունիլ: Ձեր զաւակը պէտք է կանուխէն սորվի իրմէ տարբերուողները ընդունիլ եւ յարգել: Այսպէս, անոնց պէտք է բացատրել, թէ ինչո՛ւ ոմանք սպիտակամորթ են, ուրիշներ` սեւամորթ, ոմանք հաշմանդամ են, կոյր, համր, լաչակաւոր եւ այլն…
– 9 –
Իմանալ սեղանի կանոնները: Երեխան կանուխէն պէտք է ծանօթանայ սեղանի կանոններուն` բերանը գոց ուտել, լուռ ուտել, արմուկները սեղանին չդնել, դանակ-պատառաքաղ գործածել եւ այլն…
– 10 –
Ներողութիւն ըսել: Սխալը ընդունիլ եւ ներողութիւն ըսելը մեծ առաքինութիւն է: Դուք ձեր կարգին օրինակ ծառայելով` վարժեցուցէք, որ ան տեղին ընդունի իր սխալը եւ ներողութիւն ըսէ:
Առողջապահական
Ալքոհոլը Դադրեցնելու
Օգտակար Հետեւանքները
Ալքոհոլային խմիչքներէ կախուածութիւնը առողջական լուրջ խնդիր է:
Ալքոհոլային խմիչքներու չափազանցութիւնը երկար ժամանակի վրայ կը վնասէ թէ՛ մեր ուղեղին եւ թէ՛ հոգեկանին: Իսկ ի՞նչ կը պատահի, եթէ անոնց սպառումը դադրեցնենք եւ կամ նուազագոյնին հասցնենք…
ա.- Աւելի աշխուժ եւ կատառ կը զգանք եւ կը ձերբազատինք յոգնածութեան զգացողութենէն:
բ.- Կը բարելաւուի կեդրոնացումի ունակութիւնը:
գ.- Կը բարելաւուի մեր մորթին տեսքն ու որակը:
դ.- Կը նիհարնանք: Այո՛, երկար ժամանակի վրայ այս խմիչքներէն հրաժարելով` զգալիօրէն կը նիհարնանք, տրուած ըլլալով, որ անոնք շատ ջերմուժ կը պարունակեն:
ե.- Կը բարելաւենք վնասուած լեարդին վիճակը:
զ.- Կը բարելաւենք մեր քունը:
է.- Կը բարձրացնենք մեր տրամադրութիւնը
ը.- Դրամ կը խնայենք: Այո, յատկապէս այս օրերուն, երբ անոնք բաւական սուղ կ՛արժեն:
Աղմկոտ Վայրերու Մէջ Ապրիլը
Կը Վնասէ Մտային Կարողութիւններուն
Ականջներուն մէջ զնգոց (աքուֆեն), լսողութեան տկարացում, խլութիւն… Աղմուկին հետեւանքները բազմաթիւ են, յատկապէս երբ ան ուժեղ է եւ երկարատեւ կամ մնայուն:
Աղմուկը կրնայ ազդել մեր քունին վրայ, նպաստել ընկճախտի զարգացման եւ պատճառել հոգեկան ու մտային խանգարումներ:
Ամերիկացի գիտնականներու մէկ նոր հետազօտութիւնը, որ վերջերս հրապարակուած է «Alzheimer’s and Dementia» պարբերաթերթին կողմէ, ցոյց տուած է, որ աղմուկը կրնայ ազդել տարեցներու մտային ունակութիւններու տկարացման վրայ:
Այսպէս, գիտնականները հետազօտած են 65 տարեկան եւ աւելի 5227 անձեր եւ յանգած են այն եզրակացութեան, որ երկարատեւ, բարձր աղմուկը 36% առ հարիւրով վնասած է տուեալ անձերու մտային-ճանաչողական ունակութիւններուն եւ 30% առ հարիւրով բարձրացած` ալզայմըրի հաւանականութիւնը:
Տեսողական Ընկալում
Կատուն Կը Բարձրանա՞յ, Թէ՞ Կ՛իջնէ…
Ձեր տեսողական ընկալումը սերտօրէն կապուած է ձեր մտածողութեան հետ:
Ուշադիր նայեցէք նկարին. ի՞նչ կը տեսնէք. կատուն կը բարձրանա՞յ, թէ՞ կ՛իջնէ…
– Եթէ ձեր կարծիքով, կատուն կը բարձրանայ`
Դուք մարդոց կողմէ շատ ընկալուող անձ էք, դիւրութեամբ կը մտերմանաք եւ կը հաղորդակցիք անոնց հետ եւ տեւաբար օգնելու պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէք: Դուք ձեր անձին հետ հաշտ էք, բարդոյթներ չունիք եւ առհասարակ հաւասարակշռուած ու հանդարտ էք: Մարդիկ հաճոյքով կը յարաբերին ձեզի հետ:
– Եթէ ձեր կարծիքով, կատուն կ՛իջնէ`
Դուք իրատես անձ էք, քարիզմա ունեցող անձնաւորութիւն էք: Ձեր կեանքը շատ լաւ կազմակերպած էք, կը զգուշանաք անկանխատեսելիէն եւ անակնկալներէն: Շատեր հիացած են ձեզմով եւ յաճախ կը դիմեն ձեր խորհուրդին:
Ախտանշաններ, Որոնք Կը Յուշեն
