Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Գետնախնձորի կողքին, ստեպղինը ամենատարածուած եւ օգտագործուած բանջարեղէնն է աշխարհի բոլոր խոհանոցներուն մէջ: Անոր հայրենիքը կեդրոնական Ասիան է, բայց ներկայիս զայն կը մշակեն գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ: Անոր համն ու բազմակի օգտագործումը զայն դարձուցած են էական բաղադրիչը հարիւրաւոր բաղադրատոմսերու:
Ինչ կը վերաբերի ստեպղինի սննդական արժէքին, յիշենք, որ ան հարուստ է Ա. կենսանիւթով, կը պարունակէ նաեւ Պէ.6, Սէ. կենսանիւթեր, ֆոլաթթու, երկաթ, մանկանեզ, փոթասիոմ, պղինձ…
Ստորեւ կը ներկայացնենք ստեպղին ուտելու համոզիչ պատճառներ:
Ստեպղինը կը կանխարգիլէ քաղցկեղի յառաջացումը, անոր յաճախակի օգտագործումը կը նուազեցնէ թոքերու, կաթնագեղձի եւ հաստ աղիքի քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը:
Ստեպղինը կը պարունակէ հզօր հակաօքսիտան` պեթա քարոթենը, որ կը կանխարգիլէ բջիջներու ծերացումը:
Ա. կենսանիւթը կը կանխարգիլէ ժամանակէն առաջ յայտնուող կնճիռները, մաշկի չորութիւնը եւ խամրած գոյնը:
Ստեպղինը կը պահպանէ եւ կը բարելաւէ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:
Ստեպղինի յաճախակի օգտագործումը կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը եւ մեզ կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն:
Ստեպղինին պարունակած կենսանիւթերը, հակաօքսիտաններն ու բնաթելերը եւ քիչ ջերմուժ պարունակելու անոր առաւելութիւնները զայն կը դարձնեն յարմար ուտելիք մը` բոլոր անոնց համար, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին:
Ստեպղինի Բարիքներէն Օգտուելու Համար…
Ստեպղինի բարիքներէն օգտուելու համար կարելի է զայն օգտագործել կերակուրներու, աղցաններու, ապուրներու եւ մինչեւ իսկ աղանդերներու պատրաստութեան մէջ:
Յանձնարարելի է նաեւ օրական բաժակ մը ստեպղինի հիւթ խմել` անոր անհամար բարիքներէն օգտուելու համար:
Որպէս Դէմքի Ծեփուկ
Առէք երկու միջակ ստեպղին, լուացէք եւ առանց կեղուելու` հարիչէ անցուցէք: Ստացուած խիւսին թէյի դգալ մը մեղր աւելցուցէք եւ լաւ խառնելէ ետք ծեփուկը տարածեցէք ձեր մաքուր մաշկին վրայ: 20 վայրկեան ետք գաղջ ջուրով ցօղուեցէք ձեր դէմքը:
Այս ծեփուկը կարճ ժամանակի ընթացքին ոչ միայն պիտի սնուցանէ ձեր դէմքին մորթը, այլեւ առողջ տեսք, ողորկ ու փայլուն մաշկ ու գեղեցիկ գոյն պիտի ապահովէ ձեր յոգնած ու խամրած մաշկին:
Կենցաղավարութիւն
Աշխատանքի Վայրին Մէջ
Գործընկերներուն Հետ
Յաջող ասպարէզ ապահովելու, տնօրէնին եւ գործընկերներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու եւ աշխատանքի վայրին մէջ համերաշխութիւն եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծելու համար հարկաւոր է հետեւիլ կենցաղավարական տարրական կանոններու, որոնք թիւով շատ են, իսկ մենք պիտի անդրադառնանք մէկ քանիին:
Բարեւել
Երբ աշխատավայր կը մտնէք բոլորին ընդհանուր «բարե՛ւ ձեզ» մը` թեթեւ ժպիտով նախապայման է օրը բարի եւ համերաշխ սկսելու համար:
Սուրճ Առաջարկել
Գործընկերներու ներկայութեան առանձին սուրճ խմելը անքաղաքավարութիւն կը համարուի: Ընդհանուրին հարցուցէք, թէ «սուրճ փափաքող կա՞յ» եւ յետոյ միայն պատրաստեցէք ձերը: Կարճ հարցում մը, որ շատ բան կ՛ըսէ ձեր ազնիւ եւ ուշադիր բնաւորութեան մասին:
Ուշանալ
Աշխատանքին մի՛շտ ժամանակին պէտք է ներկայանալ ու ճշդապահ ըլլալ, սակայն միշտ ալ անկանխատեսելի բաներ կրնան պատահիլ: Այդ պարագային պէտք է անպայման տեղեակ պահել քարտուղարուհին կամ գործընկերը:
Չքննարկել Կրօն, Քաղաքականութիւն Կամ Անձնական Կեանք
Աշխատավայրի մէջ զրոյցներու ընթացքին պէտք է հրաժարիլ քաղաքական կամ կրօնական թեմաներէն: Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ այդ պատճառով փճանան գործընկերներու միջեւ յարաբերութիւնները, նոյնպէս պէտք չէ քննարկել գործընկերներու անձնական կեանքը, այդ մէկը պարզապէս անփափկանկատութիւն կրնայ համարուիլ:
