Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեխաներուն բնաւորութիւնը կը ձեւաւորուի 2-5 տարեկանի ընթացքին, հետեւաբար այդ տարիքի երեխաներու դաստիարակութեան ընթացքին ծնողները պէտք է առանձնայատուկ ուշադիր ըլլան: Հարկ է տեւական յիշել որ ոչ մէկ պարագայի կարելի է գոռալ երեխային վրայ, կամ առաւել եւս` հարուածել, քանի որ հետագային ան կրնայ ընդօրինակել ծնողքին պահուածքը եւ նոյն ձեւով վարուիլ իր երեխաներուն հետ:
Երեխային վրայ անդադար պոռալով եւ զայն տեւաբար պատժելով` ծնողները կրնան բախիլ զանազան դժուարութիւններու: Անոնց սխալ պահուածքը կրնայ յանգեցնել.
ա.- Հոգեկան խանգարումներու,
բ.- Ծնողքի հանդէպ յարգանքի բացակայութեան,
գ.- Արտաքին աշխարհին յարմարելու եւ ուրիշներու հետ յարաբերելու դժուարութեան:
Նման խնդիրներէ խուսափելու համար ծնողները պէտք է ըլլան չափազանց նրբանկատ ու խուսափին յատկապէս պոռալէ: Իւրաքանչիւր պոռալ կը կտրէ այն կապը, որ առկայ է երեխային եւ ծնողքին միջեւ:
Այս բոլորը իմանալէ ետք զսպեցէք ձեր զայրոյթը, նախապատուութիւնը տուէք երկարաշունչ ընկերական զրոյցներու` ամրապնդելու համար ձեր միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը: Պոռալով նաեւ կը փաստէք ձեր անզօրութիւնը:
Մշակոյթ
«Մեր Հոգսերի Գարունը»
«Ցուցահանդէսը նուիրում եմ բոլոր այն կանանց, որոնք ողջ պատերազմի եւ դրան յաջորդած չորս ամիսների ընթացքում, պատկերասրահի տնօրէն Զարուհի Մուրատեանի գլխաւորութեամբ, անխոնջ նուիրեալների պէս անքուն ու անդադար աշխատեցին մեր առաջնագծի եւ Արցախից եկած գաղթականների համար»:
Մարտ 18-ին Երեւանի Սարգիս Մուրատեանի անուան պատկերասրահին մէջ բացում կատարուեցաւ դերասան Վարդան Պետրոսեանի «Մեր հոգսերի գարունը» խորագրով ցուցահանդէսին, որուն վաճառքէն գոյացած ամբողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի պատերազմին մասնակցած կարիքաւոր զինուորներու ընտանիքներուն:
«Պատերազմի օրերին պատկերասրահը թողել էր արուեստն ու մշակոյթը, դարձել էր թիկունքում աշխատող զինուոր: Այստեղ էին հաւաքւում կանայք, ցանցեր գործում, դեղորայք փաթեթաւորում, անօթեւան արցախցիների համար վերմակներ կարում: Երբ ամէն ինչ վերջացաւ, որոշեցինք առաջին ցուցահանդէսը ինձնով սկսել: Այն նուիրում եմ այդ օրերի բոլոր կամաւոր կանանց»:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 28 մարտ, ցուցասրահը առտուընէ բաց պիտի ըլլայ, իսկ ամէն օր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պետրոսեան այցելուներուն պիտի պատմէ իր կեանքի տարբեր շրջաններու մասին գեղանկարներու, երգերու եւ հետաքրքրական մենախօսութիւններու միջոցով:
Հարցազրոյցի մը ընթացքին դերասանը խոստովանած է, որ քիչ անգամ խօսած է, որ մասնագիտութեամբ գեղանկարիչ է: Ան աւարտած է Երեւանի Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական ուսումնարանը, յետոյ` Երեւանի պետական գեղարուեստաթատերական հիմնարկը:
Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ երեք ժամանակահատուածի նկարներ. երիտասարդական շրջանը, որ կը կոչուի «Գարուն ա». ընկճող շրջան, որ կը կոչուի «Գարուն ա ձիւն ա արել» եւ, վերջապէս, ժամանակակից շրջան` «Գողգոթա»:
«Շատ յաճախ այդպէս է լինում, երբ դու պատմում ես քո մասին, դիմացինն իրեն է պատկերացում քո դերում: Սա ցուցահանդէս-ներկայացում է, քանի որ նկարների մասին խօսելով` ներկայացում եմ խաղում, երգում երգեր, իսկ այցելուները նկարները դիտելով, պատմութիւններ լսելով` այսօրուան մեր օրն են տեսնում, մեր վաղուան ապագան»:
Տաղանդաւոր դերասանը նոր ներկայացում պատրաստելու ընթացքին մէջ է, բայց առայժմ չի մտածեր զայն ներկայացնելու մասին: «Մենք ասում ենք` ունքը սարքելու փոխարէն աչքը հանել: Նման վտանգ կայ, քանի որ մեր հասարակութիւնը այս պահին շատ պառակտուած է, եւ դա կարող է նրան վնասել», յայտնած է ան:
Հետաքրքրական
Լուսանկարի Մը Պատմութիւնը
Աշխարհի ամենայայտնի եւ ամենատարածուած լուսանկարներէն մէկն է Ալպերթ Այնշթայնի այն նկարը, որ հանճարը լեզու կը հանէ…
Այս անժամանցելի լուսանկարը յաճախ կը տեսնենք համացանցի վրայ, հազարաւոր մարդիկ զայն տեղադրած են իրենց բջիջային հեռախօսներու կամ համակարգիչներու պաստառներուն վրայ, ոմանք զայն կը կրեն իրենց վերնաշապիկներուն վրայ, ծանուցումի ցուցանակներ եւս կ՛օգտագործեն հանճարեղ մարդուն այս անսպասելի արտայայտութիւնը:
Լուսանկարը առնուած է 1951-ին: Այդ օրը մեծ գիտնականը կը նշէր իր ծննդեան 72-ամեակը եւ կը մեկնէր Փրինսթընի համալսարանէն: Լուսանկարին վրայ ան արդէն նստած է ինքնաշարժին մէջ, ամերիկացի գիտնական Ֆրանք Այտելոթի եւ անոր կնոջ` Մէյրիի միջեւ:
Այդ երեկոյ լրագրող-լուսանկարիչները ջանք չէին խնայած Այնշթայնը նկարելու համար, սակայն անոնցմէ մէկը` Արթիւր Սասը, սպասեց այնքան, մինչեւ, որ բոլորը հեռանան, ապա մօտեցաւ ինքնաշարժին եւ ըսաւ. « Հէ՜յ, փրոֆեսէօր, չէ՞ք ժպտիր ծննդեան լուսանկարին համար»:
Այնշթայն, որ այդ երեկոյ յոգներ ու զզուեր էր լուսանկարիչներու տեսախցիկներուն թիրախ դառնալէ, արագ լեզու հանեց եւ շրջեց գլուխը` յուսալով որ լուսանկարիչը չի յաջողիր այդ պահը նկարել: Բայց եւ այնպէս, Սաս յաջողեցաւ: Ան վերադարձաւ խմբագրութիւն, եւ բոլոր ապշեցան` տեսնելով գիտնականին անլուրջ նկարը:
Երբ Այնշթայն տեսաւ իր լուսանկարը զարմացաւ, բայց եւ այնպէս հաւնեցաւ: Ան այդ լուսանկարէն 9 օրինակ պատուիրեց, իր կողքին գտնուող անձերուն նկարները կտրելով` պահեց միայն իր դիմանկարը եւ զանոնք նուիրեց իր բարեկամներուն:
2009 թուականին նկարի` Այնշթայնի ստորագրութիւնը կրող տարբերակը Մ. Նահանգներու մէջ աճուրդի մը ընթացքին վաճառուեցաւ 74.325 տոլարի:
