Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ծնունդի հերթականութեան եւ երեխաներու բնաւորութեան վերաբերող գիտական հետազօտութիւնները յանգած են այն համոզումին, որ ընտանիքին մէջ երեխային «քանիերորդը» ըլլալը կ՛ազդէ անոր բնաւորութեան վրայ:
Ծնունդի հերթականութեան տեսութեան անդրադարձած է Ալֆրետ Ատլերը` Ֆրէօյտի ընկերն ու պաշտօնակիցը: Ան հաւատացած էր, որ «Այն հերթականութեամբ, որ երեխան կը ծնի ընտանիքի մէջ, անքակտելիօրէն կ՛ազդէ անոր մարդ տեսակի ձեւաւորման վրայ»:
Ատլերի համաձայն,
– ԱՒԱԳ ԵՐԵԽԱՆ հակուած է դառնալու պահպանողական եւ իշխանութեան ձգտող: Ան օժտուած կ՛ըլլայ առաջնորդի յատկանիշներով:
– ՄԻՋԱԿ ԵՐԵԽԱՆ շարունակ կը փորձէ գերազանցել աւագը: Անոր զարգացումը աւելի արագ կ՛ընթանայ: Միջակ երեխան հակուած է փառասէր ըլլալու, սակայն եսասէր չէ: Ան չափէն աւելի մեծ ու անհասանելի նպատակներ կը դնէ իր առջեւ, ինչ որ դուռ կը բանայ անյաջողութիւններու դիմաց, սակայն անյաջողութիւնները դիմակայելը կը կոփէ զինք:
– ԿՐՏՍԵՐ ԵՐԵԽԱՆ չափազանց ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն կը ստանայ թէ՛ ծնողներէն եւ թէ՛ աւագ քոյր եղբայրներէն: Այդ պատճառով ալ ան նուազ փորձառու եւ ինքնուրոյն է: Այսուհանդերձ, ան հակուած է գերազանցելու իր աւագ քոյր-եղբայրները:
– ՄԷԿ ՀԱՏԻԿ ԵՐԵԽԱՆ չունենալով ո՛չ քոյր, ո՛չ եղբայր` բնականաբար չունի նաեւ մրցակից: Բամպակներու մէջ մեծցած այս երեխան նոյն հոգատար եւ հիացական վերաբերմունքը կ՛ակնկալէ նոյնիսկ անծանօթներէն: Եսակեդրոնութիւնը մէկ հատիկին բնորոշ գիծերէն մէկն է: Ան դժուարութիւն ունի իրեն տարեկիցներուն հետ յարաբերելու: Մէկ հատիկը նաեւ կատարելապաշտ է եւ ամէն գնով կը հասնի իր նպատակին:
Ծնունդի հերթականութեան տեսութիւնը մինչեւ օրս կը քննարկուի ֆրանսացի, գերմանացի, ամերիկացի գիտնականներու կողմէ: Հետաքրքրական է, որ 20 հազար չափահասներու վրայ կատարուած հետազօտութիւն մը յանգած է այն եզրակացութեան, որ աւագ երեխաները աւելի բարձր արդիւնքներ ցուցաբերած են IQ քննութիւններուն (ուշիմութեան քանորդ): Անոնք աւելի ազնիւ են, զգայուն, բայց` նուազ ընկերային:
Նոյն հետազօտութեան հիմամբ`
– Կրտսեր երեխան ուրախ, յարաբերող, մարդամօտ, եսակեդրոն եւ խորամանկ է:
– Մէկ հատիկ երեխան զգայուն, առաջնորդ, ինքնավստահ, պատասխանատու եւ կատարելապաշտ է:
– Աւագ երեխան պատասխանատու, ինքնուրոյն, վստահելի, առաջնորդ եւ կատարելապաշտ է:
– Միջնեկ երեխան փառասէր, գործունեայ, մարդամօտ, հաշտարար եւ յարմարող է:
Այսուհանդերձ, պէտք է ընդունիլ, որ այսպիսի հետազօտութիւնները բաւական շատ բացթողումներ կ՛ունենան. նկատի չեն առնուիր, ազգագրական գործօնները, ներընտանեկան փոխյարաբերութիւնները, ծնողներու փոխանցած դաստիարակութիւնը, ծնողներու վարուելակերպը, ընտանիքին նիւթական վիճակը եւ այլն…
Մարք Ազնաժտերի Կարծիքով…
Ֆրանսացի մանկաբուժ Մարք Ազնաժտեր, որ հեղինակն է «Կրտսերները եւ աւագները» գործին, կը շեշտէ, որ իւրաքանչիւր երեխայի իրաւունքն է իր ճիշդ եւ արդար տեղը գրաւել ընտանիքին մէջ: Ան ծնողներուն կը թելադրէ`
ա.- Հաւասարաչափ ժամանակ տրամադրել եւ զբաղիլ իւրաքանչիւր երեխայով,
բ.- Արժեւորել եւ գնահատել իւրաքանչիւր երեխայի արժանիքները` անոնց ինքնավստահութիւն ներշնչելու համար,
գ.- Համեմատութիւններէ զերծ մնալ, երեխաներուն մ իջեւ անտեղի նախանձ եւ մրցակցութիւն չստեղծելու համար,
դ.- Արդարադատ եւ արդարամիտ վերաբերմունք ցուցաբերել բոլորին հանդէպ հաւասարապէս,
ե.- Հաւասար իրաւունքներ եւ պարտականութիւններ տալ բոլորին, անշուշտ` միշտ նկատի ունենալով տարիքային տարբերութիւնները:
Ընտանիքին մէջ իր ճիշդ տեղը գտնելու գործընթացը կ՛օգնէ երեխային, որպէսզի ապագային ան հեշտօրէն ընտելանայ ընկերային կեանքին:
