Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Խելացի, ինքնավստահ, երջանիկ եւ նախաձեռնող զաւակ դաստիարակելը բոլոր ծնողներուն փափաքն է: Հոգեբաններու եւ մանկավարժներու կարծիքով, կան 5 բաներ, զորս պէտք է արգիլել երեխային` անոր մտային ունակութիւնները զարգացնելու եւ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը ապահովելու համար:
-1-
Զգացումները Արտայայտելը
Երեխան զանազան ձեւերով կրնայ արտայայտել իր զգացումները, օրինակ տան մէջ հոս-հոն վազվզելով, ճչալով, խնդալով, լալով… Անոնք կ՛օգնեն, որ ան թուլնայ, լիցքաթափուի, խաղաղի: Անշուշտ պէտք է երեխային բացատրել, թէ ան ինչպէ՛ս պէտք է ինքզինք դրսեւորէ տունէն դուրս, հասարակութեան մէջ, դպրոցը, փողոցը կամ հանրախանութը:
-2–
Սեփական Կարծիքը Արտայայտելը
Հոգեբաններու կարծիքով, երեխային հետ պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել եւ առիթ տալ անոր, որպէսզի այս կամ այն հարցին մասին իր կարծիքը արտայայտէ: Երբեք երեխային չըսել` «Լռէ՛, ես քեզմէ մեծ եմ եւ աւելի փորձառու», կամ` «Մեծերու ներկայութեան դուն կը լռես…» եւ նման անմիտ խօսքեր: Երեխային հետ խորհրդակցելով` նախ կը շահիք անոր վստահութիւնը եւ զինք լսելով` ըստ այնմ կը հիմնաւորէք ձեր խօսքերն ու արարքները եւ աւելի դիւրին կը հասնիք ձեր նպատակին:
-3-
Նախաձեռնելը
Պէտք չէ երեխային արգիլել առանձին ուտել, նոյնիսկ եթէ ան չորս կողմը պիտի աղտոտէ, նոյնպէս ալ` առանձին հագուիլ կամ լուացուիլ, նոյնիսկ եթէ սխալ ձեւով կատարէ զանոնք: Որպէս ծնողք` ձեր պարտականութիւնն է ուղղել զայն անհրաժեշտ ցուցմունքներ կատարելով, որպէսզի ժամանակի ընթացքին ան հասնի կատարեալին:
Նոյնպէս ալ կարելի չէ անոր արգիլել գծելը` ձեռքերն ու սեղանը աղտոտելու մտավախութեամբ, կամ նուագելը` աղմկելու եւ խանգարելու վախով:
Յիշեցէ՛ք, որ ստեղծագործելը կը խթանէ երեխային երեւակայութիւնն ու մտային ունակութիւնները:
-4-
Օգնելը
Եթէ ձեր երեխան կ՛ուզէ օգնել ձեզի, մի՛ արգիլէք, նոյնիսկ եթէ օգուտէ աւելի վնաս պիտի քաղէք… լաւ կ՛ընէք, որ անոր ցոյց տաք, թէ ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս պէտք է ընէ: Քաջալերեցէ՛ք, շնորհակալութիւն յայտնեցէք իր ջանքերուն համար: Արտօնեցէք, որ ան ձեզի օգնէ կարկանդակի պատրաստութեան, տան մաքրութեան, բոյսերու խնամքին եւ այլն…
Եթէ մանկութեան անոր արգիլէք ձեռք երկարել ձեր գործերուն, ապա երբ մեծնայ, մի՛ սպասէք, որ ան օգնէ ձեզի:
-5-
Բակ Իջնել Եւ Խաղալ
Պէտք չէ երեխային արգիլել, որ բակ իջնէ ու գնդակ խաղայ, հեծանիւ քշէ, շէնքի ընկերներուն խաղերուն մասնակցի… Թէեւ այս բոլորը կրնան վտանգաւոր թուիլ ձեզի, բայց եթէ արգիլէք, ան կը մեծնայ վախկոտ, ինքնամփոփ եւ չնախաձեռնող: Աւելի լաւ է, որ անոր որոշ զգուշացումներ կատարէք, ուղղութիւն տաք, ի հարկին հետը մնաք, քան այդ հաճոյքէն զրկէք զինք: Յիշեցէք նաեւ ընկերներուն հետ խաղալը, աշխուժ վազվզելը շատ աւելի շինիչ եւ օգտակար են, քան` ելեկտրոնային գործիքներուն հետ ժամանակ վատնելը:
Հետաքրքրական
Ինչո՞ւ Օրին Կազմաքանդուեցաւ
Առնօ Բաբաջանեանի Արձանը
2002-ին հայ մեծ երաժիշտ, երգահան Առնօ Բաբաջանեանին արձանը տեղադրուեցաւ Կարապի լիճին մօտ` Թումանեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին մօտակայքը: Բայց ժողովուրդին ճնշումներուն պատճառով արձանը կազմաքանդուեցաւ: Մէկ տարի ետք, 2003-ի յուլիս 4-ին արձանը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած եւ վերջնական տեսք ստացած կրկին տեղադրուեցաւ նոյն տեղը:
Քանդակագործ Դաւիթ Բեջանեանը համաձայնեցաւ վերափոխել արձանը, «որպէսզի բաւարարէ ժողովուրդին քմահաճոյքը»: Ան հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Այդ արձանը ուժ ունէր: Մարդիկ միանգամից չէին հասկանում»:
Նշենք, որ 2,8 մ. բարձրութեամբ, պրոնզէ եւ կրանիթէ կառուցուած արձանի հեղինակներն են քանդակագործ Դաւիթ Բեջանեանը եւ ճարտարապետ Լեւոն Իգիթեանը:
Ինչո՞ւ Ժողովուրդը Մերժեց
Արձանին Առաջին Օրինակը…
Օրին` այս աղմկայարոյց արձանի բացման օրը, դերասան Սօս Սարգսեանը ըսած է. «Ես ոչ մի կասկած չունեմ, որ կ՛անցնի շատ քիչ ժամանակ, եւ այս արձանը կը դառնայ մեր մայրաքաղաքի հպարտութիւններէն մէկը»:
Ուրեմն ինչո՞ւ Բաբաջանեանին արձանը արժանացաւ հակասական կարծիքներու: Թերեւս` անոր չափորոշիչներէ դուրս ըլլալը, արտասովոր լուծումները եւ միաժամանակ կոպիտ եւ մեղեդային տատանումները: Հեղինակները ոգեշնչած էր երաժիշտին` երաժշտութեան այդքան նուիրուած եւ երաժշտութեամբ մոռացութեան մէջ գտնուելու հոգեվիճակը: Երաժիշտը կը նուագէր ինքնամոռաց, ան հանդիսատեսը կը փոխադրէր այլ իրականութիւն` մեղեդիի, հոգին ջերմացնող երաժշտութեան աշխարհ…
Տասնեօթը Տարի Ետք…
Արձանի տեղադրումէն 17 տարի ետք մարդիկ կը շարունակեն «շատ սիրել» կամ «չհաւնիլ» զայն: Բայց եւ այնպէս Առնօ Բաբաջանեանի արձանը այսօր դարձած է քաղաքի դէմքը` մոռացութեան մատնելով իրեն հետ կապուած բոլոր իրերամերժ կարծիքները:
Արձան մը, առանց որուն` դժուար է պատկերացնել Երեւանը: Արձան, որուն շուրջ միշտ պիտի վազվզեն երեխաներ, կանգ պիտի առնեն, զարմացած պիտի նային այդ մեծ քիթով եւ պատռուած վերնաշապիկով մարդուն, որուն ստեղծած մեղեդիները լսելով` պիտի վերյիշեն մանկութեան անհոգ օրերու վազվզոցը…
Բոյսերու Խնամք
Բնական Պարարտանիւթեր`
Սենեկային Բոյսերու Առողջ Աճի Համար
Տան բոյսերը պարբերաբար պէտք ունին պարարտացուցիչներու` առողջ եւ առատ ծաղկելու ու աճելու համար. ստորեւ կը ներկայացնենք բնական պարարտանիւթեր, որոնք թէ՛ ձրի են եւ թէ՛ ազդու:
– Փայտի մոխիրը
Շատ յարմար է բոյսերու սնուցման եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար: Մէկ ապուրի դգալ մոխիրին աւելցնել մէկ լիթր տաք ջուր, որպէսզի մէկ շաբաթ թրջուած մնայ: Ապա 10 օրը մէկ ջրել բոյսը:
***
– Աքուարիոմի ջուրը
