Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Տասը Հետաքրքրական Բան…Մատամ Թիւսոյի Թանգարանը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Աշխարհի ամէնէն շատ այցելու ունեցող թանգարաններէն մէկը Մատամ Թիւսոյի անունը կրող մոմէ արձաններու թանգարանն է, որ այսօր մասնաճիւղեր ունի աշխարհի աւելի քան 26 քաղաքներու մէջ:

Մատամ Թիւսոյի թանգարանին մէջ ցուցադրուած են արքայական ընտանիքներու անդամներու, քաղաքական անձնաւորութիւններու, անուանի աստղերու, մարզիկներու եւ մինչեւ իսկ մարդասպաններու մոմեայ արձանները:

Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք 10 հետաքրքրական բան` այս շատ սիրուած ու գնահատուած թանգարանին մասին:

– 1 –

Մատամ Թիւսոյի թանգարանը հիմնուած է 1835-ին, Լոնտոնի Պէյքըր սթրիթի վրայ` Աննա Մարիա Թիւսոյի կողմէ:

– 2 –

Աննա Մարիա 16 տարեկանին քանդակած է իր առաջին մոմէ արձանը, որ կը մարմնաւորէր ֆրանսացի գրագէտ-փիլիսոփայ Ֆրանսուա Վոլթերը:

– 3 –

Լոնտոնեան թագարանի մուտքին այցելուները կը դիմաւորէ Աննա Մարիա Թիւսոն: Ան իր սեփական մոմէ արձանին հեղինակն է: Զայն քանդակած է մահէն 8 տարի առաջ: Թիւսօ մահացած է 89 տարեկանին:

– 4 –

Թանգարանին ամէնէն խնդրայարոյց արձանը Ատոլֆ Հիթլերինն է: Անոր արձանը կը գտնուի թէ՛ Լոնտոնի, եւ թէ՛ Պերլինի թանգարաններուն մէջ: Գերմանացի բռնապետին արձանը միակն է, որ ապակեայ պաշտպանիչ շերտով փակուած է, քանի որ թանգարանի այցելուները պարբերաբար անոր վրայ իրեր կը նետէին, ոմանք ալ կը թքէին արձանին վրայ:

– 5 –

Մայր Թերեզան մերժած է, որ զինք քանդակեն, քանի որ կը հաւատար, թէ իր կատարած գործը շատ աւելի կարեւոր է, քան իր մոմեայ մարմնաւորումը:

– 6 –

Թանգարանը աշխատակիցներու մեծ խմբակ ունի` վարսայարդարներ, դիմայարդարներ, նկարիչներ… Օրական կը ստուգուի, թէ արդեօք կա՞ն արձաններուն վրայ հետքեր, քերծուածքներ եւ գրեթէ օրական կը լուացուին մոմեայ արձաններուն մազերը եւ կը թարմացուին շպարները…

– 7 –

4, 5 մեթր բարձրութեամբ «Տը ինքրետիպըլ Հաք»-ի մոմեայ արձանը թանգարանին ամէնէն խոշորն է, իսկ «Թինքըր Պէլ»-ինը` ամէնէն փոքրը:

– 8 –

Միջին հաշուով մոմեայ արձանի մը պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ 4 ամսուան աշխատանք եւ կ՛արժէ շուրջ 300 հազար տոլար:

– 9 –

Նկարիչները մօտաւորապէս 150 տարբեր չափեր կ՛արձանագրեն բնորդէն: Կը նկարեն մարմինը շուրջ 80 անգամ, իսկ դէմքը` 100 անգամ: Նշենք, որ մոմէ արձանները կը պատրաստուին բնորդին իսկական չափերէն 2 տոկոսով աւելի մեծ, քանի որ մոմը ժամանակի ընթացքին կը չորնայ, եւ բնականաբար արձանը կը փոքրանայ:

– 10 –

Մոմէ արձաններու մազայարդարումը կը պահանջէ 5 շաբթուան աշխատանք, քանի որ իւրաքանչիւր մազի թել առանձին կը տեղադրուի, իսկ իւրաքանչիւր գլխու վրայ միջին հաշուով կան 100 հազար մազի թելեր…

Հետաքրքրական է նաեւ ան, որ կարմիր մետաքսեայ թելեր կ՛օգտագործուին արձաններու աչքերուն մէջի մազերակները պատրաստելու համար:

Առողջապահական

Աղի Սպառումը Նուազեցնելու
Հնարքներ

Չափազանցուած աղի գործածութիւնը վնասակար է բոլորին, բայց մանաւանդ` արեան բարձր ճնշում կամ սրտանօթային անհանգստութիւն ունեցողներուն:

Ինչպէ՞ս նուազեցնել աղի սպառումը, ինչպէ՞ս մնալ օրական 5 կրամի սահմաններուն մէջ… Ահաւասիկ` քանի մը օգտակար հնարքներ:

– Հրաժարեցէ՛ք պահածոյ ուտելիքներէն, չիփսերէն, պիստակեղէնէն, խոզապուխտի բոլոր տարբերակներէն, որոնք մեծ քանակութեամբ աղ կը պարունակեն:

– Գնումի ժամանակ ուշադի՛ր կարդացէք պիտակները եւ նախապատուութիւնը տուէք քիչ սոտիոմ պարունակողներուն:

– Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր խմած ջուրին: Հանքային ջուրերուն մէկ կարեւոր մասը աղ կը պարունակէ, ընտրեցէք քիչ աղ պարունակողը. իսկ եթէ տան ծորակէն հոսող ըմպելի ջուրը վստահելի է, նախընտրութիւնը անոր տուէք:

– Հրաժարեցէք կերակուրը համտեսելէ առաջ աղ աւելցնելէ: Վարժութիւն դարձուցէք բաւարարուիլ ձեզի մատուցուած կերակուրին աղի քանակով: Աղամանը վերջնականօրէն վերցուցէք ճաշի սեղանէն. զայն ձեր ձեռքին տակ ունենալով` փորձութիւնը աւելի մեծ պիտի ըլլայ:

– Աղը փոխարինեցէք համեմներով. աւելորդ է ձեզի յիշեցնել, որ խոհանոցը ձեր ձեռքին տակ ունիք տասնեակ մը համեմի տեսակներ. զանոնք առատօրէն օգտագործեցէք ձեր կերակուրները համեմելու եւ աղին պակասը լրացնելու համար:

– Կերակուրներուն մէջ աղը նաեւ կարելի է «փոխարինել» կիտրոնի հիւթով, խնձորի քացախով, բուրաւէտ խոտերոՎ (ռեհան, սամիթ, գինձ եւ այլն…), սխտորով, սոխով եւ այլն…

Ի՞նչ Ընել Եթէ Կերակուրը
Չափազանց Աղի Է…

Կան 3 հիմնական հնարքներ` չափազանց աղի կերակուրը «փրկելու» համար:

1.- Առէք խոշոր գետնախնձոր մը, կեղուեցէք, 5 մմ հաստութեամբ շերտեցէք եւ կերակուրին հետ եփեցէք, ապա հանեցէք` նախքան կերակուրը մատուցելը: Կ՛ըսեն, թէ «պակէթ» հացի շերտերն ալ նոյն դերը կրնան կատարել: Այսպիսով մասամբ հաւասարակշռած կ՛ըլլաք աղին համը:

2.- Փորձառուներու կարծիքով, չափազանց աղի թացան մը «փրկելու» համար կարելի է կէս սուրճի դգալ շաքար աւելցնել, բայց նաեւ` խնձորի կամ անանասի կտորներ…

3.- Միսը կամ կարգ մը բանջարեղէններ կարելի է ջուրին տակ ցօղուել եւ կրկին եփել:

Խոհագիր

 Դդումով Եւ Չետըր Պանիրով Հաց

Բաղադրիչներ

– Մէկուկէս գաւաթ քերոցէ անցած դդում
– Երկու գաւաթ ալիւր
– Երկու թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– Կէս թէյի դգալ աղ
– Մէկ գաւաթ կաթ
– Մէկ ապուրի դգալ քացախ (ճերմակ կամ խնձորի)
– Կէս թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
– Մէկ հաւկիթ
– Երեք ապուրի դգալ հալած կարագ
– Մէկուկէս գաւաթ տաշուած չետըր պանիր
– Երկու կանաչ սոխ (մանրուած)

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել:

Քերոցէ անցած դդումը ափերով ճզմել հեղուկին մէկ մասէն ձերբազատուելու համար:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, պէյքինկ սոտան եւ աղը:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել կաթն ու քացախը (կաթը քիչ մը «պիտի կտրի»), աւելցնել հաւկիթն ու կարագը եւ խառնել:

Կաթով լուծոյթը աւելցնել ալիւրին վրայ եւ ելեկտրական գործիքով շաղել (միջակ արագութեամբ):

Խառնուրդին աւելցնել դդումը, կանաչ սոխն ու պանիրը եւ թեթեւ խառնել:

Քառանկիւն հացի կաղապարը կարագով ծեփել եւ խառնուրդը մէջը փոխադրել եւ եփել շուրջ մէկ ժամ: Եփելէ ետք կաղապարին մէջ ձգել շուրջ 10 վայրկեան, ապա փոխադրել ամանի մը մէջ, սպասել, որ պաղի:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հպարտութեամբ եւ անհատոյց երախտիքով
Յիշենք բոլոր ընկածներին`
Հերոսաբար հանգածներին
Յանուն լոյսի
Եւ մե՜զ համար:

Յիշենք նաեւ նրանց ծնող,
Նրանց սնող,
Նրանց զինող
Հայրենիքը հերոսամայր:

Ակնածանքով շուռ տանք հողին
Այս մէկ բաժակ մաքուր օղին,
Այս մի բաժակ անխառն գինին.
Թող մայր հողը նրանց վրայ թեթեւ՛ լինի…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>