«Թաղուիլ» Բջիջային Հեռաձայնին Մէջ
Գործատեղին, գործի ժամերուն անընդունելի է բջիջայինով զբաղիլը, այդ մէկը թէ՛ անպարկեշտութիւն է գործին հանդէպ եւ թէ՛ անքաղաքավարութիւն` գործընկերներուն նկատմամբ: Բջիջայինը օգտագործեցէք միմիայն ձեր դադարի ժամուն. մնացեալ ժամերուն զայն անձայն վիճակի մէջ ձեր աշխատասեղանէն հեռացուցէք:
Կենցաղավարութեան Պակաս Է Նաեւ`
– Գործընկերներու անձայն «շնորհակալութիւն» չյայտնելը,
– Գործընկերոջ խօսքը ընդմիջելը,
– Առանց տեղեակ պահելու` գործընկերոջ սեղանին վրայէն իրեր (գրիչ, կցիչ, խէժերիզ, նոթատետր, եւ այլն…) փոխ առնելը,
– Գործի ժամերուն ծխելը,
– Մարմնի մաքրութիւնը անտեսելը,
– Առանց հրաժեշտ տալու մեկնիլը:
Այս գրութեան նպատակը ընթերցողը «դաստիարակել» չէ, այլ` պարզապէս յիշեցնել, որ մեր հեւքոտ առօրեային պատճառով կրնանք մոռնալ «մանրամասնութիւններ», որոնք կ՛օգնեն աշխատավայրէն ներս հաճելի եւ համերաշխ մթնոլորտ մը ստեղծման:
Իսկ նման մթնոլորտ մը կը նպաստէ հաւաքական աշխատանքի թէ՛ արդիւնաբերութեան եւ թէ՛ որակին:
Հինը Նորի Վերածենք
Խոհանոցի Յարդարանք
Եթէ բանջարեղէն կամ մսեղէն կտրատելու խոհանոցի ձեր տախտակը հինցած է, եւ որոշած էք զայն նորով մը փոխարինել, նախքան թափելը կամ ուրիշին տալը` տեսէք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են այդ տախտակներուն` զանոնք յարդարանքի գեղեցիկ իրերու վերածելով:
Նկարները բաւարար խօսուն են եւ բացատրութեան չեն կարօտիր, վայելե՛նք…
Խոհագիր
Պահքի Կարկանդակ` Ստեպղինով
Բաղադրիչներ
– 150 կրամ ալիւր
– 8 ապուրի դգալ բուսական ձէթ
– 1 բաժակ շաքար
– 1 բաժակ նարինջի հիւթ
– 2 ապուրի դգալ նարինջի կեղեւի տաշուք
– 150 կրամ ընկոյզ
– 150 կրամ ստեպղին
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– Պտղունց մը աղ
– Քառորդ թէյի դգալ վանիլա
Պատրաստութիւն`
Ամանի մը մէջ խառնել բուսական ձէթն ու շաքարը, մինչեւ որ վերջինս լուծուի:
Խառնուրդին աւելցնել նարինջին հիւթը, մանր քերիչէ անցած ստեպղինը եւ հարիչէ անցած ընկոյզը:
Երկրորդ ամանի մը մէջ լեցնել ալիւրը, աւելցնել պէյքինկ փաուտըրն ու վանիլլան եւ խառնել:
Ալիւրով խառնուրդը քիչ-քիչ աւելցնել նախորդ բաղադրիչներուն վրայ եւ խառնել` միատարր թանձրուկ մը ստանալու համար:
Նախապէս տաքցուած (200 ջերմաստիճան) փուռի մէջ շուրջ 40 վայրկեան եփել, ձգել, որ պաղի, ապա, նախքան մատուցելը, երեսը փոշի շաքար ցանել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ուրիշ Հնար Չկայ
Պատը շարուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Պարտքը մարուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Նախնեաց սուրբ հաւատի
Մասունքների դիմաց
Ծունկը ծալուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Եթէ սիրտդ սիրտ է,
Սիրոյ ճամբի վրայ
Խելագարուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Հոգսը կրուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Բախտը կռուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Խաւարն ինչքան էլ խուլ`
Վերջը պիտի ցրուի,
Լոյսը փռուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Ինչքան խառն ու խրթին,
Ինչքան էլ բարդ ու բիրտ,
Կեանքն ապրուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Ձիրքը տրուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Միտքը սրուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Երբ բառերը հոգուդ
Ակնամոմն են քանդում,
Երգը գրուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Իսկ երբ երգի գլխին
Կայծակներ են պայթում,
Երգը կռուի պիտի,
Ուրիշ հնար չկայ:
Հ. ՍԱՀԵԱՆ