Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Պռօշեան փողոցին վրայ «Դուին» հիւրանոցին դիմաց տեղադրուած է «Լեռնային պար» խմբաքանդակը: Հաւաքական կերպար ներկայացնող արձանախումբի պատրաստութիւնը տեւած է 4 տարի:
«Լեռնային պար»-ի քանդակագործն է Տիգրան Արզումանեանը, ան 1973-ին արձանախումբին փոքր տարբերակը ներկայացուցած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան աշնանային մէկ ցուցահանդէսին, որմէ ետք որոշում տրուած է արձանախումբին մեծ տարբերակը ստեղծել եւ զայն Երեւանի յայտնի վայրերէն մէկուն մէջ տեղադրել: «Դուին» հիւրանոցի կառուցումէն ետք, 1984-ին արձանախումբը տեղադրուեցաւ պանդոկին կից:
1990-ականներուն «Դուին» հիւրանոցը գործելէ դադրեցաւ, անոր շուրջ ցանկապատ կառուցուեցաւ, եւ արձանախումբը մոռացութեան մատնուեցաւ: Այդ ընթացքին դժբախտաբար գողցուեցաւ արձանին պղնձաձոյլ հատուածէն բաժին մը…
2015-ին «Դուին» հիւրանոցի տնօրինութեան աջակցութեամբ քանդակագործ Տ. Արզումանեանը ձեռնարկեց արձանի վերականգնման աշխատանքին:
«Քանդակում տարբեր հոգեվիճակների կերպարներ եմ ստեղծել` երաժիշտ, ֆիտայի, անգամ մայրիկիս կերպարով ստեղծուած կին կայ: Այն տարիներին դժուար էր նման թեմայով քանդակ ստեղծելը, այնպէս որ, դժուարութեամբ աշխատեցի: Խորհրդային շրջանում շատերը քանդակի մէջ բողոք ու ցասում էին տեսնում. այդ պատճառով երբեմն ստիպուած եմ եղել որոշ հնարքների դիմել: Մասնաւորապէս, քանդակի առաջին կերպարի ձեռքը, որ բողոք արտայայտող փակ բռունցքով է ներկայացուած, ստուգող յանձնաժողովի այցերի ժամանակ թաքցնում էի` փոխարէնը ներկայացնելով երկրորդ` թաշկինակով տարբերակը», կը պատմէ Արզումանեանը:
Բացի «Լեռնային պար»-էն քանդակագործ Արզումանեան հեղինակն է բազմաթիւ անձնաւորութիւններու յուշարձաններու եւ յուշասիւներու: Անոր կը պատկանի նաեւ Անտրէյ Սախարովի յուշարձանը` Սախարովի անուան հրապարակին վրայ:
Գեղեցկագիտական
5 Սխալ Սովորութիւններ, Որոնք
Ժամանակէն Առաջ Կը Ծերացնեն
Ոչ ոք ապահովագրուած է ծերութեան դէմ: Բայց կան այնպիսի առօրեայ սովորութիւններ, որոնք կ՛արագացնեն այդ ընթացքը: Այսպէս`
1.- Ծխելը Եւ Արեւապաշտպան Սեր Չգործածելը
Այս երկու վատ սովորութիւնները բացասաբար կ՛ազդեն մեր մորթին վրայ եւ պատճառ կը դառնան մորթին վաղաժամ ծերացման:
2.- Շպարը
Ծանր շպարը վերապահել առիթներու եւ օրուան ընթացքին բաւարարուիլ նուազագոյնով: Նոյնիսկ ամենաորակաւոր տեսակները կը խցեն մեր մորթին ծակտիկները, կ՛արգիլեն, որ ան շնչէ եւ ժամանակի ընթացքին մորթը կը կորսնցնէ իր թարմութիւնը:
3.- Ընկճախտ
Մնայուն ընկճախտը անդառնալի աւեր կը գործէ մեր մաշկին վրայ: Պէտք է առաւելագոյնս խուսափիլ անկէ` մարձումներու, եոկայի կամ մտախոհութեան (meditation) ճամբով:
4.- Անքնութիւն
Անքնութիւնը կ՛ազդէ ոչ միայն մեր հոգեկանին եւ մտային կարողութիւններուն վրայ, այլ նաեւ մորթին: Պէտք է վերահսկել քունի ժամերը` առաւօտեան առողջ եւ թարմ տեսք ունենալու համար:
5.- Սխալ Սնունդը
«Ֆասթ ֆուտ»-ը, տապկոցը, զովացուցիչները եւ քաղցրեղէնը պէտք է չափաւորել, մորթը ժամանակէն առաջ չծերացնելու համար:
Առողջապահական
5 Բան, Զորս Պէտք Է Հականեխել
Շուկայէն Տուն Վերադառնալէ Ետք
Ամէն անգամ, որ մենք տունէն դուրս կ՛ելլենք անխուսափելիօրէն մենք մեզ կ՛ենթարկենք «Քորոնա»-էն վարակուելու վտանգին:
Դիմակ, ձեռնոց, հականեխող «ժէլ»… այս բոլորը անիմաստ են, եթէ դուրսէն տուն վերադառնալէ ետք այս 5 բաները անմիջապէս չհականեխենք:
Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ հականեխել…
Յիշենք, որ սպիտակ քացախը վարակասպան չէ, եւ հետեւաբար ոչ մէկ ձեւով կը պաշտպանէ «Քորոնա»-էն:Մենք կրնանք ապաւինիլ ախտահանիչ «ժէլ»-երուն, ալքոլին, օճառաջուրին եւ ջուրի հետ խառնուած «Օ տը ժաւէլ»-ին: Ձեզի կը մնայ ընտրել յարմարագոյն տարբերակը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 բան, զորս պէտք է անյետաձգելիօրէն ախտահանել` դուրսէն տուն վերադառնալէ ետք:
Բջիջային Հեռախօսը
«Քորոնա» ժահր թէ ոչ, այս սարքը միշտ մեր ձեռքերուն մէջ է, ուստի, բնական է, որ զայն յաճախ մաքրենք: Լաւ տարբերակներ են ախտահանիչ անձեռոցիկները կամ մաքուր լաթի վրայ լեցուած 90 աստիճան ալքոլը:
Պայուսակն Ու Դրամապանակը
«Քորոնա»-ի տարածումէն առաջ ալ կանացի ձեռքի պայուսակը ամենակեղտոտ իրերէն մէկը համարուած է: Հետեւաբար այս օրերուն զգուշ ըլլանք, որ մեր ձեռքէն վար չառնենք, իսկ հանրախանութներուն մէջ զայն երբեք չդնենք գնումներուն նախատեսուած կողովներուն կամ կառքերուն մէջ:
Շուկայէն տուն վերադարձին ամէն գնով ախտահանենք զայն ախտահանիչ անձեռոցիկով: Նոյն տրամաբանութեամբ նաեւ ախտահանենք նաեւ մեր դրամապանակը եւ բանալիներուն տրցակը:
Տոպրակներն Ու Հագուստը
Նախքան հանրախանութ մեկնիլը ունենանք գնումի յատուկ մեր կտաւէ պայուսակը, ուր կրնանք տեղաւորել մեր գնածները, եւ յետոյ անմիջապէս լուանք զայն: Ինչ կը վերաբերի կերպընկալ տոպրակներուն, եթէ հականեխելու միջոցը չունինք, ձերբազատինք անոնցմէ:
Վերջապէս, դուրսը կրած հագուստը նոյնպէս լուանք, նախքան պահարանին մէջ տեղաւորելը:
Ինքնաշարժը
«Քորոնա»-ն երկար ժամանակ կը գոյատեւէ ինքնաշարժին զանազան մասերուն վրայ. իսկ մենք կը դպչինք դրան, բանալիին, ղեկին, գօտիին… «Քորոնա» կամ այլ` մեր ինքնաշարժը պարբերաբար մաքրելը շատ կարեւոր է: Իսկ մեր օրերուն անոր ախտահանումը ամէնօրեայ անհրաժեշտութիւն է:
Դրան Բռնակը
Շուկայէն վերադարձին մենք անխուսափելիօրէն կը ձեռնենք դրան բռնակը, ելեկտրական հոսանքի կոճակը, լուացարանին ծորակը եւ այլն… Նոյնպէս յաճախ կը դպչինք մեր քիթին վրայէն սահող ակնոցին: Յիշուած բոլոր իրերը պէտք է անպայման ախտահանենք եւ առանց օճառուելու չդպչինք մեր աչքին, քիթին կամ բերնին:
Խոհագիր
Պասուց Տոլմա
Պասուց տոլման հայկական աւանդական ճաշատեսակներէն մէկն է: Առողջապահական, սննդարար եւ համեղ տոլմայի այս տարբերակը կը պատրաստուի այլազան ընդեղէններով` փաթթուած կաղամբի կամ որթատունկի տերեւով եւ կը մատուցուի մասնաւորաբար Մեծ Պահքի շրջանին:
Բաղադրիչներ`
– 500 կրամ բուսական ձէթ
– 250 կրամ խաշած սիսեռ
– 250 կրամ խաշած ոսպ
– 250 կրամ խաշած ճերմակ կամ կարմիր լուբիա
– 250 կրամ խոշոր հատիկներով ձաւար
– 4-5 գլուխ սոխ
– 1 ապուրի դգալ պղպեղի խիւս
– 4 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս
– 4 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 1 ապուրի դգալ չոր ռեհան
– 10-15 սալորաչիր կամ ծիրանաչիր
– Խոշոր կաղամբ մը
– Մէկական ապուրի դգալ աղ եւ կարմիր պղպեղ
Պատրաստութիւն
Խորունկ տապակի մէջ ձէթը տաքցնել եւ մանրուած սոխը տապկել մինչեւ ոսկեգոյն դառնայ: Քիչ-քիչ աւելցնել ընդեղէնները, պղպեղի եւ լոլիկի խիւսերը, մանրուած ազատքեղը, չոր ռեհանը, աղն ու կարմիր պղպեղը խառնել եւ թեթեւ կրակի վրայ 5 վայրկեան եփել:
Կաղամբի տերեւները խաշել, ձեւաւորել, վերոյիշեալ միջուկէն աչքի չափով դնել տերեւին վրայ եւ փաթթել:
Կաթսային յատակը ծածկել կաղամբի տերեւներով, տոլմաները խիտ շարել` անոնց միջեւ ծիրանաչիր կամ սալորաչիր տեղաւորելով:
Տոլմաներուն վրայ տաք ջուր եւ քիչ մը ձէթ լեցնել, կաթսային կափարիչը փակել եւ եփել մինչեւ կաղամբը փափկանայ:
Մատուցել նախընտրաբար գաղջ կամ պաղ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Լաց Էլ Կա Լաց Էլ
Մէկը լալիս է նորածնի պէս`
Ճչում է, սակայն… արցունքներ չկան:
Մէկն էլ բերանից ծպտուն չի հանում,
Բայց արցունքներն են շիթ-շիթ լճանում:
Մէկն էլ, ինձ նման (գուցէ նաեւ քե՞զ),
Բարձր ճչալու սովոր չէ բնաւ,
Եւ արցունքներն էլ աչքից չեն յորդում,
Այլ հոսում են ներս
Ու կիտուում դանդաղ
Չեչաքարի պէս ծակծկուած սրտում:
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