Հետաքրքրական
«Լոյս» Գրախանութը
Մաշտոցի 45 պողոտային վրայ կը գտնուի Երեւանի հնագոյն գրախանութներէն մէկը, որ մինչեւ օրս պահպանած է իր նախնական վիճակը:
Երեւանի մէջ, գրեթէ գաղտնի տեղ, որուն մասին սակաւաթիւ երեւանցիներ գիտեն միայն:
Անշուք մուտքին քովէն անցնելով` անհնար է պատկերացնել, թէ ներսը ի՛նչ անակնկալ կը սպասէ մեզի…
Խանութը յայտնուած է 40-ականներու սկիզբը, այնուհետեւ Ստալին պողոտային վրայ` որպէս ծխախոտի խանութ, ապա վերածուած է երաժշտական խանութի, իսկ 1990-ականներու սկիզբը դարձած է գրախանութ:
Մաշտոցի վրայ` իսկական գոհար մը, ուր թաքնուած է անբացատրելի, զգլխիչ գեղեցկութիւն: Ամենազարմանալին այն է, որ այսքան տարի ետք ներքին յարդարանքը մնացած է գրեթէ անփոփոխ, պահպանուած են առաստաղի եւ պատերու եզակի փորագրութիւններ եւ ոճային կահոյք:
Այս փոքրիկ թանգարանին մէջ դուք կը գտնէք տարբեր լեզուներով գիրքեր, աշխարհահռչակ նկարիչներու ալպոմներ, ինչպէս նաեւ` գործածուած գիրքեր, թերթեր, փոստային դրոշմաթուղթեր եւ յուշանուէրներ:
Մաշտոցի 45, փնտռեցէք, գտէ՛ք եւ այցելեցէք:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Կօշիկներու Խնամք
Եթէ ձեր փայլուն կաշիէ (verni) կօշիկին վրայ ճաքեր յայտնուած են, զանոնք անհետացուցէք վազելինի միջոցով: Առէք ականջ մաքրելու ցպիկ մը, ծայրամասի բամպակին վրայ քիչ մը վազելին քսեցէք, ապա քանի մը անգամ անցէք ճաքերուն վրայէն:
Ժամ մը ետք չոր ու փափուկ լաթով մը փայլեցուցէք ձեր կօշիկը:
***
Ձեր փայլուն կաշիէ կօշիկը կրնաք պարբերաբար մաքրել ապակի մաքրելու ծառայող հեղուկով: Այս հնարքը կ՛օգնէ թարմացելու կօշիկին տեսքը:
***
«Տեն» կօշիկները շատ նուրբ են եւ դիւրաւ կ՛աղտոտին: Զանոնք մաքրելը բաւական վարպետութիւն կը պահանջէ: Փորձեցէք այս հնարքներէն մէկը: Ճերմակ, մաքուր ռետինով ջնջել արատները: Եղունգի բարակ խարտոցով զգուշութեամբ մաքրել կեղտերը: Թելադրելի է նախ փորձել ոչ տեսանելի մասի մը վրայ եւ շարունակել, եթէ արդիւնքէն գոհացած էք:
***
Մոյկերուն եւ կօշիկներուն կաշին սնուցանելու եւ թարմացնելու դիւրին եւ աժան միջոց մըն է պանանի կեղեւը: Անով շփեցէք ձեր կաշի կօշիկները, ապա փայլեցուցէք մաքուր, փափուկ լաթով մը:
Խոհագիր
Ճակնդեղով Եւ
Ստեպղինով Աղցան
Բաղադրիչներ`
– 1 մեծ կամ 2 միջակ խաշած ճակնդեղ
– 2 միջակ խաշած ստեղպին
– 1 սուրճի գաւաթ մանրուած ազատքեղ
– 1 սուրճի գաւաթ նուռի հատիկ
– 1 սուրճի գաւաթ մեծ դդումի սերմեր
– 1 կարմիր սոխ` մանր մանրուած
– 2 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ կամ կիտրոնի հիւթ
– 1 1/2 ապուրի դգալ նուռի ռուպ
– 1 1/2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Խաշած եւ կեղուըւած ճակնդեղն ու ստեպղինը քերոցէ անցընել եւ փոխադրել ներկայանալի, կէս փոս ամանի մը մէջ: Աւելցնել մանրուած ազատքեղն ու նուռի հատիկները եւ խառնել:
Պզտիկ փոս ամանի մը մէջ խառնել քացախը (կամ կիտրոնի հիւթը), ձէթը, նուռի ռուպը, մանրուած սոխը, աղն ու պղպեղը: Ստացուած թացանը պարպել աղցանին վրայ, խառնել եւ երեսը զարդարել մեծ դդումի խարկուած սերմերով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մեր Ուխտը
Մենք ուխտ ունենք` միշտ դէպի լոյս,
Ու գընում ենք մեր ճամբով,
Մըրրիկներով պատած անյոյս,
Սեւ խաւարով, մութ ամպով:
Մենք անցել ենք արեան ծովեր,
Սուր ենք տեսել ու կըրակ,
Մեր ճակատը դէմ ենք առել
Մըրրիկներին հակառակ:
Ու թէպէտեւ պատառ-պատառ
Մեր դըրօշը սըրբազան,
Ու մենք չունենք տեղ ու դադար`
Երկրից երկիր ցիրուցան:
Բայց գընում ենք մենք անվեհեր
Զարկերի տակ չար բախտի,
Մեր աչքերը միշտ դէպի վեր`
Դէպի լոյսը մեր ուխտի:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