Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Ալեքսանտր Սպենդիարեանի 6 Իրերը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1871-ի նոյեմբերին Ղրիմի մէջ ծնած է հայ մեծ երաժիշտ Ալեքսանտր Սպենդիարեանը: Կրթութեամբ իրաւաբան` Սպենդիարեանի յայտնի ստեղծագործութիւններէն է «Ալմաստ» օփերան, որուն վերջին գործողութեան գործիքաւորումը չհասաւ աւարտելու:

Ա. Սպենդիարեանի անունը կը կրէ Երեւանի օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմիայի թատրոնը:

Երաժիշտին տուն-թանգարանը հիմնադրուեցաւ անոր դուստրերուն` Մարինայի եւ Թաթիանայի Հայաստան այցելութենէն ետք: Թանգարանը կը գտնուի Նալբանդեան փողոցի 21 համարին վրայ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք թանգարանին մէջ ցուցադրուած 6 իրեր, որոնք շատ բան կը պատմեն մեծ երաժիշտին մասին:

– 1 –

Անուանական սպասքը

Սպենդիարեանի տան օգտագործուած սպասքը ցուցադրուած է տուն-թանգարանին մէջ: Սպասքը անուանական է, իր վրայ կը կրէ մեծ երաժիշտին անուն-ազգանունին սկզբնատառերով դրոշմակնիք:

Ընտանեկան սպասքին վրայ դրոշմուած «Ա. Ս.»-ն նաեւ տուն-թանգարանին խորհրդանիշն է:

– 2 –

Զարդատուփը

Զարդատուփը կը ծառայէր որպէս նամակներու եւ լուսանկարներու պահոց:

Խնամքով իրարու վրայ շարուած նամակներուն միջեւ կը գտնուի նաեւ սիրելի կնոջ` Վարվառա Մազիրովայի` 1915, փետրուար 5-ին գրած նամակը:

– 3 –

Դաշնամուրը

1926-ին Սպենդիարեանը Ղրիմէն շոգենաւով կու գայ Հայաստան, ան Նալբանդեան փողոցի նորակառոյց շէնքի մը մէջ բնակարան ստացած էր: Ոգեւորուած երաժիշտը իրեն հետ կը բերէ նաեւ C. BECHSTEIN դաշնամուրը, որ իր ստեղծագործական արարումներուն վկան է:

Ռոմանոս Մելիքեանը, որ շրջան մը Ս. Սպենդիարեանի հետ ապրած էր նոյն տան մէջ, իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս մեծ երաժիշտը ամէն առտու կ՛արթննար, թէյ կը պատրաստէր եւ յետոյ երկուքով կը նստէին դաշնամուրին մօտ ու կը զրուցէին Կոմիտասի մասին:

– 4 –

Սիկարները

Սպենդիարեանը շատ կը սիրէր սիկար ծխել: Իր աշակերտներուն վկայութեամբ, ան նուագախումբի փորձերուն ընթացքին իսկ սիկար կը ծխէր: Կը պատահէր, որ վառած սիկար մը ձեռքը բռնէր, իսկ երկրորդ մը զետեղած ըլլար ականջին ետեւ…

– 5 –

Պայուսակը

1926-ին այս պայուսակը Սպենդիարեան նուէր ստացած էր իր ուսանողներէն մէկէն` ստեղծագործական գործունէութեան 25-ամեակին առիթով:

Պայուսակին մետաղեայ փականը զարդարուած է խազերով եւ ձեռագիր արձանագրութեամբ, որ կը յուշէ նուիրողին անունը եւ նուէրին առիթը:

– 6 –

Գունաւոր մատիտներ

Ա. Սպենդիարեանի աշխատասեղանին վրայ միշտ գունաւոր մատիտ կը գտնուէր: Երաժիշտը իր ստեղծագործութիւններու սրբագրութիւնները կը կատարէր մեծ բծախնդրութեամբ` գունաւոր մատիտներով:

Գունաւոր մատիտները նաեւ վերապահուած էին երաժիշտին փոքր դստեր` Մարինային, որպէսզի գրասենեակ մտնելով` զինք չխանգարէր եւ գծագրութեամբ զբաղէր:

 Մեր Զաւակները Եւ Մենք

 Երեխաները Եւ «Քորոնա»-էն
Պաշտպանող Դիմակները

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան` ԱՀԿ-ի (ՕMS) համաձայն, «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանող դիմակ կրնան կրել 12 տարիքը թեւակոխած երեխաները: Կազմակերպութիւնը կը բացառէ 6 տարեկանէն վար երեխաներուն դիմակի գործածութիւնը. իսկ ինչ կը վերաբերի 6 – 11 տարեկան երեխաներուն, անոնք կրնան դիմակ կրել չափահասի մը հսկողութեամբ:

Թէ՛ ԱՀԿ-ի եւ թէ՛ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կարծիքով, պաշտպանող դիմակ պէտք չէ կրեն հաշմանդամութիւն, ուսումնական դժուարութիւններ եւ կամ շնչառութեան հետ կապուած հարցեր ունեցող երեխաներ:

Եթէ դպրոց յաճախող երեխային թելադրուած Է պաշտպանող դիմակ կրել, ան կրնայ ոչ բժշկական դիմակ կրել, եթէ առողջական հարցեր չունի: Սակայն պայման է, որ դիմակը յաճախ տաք ջուրով եւ օճառով լուացուի: Կտորէ դիմակը պէտք չէ որ թանձր ըլլայ, որպէսզի երեխան հանգիստ շնչէ: Շատ կարեւոր է նաեւ, որ կտորէ դիմակը համապատասխանէ երեխային դէմքին չափերուն եւ լաւ ծածկէ անոր քիթն ու բերանը:

Բժշկական դիմակ կրելը պարտադիր է առողջական լուրջ հարցեր եւ տկար դիմադրողականութիւն ունեցող երեխաներուն պարագային:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Սուրճի Մրուրի Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Սուրճի մրուրը թափօն է, մենք զայն օգտագործելէ ետք անմիջապէս աղբամանը կը թափենք, մինչդեռ մենք շատ լաւ կրնանք զայն կրկին գործածել մեր առօրեայ կեանքին մէջ:

Սուրճի մրուրը կարելի է օգտագործել տան որոշ իրեր մաքրելու եւ անախորժ հոտերու դէմ պայքարելու համար. կրնանք զայն օգտագործել նոյնիսկ մեր բոյսերուն համար: Այլ խօսքով, սուրճի մրուրի օգտագործման տարբերակները շատ են. եկէ՛ք` ծանօթանանք մէկ քանիին:

– Սուրճի գաւաթի մը մէջ լեցուցէք չոր մրուրը եւ զայն դրէք սառնարանին դարաններէն մէկուն վրայ` սառնարանին մէջի անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար:

***

– Կիրով, մակնեզիոմով եւ ֆոսֆորով հարուստ սուրճի մրուրը հիանալի պարարտացուցիչ է ձեր պարտէզի եւ տան բոյսերուն համար: Անիկա նաեւ կ՛օգնէ, որ հողը չքարանայ ու փխրուն, փափուկ մնայ: Անիկա նաեւ բոյսերը կը պաշտպանէ զանազան տեսակի որդերէ եւ ճճիներէ:

***

– Սուրճի մրուրը նաեւ հիանալի միջոց է դէմքի, ձեռքերու եւ ընդհանրապէս մաշկին մեռած բջիջները մաքրելու, սելիւլիթ դարմանելու եւ մաշկին հարթ ու գեղեցիկ տեսք տալու համար:

***

– Թիւլէ ծրարիկներու մէջ (կարելի է կանացի բարակ գուլպայ ալ օգտագործել) սուրճի մրուր լեցնելով եւ նստասենեակին որոշ տեղեր զետեղելով կարելի է հաճելի բոյր եւ թարմ օդ ապահովել:

***

– Սուրճի մրուրը (1 ապուրի դգալ) եւ գաղջ ջուրը կ՛օգնեն բանալու լուացարանին խցուած խողովակը եւ չէզոքացնելու անախորժ հոտերը:

***

– Շան կամ կատուին վրայի լուերէն ձերբազատելու համար կարելի է անոնց յատուկ շամփուէնին սուրճի մրուր աւելցնել եւ ստացուած խառնուրդով շփել անոնց մարմինը…

***

– Սուրճի մրուրը հաճելի համ կու տայ ձեր տուրմով կարկանդակին: Իսկ միսը աւելի եւս կը փափկանայ եւ համեղ կը դառնայ, եթէ սուրճի մրուր օգտագործուի:

***

– Սուրճի մրուրը նաեւ փայլք եւ գեղեցիկ գոյն կու տայ մութ գոյնի վարսերուն:

***

– Մոխրամանին յատակին զետեղուած սուրճի մրուրը կը չէզոքացնէ անախորժ հոտը:

Խոհագիր

 Սիսեռով Աղցան

Բաղադրիչներ

– 1 բաժակ խաշած սիսեռ
– 2 աւոքատօ` խորանարդաձեւ կտրատուած
– 2 պզտիկ լոլիկ` խորանարդարձեւ կտրատուած
– 50 կ ֆեթա պանիր խորանարդաձեւ կտրատուած
– 2 ցօղուն մանրուած կանաչ սոխ
– 1 կիտրոնի հիւթ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ
– Սեւ կամ կարմիր պղպեղ

Պատրաստութիւն

Թացանին բաղադրիչները` կիտրոնի հիւթը, ձէթը, աղն ու պղպեղը փոս ամանի մը մէջ խառնել եւ մէկ կողմ ձգել:

Երկրորդ ամանի մը մէջ խառնել խաշած սիսեռը, աւոքատոն, լոլիկը, ֆեթա պանիրն ու սոխը:

Խառնուրդը փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, վրան թափել թացանը եւ մատուցել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Գնացին-Չեկան

Գնացին, չեկան տղաներն այն քաջ`
Կապո՜յտ աչքերով, խաժակն, սեւաչ:
Եւ նա, որ պիտի բժշկէ՛ր մարդկանց,
Սպաննուե՛ց յանկարծ:
Եւ նա, որ պիտի գրէր թանաքո՛վ,
Գրեց արիւնո՛վ: Գրեց իր կեանքո՛վ:
Նա, ով հո՛ղ պիտի մշակէր էլի,
Հո՛ղ է երեւի:
Նա, որ ուզում էր քարո՛վ կառուցել,
Մի քա՛ր է դարձել:
Նա, որ ուզում էր իր մօ՛րը գրկել,
Մա՛յր հողն է գրկել:
Նա, որ պատմաբա՛ն կը դառնար գիտուն,
Դարձաւ… պատմութի՛ւն:
Գնացին, չեկան տղաներն այն քաջ`
Կապոյտ աչքերով, խաժակն, սեւաչ:
Իսկ եթէ չեկան, որտե՞ղ են նրանք –
Որտեղ լաւ սի՛րտ կայ` այնտեղ են նրանք…

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>