Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Կտաւի Մը Պատմութիւնը Էտուար Մանէի «Ծնեբեկ»-ը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Փարիզի Օրսէյ թանգարանին մէջ ցուցադրուած է ֆրանսացի տպաւորապաշտ գեղանկարիչ Էտուար Մանէի «Ծնեբեկ» վերնագրուած կտաւը:

Շատեր հարց տուած են, թէ ինչու մեծ արուեստագէտը ջանք թափած է եւ ուշադրութեան արժանացուցած է ծնեբեկի ցօղուն մը: 16,5¬21,5 սմ չափերով  փոքրիկ կտաւը ունի իր ստեղծման պատմութիւնը, որ կ՛ընդգծէ նկարիչին իւրայատուկ սրամտութիւնը:

Եւ այսպէս, 1880-ին յայտնի մեկենաս եւ արուեստաբան Չարլզ Էֆրուսի Մանէին կը պատուիրէ գծել «Կապ մը ծնեբեկ» կտաւը. գինը նախապէս կը պայմանաւորուին` 800 ֆրանք: Մանէ կը նկարէ իր յայտնի ծնեբեկով նաթիւրմորթը, զոր պատուիրատուն այնքան կը հաւնի, որ նկարիչին 800-ի փոխարէն` 1000 ֆրանք կ՛ուղարկէ:

Մանէ, առանց երկար մտածելու, կը գծէ երկրորդ նաթիւրմորթ մը, ուր պատկերուած է ծնեբեկի ցօղուն մը եւ զայն կ՛ուղարկէ Էֆրուսիին` նկարին կցելով երկտող մը հետեւեալ բովանդակութեամբ:

«Ես կ՛ուղարկեմ ձեր փունջէն պակսող ցօղունը»:

Այսպիսով, Էֆրուսի 1000 ֆրանքով ձեռք կը բերէ երկու նաթիւրմորթ, իսկ Մանէ երբեք չէր երեւակայեր, որ իր կատակ նկարը օրին մէկը կը ցուցադրուի փարիզեան մեծագոյն թանգարաններէն մէկուն մէջ:

Առողջապահական

Յաճա՛խ Խնդացէք

Խնդուքը կը նպաստէ երջանկութեան հորմոնի` անտորֆինի արտադրութեան: Անտորֆինները ուղեղին կողմէ արտադրուած նիւթեր են, շատ նման` մորֆինին եւ ունին մորֆինին ազդեցութեան համազօր ազդեցութիւն:

Այլ խօսքով, խնդուքը ոչ միայն տրամադրութիւն կը բարձրացնէ, այլեւ կը մեղմացնէ ֆիզիքական ցաւերը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յաճախ խնդալու համոզիչ պատճառներ:

ա.- Տրամադրութիւնը  կը բարձրացնէ:
բ.- Կը պաշտպանէ սիրտը եւ կը նուազեցնէ սրտի կաթուածի հաւանականութիւնը:
գ.- Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը` շարք մը հիւանդութիւններու պարագային:
դ.- Կը պաշտպանէ շնչառական համակարգը բորբոքումներէ:
ե.- Կը մարզէ փորի եւ կուրծքի մկանները:
զ.- Կը մարզէ դէմքի մկանները:
է.- Կը բարձրացնէ յիշողութեան եւ ընկալումի մակարդակը:
ը.- Կը բարելաւէ ստեղծագործութեան մակարդակը:
թ.- Կը հանդարտեցնէ մարմինը եւ կը նուազեցնէ ընկճախտի հորմոնները` քորթիզոլը կամ ատրենալինը:

Ճափոնի եւ աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ հիւանդանոցները որդեգրած են ծիծաղի դարմանամիջոցներ: Իսկ Մալեզիոյ մէջ քննութիւններու նախօրէին ուսանողներուն կու տան շնչառական դասընթացքներ, ուր խնդուքը մեծ դեր ունի:

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ երեխաները աւելի կը խնդան, քան` չափահասները, կիները աւելի, քան` տղամարդիկ:

Այս բոլորը իմանալէ ետք կ՛արժէ՞ ինքզինք զրկել այս դեղէն:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 Լոլիկի Մածուկը`
Բորբոսէ Պաշտպանելու Համար

Յաճախ կը նեղանանք, երբ նկատենք, որ բացուած լոլիկի մածուկին մակերեսը բորբոս կապած է…

Այս անպատեհութեան առաջքը առնելու համար կան 3 ազդու միջոցներ.