Մեր Մարմնին Մէջ Իոտի Պակասը
Իոտը (մանիշ, Ա.) մեր մարմնին համար ամենակարեւոր սննդանիւթերէն մէկն է, իսկ անոր պակասը կրնայ առողջական շատ լուրջ հարցեր ստեղծել: Իոտը շատ անհրաժեշտ է յատկապէս վահանագեղձի առողջ գործունէութեան համար:
Հաւասարակշռուած սննդականոնը կ՛օգնէ մեզի` խուսափելու այս շատ կարեւոր նիւթի անբաւարարութենէն: Իսկ անոր անբաւարարութիւնը կրնանք զգալ հետեւեալ ախտանշաններէն:
ա.- Թուլութեան զգացում,
բ.- Յոգնածութեան զգացում,
գ.- Մսկոտութիւն,
դ.- Գիրութիւն,
ե.- Մազաթափութիւն,
զ.- Վիզին շուրջ ուռուցքներու յայտնութիւն,
է.- Յիշողութեան եւ մտային այլ կարողութիւններու տկարացում:
Նշենք, որ իոտով հարուստ մթերքներ են` ծովու աղը, մլուխիէն, ձուկը, հաւկիթին դեղնուցը, այծի պանիրը, խեչափառը, խեցգետինը եւ այլն…
Բոյսերու Խնամք
Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս Ջրել Տան Բոյսերը
Տան բոյսերը ջրելու համար պէտք է մատներուն ծայրով դպչիլ հողին. եթէ անիկա խոնաւ է եւ ձեր մատներուն կը փակչի, սպասեցէք, մինչեւ որ հողը չորնայ, յետոյ ջրեցէք:
Եթէ նկատէք, որ ձեր բոյսին թաղարը թեթեւցած է եւ մէջի հողը չորնալով` թաղարին պատերէն քաշուած եւ կծկուած է, պէտք է ջրէք զայն:
Խոշոր տերեւներով բոյսերը նախընտրելի է ջրել ցնցուղով կամ սափորով:
Օրքիտէն եւ սիքլամենը կ՛ախորժին ջուրի լոգանքէն: Անոնց թաղարները մխրճեցէք ջուրով լեցուն երկրորդ ամանի մը մէջ: Երբ զգաք, որ հողին երեսը թրջեցաւ, ջուրէն հանեցէք թաղարը:
Քաքթիւսի ընտանիքի բոյսերը պէտք է ջուրով ողողել, անոնք կ՛ախորժին ցամաք միջավայրէն: Նայած ձեր ունեցած տեսակին` զայն ջրեցէք շաբաթական դրութեամբ եւ ջուրի քիչ քանակով:
Խոհագիր
Քարամելով Կաթնապուր
Բաղադրիչներ
1 լիթր կաթ
3/4 գաւաթ բրինձ (կլոր հատիկ)
100-125 կրամ շաքար
Պտղունց մը վանիլա
Քարամելին համար`
125 կրամ շաքար (+ 1 ապուրի դգալ ջուր)
100 մլ հեղուկ սեր
20 կրամ կարագ
Պատրաստութիւն
Կանթապուրը եփելէ ետք զայն բաժնել ներկայանալի բաժակներու մէջ եւ երեսը զարդարել քարամելով: Հրամցնել գաղջ վիճակով:
Բանաստեղծութեան Մը Պատմութիւնը
Դուք Նկատե՞լ Էք…
Քառասուն տարի բըռնած ճանապարհ`
Շիտակ, անվեհեր
Գընում եմ ես վեր –
Դէպ Անյայտը սուրբ, աշխարհքը պայծառ:
Քառասուն տարի ճամբովն ահարկու
Անցել եմ էսպէս
Ու հասել եմ ես,
Խաղաղութեանն եմ հասել ես հոգու:
Թողել եմ ներքեւ, մեծ լերան տակին,
Ե՛ւ փառքը, ե՛ւ գանձ,
Ե՛ւ քէն, ե՛ւ նախանձ –
Ամէնը, ինչ որ ճընշում է հոգին:
Եւ էն ամէնը, արդ նայում եմ ես –
Տեսնում եմ նորից
Իմ լերան ծերից –
Էնպէս հասարա՜կ, դատարկ են էնպէ՜ս…
Եւ ես իմաստուն ու բեռըս թեթեւ,
Անհոգ ծիծաղով,
Երգով ու տաղով
Իջնում եմ զըուարթ իմ լերան ետեւ:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Վայրէջք»
1909
Այս բանաստեղծութիւնը գրուած է 1909-ին, Մետեխի բանտին մէջ, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 40-ամեակի օրը:
Աւետիք Իսահակեանը կը պատմէ. «1908 թուի դեկտեմբեր ամսին ցարական Ժանտարմերիան Օհաննէսին եւ ինձ ձերբակալեցին եւ զանազան հակապետական մեղադրանքներով վեց ամիս պահեցին Թիֆլիսի Մետեխի բանտում: Կամերաներով (խուցերով, Ա.) դրացի էինք իրարու: Բանտում լրացաւ, փետրուար ամսին, Օհաննէսի 40-ամեակը: Այդ առիթով նա գրեց «Վայրէջք» բանաստեղծութիւնը: Մենք տխրութեան ու ուրախութեան խառն զգացումներով տօնեցինք նրա տարեդարձը»: