Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեւան-Գառնի ճամբուն աջ կողմը, Ողջաբերդ գիւղին մէջ, 1500 մ բարձրութեան վրայ կանգնած է «Արարատի Կամար» յուշարձանը` բոլորիս ծանօթ «Չարենցի Կամար»-ը:
Ինչո՞ւ Չարենցի Կամար…
Օրին մէկը ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը Գառնի տանող ճամբուն վրայ ինքնաշարժէն կը նկատէ, որ Ողջաբերդ բլրակի մօտէն հրաշալի տեսարան կը պարզուի դէպի Արարատ լեռը: Ճարտարապետը կ՛իջնէ ինքնաշարժէն, կը բարձրանայ բլրակը եւ կ՛որոշէ այդ վայրին մէջ կառուցել կամար մը:
Արարատի կամար անունը կրող յուշակոթողը տեղադրուած է 1957-ին` ճարտարապետին կողմէ: Հոնկէ պիպլիական լեռը` Արարատը, տեսանելի է օրուան բոլոր ժամերուն: Կամարի երկայնքով փորագրուած են մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի տողերը «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութենէն.
«Աշխարհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ,
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ, ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում»:
Այս պատճառով յուշակոթողը ժողովուրդին աւելի ծանօթ է «Չարենցի Կամար» անուանումով:
Նշենք, որ բացի Արարատի կամարէն, մեծանուն ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանին կը պատկանին նաեւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրը, Մայր Հայաստանի յուշահամալիրը, Մուսա Լերան յուշարձանը, Լուսաղբիւր յուշարձանը եւ տասնեակ մը այլ գլուխ-գործոցներ:
Հինը Նորի Վերածենք
Խոհանոցի Ոչ Պիտանի Իրեր
Խոհանոցի ոչ պիտանի իրերէն պէտք է ձերբազատիլ` նորերուն տեղ բանալու համար: Սակայն նախքան այդ հին իրը թափելը կամ ուրիշին տալը` անգամ մը մտածեցէք, թէ արդեօ՞ք կարելի է անոր երկրորդ կեանք մը տալ…
Այսօրուան էջով դարձեալ կը ներկայացնենք խոհանոցային իրեր, որոնց ստեղծագործ եւ հնարամիտ մարդիկ երկրորդ կեանք մը տուած են…
– Դգալ – Բռնակ
Ապուրի դգալներ, որոնց մեծ մասը կորսուած, անհետացած է, կարելի է վերածել շատ գեղեցիկ ոճային բռնակներու եւ նոր շունչ տալ խոհանոցի պահարաններուն:
– Տապակ – Ժամացոյց
Հին տապակներ, զորս պէտք է փոխարինել նորերով…
Տեսէ՛ք, թէ ինչ սիրուն պատի ժամացոյցներու վերածուած են:
– Գրտնակ – Կախիչ
Կ՛ուզէք ձեր փայտեայ հին գրտնակը փոխարինել նորով մը, բայց ինչո՞ւ զայն թափել, երբ կարելի է վերածել սիրուն կախիչի մը…
Սննդագիտական-Առողջապահական
Նախապատուութիւնը Տուէք
Սեւ Ուտելիքներուն
Կարգ մը մթերքներու սննդական արժէքը անոնց սեւ գոյնին կը վերագրուի: Ստորեւ կը ներկայացնենք 6 սեւ ուտելիքներ, զորս յաճախ պէտք է օգտագործել:
– 1 –
Սեւ Ձիթապտուղ
Սեւ ձիթապտուղը, բաղդատած կանաչին, 3-4 անգամ աւելի հակաօքսիտաններ կը պարունակէ. իսկ ինչպէս ծանօթ է, հակաօքսիտանները մեր բջիջները կը պաշտպանեն վաղ ծերութենէ` հակադրուելով ազատ ռատիքալներուն:
Սեւ ձիթապտուղ կարելի է օգտագործել աղցաններու, աղի կարկանդակներու, փիծայի պատրաստութեան մէջ:
– 2 –
Սեւ Խաղող
Սեւ խաղողը, բաղդատած դեղինին եւ կարմիրին, աւելի հարուստ է հակաօքսիտաններով եւ հակաբորբոքային նիւթերով: Յանձնարարելի է զայն ուտել ամբողջութեամբ` կուտով միասին, քանի որ վերջինս հակաքաղցկեղային յատկութիւններով օժտուած է:
– 3 –
Սեւ Թէյ
Սեւ թէյը նոյնպէս չափազանց հարուստ է ֆլաւոնոյիտ կոչուած հակաօքսիտանով: Օրական գաւաթ մը սեւ թէյը բաւարար է նուազեցնելու սիրտի հետ կապուած հիւանդութիւններու վտանգը: Սեւ թէյը նաեւ հզօր միզեցուցիչ է, այսուհանդերձ անոր չափազանցութիւնը կրնայ փորկապութիւն (պնդութիւն) պատճառել:
– 4 –
Սեւ Տուրմը
Ֆլաւոնոյիտներով հարուստ սեւ տուրմը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը, կը պաշտպանէ ուղեղի կաթուածներէ` ապահովելով մեր արիւնատար երակներուն ճկունութիւնը:
– 5 –
Սեւ Բրինձ
Սեւ բրինձը 6 անգամ աւելի հակաօքսիտան կը պարունակէ, քան` միւս տեսակները, շնորհիւ սեւ կեղեւին, որ հարուստ է ֆլաւոնոյիտներով եւ անթիօքսիտաններով:
Սեւ բրինձը կարելի է օգտագործել ապուրներու, աղցաններու մէջ, ինչպէս նաեւ համեղ «ռիզոթթօ»-ներու պատրաստութեան ընթացքին:
– 6 –
Սեւ Ոսպ
Այս ընդեղէնը աւելի ծանօթ է «պելուկա» անունով. իր սեւ գոյնը կը պարտի «անթոսիանին» կոչուած հակաօքսիտանին:
Կարել է սեւ ոսպով համեղ աղցաններ եւ ապուրներ պատրաստել եւ օգտուիլ անոր բարիքներէն:
Խոհագիր
Կասիայով Եւ Շաքարով
Կրկնեփ
Բաղադրիչներ
– 2 1/4 գաւաթ ալիւր
– 1 1/4 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1/4 թէյի դգալ աղ
– 1 թէյի դգալ փոշի կասիա
– Կէս գաւաթ կարագ (սենեակի ջերմաստիճանով)
– 1 գաւաթ շաքար
– 1 հաւկիթ
– 2 ապուրի դգալ նարինջի հիւթ
– Վանիլլա
– 1 հաւկիթի դեղնուց, 1 ապուրի դգալ հեղուկ կաթ կամ ջուր (երեսը ծեփելու համար):
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով, ափսէին յատակը ծածկել յատուկ թուղթով:
Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, աղն ու կասիան:
Երկրորդ ամանի մը մէջ ելեկտրական գործիքով զարնել հաւկիթը, նարինջի հիւթը եւ վանիլլան, ապա քիչ-քիչ աւելցնել ալիւրով խառնուրդը:
Ստացուած խմորը փոքրիկ գունդերու բաժնել, ափսէի մը վրայ շարել եւ 10-15 վայրկեան սառնարանը պահել, ապա ձեւաւորել` ըստ ճաշակի:
Ձեւաւորուած կրկնեփները շարել փուռի ափսէին վրայ, իւրաքանչիւրին երեսը ծեփել հաւկիթի եւ կաթի խառնուրդով:
Ամանի մը մէջ խառնել շաքարն ու կասիայի փոշին: Խառնուրդը ցանել կրկնեփներուն վրայ:
Ափսէն փոխադրել նախապէս տաքցուած փուռը եւ եփել 11-13 վայրկեան, մինչեւ որ երեսները ոսկեգոյն դառնան:
Պաղած կրկնեփները «զիփ լաք» տոպրակներու մէջ ապահով եւ թարմ կը մնան 2-3 շաբաթ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ուշանում Էք, Տղերք,
Ուշանում Էք
– Դուք գնացիք կռիւ եւ ասացիք` կը գա՛նք:
Ուշանո՜ւմ էք, տղե՛րք, ուշանո՜ւմ էք:
Դուք գնացիք դասից, եւ էլ դասի չեկա՛ք:
Ուշանո՜ւմ էք, տղե՛րք, ուշանո՜ւմ էք:
– Մենք գնացինք կռիւ եւ ասացինք` կը գանք,
Էլ չսպասէ՜ք երբեք, էլ չսպասէ՜ք:
Ուրի՛շ մի դաս տուինք ոսոխներին անարգ,
Եւ դեռ ջահե՜լ-ջահե՜լ զոհուեցինք մենք:
Մեզ բացակայ դրէք, բայց… յարգելի՛ արդէն:
Մեր կենացն էլ մէկ-մէկ դատարկեցէք:
Յարգելի պատճառով պատերազմից չեկանք:
Եւ ներեցէ՛ք դուք մեզ, եւ յարգեցէք:
Մեր փոխարէն, անշուշտ, նո՛ր սերունդ է աճել,
Պահպանեցէ՜ք նրան եւ սիրեցէք:
Դուք երջանի՜կ եղէք: Իսկ մայրերին մեր ծեր`
Մեր փոխարէն մէկ-մէկ այցելեցէք…
Մենք էլ կ՛ապրենք այսպէս: Մենք էլ` կարօ՜տ միշտ ձեզ:
Էլ չսպասէ՜ք արդէն, էլ չսպասէ՜ք:
– Ո՛չ, կը սպասենք մենք ձեզ, միշտ կը սպասենք մենք ձեզ,
Ուշանո՜ւմ էք, տղե՛րք, ուշանո՜ւմ էք…
ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