Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1915-ին Շուշիի «Փայլակ» թերթին մէջ Գորիսի քաղաքապետին եւ կառավարիչներուն դէմ տպագրուած գրութեան մը պատճառով Ա. Բակունցը կը ձերբակալուի: 34-րդ օրը զայն կ՛ազատեն կալանավայրէն, պայմանաւ որ ուսուցչութեան մեկնի հեռաւոր Լոր գիւղը:
Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանի սան, Բակունցը Գորիսէն կը մեկնի Լոր, ուսուցչութեամբ զբաղելու: Այդ առիթով լոռեցի Համօ Սահեանը կը գրէ.
«Բակունցը գիւղ գալով Լորի սարերում մի նոր արեւ բացաւ»:
Լորի դպրոցը զանգակ չունէր, իսկ Բակունց ձեռնածալ չմնաց: Իր պատուէրով Պաքուի լորահայ համայնքը ձուլել տուաւ եւ գիւղ ուղարկեց զանգակ մը` քահանայ տէր Յովհաննէսի միջոցով:
Զանգակը ղօղանջեց մինչեւ 1931 թուականի երկրաշարժը: Աղէտը ընդմիշտ լռութեան մատնեց զայն… Երկրաշարժի ժամանակ ան ինկաւ սալայատակուած պատշգամին վրայ եւ ճաքեցաւ:
Ներկայիս Ձիթհանի բարձունքին, գիւղի գերեզմանատան աջին, Լորի դպրոցի շէնքը կանգուն է: Նախասրահին մէջ պահպանուած է մետաղեայ օղակը, որմէ ժամանակին կախուած էր դպրոցին զանգակը:
Բակունցի պատուէրով բերուած զանգակը ներկայիս կը ցուցադրուի Սիսեանի Ն. Ադոնցի անուան պատմութեան թանգարանին մէջ` որպէս դպրոցի ղօղանջի եւ լոյսի խորհուրդ, այն լոյսին, զոր իրեն հետ Լորիձորի հովիտ բերաւ Ա. Բակունցը:
Առողջապահական
«Անմեղ» Սովորութիւններ, Որոնք
Կրնան Վնասել Մեր Առողջութեան
Դուք առողջ ձեւով կը սնանիք, օրուան ընթացքին մարզանք կ՛ընէք եւ կը քնանաք այնքան, որքան պէտք է. սակայն շատ հաւանական է, որ դուք ունիք սովորութիւններ, որոնք «անմեղ» կը թուին ձեզի, բայց եւ այնպէս երկար ժամանակի վրայ կրնան վնասել ձեր առողջութեան եւ ստիպել որ դիմէք բժիշկին:
Եկէ՛ք` միասնաբար բացայայտենք այդ «անմեղ» համարուած սովորութիւններէն մէկ քանին:
Ոտքը Ոտքին Դնելը
Ոտքը ոտքին վրայ դրած նստիլը կրնայ բարձրացնել արեան ճնշումը: Այս դիրքը նաեւ վնասակար է կոնք-ազդրային յօդին համար. իսկ երբ երակները սեղմուած են, կը խանգարուի նաեւ ազատ արեան շրջագայութիւնը:
Խուսափեցէք քառորդ ժամէն աւելի այս դիրքով նստելէն եւ կէս ժամը անգամ մը ոտքի ելէք ու քալեցէք:
***
Փորին Վրայ Քնանալը
Փորին վրայ քնանալու ժամանակ վիզը դէպի ետ կը թեքի, ջիղերը կը սեղմուին եւ պատճառ կը դառնան ուսերու եւ վիզի ցաւի ու թմրածութեան:
Ջանացէք յաճախ փոխել ձեր դիրքը` նախապատուութիւնը տալով կողերուն վրայ քնանալուն:
***
Գօտին Ամուր Կապելը
Ամուր կապուած գօտին ժամանակի ընթացքին կրնայ աղեստամոքսային համակարգի խնդիրներ ստեղծել: Թէկուզ գեղեցիկ, սակայն ձիգ գօտին, այնպէս ինչպէս շատ նեղ մէջքով ճինզերը կրնան փորի եւ ստամոքսի ցաւ, հազ եւ աղիքներու խանգարում պատճառել:
***
Երկար Ժամանակ Ինքնաշարժ Վարելը