Հանքայիններով հարուստ աքուարիոմի ջուրը կը խթանէ բոյսերուն աճը:
***
– Սուրճի մրուրը
Անիկա կ՛արգիլէ հողին կարծրացումն ու քարացումը եւ կը նպաստէ բոյսի ծաղկումին:
***
– Պանանի կեղեւը
Փոթասիոմով, քալսիոմով եւ ֆոսֆորով հարուստ պանանի կեղեւները մեծապէս կ՛օգնեն բոյսերուն առողջ աճման եւ ծաղկումին:
Կարելի է կեղեւները մանրացնել եւ բոյսերուն հողին մէջ թաղել: Կարելի է նաեւ ջուրի մէջ քանի մը օր թրջել եւ ապա ջուրը օգտագործել ծաղիկները ջրելու համար:
***
– Հաւկիթի կեղեւը
Կիրով հարուստ հաւկիթի կեղեւը սքանչելի պարարտացուցիչ է: Հաւկիթին մանրուած կեղեւը մխրճեցէք բոյսին հողին մէջ եւ կամ խաշած հաւկիթին կեղեւը ամբողջ գիշեր մը ջուրին մէջ թրջեցէք, ապա օգտագործեցէք թէ՛ կեղեւը եւ թէ՛ ջուրը:
***
– Բանջարեղէններուն եփի ջուրը
Բանջարեղէնի եփի ջուրը հարուստ է հանքայիններով: Երբեք մի՛ թափէք զայն, ձգեցէք, որ պաղի, ապա ջրեցէք ձեր բոյսը:
Խոհագիր
Սմբուկով Եւ Լոլիկով Վարդեր
Բաղադրիչներ
– Ֆիլօ (շատ բարակ խմոր) խմորի ծրար մը:
– 8 հատ «քիրի» պանիր (կարելի է ուրիշով փոխարինել)
– 2 սմբուկ
– 2 սոխ
– 2 լոլիկ
– Ձէթ, աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 150 ջերմաստիճանով եւ քառորդ ժամ խորովել շատ բարակ, օղակաձեւ շերտուած սոխը, լոլիկն ու սմբուկը, որոնց վրայ քիչ մը ձէթ քսած ըլլաք:
Փոքրիկ կաղապարներ նախապէս ձէթով ծեփեցէք, իւրաքանչիւրին մէջ երեքական խմոր տեղաւորեցէք եւ 10 վայրկեան փուռը եփեցէք, մինչեւ որ ծայրամասերը ոսկեգոյն դառնան:
Խմորները կաղապարներէն հանեցէք, յատակը կտրտուած պանիրով ծածկեցէք, աւելցուցէք աղուած եւ համեմուած բանջարեղէնները` ծաղիկի ձեւ տալով անոնց:
2 վայրկեան եւս փուռ փոխադրեցէք, որպէսզի յատակի պանիրը հալի, եւ ապա մատուցեցէք:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ներեցէք Տղերք
Երազում տեսայ, որ ընկել եմ ես կռւում այն ահեղ,
Երազում տեսայ, որ քսան տարիս թաղուած է հողում,
Հայոց աշխարհի սպիտակ բուքը ոռնում խելայեղ,
Ձիւնափոշով է թումբս ողողում:
Եւ կողքիս ահա իմ ընկերներն են պառկած յոգնաբեկ,
Երկուսն էլ ինձ պէս քսան տարեկան ու սիրահարուած,
Մէկի ճակատին փոքրիկ աստղի պէս ցոլում է մի վէրք,
Միւսի կուրծքն է մի թեթեւ այրուած:
Հողմը լռել է… երեւի վերում գարուն է գալիս,
Ինչ-որ շշուկ կայ, երեւի խոտ է մեզ վրայ աճում,
Մի տաք խշշոց կայ, երեւի գարնան անձրեւն է լալիս,
Որոտ կայ` գարնան ամպն է շառաչում:
Ես շատ եմ սիրել կեանքում այդ շառաչն ու շանթը այդ շէկ
Ու վեր եմ թռչում, թօթափում եմ հողն ու սեւը վանում,
Բայց դուք` իմ կողքին մանկօրէն քնած ընկերնե՛ր իմ հէգ,
Դուք հողից ելնել չէք կարողանում:
Մի կաթիլ արճիճն ի՜նչ ահաւոր է ու ի՜նչ ծանր է, Տէ՛ր,
Ինչքա՞ն է կշռում… Ոչ ոք երեւի դա չի իմանում:
Ձեռքս պարզում եմ, ես չարչարւում եմ, որ հանեմ ձեզ վեր,
Ներեցէ՜ք, տղե՛րք, չեմ կարողանում…
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
(Որոշ կրճատումներով)