ա.- Մի՛շտ մաքուր եւ չոր դգալ օգտագործել բղուղէն մածուկ առնելու համար: Կափարիչը լաւ փակել եւ անմիջապէս սառնարան վերադարձնել բղուղը:
բ.- Բացուած լոլիկի մածուկին մակերեսին ապուրի դգալ մը ձէթ աւելցնել:
գ.- Մածուկը սառի կաղապարներու մէջ լեցնել, սառեցնել եւ սառած խորանարդները օգտագործել:

Սոխը Օգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ

– Եթէ տունէն դուրս պիտի ելլէք եւ գետինը սառոյց կապած է, ձեր կօշիկներուն տակը շփեցէք կիսուած սոխով:

– Եթէ կ՛ուզէք, որ տապկելու ընթացքին սոխը ստանայ գեղեցիկ ոսկեգոյն երանգ, քիչ մը շաքար աւելցուցէք:

– Սոխը երկար ժամանակ թարմ եւ առողջ պահելու համար օգտագործեցէք թուղթէ տոպրակներ:

– Ժանգ կապած դանակին շեղբը մաքրելու համար անով առանց կեղեւը հանելու սոխ կտրատեցէք:

– Որպէսզի սոխ կտրատելու ատեն ձեր աչքերը չարցունքոտին, նախքան կեղուելը` զայն 10 վայրկեան սառցարանը պահեցէք, կամ կեղուելու եւ մանրելու արարողութիւնը կատարեցէք ծորակէն հոսող ջուրին մօտ: Վերջապէս, որքան ալ ծիծաղելի թուի, ծովու` լողի ակնոց օգտագործեցէք ձեր աչքերը ամբողջովին պաշպանելու համար:

Տան Յարդարանք

 Հինը Նորի Վերածենք

Սխալ չէ երբեք ընդհանուր մաքրութիւն ընելը եւ հին ու անգործածելի իրերէն ձերբազատիլը: Այսուհանդերձ, որեւէ իր թափելէ առաջ մտածենք, թէ արդեօ՞ք անոր երկրորդ կեանք մը կրնանք տալ…

Տեսէ՛ք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են «անգործածելի» իրերու եւ զանոնք վերածած` արուեստի գործերու:

Ակնոցի Տուփ

Ակնոցի սովորական տուփի մը մէջ կարելի է տեղաւորել կարի պիտոյքներ: Շատ գործածական գաղափար մը` յատկապէս ճամբորդութեան ընթացքին:

– Հագուստի Կախիչներ

Հագուստի մետաղեայ կախիչները կարելի է հաստատել պատին վրայ եւ վրան կախել ամսաթերթեր:

Հին Գլխարկներ

Հին գլխարկները կարելի է վերածել շատ գեղեցիկ լուսամփոփներու:

Ճինզ Տաբատներու Գրպաններ

Անգործածելի, մաշած ճինզը թափելու փոխարէն` կարելի է կտրել անոր գրպանները, եւ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, զանոնք օգտագործել մեր բջիջայինները լիցքաւորելու համար:

Խոհագիր

 Խրթխրթան Հաւի Միս

Անհրաժեշտ բաղադրիչներ`

– 2 հաւու կրծքամիս
– Սխտորով խառնուած կսկուծի փոշի (քահքէի փոշի)
– Կիտրոն
– Ճարճրուկ
– Աղ, սեւ պղպեղ, ձէթ

Պատրաստութիւն

Կծքամիսերը համեմել աղով, սեւ պղպեղով եւ թաթխել սխտորով եւ կսկուծի փոշիով խառնուրդին մէջ:

Բուսական ձէթը տաքցնել եւ կրծքամիսերը երկու երեսով տապկել, մինչեւ որ եփին եւ ախորժաբեր ու խրթխրթան դառնան:

Կրծքամիսերը շերտել, ներկայանալի պնակի մը մէջ շարել, քովը աւելցնել աղով, կիտրոնի հիւթով եւ ձէթով պատրաստուած ճարճրուկը, զոր կարելի է փոխարինել որեւէ այլ խոտով:

Բարի՛ ախորժակ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 ՍասունՍիւնիք

Ես առաջին անգամ եմ այս լեռներում,
Սակայն նրանք այնքան բան են ասում ինձ
Ես իմ ամբողջ յուշաշխարհն եմ միտ բերում
Մանկութիւնս եմ բերում հեռու Սասունից:

Ով գագաթներ, ով ծործորներ, անտառներ,
Ինչքան եմ ես այս կապոյտի մէջ վազել,
Ինչքան հովուել այստեղ ուլեր ու գառեր,
Ինչքան երգել, զուարճացնել, երազել…

Նոյն գետը չէ՞ ոտքերիս տակ շառաչում.
Նոյն այն գետն է, ինչ անուն էլ տան,
Թէկուզ կոչուի նա պաղպաջուն Սասնոյ ջուր
Թէկուզ կոչուի որոտաձայն Որոտան:

Ասում են, թէ Դաւիթ Բեգի բերդն է այն`
Արծիւների բներից վեր անվեհեր,
Ինձ թւում է, թէ նա բերդն է Սասնոյ տան
Ու Սասունցի Դաւիթն է դեռ այնտեղ տէր:

Ոչ, եղե՛լ եմ այս լեռներում բիւր անգամ,
Ինչ անուն էլ որ փոփոխեն օրից-օր
Այս լեռներում ես եղել եմ ու կը գամ
Կը մանկանամ որ մեծանամ նորից նոր:

ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՆՈՐԵՆՑ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>