Առանց ընդմիջումի, երկար ժամանակ ինքնաշարժ վարելը կը վնասէ արեան շրջագայութեան, որ իր կարգին կրնայ թրոմբոզ պատճառել:
Եթէ ստիպուած էք երկար քշել, ժամանակ առ ժամանակ կեցուցէք ինքնաշարժը, իջէք եւ քանի մը քայլ քալեցէք արեան շրջագայութիւնը խթանելու համար:
***
Բնական Կարիքներու Զսպումը
Եթէ դուք երկար ժամանակ յետաձգէք արտաքնոց երթալը եւ դուք ձեզ զսպէք, միզային համակարգի վարակներու զարգացման դուռ կը բանաք:
Այնպէս որ, լսեցէք ձեր մարմնին պահանջները եւ ժամանակին ուղղուեցէք արտաքնոց:
***
Ծամոն Ծամելը
Օրուան աւարտին, երբ ձեր վարի ծնօտը ցաւելու սկսի, դուք մէկ կողմ կը նետէք ծամոնը:
Ստորին ծնօտի յօդը ստեղծուած է սնունդ եւ ոչ թէ ծամոն ծամելու:
Ինչպէս այլ չափազանցուած օգտագործուող մկանի պարագային, մշտապէս ծամոն ծամելը կրնայ յանգեցնել մկանային ցաւերու` վիզի, ականջի եւ այտերու հատուածներուն:
***
Օրական Նոյն Ուսին Պայուսակ Կրելը
Ծանր պայուսակը նոյն ուսին կրելը մկանային անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ եւ ուսերուն յօդերը ցաւելու կը սկսին:
Այնպէս որ, կա՛մ պարբերաբար փոխեցէք պայուսակը կրելու ուսը, կա՛մ ալ թեթեւցուցէք ձեր պայուսակը:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Պէյքինկ Սոտան Աժան Եւ
Ազդու Մաքրութեան Միջոց
Ինչո՞ւ դրամ վատնել քիմիական թանկարժէք մաքրութեան դեղերուն վրայ, երբ բոլորիս մատչելի, աժան սոտան նոյն գործը կրնայ կատարել` առանց կենսոլորտը ապականելու:
Ստորեւ կը ներկայացնենք պէյքինկ սոտայի օգտագործման հետաքրքրական տարբերակներ:
– Փափուկ կահոյքը մաքրելու համար մէկ բաժակ ջուրի մէջ ապուրի դգալ մը պ. սոտա լուծեցէք եւ մաքուր լաթի մը միջոցով շփեցէք մակերեսը: Այս լուծոյթը ոչ միայն կը մաքրէ մակերեսը, այլեւ կը չէզոքացնէ անախորժ հոտը:
– Կօշիկներու տհաճ հոտէն ձերբազատելու համար անոնց մէջ պ. սոտա ցանեցէք, ամբողջ գիշեր մը ձգեցէք, իսկ առաւօտեան պարզապէս թափահարեցէք:
– Սառնարանին մէջ փոս ամանի մը մէջ 2-3 ապուրի դգալ պ. սոտա դրէք, եւ ան կը կլանէ անախորժ հոտերը:
– Աղբամանին մէջ զետեղուած կերպընկալ տոպրակին յատակին քիչ մը պ. սոտա ցանեցէք, որպէսզի ձերբազատիք տհաճ հոտերէն:
– Ներքնակներն ու գորգերը մաքրելու համար մոռցէ՛ք թանկարժէք շամփուէնները: Անոնց վրայ պարզապէս փոշի պ. սոտա ցանեցէք, խոզանակով շփեցէք, ամբողջ գիշեր մը ձգեցէք, իսկ առաւօտեան ելեկտրական փոշեկուլով մաքրեցէք:
– Խամրած սպիտակ լուացքը կը ճերմկի, եթէ լուացքի վերջին փուլին 2-3 ապուրի դգալ պ. սոտա աւելցնէք լուացքի մեքենային փոքրիկ տուփիկին մէջ:
– Լոգարանին կամ լուացարանին խցուած խողովակը բանալու համար 200 մլ քացախին 200 կ. պ. սոտա եւ 200 կ. աղ խառնեցէք. երբ փրփուրները անհետանան, լուծոյթը ծակին մէջ պարպեցէք, կէս ժամ ետք ծակին մէջ եռացած ջուր լեցուցէք:
– Սուրճի, թէյի կամ ծխախոտի պատճառով դեղնած ակռաները մաքրելու համար շաբաթական դրութեամբ զանոնք մաքրեցէք փոշի պ. սոտայով:
– Այրած տապակը մաքրելու համար յատակին պ. սոտա ցանեցէք, բաժակ մը ջուր աւելցուցէք եւ եռացուցէք, ձգեցէք քառորդ ժամ, ապա մաքրեցէք տապակը:
– Շուկայէն բերուած պտուղներն ու բանջարեղէնները 15-20 վայրկեան մխրճեցէք պ. սոտայով ջուրի մէջ` ձերբազատելու համար քիմիական, միջատասպան դեղերէն:
Գիտէ՞ք թէ…
Սոտայով կարելի է դարմանել թեթեւ խայթուածքները, երկարաձգել ծաղկամանին մէջ զետեղուած ծաղիկներուն կեանքը, մեղմացնել կոկորդի ցաւը, մաքրել մետաղեայ գեղօրները:
Մանրալիքն ու սառնարանը եւս կարելի է մաքրել պ. սոտայով, նոյնպէս ալ` փուռը եւ պնակեղէնները լուացող մեքենան:
Ձեռային Աշխատանք
Ինչեր Կարելի Է Պատրաստել
Գինիի Խցաններով
Եթէ ձեռային աշխատանքը կը սիրէք, համբերութիւն ունիք, եւ ձեր ժամանակը կը ներէ, փորձեցէք պատրաստել ստորեւ ներկայացուած իրերէն առնուազն մէկը: Զանոնք պատրաստելու համար հարկաւոր է գինիի շիշի խցաններ եւ կլու կան:
Յիշեցնենք, որ ձեռային ստեղծագործական աշխատանքը կը նուազեցնէ ձանձրոյթի զգացումը, կը զբաղեցնէ միտքը, կը թեթեւցնէ հոգին եւ կը պակսեցնէ ընկճախտը: Ձեռային աշխատանքը նաեւ կ՛օգնէ զարգացնելու ճանաչողական ունակութիւնները, կեդրոնացումը, ինչպէս նաեւ` տեսողութեան եւ շարժումներու միջեւ համակարգումը:
Բոյսի թաղարի ծածկոյթ, տակդիր, բջիջային հեռախօսի յենարան, խոշոր դգալները տեղաւորելու աման, մոմակալի ծածկոյթ… Նկարները բաւարար խօսուն են եւ բացատրութեան չեն կարօտիր: Միակ հարցը բաւարար խցան ճարելն է, բայց վստահաբար ձեր շրջապատին մէջ կան գինիի սիրահարներ, որոնք սիրայօժար ձեռք կ՛երկարեն ձեզի:
Խոհագիր
Ճակնդեղով Աղցան
Բաղադրիչներ`
6 միջակ խաշած ճակնդեղ
40 մլ մածուն
1 պճեղ սխտոր
2 ապուրի դգալ թահին
1 կիտրոնի հիւթ
Կէս նարինջի հիւթ
Աղ
Անանուխի տերեւ` զարդարանքի համար
3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Պատրաստութիւն
Ներկայանալի ամանի մը մէջ լեցնել կեղուըուած եւ խորանարդաձեւ կտրատուած ճակնդեղները:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել մածունը, թահինը, ճզմուած սխտորը կիտրոնի եւ նարինջի հիւթերը եւ աղը:
Ստացուած թանձրուկը պարպել ճակնդեղին վրայ, խառնել, երեսը զարդարել անանուխի տերեւով եւ ձիթապտուղի ձէթով:
Ըստ ճաշակի, կարելի է երեսը նաեւ զարդարել մանրուած ընկոյզով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մեղքի զգացում ու լո՜ւռ տանջող խիղճ…
Սրանք կը լինեն մեզ միշտ ուղեկից,
Սակայն կը փորձենք մենք ապրել մի քիչ,
Սակայն կը փորձենք… յարմարուել կեանքին,
Ճնշելով ցաւն ու թախիծը ներքին…
Կը ներէ՛ք, տղերք, որ մենք ապրում ենք,
Կը ներէ՛ք, տղերք, որ երկնքում էք…
Բայց հէնց ապրելո՛վ պիտի պայքարենք,
Մեր արեւը մե՛նք պիտի նկարենք,
Որպէս ազգ պիտի դեռ գոյատեւե՛նք…
ՀԱՅՔ