Օրին, այս նկարին կապակցութեամբ, գիտնականը ըսած է. «Սովորական քաղաքացին կրնայ ինքզինքին թոյլ տալ ընել այն, ինչ դիւանագէտ մը չի համարձակիր ընել»:
Ժամանց
Ինչպէ՞ս Կիտրոնի Տունկ Աճեցնել
Պատկերացուցէք, որ տուն կը մտնէք, եւ կիտրոնի թարմացնող բոյրը տարածուած է ամէնուրեք…
Այսօր կը ներկայացնենք կիտրոնի տունկ աճեցնելու շատ պարզ եղանակ մը, որուն համար անհրաժեշտ է փոքրիկ թաղար մը կամ բաժակ մը, կիտրոնի կորիզներ, հող եւ ջուր:
Կիտրոնին կորիզները թրջել ջուրի մէջ, սպասել մէկ-երկու ժամ, մինչեւ փափկանան: Կորիզներուն հաստ կեղեւը մաքրել, սերմերը տեղաւորել ոչ մեծ քանակութեամբ ջուրի մէջ: 2-3 օրուան ընթացքին կը սկսին ծլելու: Երբ սերմերը ծիլ տան, տեղադրել հողին մէջ, ջրել քիչ մը քանակութեամբ ջուրով:
Ծաղկամանին կամ բաժակին հողին երեսը խճաքարեր շարել` գեղեցիկ տեսք հաղորդելու համար: Ծաղկամանը դնել լուսաւոր տեղ մը եւ քիչ-քիչ ջրել:
Ահա այսքան պարզ է տան մէջ կիտրոնի տունկ աճեցնելը:
Գիտէ՞ք- որ 2016-ին ՆԱՍԱ-ի կողմէ հրապարակուած հետազօտութեան մը համաձայն, բոյսերով զբաղիլը եւ մանաւանդ այգեգործութիւնը կ՛օգնեն թօթափելու ընկճախտը: Այսպէս, սերմեր տնկելը եւ խնամելը նոյնիսկ պարզ, փոքրիկ թաղարներու մէջ կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը եւ կը փառատէ բացասական յոյզերը:
Խոհագիր
Պահքի Մաֆիններ
Բաղադրիչներ
2 բաժակ ալիւր
1 բաժակ նարինջի հիւթ
1 բաժակ շաքար
6 ապուրի դգալ բուսական ձէթ
Պտղունց մը աղ
1 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա (կամ պէյքինկ փաուտըր)
Պտղունց մը մշկընկոյզ
Ըստ ճաշակի, մանրուած ընկոյզ կամ չոր միրգեր
Պատրաստութիւն
Առանձին խառնել չոր բաղադրիչները, ինչպէս նաեւ` հեղուկները:
Աստիճանաբար չոր բաղադրիչները աւելցնել հեղուկ բաղադրիչին վրայ, շարունակել ելեկտրական գործիքով զարնել մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի: Վերջաւորութեան աւելցնել մանրուած ընկոյզը կամ չոր միրգերը, թեթեւ խառնել եւ թանձրուկը լեցնել մաֆինի յատուկ կաղապարներու մէջ:
Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել շուրջ կէս ժամ, 180 ջերմաստիճանով:
Բարի՛ ախորժակ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խաչուած Երազներ
Մենք կ՛որոտանք` դուք գետնաքարշ կը հեծէք,
Մենք լոյս կ՛ըմպենք` դուք խաւարը կ՛որոճաք,
Մենք բոցեղէն Հարցական սէգ նըշանն ենք`
Դուք` կաղ ու բութ կախման կէտերը դատարկ…
Տաժանագին գալարո՛ւմն ենք մենք Կամքին
Ու Դնդերին դատաստանն ենք մենք արդար.
Դուք` ջիղերու գինովութիւնն ախտավար,
Դիակներու տարրալուծումը լըռին…
Մըտածումի քանդող ժայթքո՛ւմն ենք ուժգին,
Դուք` քարացած Յափշտակումը անհեւ.
Արկածալից զառիվե՜րն ենք դժուարին,
Իսկ դուք` վարը ճահիճներու տիղմը սեւ…
Յառաջապահ մենք այն գունդն ենք կամաւոր
Որ առաջին բախումին դէմ կը սուրայ,
Վըտանգաւոր ոստումներով ահաւոր,
Ատելութեամբ ու վըրէժով բեռնաւոր…
ՀՐԱՆԴ ՆԱԶԱՐԵԱՆՑ